ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Քթաըմբանը (nasopharynx) կը գտնուի քիթին յետսամասը: Ան կը նմանի տուփի մը, որուն առաստաղը կը կազմէ գանկին ստորոտը: Անոր երկու պատերուն վրայ կը տեսնուին երկու լսափողերու եւստաքեան (Eustachian tubes) խողովակներուն բերանները: Ըմբանը կ՛ըլլայ քթաըմբանին շարունակութիւնը:
Քթաըմբանը եւստաքեան խողովակներու միջոցով շարունակ հաղորդակցութեան մէջ է միջին ականջին հետ: Որեւէ մէկ անբնական երեւոյթ քթաըմբանին մէջ իր անդրադարձը կ՛ունենայ միջին ականջին եւ ներքին ականջին վրայ եւ մասնաւորապէս` լսողութեան վրայ:
Քթաըմբանային ուռերը սկիզբ կ՛առնեն քթաըմբանին մէջ եւ կամ քթաըմբանէն դուրս, այսինքն` քիթին մէջ եւ կամ ուղեղին վրայ:
Անչափահասներու մօտ անոնք կրնան ըլլալ ընդոծին (congenital), այսինքն կը տեսնուին ծնունդէն անմիջապէս ետք: Այս ուռերը ընդհանրապէս կը ծագին ուղեղէն եւ կը կոչուին ուղեղային ճողուածք-տոպրակ (encephalocele) եւ կամ` մակուղեղէն (pituitary), ու կը կոչուին մակուղեղային ուռ:
Քթաըմբանի ուռերը կը պատահին ամէն տարիքի մարդոց` առանց սեռի խտրութեան: Սակայն անոնք առաւելաբար կը պատահին 50 տարեկանէն ետք:
Քթաըմբանին ուռերը երկու տեսակ են` լաւորակ (benign) եւ վատորակ-չարաղէտ (malignant): Լաւորակ ռւռերն են` ցցօններ (polyps), գեղձուժռուսք (adenoids), անօթաթելային (angiofibroma), թելային (fibroma), լորձնային, աճառային, ոսկրային եւ աւշագեղձային ուռեր: Իսկ վատորակ ուռերը մեծ մասամբ կը կազմեն քաղցկեղը, որ կը պատահի առաւելաբար տղամարդոց, ծխողներու, ալքոլ գործածողներու եւ տարեցներու մօտ:
Լաւորակ ուռերուն ախտանշաններն են` քիթի խցում եւ բերանային շնչառութիւն, իսկ վատորակ ուռերուն ախտանշաններն են` տեղայնական ցաւ, քիթի արիւնահոսութիւն, ծամելու դժուարութիւն, ծնօտային ցաւ, լսողութեան տկարացում եւ վիզի աւշագեղձերու ուռեցք:
Քթաըմբանային ուռերու ախտաճանաչումին համար կ՛օգտագործուին` հիւանդին պատմականը, բժշկական քննութիւնը, քթաըմբանի զանազան տեսակի նկարումները, ինչպէս` Քէ ճառագայթային սովորական նկարումը, համակարգչային շերտագրական նկարում (CT scan) եւ մագնիսարձագանգային նկարում (MRI): Անշուշտ որ կենսահերձումը խիստ կարեւոր է ունենալու համար ուռին ճշգրիտ ախտաճանաչումը:
Չարաղէտ ուռերու պարագային, ենթական բժիշկին կը ներկայանայ ընդհանրապէս շատ ուշ, երբ արդէն ուռը որոշ չափով ծաւալած կ՛ըլլայ: Յառաջացած ըլլալու պարագային, ենթական կը ներկայանայ գլխացաւով, քիթի խցումով եւ արիւնահոսութեամբ, լսողութեան տկարութեամբ, ականջաբզզիւնով, վիզի կարծր աւշագեղձերով եւ երկտեսողութեամբ (diplpia):
Չարաղէտ ուռերուն դարմանումը կը կատարուի ընդհանրապէս Քէ ճառագայթային դարմանումով եւ քիմիադարմանումով: Որոշ պարագաներու, ուռին վիրահատումը, այլ դարմանամիջոցներու կողքին, պարտաւորիչ է:
Վատորակ ռւռերու պարագային, Քէ ճառագայթային եւ կամ քիմիադարմանումի պատճառով կրնան պատահիլ որոշ բարդութիւններ, ինչպէս` լորձնագեղձերու եւ դէմքի մկաններու հիւծում, ինչպէս նաեւ` ուղեղային զանազան աստիճանի վնաս:
Լաւորակ ուռերը կը դարմանուին վիրաբուժութեամբ, այսինքն ուռը ամբողջութեամբ կը վիրահատուի:
Լաւորակ ուռերէն է նաեւ, շատ հազուադէպ, օսլայակերպ (amyloid) կոչուած ուռը: Ան առաւելաբար կը տեսնուի 60-70 տարիքի տղամարդոց մօտ: Ան ընդհանրապէս կ՛ըլլայ մեծ եւ կը գրաւէ ամբողջ քթաըմբանը: Անիկա կը ճնշէ լսափողին եւստաքեան խողովակի սկզբնաւորութեան վրայ եւ կը յառաջացնէ լսողութեան տկարացում, քթաըմբանի ամբողջական խցում, բերանային մնայուն շնչառութիւն: Անոր ախտաճանաչումը եւ դարմանումը կը կատարուի քթաըմբանի լաւորակ ուռերուն նման:
Այս գրութիւնը պատրաստելու ընթացքին վերյիշեցի, որ տարիներ առաջ Պէյրութի մէջ ունեցած էի 55 տարեկան հայ հիւանդ մը` Պ.Պ. անունով, որ այցելած էր ինծի երեք տարուան վրայ երկարող բերանային շնչառութեան, քիթի խցումի, ռնգային ձայնի, կոկորդին եւ քթաըմբանին մէջ խոշոր մարմինի մը զգացումի գանգատներով: Ան ունէր նաեւ կլլելու թեթեւ դժուարութիւն, բայց ո՛չ ծանրութեան կորուստ եւ ո՛չ ալ քիթի կամ բերանի արիւնահոսութիւն:
Պ.Պ.-ն ունէր 4-5 սմ մեծութեամբ կարծր, սահուն եւ վարդագոյն ուռ մը քթաըմբանին մէջ, որ կը տեսնուէր նաեւ կոկորդին վերի բաժնին մէջ: Ան ունէր ռնգային ձայն եւ բերանային շնչառութիւն, բայց չունէր վիզի աւշագեղձերու ծաւալում: Քթաըմբանի համակարգչային շերտագրական նկարումը յայտնաբերած էր 4 սմ մեծութեամբ հաւկթաձեւ մարմին մը` քթաըմբանին մէջ: Կենսահերձումի (biopsy) ախտաբանական քննութիւնը յայտնաբերած էր օսլայակերպ ուռի գոյութիւնը եւ քաղցկեղի բացակայութիւնը: Բացատրելէ ետք, որ այս ուռը պէտք էր հատել ամբողջութեամբ, Պ.Պ. տուած էր վիրահատումի իր հաւանութիւնը: Այս խոշոր ուռը վիրահատած էի ընդհանուր զգայազրկումի (general anesthesia) կիրարկումով, Պէյրութի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ: Պ.Պ.-ին բոլոր ախտանշանները անհետացած էին վիրահատումէն անմիջապէս ետք: Վիրահատումէն 5 տարիներ ետք ան այցելած էր դարմանատունս եւ ի յայտ եկած էր, որ իր քթաըմբանը զերծ էր որեւէ մէկ հիւանդագին երեւոյթէ եւ ենթական չունէր որեւէ մէկ ախտանշան:
Մոնրէալ, 25 օգոստոս 2016