Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հնդկացորենին Օգտակարութիւնը

December 1, 2016
| Առողջապահական - Բժշկագիտական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՔԱՐԼԱ ԵԱՐՏԸՄԵԱՆ

Հնդկացորենը ընդեղէններու խումբին կը պատկանի: Մեծ քանակութեամբ հնդկացորեն կը սպառեն Մեծն Բրիտանիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի երկիրները: Բոլոր ընդեղէններուն պէս, հնդկացորենը սննդարար եւ առողջապահական յատկութիւններ ունի եւ մարմինը հեռու կը պահէ զանազան հիւանդութիւններէ: Հնդկացորենը կը յատկանշուի սուր, բայց համեղ յատկութեամբ:

Հնդկացորենը ուժականութիւն կը հայթայթէ մարմնին, որովհետեւ կը պարունակէ մեծ քանակութեամբ ոսլայ կամ նշահ: Հնդկացորենը յատկութիւնը ունի նաեւ երակները մաքրելու: Անիկա կը պայքարի սրտանօթային հիւանդութիւններու եւ երակներու խցանման դէմ: Հնդկացորենի սպառումը կ՛օգնէ նաեւ բուժելու արեան գերճնշումը:

Հնդկացորենը կը պարունակէ սննդական զանազան տարրեր, որոնցմէ են կենսանիւթեր` Պէ-քոմփլեքսը, կարգ մը հանքայիններ, ինչպէս` պղինձ, մակնեզիոմ, ֆոսֆոր եւ փոթասիոմ: Մակնեզիոմը այն հանքայիններէն է, որ օգտակար է մարսողութեան: Իսկ Պէ-քոմփլեքսը օգտակար է ջղային համակարգի առողջութեան պահպանման համար:

Հնդկացորենի սպառումը դէմ կը դնէ ընկճուածութեան եւ կ՛օգնէ տրամադրութեան բարելաւման: Անիկա նաեւ օգտակար է կնոջ համար` յղութեան շրջանին, դաշտանի եւ դաշտանադադարի ընթացքին: Հետեւաբար կ՛օգնէ նաեւ պայքարելու ոսկրափտութեան դէմ:

Համեղ հնդկացորեն ստանալու համար զայն դիր կաթսայի մը մէջ, կրակի վրայ: Անոր վրայ աւելցուր քիչ մը ձէթ եւ կարմրելէ ետք անոր վրայ սրսկէ պտղունց մը աղ եւ ծոթրին: Այս խառնուրդին վրայ տաք ջուր աւելցուր: Խառնուրդը 15-20 վայրկեան կրակի վրայ եռացնելէ ետք զայն ներկայացուր հաւու միսի, ձուկի, կովու միսի կամ խորոված բանջարեղէնի հետ, ինչպէս` լոլիկի, սմբուկի եւ դդումի: Կարելի է նաեւ անոր վրայ աւելցնել չամիչ` ա՛լ աւելի համեղ եւ օգտակար դարձնելու համար ճաշը:

Հնդկացորենը պէտք է աւելցնել մեր առօրեայ սննդականոնին վրայ, որպէսզի օգտուինք անոր սննդական մեծ արժէքէն եւ պահպանենք մեր առողջութիւնը` հեռու մնալով հիւանդութիւններէ եւ առողջապահական հարցերէ: Հնդկացորենը օգտակար է ընտանիքի բոլոր անդամներուն համար` մեծ, թէ փոքր:

 

Նախորդը

ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի Մասնաճիւղի Պաշտօնական Վերամուտ

Յաջորդը

Փարիզի Մէջ` Գրիգոր Պըլտեանի «Կրկնագիր Մարդը» Հատորին Նուիրուած Երեկոյթը

RelatedPosts

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն

March 14, 2025
Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Կապիկի Ծաղկախտ-Monkeypox

August 19, 2024
Գետ-Գիտութեան
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Գետ-Գիտութեան

July 11, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.