ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը, շաբաթ, 12 նոյեմբեր 2016-ի երեկոյեան, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան կողմէ կազմակերպուած` «ՀՄԸՄ-ի օր»-ուան երկրորդ տարեկան տօնախմբութեան առիթով, ՀՄԸՄ-ի «Արտակարգ պատուանշան»-ով պարգեւատրեց թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը` գաղութին մատուցած անոր ծառայութեանց համար, յերախտագիտութիւն սրբազան հօր, որ միշտ սերտօրէն կը գործակցի Շրջանային վարչութեան հետ, եւ իր գլխաւորութեամբ է, որ ՀՄԸՄ-ի սկաուտական բաժանմունքը ունեցած է արի-արենուշներու համար «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց», իսկ գայլիկ-արծուիկներու համար` «Գայլ Վահան» եւ «Ս. Վարդան» կրօնական շքանշանները: «Ծառայութեան շքանշան» ստացան միութեան 15 մասնաճիւղերու նուիրեալներ:
Տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ «Արարատ» մասնաճիւղի «Բաղդասարեան-Շահինեան» սրահին մէջ, Կլենտէյլ: Շրջանային վարչութեան փոխատենապետ Սարգիս Կարապետեան ողջունեց ներկաները եւ շնորհաւորեց պարգեւատրեալները:
Հանդիսավարը` Շահան Աթմաճեան, հակիրճ կերպով ներկայացուց առաջնորդ սրբազանին կենսագրականը եւ տասնամեակներու նուիրեալ ծառայութիւնը, ապա հրաւիրեց Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վիգէն Դաւիթեանն ու Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մանուէլ Մարսելեանը, որպէսզի կատարեն առաջնորդ սրբազան հօր պատուանշանի տուչութիւնը:
Շքանշանին ու պատուոյ գիրի ստանձնումէն ետք առաջնորդ սրբազանը արտասանեց սրտի ու գնահատանքի իր խօսքը: Ան յայտնեց, որ այս օրը իրեն համար հոգեկան անխառն ցնծութեան եւ յուզումի պահ է, փառք տուաւ Աստուծոյ, որ ընծայած է այս յարկին տակ հաւաքաբար խմբուելու առիթը, վկայելու ՀՄԸՄ-ի ազգանուէր ու սերնդակերտ առաքելութիւնը: Ան շեշտեց, որ` «հայ հոգեւորականը իր ծառայութիւնը կը կերտէ առանց ակնկալութիւններու, առանց փառք ու պատիւի հետամուտ ըլլալու»: Ան այս առիթով գնահատանքի խօսք ուղղեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական, Շրջանային եւ մասնաճիւղերու վարչութիւններուն, «որոնք լծուած են մեր նոր սերունդները իբրեւ քրիստոնեայ հայ կերտելու վսեմ առաքելութեան», յիշեցնելով, որ` «հիմնադիր սերունդէն ի վեր, բիւրաւոր հայորդիներ մուտք գործած են ՀՄԸՄ-ի սեմէն ներս, հասակ առած են անոր եռագոյնի շուքին տակ, տոգորուած ու դաստիարակուած` «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» նշանաբանով, պատմութիւն կերտած են սերնդակերտումի ու հայակերտումի ճամբուն վրայ, յետոյ միացած են այն պատմութեան, որ եղած է արգասիքը իրենց կեանքի վաստակին, դարձած է անգիր պատգամ»:
Ան բարի երթ մաղթեց ՀՄԸՄ-ին, Աստուծմէ խնդրեց, որ Իր Ս. Աջը հովանի պահէ մարզական այս միութեան աշխատանքի բոլոր անդաստաններուն վրայ` իբրեւ մէկ մանրակերտը ողջ հայութեան անդաստաններուն, եւ թող որ ՀՄԸՄ-ի դրօշը միշտ բարձր մնայ մեր հայրենիքին ու արտերկրի օճախներուն վերեւ: «Նաեւ միասնաբար աղօթենք, որ Սուրիոյ ու մասնաւորաբար Հալէպի պէս օճախներ պատուհասող արհաւիրքները շուտով վերջ գտնեն ու ՀՄԸՄ-ը իր անփոխարինելի մասնակցութիւնը ունենայ հայկական այդ տան վերակերտումին մէջ, ինչպէս կ’ընէ Հայաստանի, Արցախի ու հայկական իւրաքանչիւր օճախի մէջ, որպէսզի ՀՄԸՄ-ի երթը խրոխտ ու յաղթական քայլերով շարունակուի ամէն օր, ինչպէս կ’ըլլայ Նաւասարդեաններուն ընթացքին, ու մեր քայլերը առաջնորդուին դէպի մեր հայրենական ու ազգային տենչերու իրականացումը», նշեց առաջնորդ սրբազանը: Ան իր խօսքը եզրափակեց անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնելով այս պատիւին համար եւ օրհնելով ՀՄԸՄ-ի նուիրեալ ծառայողները:
Տօնակատարութեան ընթացքին նաեւ ցուցադրուեցաւ ՀՄԸՄ-ի գործունէութիւնը պատկերող տեսերիզ մը: Ապա Շրջանային վարչութիւնը «Ծառայութեան շքանշան»-ով պատուեց 15 մասնաճիւղերու ծառայող անդամներ` առ ի գնահատանք իրենց անսակարկ նուիրաբերումին:
Յայտագիրին եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Կեդր. վարչութեան անդամ Վիգէն Դաւիթեան. ան շնորհաւորեց առաջնորդ սրբազանը եւ ըսաւ, որ ան ըստ արժանւոյն կը գնահատուի իր բազմամեայ ծառայութեան համար, շնորհաւորանքի ու գնահատանքի խօսք ուղղեց նաեւ մասնաճիւղերու պարգեւատրեալներուն եւ կանգ առաւ նոր սերունդը հայկական արժէքներով տոգորելու առաջադրանքին վրայ: