Պուլկարիոյ Զբօսաշրջիկներու Թիւը Կրնայ Գերազանցել Երկրի Բնակչութեան Թիւը
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ Ըստ rus.bg կայքին, Պուլկարիոյ զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Նիքոլինա Անկելքովա յայտարարած է, որ 2016 թուականին Պուլկարիա այցելած զբօսաշրջիկներու թուաքանակի աճի ուժականութինը ցոյց կու տայ, թէ այս ցուցանիշը մինչեւ տարեվերջ 8 միլիոնի պիտի հասնի եւ պիտի գերազանցէ երկրի բնակչութեան թիւը: «Մենք հրաժեշտ կու տանք շատ ուժեղ տարուան մը, որուն նմանը չկայ Պուլկարիոյ զբօսաշրջութեան պատմութեան մէջ: Առաջին ինը ամսուան ընթացքին...




















