Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գռեհկութիւնը Ազատութիւն Չէ

December 30, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

sevag_123016

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Խօսքի եւ արտայայտութեան ազատութիւնը մարդկային տարրական իրաւունք է, որուն կաշկանդումը արդար եւ բնականաբար արտօնելի չէ:

Սակայն, երբ ըլլան մարդիկ, որոնք այդ ազատութիւնը չարաշահեն այնպէս մը, որ իրենք դառնան անպատկառ արարածներ, այս պարագային արտայայտութեան ազատութիւնը կը վերածուի գռեհիկ արտայայտութեան…:

Ատենէ մը ի վեր կայ ՍՕՍ թի. վի. (SOS TV) անունով Եու թիւպի (Youtube) վրայ սփռուող` իբր թէ երգիծական հաղորդաշար մը, որուն պատրաստողները իրենց հաղորդաշարը կը բնորոշեն որպէս «սատիրայի վրայ հիմնուած երգիծական հաղորդաշար, որը նպատակ է հետապնդում ներկայացնել Հայաստանում առկայ խնդիրները, դրանք վերարտադրելով սատիրայի հիման վրայ ձեւաւորուած պատկերների, խօսքի կամ այլ արտայայտչամիջոցների օգտագործմամբ»:

Թող ներեն ինծի այդ հաղորդաշարը պատրաստողները` իրենց խօսքով «թիմ»-ը, հաղորդավար Վիլէն Գայֆէճեանը, ժապաւէնը պատրաստողներ Հայկ Խառատեանը եւ Հայկ Բարսեղեանը, նկարահանող, ձայնային գործարկու եւ թատերական ուրուագծող Հայկ Բարսեղեանը, եթէ զիրենք յականէ անուանէ մատնանշեմ` շեշտելով, որ իրենց կատարած գործը իր բնոյթով սատիրա (երգիծաբանութիւն) չէ: Ան հայհոյանքներով եւ լրբութեամբ լեցուն աժան յայտագիր մըն է, հեռու` ամէն բարոյականութենէ եւ արուեստի մը պարտադրած կանոններէ:

Երգիծագրութիւնը եւ երգիծական ներկայացումը արուեստ է, որ նաեւ մարդկային հաւաքականութեան մէջ ընկերային եւ մտածելակերպի փոփոխութիւն կը յառաջացնէ` հանդիսանալով այդ փոփոխութեան կարեւոր գործիքներէն մին: Արուեստի իր բարձունքին վրայ ան նոյնիսկ կը ծիծաղեցնէ իր մեծահոգի զոհերը, սակայն, երբ ան կ’անցնի բարոյականութեան սահմանէն անդին` թեւակոխելով գռեհկութեան տիղմը, այդ պարագային ո՛չ թէ կը դադրի ծիծաղ պատճառելէ կամ իր ազնիւ նպատակին ծառայելէ, այլ կը վերածուի կործանիչ գործիքի մը, որ կը պղծէ սերունդի մը բարոյական արժէքները եւ մինչեւ իսկ ազգային անվտանգութեան գետնի վրայ վտանգ կը սպառնայ…:

Թէ ի՛նչ է ՍՕՍ թի. վի.-ի (SOS TV) պատասխանատուներուն հետապնդածը, միայն իրենք գիտեն, սակայն մենք մեր կարգին գիտենք, որ հակառակ անոնց յայտարարութեան, թէ «SOS TV-ն տեղական, շահոյթ չհետապնդող նախաձեռնութիւն է, որը գործում է նոյն գաղափարներն ու արժէքները կրող անհատների կամաւորութեան հիման վրայ», շուրջ 2 տարուան անխափան եւ հետեւողական իր 26-րդ ֆիլմաշարին հասած` արհեստավարժ սարքաւորումով հաղորդաշար մը, չի կրնար առանց ֆինանսաւորումի եւ նպատակակէտի ըլլալ: Եւ ասոնց մէջ է, որ կը կայանայ անոր բուն վտանգը:

 

Նախորդը

Ռուս Դեսպանին Սպանութեան` Թրքական Եւ Միջազգային Արձագանգ

Յաջորդը

Բարոյականութեան Անյարիր Երեւոյթներ Հայրենական Մամուլի Մէջ

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ. Լիբանանի Ապագան` Ընտրական Հաշուարկներու, Տարածաշրջանային Հակամարտութեան Եւ Դիւանագիտական Բանակցութիւններու Խաչմերուկին Վրայ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.