Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քրիս Պոհճալեանի «Հպարտ Ուխտագնացութիւնը»

Դեկտեմբեր 31, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

«Նիւ Եորք Թայմզ» միջազգային տարբերակը, ծանօթ է, որ լրատուական աշխարհի մէջ ունի իր վարկը: Եւ անոր մէջ երեւցող հաղորդում, հրապարակագրութիւն եւ յօդուած` նաեւ իր կշիռը: Եւ այս իմաստով 7 դեկտեմբեր  2016-ի թիւին մէջ երեւցած ամերիկահայ եւ միջազգային համբաւ վայելող գրող Քրիս Պոհճալեանի մէկ յօդուածը թէեւ իմ ուշադրութիւնս գրաւեց (երեւի հպարտութեամբ), բայց եւ այնպէս կ՛ենթադրեմ, որ հայուն «դիմագիծը» դրաւ միջազգային քարտէսի վրայ` եթէ մէկ կողմէ պատմական իրողական իմաստով, բայց նաեւ ներկայի քաղաքական-ռազմավարական, իրաւական ու ճշմարիտ պահանջատիրութեան համար:

bohjalian1_123116

Իսկ յօդուա՞ծը: «Հպարտ ուխտագնացութիւն դէպի իմ հայրենական հողը»:

Քրիս Պոհճալեան կը նկարագրէ իր այցելութիւնը-ուխտագնացութիւնը դէպի Արցախ` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը: Եւ ինչպէս ինք կը նկարագրէ «փոքր, չճանչցուած հանրապետութիւն»: Բայց այցելութիւնը եւ անոր նկարագրութիւնը կը սկսի ապրիլեան պատերազմին պատճառով ներկային դատարկ Թալիշէն` սահմանամերձ տարածաշրջանէն, պատերազմական գօտիի պաշտպանողական խրամատին ետեւէն, ուր ան կը զրուցէ գնդապետ Գեղամ Գրիգորեանի հետ.

«Եթէ խաղաղութիւն կ՛ուզես, պէտք է պատրաստ ըլլաս պատերազմի»:

Քրիս Պոհճալեան եթէ մէկ կողմէ կը նկարագրէ իր զրոյցը գնդապետ Գեղամին հետ, յատկապէս անոր ներաշխարհը, բայց մէջընդմէջ յետադարձ ակնարկ կը կատարէ պատմութեան եւ անոր հոլովոյթներուն` թէ ինչպէ՛ս Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւնը անցաւ տարբեր ժամանակահատուածէ` հասնելով անցեալ ապրիլի չորսօրեայ պատերազմին: Ան շեշտը կը դնէ ազերիական բարբարոսութեան վրայ, որ խթան եղած էր միջազգային հետազօտութիւններու եւ անոր քննարկման: Եւ յօդուածը, որուն մէջ չեն պակսիր գիտական-առարկայական տուեալները, կայ Պոհճալեանի յստակ դիրքորոշումը: «Ես չեմ ուզեր դիրքորոշուիլ Լեռնային Ղարաբաղի կողմ, քանի կայ արեան իմ պատկանելիութիւնս: Ես կը հաւատամ, որ պատմութիւնը հայերուն կողմն է»:

Իսկ Պոհճալեանի «արեան պատկանելիութի՞ւնը»…:

«Ղարաբաղ այցելեցի այս ամառ նոյն պատճառով եւ նպատակով, որ ամէն տարի կ՛այցելեմ Հայաստան եւ պատմական Կիլիկիան ու հայկական մշակութային կոթողներու մնացորդացները, որոնք տարածուած են ամբողջ թրքական արեւելեան կողմը»:

Եւ Պոհճալեանի «ուխտագնացութիւնը» ունի իր խթանը:

bohjalian_123116

«Այս ամբողջ տարածաշրջանը իմ արեանս մէջն է: Իմ այցելութիւնս ուխտագնացութիւն են: Ես ամերիկահայ եմ եւ միայն միջին տարիքիս է, որ կապուեցայ եւ յարեցայ այս հնագոյն երկրին»:

Եւ ուշագրաւ երեւոյթը: Պոհճալեանի արեան մէջ ծնած եւ մեծցած ազգային-մշակութային իր ինքնութիւնը: Հայկական գիտակցութիւնը:

Եւ հոս արժէ բանալ փակագիծ մը:

Կարելի չէ մշակոյթին եւ անոր հետ առնչուող ինքնութեան հասկացողութիւններուն տալ գիտական եւ առարկայական վերլուծում (Մաքս Ուէպըր, 2011): Նոյնպէս` մշակոյթի եւ մշակութային սերտողութիւններ չեն կրնար պարփակել մէկ եւ միատեսակ մօտեցում այն բոլոր նիւթերուն, զորս ան` մշակոյթը կ՛ընդգրկէ եւ որոնց կ՛առնչուի: Եւ ասոր պատճառը կը կայանայ այն իրականութեան մէջ, որ մշակոյթը ընկերային գիտութիւն է եւ գլխաւորաբար կ՛առնչուի եղելութիւններու եւ իրականութիւններու իւրաքանչիւր հաւաքականութեան համար, որ կազմուած է մարդոց կեանքերէ` տուեալ ժամանակահատուածի եւ միջավայրի մէջ, եւ որ իրենց (իմա մարդոց) համար այս առնչուածութիւնը եւ կապուածութիւնը նոյնինքն այս մշակոյթի հետ կը դառնայ իւրայատուկ միջոցառում եւ որդեգրում (Ճոն Սթորէյ, 1994):

Քրիս Պոհճալեան իր «միջին» տարիքին կրցաւ «յարիլ» իր ազգային-մշակութային ժառանգութեան, այդ ալ` իր ծնած ու ապրած միջավայրին ու ժամանակահատուածին մէջ` իրեն յատուկ դիրքորոշումով: Որովհետեւ մշակոյթը` ազգային ինքնութիւնը, տեղ մը կրցաւ կամրջել իր անձին եւ իր կեանքի մէկ իրավիճակին հետ: Արդարեւ, մշակոյթը` որպէս ընկերային գիտութիւն, չի կրնար ունենալ մէկ տեսակի տարազ, որ պիտի յարմարի իւրաքանչիւր հայու, սփիւռքահայու, առանց նկատի ունենալու անոր ապրած վայրն ու միջավայրը ու անոր տուեալները: Նոյնիսկ երբ ան ազգային-մշակութային ինքնութիւն է:

chrisbohjalianartsakhspeech_123116

Պատմութեան սլաքը կարելի չէ ետեւ տանիլ…: Այս է մեր` հայերուս պատմութիւնը եւ անոր հետեւանքները: Ցեղասպանութիւնը արմատախիլ ըրաւ հայը, եւ որ տարածուեցաւ աշխարհի բոլոր կողմերը: Եւ իմ աւելի քան քսանվեց տարիներու ճամբորդական ասպարէզիս մէջ, որուն ընթացքին այցելեցի շատ մը գաղութներ եւ հանդիպեցայ նոյն հայուն, որ սակայն կը տարբերէր միւս հայէն` համաձայն իր ապրած երկրին ու միջավայրին: Եւ այս սփիւռքեան հայուն իրավիճակն է, ուր պէտք է տեսնել ազգային-մշակութային ինքնութեան ընկալումը եւ անոր միջոցներուն տարբերութիւնը` նաեւ մէկ գաղութէն միւսը:

Ու դարձեալ Պոհճալեանն եւ իր յօդուածը: «Համաշխարհային առաջին պատերազմին իւրաքանչիւր չորս հայուն մէկը նահատակուեցաւ, այդ ալ` ծրագրուած կերպով: Արցախի պատերազմը հայուն ինքնորոշման եւ գոյատեւելու պատերազմն է»:

Գեղամ Գրիգորեան Ղարաբաղի մէջ` սահմանամերձ տարածքին վրայ կը մղէ այս «պատերազմը»:

Եւ նոյնինքն այս «պատերազմն» է, տարբեր բովանդակութեամբ, զոր իւրաքանչիւր հայ կը մղէ իր ապրած վայրին ու վիճակին մէջ: Պատերազմը` իր ազգային-մշակութային ինքնութեան ու անոր հպարտութեան համար: Իւրաքանչիւր հայ իր ապրած վիճակին մէջ` «ուխտագնացութեան» մէջ է: Երեւի տարբեր ոլորտներով ու ձեւերով, բայց հասնելու համար իր` հայուն «հպարտութեան»:

Քրիս Պոհճալեանի «ուխտագնացութիւնը»` եթէ իր «հպարտութիւն»-ն է, բայց նաեւ այդ իւրաքանչիւր հայունն է: Հայաստան, Ղարաբաղ եւ սփիւռք:

Հայկական գաղութները եւ հաւաքականութիւնները կրնան տարբերիլ մէկը միւսէն, ըստ իրենց թիւին եւ մարդուժին: Ու տակաւին` ընկերային-քաղաքական ու տնտեսական իրավիճակէն կախեալ: Եւ տակաւին` մայրենիին ու լեզուապահպանման տարբեր մակարդակներով: Այս բոլորը հայուն մեծ պատկերին տարբեր մասնիկներն են: Բայց այս բոլորին մէջէն` հայը ունի մէկ «ուխտագնացութիւն», թերեւս տարբեր ուղիներով եւ մարտահրաւէրներով, բայց հասնելու համար նոյն… «հպարտութեան»`  հայուն «հպարտութեան»:

Հայուն «հպարտութիւնը», որ քով-քովի բերելով կը կազմէ մէկ, մեծ եւ զօրաւոր հայը:

Եւ հայը պիտի շարունակէ իր «ուխտագնացութիւնը»` չկորսնցնելու համար իր «հպարտութիւնը»…:

 

Նախորդը

Զմմառու Մայրավանքին Մէջ` Ս. Ծննդեան Պատարագը

Յաջորդը

Բարի Նոր Տարի

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?