Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Անգարայի մէջ Ռուսիոյ դեսպանին սպանութիւնը բաւական նիւթ հայթայթած է թրքական եւ միջազգային լրատուամիջոցներու, ինչպէս նաեւ քաղաքական գործիչներու եւ մեկնաբաններու: Կը ներկայացնենք հատուածներ:
Ն.
Դեսպանին սպանութենէն ետք, ռուսերը վտանգաւոր կը նկատեն Թուրքիա այցելելը
Դեսպանին սպանութեան վերաբերեալ ռուսերու կարծիքին ծանօթանալու համար, «Ռոմիր» հետազօտական հիմնարկը կազմակերպած է հարցախոյզ մը, որուն մասնակցած են 1000 անձեր, որոնց աւելի քան մէկ երրորդը (76 առ հարիւր) կը հաւատայ, որ ներկայիս այս կամ այն չափով վտանգաւոր է Թուրքիա այցելելը:
Կը նշուի, որ այս հարցին վերաբերեալ չէզոք դիրքորոշում յայտնած է հարցախոյզին մասնակցածներուն 17 առ հարիւրը, իսկ, ըստ 6 առ հարիւրին, Թուրքիա այցելելու առումով ոչ մէկ վտանգ կայ: 46 առ հարիւրը կը կարծէ, որ ահաբեկչական արարքին իբրեւ հետեւանք Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները կրնան կրկին վատթարանալ:
«Կազեթա.ռու»
Քրեմլին արձագանգած է դեսպանին սպանութեան վերաբերեալ «Նիւ Եորք Տէյլի Նիւզ»-ի յօդուածին
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով մեկնաբանեց դեսպան Անտրէյ Քարլովի սպանութեան վերաբերեալ «Նիւ Եորք Տէյլի Նիւզ»ի հրապարակումը:
Ըստ Փեսքովի, նման յօդուած կրնար գրել «լաւին ու վատին մասին» խեղաթիւրուած ընկալում ունեցող մարդը: «Գիտէք, որ մարդոցմէ շատեր, ցաւօք, այնքան ալ անմեղ չեն, իսկ երբեմն ամբողջովին անմեղ են` այն բանի խեղաթիւրուած ընկալումով, թէ ինչը լաւ է, ինչը` վատ: Չեմ կարծեր, թէ այդ մարդիկը, որոնց անկասկած կը պատկանի յօդուածին հեղինակը, արժանի են նոյնիսկ յիշատակման», ըսած է Փեսքով:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա յայտարարած է. «Կը պահանջենք, որ «Նիւ Եորք Տէյլի Նիւզ» ներում հայցէ այն յօդուածին համար, ուր Թուրքիոյ մէջ սպաննուած Ռուսիոյ դեսպան Անտրէյ Քարլովը կը համեմատուի Երրորդ ռայխի դեսպանին հետ»:
«ՌԻԱ Նովոսթի»
Թրքական «Էվրենսել.նեթ» կայքի վերլուծաբաններուն անդրադարձը` դեսպանին սպանութեան
Թրքական կայքի վերլուծաբանները առանձին յօդուածներով անդրադարձած են Անգարայի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Անտրէյ Քարլովի սպանութեան: Կայքի խմբագիրը առանձնացուցած է յօդուածներէն ամէնէն ուշագրաւ հատուածները:
Իսհան Չարալան
Սպանութեան վերաբերեալ «կատարեալ» մեկնաբանութիւն
Կը զարմանամ այն փաստին վերաբերեալ, որ դեսպանին սպանութենէն անմիջապէս ետք Թուրքիոյ մէջ մեղադրանքի սլաքները ուղղուեցան դէպի Ֆեթուլլահ Կիւլենի կազմակերպութիւնը, հակառակ անոր որ մարդասպանը դէպքի վայրին մէջ կը պոռար «Քայիտա» ահաբեկչական կազմակերպութեան սուրիական թեւը հանդիսացող «Նուսրա»-ի կարգախօսները:
Կառավարութիւն-Էրտողան ճակատը հոգեցունց ջանքեր կը գործադրէ Քարլովի սպանութիւնը Նուսրային չկապելու համար: Ըստ երեւոյթին, ասկէ ետք ալ այս գիծով պիտի յառաջանան:
Այտըն Չուպուքչու
Ապրիլ` կարիք ունենալով սադրանքի
Իշխանութիւնը սադրանք բնորոշումը կիրառելու սուր կարիք ունի: Միշտ լարուածութեան, կասկածի եւ անհանգստութեան մէջ ապրող հասարակութեան դիւրին է ընդունիլ տալ օրէնքի ու խելքի մէջ չտեղաւորուող ամէն տեսակի որոշում: Առանց սադրանքներու ապրիլ չկարենալը սադրիչներու մենաշնորհն է:
Ֆաթիհ Փոլաթ
Սպանութեան քաղաքական անդամազննութիւնը
12 սեպտեմբեր 1980-էն ետք պետութեան կողմէ իւրացուող «Թուրք իսլամականութիւն» քաղաքականութիւնը դարձաւ նաեւ անվտանգութեան կառոյցներու ամբողջացման շաղախը: Գաղտնիք չէ նաեւ, որ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան իշխանութիւնը ատիկա շարունակեց եւ աւելի զարգացուց այդ ամբողջացման իսլամական ուղղութիւնը: Մեւլութ Մերթ Ալթընթաշն ալ անուն մըն է, որ, այդ քաղաքականութեան ձեռնտու պայմաններէն օգտուելով, տեղ գտած էր ոստիկանութեան համակարգին մէջ: Իսկ Ալթընթաշի` «Հալէպը չենք մոռնար», «Սուրիան չենք մոռնար» արտայայտութիւնները չեն կրնար դիտարկուիլ իշխանութեան` Սուրիոյ եւ Հալէպի վերաբերեալ իրականացուող քաղաքականութեան պարունակին մէջ:
Քեմալ Թեքին
Արտակարգ եւ լիազօր դեսպանին սպանութիւնը
Այս օրերուն, երբ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կառավարութիւնը Ռուսիոյ հետ Հալէպի եւ Սուրիոյ բնաբանով սակարկութիւններ կ՛ընէ, Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւններուն մէջ որոշ պաղութիւն կը պահէ եւ Ռուսիոյ հետ մերձենալու համար ջանք կը գործադրէ, դեսպանին սպանութիւնը կը տկարացնէ իշխանութեան դիրքերը: Այժմ ստանալիքին դիմաց աւելի շատ պիտի տան:
Էրոլ Արալ
Սպանութեան մտադրութիւնը
Ջանքեր գործադրուեցան ապացուցելու համար մարդասպանին իսլամական-ժիհատական ինքնութիւն չունենալը: Առաջին փուլը կիսկատար մեկնաբանութիւններով ըրին: Եւ վերջապէս համոզիչ յանցագործ գտնուեցաւ ՖԵԹՕ-ն (Ֆեթուլլահ Կիւլենի ահաբեկչական կազմակերպութիւն): Հաղորդակցութեան մասնագէտներու եզրով` «ծրարուած յանցագործ ՖԵԹՕ»-ն արագօրէն դրուեցաւ շրջանառութեան մէջ:
Թուրք ընդդիմադիր գործիչը իշխանութիւնները կը մեղադրէ ռուս դեսպանին սպանութեան մէջ
Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան նախագահ Սելին Սայեք Պիոքէ ռուս դեսպանին սպանութեան մէջ մեղադրեց երկրի իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը:
Սելին Սայեք Պիոքէ, կուսակցութեան գործադիր խորհուրդի ժողովին մէջ խօսք առնելով, նշեց. «Կարեւոր չէ, թէ ով է կազմակերպիչը` ՖԵԹՕ-ն (Ֆեթուլլա Կիւլենի կազմակերպութիւն), թէ «Նուսրա» ահաբեկչական խմբաւորումը, որովհետեւ երկրէն ներս տիրող իրավիճակի հիմքին մէջ գաղափարական մթնոլորտն է, որ միտումնաւոր ձեւաւորած է իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը: Եթէ ատրճանակի ձգանը ՖԵԹՕ-ն քաշած է, դո՛ւք զայն մեր գլխուն պատիժ դարձուցած էք: Եթէ «Նուսրա»-ն է, դո՛ւք ժիհատական խմբաւորումներուն ամէն տեսակ օժանդակութիւն յատկացուցած էք: Պատասխանատուն դո՛ւք էք: Ռուս դեսպանին սպանութիւնը սովորական դէպք չէ: Անգարայի սրտին մէջ, ուր պէտք է ամէնէն անվտանգը ըլլար, ոստիկանի կողմէ դեսպան կը սպաննուի: Թուրքիա իր իսկ երկրին մէջ չկրցաւ դիւանագէտ պաշտպանել: Մարդասպանն ալ ոստիկան է: Պէտք էր մարդասպանը ողջ բռնել, մինչ այդպէս չեղաւ: Ստեղծուած ամօթալի շղթային միակ պատասխանատուն Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնն է»:
«Տեմոկրատհապեր.օրկ»
Ռուս դեսպանը սպաննողի «բերանը փակա՞ծ են»
21 դեկտեմբերին ռուսական «Սփութնիք» կայքին մէջ յայտնուած է հաղորդագրութիւն այն մասին, որ «Նուսրա»-ի ճակատը պատասխանատուութիւն ստանձնած է Թուրքիոյ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Անտրէյ Քարլովի սպանութեան համար: Շուտով եզրակացուցին, որ «Նուսրա»-ի յայտարարութիւնը կեղծ էր:
Տակաւին մինչեւ կեղծիքի բացայայտումը, անվտանգութեան մարզէն բարձրաստիճան աղբիւր մը ինծի յայտնած էր, որ « Նուսրա»-ն միշտ իր պատասխանատուութեան մասին կը յայտնէ իր «Մինարեթ ուլ-Պէյտհա» կայքին մէջ, եւ ոչ թէ որեւէ նամակներով, ինչպէս այս պարագային էր: Աղբիւրը նաեւ աւելցուց, որ ահաբեկչական կազմակերպութիւնները սովորաբար կը ձգտին ոչնչացնել կարելի եղածին չափ բազմաթիւ անձեր, մինչ այս պարագային մարդասպանը խնդրած էր ցուցահանդէսի այցելուներէն դուրս գալ դահլիճէն` ըսելով, որ անոնց նկատմամբ ինք ոչ մէկ պահանջ ունի: Իսկ ատիկա բնորոշ չէ սալաֆական-ժիհատականներուն:
Թուրքիոյ անվտանգութեան մարզէն բարձրաստիճան աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ նկարները ուշադիր դիտելէ ետք, ինք այն տպաւորութիւնը ունեցած է, որ մարդասպանը շատ հաւանաբար ունեցած է մեղսակից մը, որ անոր հրահանգ տուած է սրահէն: Յանցագործը մինչեւ որոշ պահ մը կանգնած էր դեսպանի թիկունքին, ոստիկան թիկնապահներու նման: Իսկ յետոյ յանկարծակի կարծես սկսած է «աշխատիլ», բաներ մը պոռալ եւ կրակել դեսպանին վրայ, որմէ ետք չէ փորձած փախուստ տալ: Ըստ երեւոյթին, հրահանգիչը իրեն վստահեցուցած է, որ իրեն ոչինչ կը պատահի:
Եթէ այդ սպանութիւնը սադրանք էր, ինչպէս Փութին եւ Էրտողան կը վստահեցնեն, գուցէ ատոր նպատակն է Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչութիւնը նոր մակարդակի բարձրացնել:
Թուրքիոյ յատուկ ծառայութիւններու վարկածով` 95 առ հարիւր հաւանականութեամբ Մեւլութ Ալթինթաշը գտած էին Կիւլենի կողմնակիցները, որպէսզի ան աշխատանքի ընդունուի ոստիկանութեան մէջ, իսկ յետոյ ձեւանայ իբրեւ իսլամական այլ կազմակերպութեան կողմնակիցներէն մէկը: Յատուկ ծառայութիւնները նաեւ կը հետաքննեն այն վարկածը, ըստ որուն, մարդասպանի բերանը կրնար փակել յատուկ ջոկատայիններէն մէկը, որ ցուցասրահ մտած էր դեսպանին սպանութենէն ետք:
«Հիւրրիյեթ Տէյլի Նիւզ»-ի տեսաբան
Մուրատ Էթքին
Ռուս-թրքական «հաշիւով ամուսնութիւն»
Հնչեցին կրակոցները. երկու ուժեղ եւ հաւակնութիւններ ունեցող տէրութիւններ, կը թուէր, թէ պիտի բախին իրարու, սակայն ո՛չ, Ֆրանց Ֆերտինանտի պատմութիւնը չի կրկնուիր:
Թուրքիոյ մէջ Ռուսիոյ դեսպանին սպանութիւնը, հաւանաբար, աշխարհաքաղաքական խաղի կանոնները փոխող Մոսկուայի եւ Անգարայի միջեւ դաշինքի ստեղծումը ձախողեցնելու անտաղանդ փորձ էր: 1914 թուականի եւ դէպի պատերազմ գահավիժելու հետ բոլոր համեմատութիւնները աւելի տեղին էին տարի մը առաջ, այն բանէն ետք, երբ Թուրքիա ոչնչացուց իր սահմանը խախտած ռուսական կործանիչը: Այժմ Թուրքիա, Ռուսիա եւ Իրան նոյնիսկ եթէ ոչ լաւագոյն ընկերները, կը ներկայանեն իբրեւ Սուրիան իրարու մինչեւ բաժնել ուզող ապագայ ուժեր:
……..
Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակին մէջ կանգնեցուած է Թուրքիոյ մէջ Խորհրդային Միութեան առաջին դեսպան Սեմիոն Արալովի արձանը, որ կը խորհրդանշէ պոլշեւիկներու եւ արեւմուտքին կասկածամտօրէն վերաբերող եւ արդիականացման ծրագիրներ իրագործած թրքական ազգայնականներու միջեւ համագործակցութիւնը: Թրամփ, առնուազն, կը խոստանայ կառավարման «գործնական» ոճ, որ Միացեալ Նահանգները բռնատիրական առաջնորդներու հետ երկուստեք շահաւէտ գործարքներու մէջ կը մտնէ եւ չի պարտադրեր ազատական աշխարհաքաղաքական կարգի մասին Ուաշինկթընի մէջ ստեղծուած պատկերացումները: Ասիկա հաճելի չի թուիր նաեւ Փութինին: Սակայն ե՛ւ Փութին, ե՛ւ Էրտողան թերահաւատ են, ամերիկեան յօրինուածքի մասին անոնց պատկերացումը կը կայանայ անոր մէջ, որ Թրամփ պիտի դառնայ ազդեցիկ լոպիներու պատանդը: Անոնք երկուքն ալ տակաւին իշխանութեան վրայ կը գտնուին եւ կրնան պաշտօնավարել մինչեւ 2024 թուականը` ժամանակահատուած, որ բաւական է Միջին Արեւելքը վերաձեւելու եւ հետեւելու համար, թէ ինչպէս յուսախաբ արեւմուտքը կը լքէ բարեյաջող տարածաշրջանը:
«Թայմզ»
Ռուս դեսպանը սպաննած ոստիկանը Էրտողանին «կրօնամոլ սերունդ մեծցնելու» ձգտումին արդիւնքն է
Ձեռնարկատիրութեան ամերիկեան հիմնարկ (American Enterprise Institute) անկախ հետազօտական հիմնարկի վերլուծաբան Մայքլ Ռուպին, անդրադառնալով դեսպան Քարլովի սպանութեան, նշած է, որ Քարլովի վրայ կրակած եւ «Ալլահու աքպար» բացագանչած 22-ամեայ թուրք ոստիկանին գործողութիւնները Ռ. Թ. Էրտողանի կողմէ տարուող կրօնամոլ քարոզչութեան հետեւանք են:
Ռուպին յիշեցուցած է Էրտողանի` կրօնամոլ սերունդ մեծցնելու փափաքին մասին ոչ մէկ անգամ ըսուած յայտարարութիւնները եւ շեշտած է, որ ստեղծուած իրավիճակի համար այլեւս պէտք չէ զարմանալ:
«Ալթընթաշ դատարկութեան մէջ չէ մեծցած: Ալթընթաշ 5 տարի առաջ Էրտողանի յայտարարած «կրօնամոլ սերունդ մեծցնելու» ձգտումին հետեւանքն է: Երբ Էրտողան եկաւ իշխանութեան, Ալթընթաշ 7 տարեկան էր: Ալթընթաշ իր ամբողջ կրթութիւնը ստացած է Էրտողանի իշխանութեան օրերուն: Էրտողան աշխարհի մէջ միակ առաջնորդը չէ, որ կը փորձէ յանուն կարճատեւ յաղթանակի օգտագործել կրօնական ծայրայեղականութիւնն ու զանգուածային լրատու միջոցներով տարածուող սադրանքները, սակայն Էրտողան առաջնորդ մըն է, որ շատ ուշ կը հասկնայ, թէ սպասուելիք մեծ հրդեհը, որուն պատճառը ինքն է, պիտի չկարենայ մարել»:
Մայքլ Ռուպին Թուրքիոյ մասին հերթական աղմկայարոյց յօդուածի մը մէջ նախապէս նշած էր, որ Թուրքիա այժմ պառակտուած եւ բեւեռացած է` բոլոր ժամանակներէն աւելի:
Դեսպանին սպանութիւնը ռուս-թրքական յարաբերութիւններուն վնասելու նպատակով պատուիրուած ըլլալու վարկածը շատ պարզունակ է
Մարդասպանին` ոստիկանութեան համակարգի աշխատակից ըլլալը կը խօսի Թուրքիոյ իշխանութիւններու բազմաթիւ թերացումներուն եւ 15 յուլիսի յեղաշրջումէն ետք տասնեակ հազարաւոր ձերբակալութիւններուն ապարդիւն ըլլալու մասին: Այս դէպքը շատ մեծ բիծ է Թուրքիոյ արտաքին դիմագիծին վրայ, որ արդէն կարելի չէ անթերի նկատել:
Թուրքիա այլեւս անվտանգ չէ օտար դիւանագէտներու համար: Իր սեփական քաղաքացիներուն համար արդէն շատոնց անվտանգ չէր: Օտար զբօսաշրջիկներու համար` նոյնպէս: Բայց երբ ահաբեկչութիւնը կը սկսի թիրախաւորել արտասահմանցի դիւանագէտները, աւելի կը բարդանայ Թուրքիոյ լուսաւոր ապագայի կարելիութիւնը:
Թուրքիա այլեւս պարտաւոր է վերատեսութեան ենթարկել հակաահաբեկչական պայքարին մէջ իր մօտեցումները:
Վախցնող է մարդասպանին ոստիկան ըլլալը, միայն 22 տարեկան ըլլալը, բարձրաստիճան պատուիրակութիւններու անվտանգութիւնը ապահովող խումբին ներառուած ըլլալու փաստը եւ 15 յուլիսի յեղաշրջումէն ետք այդքան ձերբակալութիւններու կողքին տակաւին ազատութեան մէջ գտնուիլը:
Չափազանց պարզունակ է այն վարկածը, թէ սպանութիւնը պատուիրուած է Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները կրկին լարելու համար:
Ունալ Չեւիկէոզ, «Հիւրրիյեթ»
Դեսպանին սպանութենէն ետք Ռուսիա կը սառեցնէ Թուրքիոյ հետ մուտքի արտօնագիրներու վերացման վերաբերող բանակցութիւնները
Ռուսիոյ իշխանութիւնները կը պատրաստուին Թուրքիոյ հետ այդ երկրի բնակիչներուն համար առանց մուտքի արտօնագիրներու դրութեան ստեղծման առնչուող բանակցութիւններ սառեցնել: Ասիկա պայմանաւորուած է 19 դեկտեմբերին Անգարայի Ռուսիոյ դեսպան Անտրէյ Քարլովի սպանութեամբ: Այս մասին կը նշեն ռուսական դիւանագիտական շրջանակներու մէջ աղբիւրներ:
Յիշեցնենք, որ տակաւին քանի մը ամիս առաջ Քարլով կը զգուշացնէր, որ Մոսկուա պէտք չէ աճապարէ Թուրքիոյ քաղաքացիներու համար առանց մուտքի արտօնագիրներու դրութիւն սահմանելու հարցին մէջ, որովհետեւ տակաւին նախաձեռնուած չեն այն բոլոր միջոցներուն, որոնց շնորհիւ կը բացառուի Թուրքիոյ տարածքէն ահաբեկիչներու Ռուսիա ներթափանցումը:
Պաշտօնական Մոսկուա բազմիցս արծարծած է այն հարցը, որ մուտքի արտօնագիրներու դրութեան սահմանման համար Թուրքիա պէտք է որոշ պահանջներ կատարէ եւ անվտանգութեան երաշխիքներ ներկայացնէ: Սակայն դեսպանի ողբերգական սպանութենէն ետք, այս հարցը անորոշ ժամանակով պիտի յետաձգուի:
«Իզվեսթիա.ռու»
Դեսպանին սպանութենէն ետք մտահոգութեան հինգ պատճառներ
Նկատի ունենալով անցնող տարուան ընթացքին ռուս-թրքական լարուած յարաբերութիւնները, դարերու պատմական մրցակցութիւնն ու թշնամանքը, ինչպէս նաեւ սուրիական հակամարտութեան լոյսին տակ արտաքին քաղաքականութիւններու բախումը, ի մտի պէտք է ունենալ քանի մը հաւանական մագլցողական բեմագրութիւններ:
- Ռուս ցանցահէններ կը թիրախաւորեն Թուրքիան:
- Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ արդէն իսկ փխրուն յարաբերութիւնները կրնան խզուիլ` առաջնորդելով Թուրքիոյ վրայ տնտեսական վերանորոգուած ճնշման:
- Սպանութիւնը կրնայ պատրուակ ծառայել Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ մէջ ժողովրդավարական յաւելեալ ճնշումներու:
- Հալէպի մէջ զինադադարը կրնայ տապալիլ:
- Ռուսիա Թուրքիոյ դէմ կը խաղայ քրտական քարտը:
(Հատուած)
«Ֆորէյն Փոլիսի»
Օպամայի աշխատակազմը ինչպէ՛ս Թուրքիան նետեց Ռուսիոյ գիրկը
Քանի մը պատճառ կայ, թէ ինչո՛ւ Էրտողանի կառավարութիւնը կը փորձէ համաձայնեցնել իր երկրի քաղաքականութիւնը Մոսկուայի հետ, եւ ոչ Ուաշինկթընի:
Առաջին. Էրտողանի կուսակցութիւնը իշխանութեան եկած է հիմնուելով հակաամերիկեան հարթակի վրայ, երկրին մէջ ճնշում չկայ Միացեալ Նահանգներու դիմակայման համար, իսկ վերջին պետական յեղաշրջման փորձը տկարացուցած է անոր դիրքերը: Սակայն նախագահ Օպամայի անյաջող քաղաքականութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ, յատկապէս Սուրիոյ նկատմամբ, սրած է այդ միտումները եւ հիմք դրած` իրադարձութիւններու վերջին զարգացման:
«Ռուսիոյ դեսպանին սպանութիւնը ջերմացուցած է ռուս-թրքական յարաբերութիւնները: Էրտողանի համար Միացեալ Նահանգներ կը կորսնցնեն այժմէականութիւնը, որովհետեւ Միջին Արեւելքի մէջ գործողութիւնները աւելի կարեւոր են, քան հռետորութիւնը, իսկ այդ առումով Ուաշինկթընի մէջ աւելի շատ կը խօսէին, քան կը գործէին», կը կարծէ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախկին պատգամաւոր Այքան Էրտեմիր:
«Թուրքերը նայեցան իրավիճակին եւ մտածեցին. այս աշխատակազմը չ՛ուզեր զբաղիլ Սուրիայով: Մենք կը սպասենք յաջորդին: Իսկ հիմա տեսնենք` ի՛նչ կարելի է ընել ռուսերու հետ», կը խորհի միջինարեւելեան քաղաքականութեան ուաշինկթընեան կեդրոնի վերլուծաբան Էնտրիւ Թապլեր:
Ճոշուա Ռոկինան
«Ուաշինկթըն Փոսթ»