ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Ազերիական բանակը 1993-ի հոկտեմբերի կէսէն ետք մեծ ուժեր սկսաւ կեդրոնացնել Աղտամի եւ Մարտակերտի յարակից շրջաններուն մէջ եւ յարձակումի անցնելով Արցախի հարաւային դիրքերուն վրայ, Ճիպրայիլի շրջանին մէջ, գրաւեց երկու դիրքեր: Ազերիները նաեւ յարձակում գործեցին Հատրութի վրայ եւ ռմբակոծեցին զայն:
Արցախի վրայ ազերիական ուժերու իրերայաջորդ յարձակումներուն եւ հայկական դիրքերու դէմ ոտնձգութիւններուն հակադարձելով, արցախեան ուժերը անցան հակայարձակումի եւ Ֆիզուլիէն դէպի հարաւ շարժելով հասան մինչեւ Արաքս գետ, որ կը գծէ Ազրպէյճան-Իրան սահմանը:
Հայկական ուժերը այսպիսով հակակշիռ հաստատեցին սահմանին 40 քիլոմեթր տարածութեան վրայ: Անոնք անցք մը ձգեցին, որպէսզի Զանգելանի պաշարեալ շրջանէն ազերիական ուժերը քաշուին դէպի արեւելք:
* * *
«Ազդակ»-ի 27 հոկտեմբեր 1993-ի թիւով եւ «Արցախցին աշխարհակալ չէ, ոչ ալ ստրուկ» խորագիրով ակնարկով պատասխանատու խմբագիր Սարգիս Մահսէրէճեան կը գրէր, որ Մարտակերտի, Ասկերանի եւ Հատրութի շրջաններուն վրայ ազերիական յարձակումները դուրս եկած էին «պատահական» եւ «սահմանափակ» դէպքերու շրջագիծէն եւ ստացած հետեւողական յարձակումներու ընթացք: Արցախի վարիչները մէկէ աւելի առիթներով դիմած էին Պաքու, խաղաղարար միջնորդներուն` ՄԱԿ-ին, Մինսքի խմբակին եւ այլուր, անոնց նկատողութեան յանձնելով, որ ազերիները հետեւողականօրէն կը խախտեն զինադուլը եւ նոր ուժ կը կուտակեն Աղտամի եւ Ֆիզուլիի շրջաններուն մէջ: Այդ դիմումներն ու կոչերը դարձեալ խուլ ականջներու հանդիպած էին: Մինչեւ անգամ ազերիական յարձակումներուն զոհ գացած հայերուն արիւնը ոչինչ ըսաւ միջնորդներուն: Պաքուի շնական պատասխանը, լաւագոյն պարագային, եղաւ այն, որ… Արցախի հարաւը գտնուող ուժերը իր հակակշիռէն դուրս են, ինք ազդեցութիւն չունի անոնց վրայ:
Մահսէրէճեան կը շարունակէր ըսելով. այս բոլորէն ետք, ի՞նչ ելք կը մնայ Արցախի ազատամարտիկին: Գետաշէնէն մինչեւ Շահումեան ու Աղտամէն մինչեւ Քելբաջար ու Ֆիզուլի փորձառութիւնները դեռ թարմ են բոլորի յիշողութեան մէջ: Արցախցին արդեօք պէտք է սպասէ՞ր, որ նոր փոկրոմներ, նոր ռմբակոծումներ եւ նոր արշաւներ լաւապէս կազմակերպուէին «զինադուլը վեց ամիս եւս երկարաձգենք»-ի ազերիական քարոզչութեան վարագոյրին ետին, երբ իրականութիւնը արդէն զոհերու, վիրաւորներու եւ աւերումներու նոր էջեր կը բանար:
Մահսէրէճեան կ՛եզրափակէր ըսելով. արցախցիք անպատասխան ձգեցին առաջին օրերու յարձակումները, մինչեւ անգամ սուղ վճարելով: Անոնք ի վերջոյ ըրին այն` ինչ որ կը թելադրէր անցեալի իրենց դառն փորձառութիւնը: Թող ոչ ոք արցախցիներու հասցէին մեղադրանքի պատճառներ գտնէ, թող ո՛չ ոք փորձէ արցախցին խրատել, որ ինքնապաշտպանութեան իր տարրական իրաւունքէն հրաժարի: Մանաւանդ թող ո՛չ ոք փորձէ արցախցիին պարտադրել այն` ինչ որ չի համապատասխաներ անոր ազգային եւ մարդկային իրաւունքներուն, կարիքներուն ու ձգտումներուն: Ան աշխարհակալ չէ, բայց նաեւ չի կրնար ստրուկ դառնալ:
* * *
Հայկական ուժերը նոյեբերի սկիզբը դադրեցուցին ազերիական յարձակումներու դէմ իրենց հակայարձակումները, որպէսզի քաղաքային բնակչութիւնը առիթը ունենար հեռանալու շրջանէն: Կողոպուտի որեւէ դէպք չէր պատահած, ոչ ալ քաղաքային բնակչութեան հետ բախում տեղի ունեցած էր:
Հայկական հակայարձակումէն խոյս տուած ազերիները խճողուած էին Արաքսի երկու ափերուն, մօտաւորապէս 55 քիլոմեթր երկարութեամբ գօտիի մը մէջ: Շատեր Արաքսը անցած էին հոն, ուր ջուրը խորունկ չէր: Սահմանը անցնող գաղթականները ընդհանրապէս մէկ օր կը մնային իրանեան հողի վրայ, ապա կը փոխադրուէին Ազրպէյճանի Իմիչլի քաղաքը, ուր իրանեան կարմիր մահիկը յատուկ գաղթակայան մը ստեղծած էր անոնց համար եւ կը հոգար անոնց կարիքները:
* * *
Ֆիզուլիի եւ Ճիպրայիլի ռազմաճակատի առաջին գիծին վրայ կուտակուած էին խուճապահար փախուստի դիմած մեծաթիւ գաղթականներ: Անոնք չէին կրցած անցնիլ ճակատի գիծը եւ հայկական ուժերու հակակշիռին ենթակայ գօտիին մէջ մնացած էին: Հայ ազատամարտիկներ ազրպէյճաներէնով անոնց կը հաւաստէին, որ իրենք վրէժ չեն լուծեր խաղաղ բնակիչներէն, ձեռք չեն տար ոչ երեխաներուն, ոչ կիներուն եւ ոչ ալ ծերերուն: Իրենք միայն ու միայն գործ եւ խօսակցութիւն կ՛ունենան յանցագործներու` նախկին սանձարձակ ՕՄՈՆականներու եւ վայրագութիւններու չափը անցուցած զինեալներու հետ, որոնք գազանաբար յօշոտած են հայ խաղաղ բնակիչներ, աւարի տուած եւ հրդեհած են բազմաթիւ հայկական բնակավայրեր:
Ազրպէյճանցի զինուորներէն շատեր փախուստի դիմելէ առաջ կը ծպտուէին եւ կերպարանափոխուած կը թաքնուէին ամբոխին մէջ: Այսուհանդերձ հայ ազատամարտիկները յաջողեցան վնասազերծել զանոնք: Գաղթականները տեղափոխող հարիւրաւոր բեռնատարներուն մէջ, դասաւորուած անկողիններու եւ ալիւր պարունակող տակառներու մէջ պահուըտած էին տասնեակներով յանցագործներ: Անոնցմէ ոմանք իրենց զինուորական համազգեստին վրայ կանացի գոյնզգոյն հագուստներ հագած եւ ոմանք նոյնիսկ յղի կնոջ կերպարանք առած էին: Բայց հայ ազատամարտիկները յաջողեցան բռնել զանոնք: Անոնց վրայէն թանկարժէք զարդեր եւ մեծագումար դրամ յայտնաբերուեցաւ, ինչ որ կը վկայէր, որ անոնք աւելի շատ զբաղած էին կողոպուտով եւ սպանութիւններ կատարած էին միայն կողոպուտի նպատակով:
Բռնուելէն ետք անոնք խոստովանեցան, որ կողոպուտ կատարած են որպէսզի կարենան իրենց հետ բան մը տանիլ եւ կաշառք տալով փրկեն իրենց գլուխները: Անոնք ձեռքերնին վեր բարձրացուած, «Ալլահ, Ալլահ» կանչելով, երեսնին եւ կուրծքերնին զարնելով վայնասուն բարձրացուցին: Յետոյ անոնք թուրքի վայել ստորնաքարշութեամբ իրենց վրայի զարդերն ու դրամները իբրեւ «նուէր» սկսան ազատամարտիկներուն գրպանները լեցնել: Բայց հայ ազատամարտիկները իրենց գրպաններէն հանեցին այդ «նուէր»ները եւ «նուիրատուներու» երեսին շպրտեցին:
Նոյն պահուն ազերի կանայք մօտեցան ազատամարտիկներուն եւ խոստովանեցան, որ այս բոլորին պատասխանատուն իրենք են եւ Պաքուի ապահով անկիւններու մէջ նստած պատերազմի իսկական հրձիգները շատ մեծ աղէտներ բերին հայերուն եւ աւելի շատ` ազրպէյճանացիներուն: Անոնք նաեւ պատմեցին Ֆիզուլիի հայերու նկատմամբ գործադրուած եւ անյայտ մնացած ոճրագործութեան մասին:
Նշենք, որ Ազրպէյճանի կառավարութիւնը զինուորագրած էր աֆղան հազար մուճահէտներ, դիմադրելու համար հայկական զօրքերուն: Սակայն վարձկանները չէին կրցած կասեցնել ազրպէյճանական պարտուած բանակին նահանջը: Անոնք աւելի կարգապահ վիճակի մէջ եւ նահանջի առաջին գիծին վրայ կը գտնուէին:
* * *
«Ազդակ»-ի 5 նոյեմբեր 1993-ի թիւով եւ «Պաքու կը խոստովանի, բայց… պայքարը կը շարունակուի» խորագիրով ակնարկով Մահսէրէճեան կը գրէր, որ Ազրպէյճանի կառավարիչները ի վերջոյ իրազեկ կը դառնան պարզ այն ճշմարտութեան, որ հողին սեփականատէրը, իրա՛ւ տէրը ան է, որ կը տոկայ ամէն տեսակի ճնշումի, հալածանքի դիմաց եւ չի պոկուիր իր հողէն, իսկ եկուոր ազերին, իր իսկ կողմէ լարուած զինուորական ընդհարումի թակարդին մէջ իյնալով, առաջին հակահարուածին հետ, կը լքէ ամէն բան եւ կ՛ապաստանի ապահով նկատուած վայրեր: Իսկ երբ մարդ գիտէ թէ հողը իրը չէ, գիտէ որ պէտք չունի մեռնելու ուրիշին հողին համար, կռիւի դաշտէն խուսափելու համար, կաշա՛ռք ալ կը վճարէ, այլ միջոցներու ալ կը դիմէ զինուորական ծառայութենէ զերծ մնալու համար: Այս ճշմարտութեան հաստատումէն ետք, ալ պարզ չէ՞ պատասխանը այն հարցումին, թէ ո՛վ վարձկան զինուոր է եւ վարձկանի պէտք ունի…
Շարունակելով` Մահսէրէճեան կը մէջբերէր ազերի բարձրաստիճան պաշտօնատարի մը խոստովանութիւնը. «Արցախի մէջ միայն հայերն են որ կը պաշտպանեն իրենք զիրենք, միայն հայերն են որ կը կռուին մեզի դէմ, հոն սեւամորթներ, արաբներ, ամերիկացի եւ անգլիացի վարձկաններ չկան»:
Մահսէրէճեան կը նշէր, որ ազերի բանակներու թուլութեան մասին արտայայտութիւններուն կողքին, Հայտար Ալիեւ նոյն այդ բանակին հրամանատարութեան մէջ փոփոխութիւններ կը կատարէր: Այլ խօսքով ան յայտնապէս «իր մարդիկը» կը զետեղէր բանակին ղեկավարի դիրքերուն վրայ: Իսկ Թուրքիա կը յայտարարէր, թէ… պէտք է «ազերիկան հողեր» գրաւող հայերուն դէմ միջազգային պատժամիջոցներ որդեգրել:
Մահսէրէճեան կ՛եզրափակէր ըսելով որ ազերիական խոստովանութիւնները գոհունակութիւն կ՛առթեն, բայց պայքարը կը շարունակուի:
* * *
«Ազդակ», 16 նոյեմբեր 1993-ի թիւով եւ «Կէս արդար որոշում մը» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր, որ հայ-ազերի տագնապին մասին, ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդին կողմէ որդեգրուած բանաձեւը` թիւ 884, առաջին անգամ ըլլալով հարցը կը դիտէր արդար մօտեցումի մը անկիւնէն: Ուշագրաւ էր, որ ամերիկացի ներկայացուցիչ մը, թարգմանը ըլլալով նիստին ընթացքին արտայայտուած տեսակէտներուն, բառացիօրէն կ՛ըսէր. «Բանաձեւը կը դատապարտէ երկու կողմերն ալ. անոնք` որոնք խախտեցին զինադուլը, եւ անոնք` որոնք անհամեմատօրէն ուժգին կերպով հակադարձեցին այդ արարքին»: Եթէ մէկ կողմ ձգուէր «դիւանագիտական բառամթերք»-ը, պիտի ըսուէր. «Ապահովութեան խորհուրդը կը դատապարտէ Ազրպէյճանը, որ խախտեց զինադուլը, նաեւ` արցախեան ուժերը, որոնք հակադարձեցին շատ ուժեղ կերպով»:
«Ազդակ» կը շարունակէր ըսելով որ ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդը առաջին անգամ ըլլալով այսքան բացայայտ կերպով կը յայտարարէր, թէ զինադուլը խախտողը ազերիական կողմն էր: Այսինքն, ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդը առաջին անգամ ըլլալով կ՛ընդունէր ազերիական կողմին ուղղուած արցախեան ամբաստանութեան ճշմարտութիւնը:
«Ազդակ» կը նշէր, որ եթէ Ազրպէյճանը իբրեւ նախայարձակ ընդունելով, ապահովութեան խորհուրդը արդարութիւն կ՛ընէր, արդար չէր, սակայն, արցախեան ուժերուն ուղղուած անոր դատապարտանքը: Արդեօք ի՞նչ պէտք էր ընէր արցախցին, ըստ Նիւ Եորքի մէջ բազմած դիւանագէտներուն, որոնք չեն իսկ լսած ազերիներու յարձակումներուն ու ռմբակոծումներուն որոտը, մինչդեռ Հատրութի եւ Մարտունիի շրջաններուն բնակիչները յաճախ ճաշակեցին անոնց մահացու եւ քանդիչ խոցերը: Արցախցին քանի՞ օր կրնար ինքնազսպումի դիմել ռումբերու տարափին տակ, օգնութիւն եւ միջամտութիւն խնդրէր աշխարհէն, որ միշտ ալ անպատասխան ձգած է զինք եւ ստիպած, որ ինք ձեռք առնէ իր ճակատագիրին տնօրինումը: ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդը արդեօք ինչպիսի՞ հակադարձութիւն պիտի նկատէր ընդունելի, չափաւոր, տրամաբանականի սահմաններուն մէջ:
«Ազդակ» կ՛ընդգծէր ըսելով որ նախապէս, Քելբաջարն էր Արցախը պատուհասողը: Արցախցին գանգատեցաւ ի զուր, ի վերջոյ ստիպուեցաւ կտրել չարիքին արմատը: Յետոյ, արցախցին աշխարհին յիշեցուց Աղտամէն իրեն ուղղուած պատուհասները, բայց դարձեալ լսող չգտնելով, իր «գլխուն ճարին նայեցաւ»: Ազերիին նախայարձակ ընթացքը նոր ասպարէզ փնտռեց եւ այս անգամ թիրախ ընտրեց Մարտունին ու Հատրութը: Յիշեցումները դարձեալ մնացին անարձագանգ: Յետոյ ի՞նչ…
«Ազդակ» կը շեշտէր ըսելով որ Արցախ եղաւ ՄԱԿ-ի միջամտութիւնը պահանջող առաջիններէն, բայց Ազրպէյճան միշտ ալ փորձեց իբրեւ «ներքին հարց» ներկայացնել Արցախի հետ իր տագնապը եւ աշխարհի աչքերէն հեռու, հարցը լուծել իր հասկցած ձեւով: Միջազգային ընտանիքը առհասարակ ընդունած է Ազրպէյճանի պատճառաբանութիւնները եւ տագնապը դիտած` «սահմանային փոփոխութիւնները անընդունելի են» մօտեցումով, վարքագիծ մը` որ մարդկային եւ նիւթական ահաւոր ու աղէտալի հետեւանքներ ունեցաւ Արցախի համար, Գետաշէն-Շահումեանէն մինչեւ Ասկերան, Մարտակերտ, Մարտունի եւ Հատրութ: Միջազգային ընտանիքին անտարբեր ու կրաւորական կեցուածքին դիմաց, կեանք, արիւն ու հող վճարող Արցախին կը մնար ականջ տալ պատմական պատգամի մը. «Սահման քաջաց, զէնն իւրեանց»…
«Ազդակ» կ՛եզրափակէր ըսելով, որ արցախցի մարտիկը ոչ մէկ սահմանազանցում կատարած է ինքնապաշտպանութեան իր պայքարին մէջ: Ան ոչ մէկ ատեն ջարդ ու սպանդ կազմակերպեց ազերի բնակիչներու դէմ, այլ պարզապէս աշխատեցաւ եւ յաջողեցաւ չէզոքացնել այն խարիսխները, որոնք ամէնօրեայ սպառնալիք էին իր ժողովուրդին: Դառն փորձառութիւնը արցախցիին սորվեցուցած է որ «կա՛մ չարիքը կը կտրես արմատէն, կամ ալ կ՛ընդունիս որ ան դարմանէ իրեն տրուած քաղաքավար հարուածին հետեւանքը եւ դարձեալ պատուհասէ քեզ:
* * *
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան բանակը թշամին կը գերազանցէր իր կազմակերպուածութեամբ, մարտավարութեամբ, գրագիտութեամբ եւ բարոյական բարձր յատկանիշներով: Շատ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ բանակը ձեւաւորուեցաւ ու համալրուեցաւ մասնագէտներով: Արցախի հրամանատարներուն մեծ մասը, առանց ռազմական ակադեմիաներ եւ ուսումնարաններ աւարտած ըլլալու, կը տիրապետէին անհրաժեշտ գիտելիքներու եւ մասնագիտական հմտութիւններու:
Արցախի բանակի հրամանատարութիւնը, յաղթահարելով Լեռնային Ղարաբաղի սահմաններէն դուրս գտնուող թշնամիի ռազմական յենակէտներուն վրայ չյարձակելու մարտավարութիւնը, գործեց ռազմագիտութեան կանոններուն թելադրանքով: Զուտ պաշտպանական, դիրքային կռիւներու, փոխադարձ ռմբակոծումներու մարտավարութիւնը փոխարինուեցաւ նախաձեռնութիւնը ձեռք առնելու ռազմավարութեան:
Լեռնային Ղարաբաղի գրաւուած շրջաններու ազատագրումը եւ ռազմաճակատի գիծի հեռացումը մէկ կողմէ խաղաղ բնակչութեան կեանքի ապահովութեան երաշխիքներ տուաւ եւ միւս կողմէ նուազեցուց հասարակութեան բարոյական ու հոգեբանական ներքին լարուածութիւնը: Նաեւ` պայմաններ ստեղծուեցան լուծելու տնտեսական խնդիրներ եւ ընկերային որոշ հարցեր: Շատ արցախցիներ վերադարձան իրենց բնակավայրերը, վերականգնեցին իրենց տուները եւ անցան խաղաղ ստեղծագործ աշխատանքի:
* * *
Աղտամ անցեալին կը նկատուէր ազրպէյճանական մաֆիայի եւ յանցագործ ու անպատիժ մնացող խմբաւորումներու կեդրոն: Այդ մաֆիաներուն ու յանցագործ խմբաւորումներուն դէմ պայքարելու համար անցեալին անզօր մնացած էր նոյնիսկ պոլշեւիկեան սարսափազդու չեկան: Աղտամ եղած էր արցախահայութիւնը իր պապենական հողերէն արմատախիլ ընելու կոչուած տմարդի քաղաքականութեան իրականացման կեդրոն: Արցախեան շարժման սկզբնական շրջաններուն, Աղտամի մէջ կը բռնուէին եւ կը թալանուէին Արցախի համար ուղարկուող ուտեստեղէնները: Աղտամէն, աւելի քան երկու տարի շարունակ, անընդմէջ մահաբեր ռումբեր եւ հրթիռներ կարկուտի նման կը թափէին Արցախի գիւղերուն եւ Ստեփանակերտի վրայ:
Աղտամ աւերուած ու ամայացած էր, պարպուած իր ազերի բնակիչներէն: Ազատամարտիկները հոն կարգ ու կանոն, պահակակէտեր, զինուորական յենակէտեր եւ ռազմական վիճակ հաստատած էին: