Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բարի Նոր Տարի

Դեկտեմբեր 31, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԵՐՃՈՒՀԻ ԱՒԵՏԵԱՆ

happy-new-year_123116

Երկար տարիներէ հոն էր մայրին, քաղաքի արուարձանի հարուստ թաղամասին մանկապարտէզի պարտէզին մէջ, փարթամ հասակով, գագաթը դէպի բարձունքները ձգտող, ճիւղերը` թռչուններուն հիւրընկալ:

Գարնան տաքուկ օր մը, փոքրիկներուն եւ  թռչուններուն ճռուողիւններուն հետ, պարտիզպանը մայրիի կողքին եղեւին մը տնկեց:

Մայրին պարտէզի մնայուն բնակիչի իրաւասութեամբ, պահ մը զարմացած նայեցաւ կողքին անակնկալ յայտնուած այս գաճաճին, ապա հպարտ ու խրոխտ` իր փարթամ հասակը աւելի ցցած, ճիւղերը հաւաքեց` դէպի վար չնայելու վճռականութեամբ, եւ գագաթը ուղղեց երկինք:

Եղեւին հողին հպումէն սարսռաց, ցնցուղի ջուրը եւ արեւի շողերը կազդուրեցին տերեւները, փոքրիկ արմատները տարածեց ու ինքզինք ապահով զգաց բարձրահասակ մայրիին կողքին:

Ամէն առաւօտ մանկապարտէզի փոքրիկները կը վազվզէին պարտէզին մէջ, պարտիզպանը` հոգատար ու պատրաստակամ, ցնցուղով ջուր կու տար նորատունկ եղեւինին, ու եղեւինը կ՛աճէր, կը կազդուրուէր, հիացմունքով կը դիտէր մայրին, անոր շքեղ հասակը… մինչ մայրին անտարբեր կը խաղար իր ճիւղերուն վրայ հանգիստ առնող թռչնիկներուն, հովին ու արեւու շողերուն հետ:

Յաջորդ գարնան եղեւին դալար ծառ էր` շուրջը բուրող վարդի թուփերով ու ցատկռտող մատղաշ մանուկներով երջանիկ, իսկ մայրին չէր նկատած, եղեւինի աճող ու առաջ մեկնող ճիւղերը, չէր նկատած, որովհետեւ չէր զիջած նայիլ վար, նայիլ կողքը:

Աշնան, պարտէզի միւս ծառերը, վարդի թուփերը տերեւաթափ եղան, անոնց դեղին, կարմիր կծկուած տերեւները ծածկեցին հողի մակերեսը ու տխուր խշխշացին… յետոյ տեղաց անձրեւ, կայծակը փայլատակեց, հողը ողողուեցաւ, յափրացաւ անձրեւաջուրի կազմած վտակներէն իր ընդերքը թափանցող սնունդով: Մշտադալար, դիմացկուն մնացին մայրին ու եղեւին, մայրին հսկայ հասակով քամիին հետ կը շորորար, եղեւին սրածայր տերեւները պարզած կը ջանար անհիւրընկալ մայրիի հովանին վայելել:

Ձմեռը գրկախառնուեցաւ աշնան, ցուրտն ու բուքը խուժեցին, մայրին մնաց հաստատուն, եղեւինը եւս դիմացաւ:

Դեկտեմբերի արեւոտ բայց ցուրտ առաւօտ մը մանկապարտէզի փոքրիկները` պլլուած հաստ վերարկուներու մէջ, տաքուկ գլխարկներով, ուսուցչուհիի առաջնորդութեանբ մտան պարտէզ, անոնք շրջապատեցին եղեւինը ու փայլուն, սիրուն խաղալիքներով զարդարեցին անոր ճիւղերը:

Տօնածառ, տօնածառ.- ցատկռտեցին անոնք, երբ աւարտեցին զարդարանքը:

Եղեւին, թէեւ ծանրաբեռնուած, բայց սաստիկ երջանիկ, ցանկաց, որ մայրին տեսնէ իր զուգուած, զարդարուած տեսքը: Մայրին կը մնար անդրդուելի, գագաթը բարձր քամիին հետ պար բռնած:

Ամէն առաւօտ մանկապարտէզի փոքրիկները կը դիտէին զարդարուած եղեւին եւ փոքրիկ թաթիկները առաջ երկարած կը գոչէին.

– Տօնածառը, տօնածառը:

Այդ առաւօտ ձիւնի փաթիլները, իրար հրմշտկելով, գզգզուած բամպակներու նման վար սահեցան երկնքէն ու եղեւինի զարդարանքին աւելի գրաւիչ տեսք տուին: Մայրիին ճիւղերը եւս ծանրաբեռնուեցան, բայց ան գագաթը պահեց բարձր: Մարդիկ պայուսակներով ծանրաբեռնուած փութացին իրենց տուները:

Հին տարուան վերջին օրն էր:

Իրիկունը հարուստ թաղամասի բարձրայարկ թէ միայարկ շէնքերու պատուհանները ամբողջութեամբ լուսաւոր էին, կը լսուէին երաժշտութեան ու ծիծաղի ձայներ, մանուկներու երջանիկ ճիչեր:

Երբ հնչեց ժամացոյցի կէս գիշերուան տասներկու հնչիւնները, վերջին զարկին հետ որոտացին կրակոցներ, լոյսի կրակէ լեզուներ փայլատակեցին երկնքի պաստառին վրայ:

Շնորհաւոր Նոր տարի` հնչեցին աղաղակներ:

Եղեւինը եւս լուսաւորուեցաւ, անոր ճիւղերուն վրայէն կախուած զարդերը շողշողացին, օրօրուեցան, ձիւնի շերտերը նորահարսի տեսք տուին անոր: Փայլուն աստղ մը սահեցաւ երկինքէն ու հասաւ անոր գագաթին, տօնածառի պչրանքով ան շորորաց:

Խաղաղ, բարիքներով լի տարի.- որոտաց Կաղանդ պապուկի ձայնը:

Քամին սուլեց, ձիւնը մայրիի ճիւղերուն վրայ աւելի թանձր շերտեր կազմեց, անոր գագաթը թեքեցաւ ու նկատեց եղեւին, զարմացաւ, որ այնքան զարդարուն տօնածառ կայ իր կողքին: Հեռուէն կը լսուէին թմբուկի ձայներ, մարդոց ուրախ բացագանչութիւններ:

Շնորհաւոր Նոր տարի.- շշնջաց մայրին տօնածառին, գագաթը կամացուկ խոնարհելով:

Շնորհաւոր Նոր տարի.- ցնծաց տօնածառը:

Ձիւնը տեղաց առատ, ծածկեց պարտէզը, փափուկ, անբիծ, սպիտակ իր փաթիլներով: Առաւօտուն պարտիզպանը նկատեց, որ մայրիի ճիւղերը թեքած էին դէպի եղեւինը, ան, զիջելով իր բարձունքէն, նայած էր վար ու խոնարհած…

Պարտիզպանը խոշոր կրկնակօշիկներով յառաջացաւ պարտէզին մէջ դէպի մայրին, անոր ոտնահետքերը խաթարեցին ձիւնի ծածկի անթերի սպիտակութիւնը: Փորձեց շտկել մայրիի ճիւղերը, որոնք յամառեցան մնալ թեքած: Գեղեցկութիւնը անտեսելը անկարելի էր:

Հէ՜յ, ուրախ նոր տարի.- պոռաց անցորդը խմիչքի շիշը ձեռքին ողջունելով առաջին հանդիպած մարդը:

Բարի Նոր տարի.- դժկամութեամբ մրթմրթաց պարտիզպանը ու տխուր դիտեց իր ոտնահետքերը:

Պարտիզպանը բարեպաշտ ու խղճամիտ մարդ էր: Ան նկատեց, որ տարուան առաջին օրը սխալներ թոյլ տուած էր, աղտոտած էր պարտէզին անբծութիւնը, չէր յաջողած ուղղել մայրիի թեքած ճիւղերը ու մանաւանդ տհաճութեամբ պատասխանած էր իրեն ուրախ օրեր մաղթող անցորդին:

Հէ՜յ… բարի տարի, ուրախ ու խաղաղ կեանք երկրագունդի լաւ մարդոց – գոռաց ան, ջանալով սրբագրել սխալը:

Ու ձայնը արձագանգեց, տարածուեցաւ երկրագունդին վրայ, նոյնիսկ մայրին թեթեւօրէն շարժեց գագաթը, ապա կրկին թեքեցաւ դէպի եղեւին:

Ձիւնի խելակորոյս փաթիլները առատ կը տեղային ու կը լեցնէին պարտիզպանի կրկնակ կօշիկներուն ոտնահետքերը:

Պարտէզը կրկին ծածկուած էր անթերի սպիտակ սաւանով:

 

 

Նախորդը

Քրիս Պոհճալեանի «Հպարտ Ուխտագնացութիւնը»

Յաջորդը

Կաղանդ Պապուկի Փաթթուկը Սպիտակ Արջուկին (Հեքիաթներու Աշխարհէն)

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?