Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Պատրաստ` Ճգնաժամային Տեղեկատուութեան (90-Ամեակին Ընդառաջ – Գ.)

Դեկտեմբեր 30, 2016
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

khemp_123016

Ինչպէս նշեցինք, «Ազդակ»-ի թէ՛ կայքը, թէ՛ ֆէյսպուքեան էջերը եւ թէ՛ մանաւանդ «Էփ»-ը լիարժէքօրէն օգտագործուեցան օրուան մէջ կատարուող լրատուութիւններու թարմացման եւ արագ լրահոսի կազմակերպման աշխատանքներուն:

Լիբանանեան քաղաքական կամ ապահովական իրադարձութիւնները վայրկեան առ վայրկեան ընթերցողին հասցնելու աշխատակարգը կարելի է ըսել, որ արդիւնաւէտ ձեւով ընթացաւ: Մինչ,  յատկապէս ապրիլեան քառօրեան եւ ապա Էրեբունիի դէպքերը լուսաբանելու համար այս միջոցները գրեթէ հայաստանեան մեր գործընկերներուն կշռոյթով կրցան տեղեակ պահել ընթերցողը ճակատագրորոշ անցուդարձերուն մասին:

Ներկայ պահու դրութեամբ որեւէ լրատուամիջոց չունի աւելի արագ միջոց, քան ընկերային ցանցերն ու «Էփ»-ին ընկերակցող արագ լրահոսի ծառայութիւնը:

Արագ լրատուութիւն հրապարակելն ու հասանելի դառնալը այսօրուան լրատուադաշտի մրցունակութեան, մրցավազքին եւ այդ բոլորին ճամբով նաեւ վարկի ու հեղինակութեան ցուցանիշերու վերածուած են:

Այս հեւքին մէջ է փաստօրէն, որ թէ՛ արագութիւնը եւ թէ՛ հաւաստիութիւնը համատեղելը միշտ չէ, որ հեզասահ կ՛ընթանան եւ իրար կ՛ամբողջացնեն:

«Ազդակ»-ի պարագային կարելի է ըսել, որ նման ճակատագրորոշ պահերու մասին հրապարակուած լրատուութիւնները կամ ընդհանրապէս թերթի նիւթերը բովանդակային առումով հերքումներու չենթարկուեցան:

Պէտք է արձանագրել այստեղ, որ յատկապէս ճգնաժամի պարագային եւ խօսելով ապրիլեան քառօրեայի մասին, թէ՛ արագութիւն եւ թէ՛ հաւաստիութիւն բանաձեւը շատ արդիւնաւէտ ձեւով կիրարկուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան համապատասխան գերատեսչութիւններու մամլոյ բաժանմունքներուն կողմէ: «Ազդակ» ճգնաժամային տեղեկատուութիւն կազմակերպելու համար բացառապէս յենուեցաւ այդ ծառայութիւններուն հրապարակած լրատուութիւններուն վրայ: Կը մնար պարզապէս արեւմտահայերէնի վերածումն ու խմբագրումը: «Ազդակ»-ի այս օփերաթիւութիւնը չվրիպեցաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բաժինին ուշադրութենէն, որ հրապարակային գնահատական տուաւ «Ազդակ»-ի կատարած այս աշխատանքին: Նախապէս միեւնոյն գնահատականը տուած էր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը այս ուղղութեամբ:

Ճգնաժամը միայն հայրենիքին չէր վերաբերեր անշուշտ: «Ազդակ»-ի գործակցութիւնը «Գանձասար»-ի եւ «Բերիոյ նիուզ»-ի հետ դարձեալ կեդրոնացաւ ճգնաժամային տեղեկատուութիւն կազմակերպելու գործին մէջ: Այստեղ ընդհանուր տեղեկատուական պատերազմը, խուճապահարութեան տեղեկատուական գործողութիւնները բազմաթիւ էին, եւ առաւելագոյն զգօնութիւն անհրաժեշտ էր հայկականութեան հետ առնչուած շրջաններուն մասին լուրեր հրապարակելու, մեկնաբանելու, լուսաբանելու աշխատանքը կազմակերպելու ընթացքին: Յաճախ պէտք եղան այլոց հրապարակած անճիշդ տեղեկութիւնները հերքելու լուրերը շրջանառութեան մէջ դնելը: «Ազդակ» Սուրիոյ հայկական պատասխանատու աղբիւրներու լուրերը տարածելու գործին մէջ ստանձնեց յառաջատար դիրք եւ պարբերաբար վերածուեցաւ սկզբնաղբիւրի, երբ համացանցային կապէ կտրուած էին սուրիահայ մեր լրատուամիջոցները:

Իրադարձութիւնները աշխարհաքաղաքական մակարդակի վրայ կը յուշեն, որ արագ լրահոսի թէ մեկնաբանական նիւթերու հրապարակումով մենք ճգնաժամային տեղեկատուութիւն կիրարկելու հարկադրանքին առջեւ պիտի ըլլանք որոշ ժամանակի համար թէ՛ հայրենական եւ թէ՛ միջինարեւելեան առումներով: Թէ՛ բովանդակային եւ թէ՛ արհեստագիտական առումներով զինուած մնալու եւ վերազինուելու խնդիր ունինք լուծելիք:

 

Նախորդը

Ծանր Բախումներ Հայկական Եւ Ազրպէյճանական Զինեալ Ուժերուն Միջեւ. Ներթափանցման Փորձ Տաւուշի Չինարի Գիւղէն Հարաւ-Արեւելք

Յաջորդը

«Էն.Պի.Էյ.» Պուլզ Յաղթեց. Պաթլըր Նշանակեց 40 Կէտ

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 20, 2025
Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?