Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Ազդակ-Էփ»-ը Զարգանալու Տեղ Ունի Տակաւին (90-Ամեակին Ընդառաջ-Բ)

Դեկտեմբեր 29, 2016
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

img_7177-f2

Ներկայ արհեստագիտութեան ընձեռած կարելիութիւնները լիարժէք օգտագործելու մեր ճիգին մէջ կայացած ծրագիր կարելի է նկատել նաեւ «Ազդակ»-ի «էփ»-ը:

Նկատուած էր արդէն, որ համացանցային նիւթերու հետեւելու համար գրասեղանային թէ շարժուն համակարգիչները հետզհետէ շատ աւելի նուազ կ՛օգտագործուին, քան բջիջային հեռաձայններու վերջին արտադրութիւնները:

Հեռաձայնը արդէն վաղուց դադրած է զուտ հեռախօսային հաղորդակցութեան միջոց ըլլալէ, այլ նաեւ կողմնորոշիչ է, տեղեկութիւններու տիրապետման արագ միջոց, լրատուութիւններուն հետեւելու, լուրը շրջանառութեան մէջ դնելու կամ պարզապէս այսօրուան բաց համակարգին մասնակցելու անհատականացուած պատուհան:

«Ազդակ»-ը պէտք է նաեւ իր հայատառ նշանով ներկայ ըլլար միջազգային, շրջանային եւ տեղական լրատուամիջոցներու շարքին, ո՛չ միայն թերթին ամբողջական բովանդակութիւնը այդ ճամբով հասանելի դարձնելու, այլ նաեւ մանաւանդ արագ լրահոսով բջիջային հեռախօս օգտագործողին հասնելու:

Այս պահու դրութեամբ «Ազդակ»-ը ո՛չ միայն սփիւռքեան, այլեւ ընդհանրապէս հայկական աշխարհին միակ լրատուամիջոցն է, որ արագ լրահոսով notification օրական բազմաթիւ անգամներ կ՛ազդարարէ եւ հայկական աշխարհին թէ լիբանանեան քաղաքականութեան վերաբերող լուրերը կը հասցնէ բոլոր անոնց, որոնք թէ՛ «Էփփըլ»-ով եւ թէ՛ «Էնտրոյտ»-ով կ՛օգտագործեն իրենց հեռախօսները բաց համակարգի ընձեռած տարբեր ծառայութիւններէն օգտուելու համար:

Ընթացքին, անդրադարձանք նաեւ, որ «Ազդակ»-ը այս ձեւով այլ գործառոյթ մը եւս կ՛իրականացնէ: Այն երիտասարդը, որ ո՛չ բաժանորդ է թերթին, ո՛չ կ՛այցելէ մեր կայքը, բայց ներբեռնած է «Ազդակ»-«Էփ»-ը,  նոյնիսկ եթէ չի կարդար «Էփ»-ով իրեն հասանելի դարձած թերթին բովանդակութիւնը, ապա կը ստանայ արագ լրահոսը եւ օրուան մէջ քանի մը անգամ առիթ կ՛ունենայ հայատառ, արեւմտահայերէնով ամփոփ լուրեր կարդալու:

Ինքնարժեւորում կատարած չենք ըլլար, եթէ այս առումով յայտնենք, որ ասիկա իւրայատուկ կերպ է արեւմտահայերէնի պահպանման ընդհանուր գոյապայքարին ծառայելու ներկայ արհեստագիտութեան դարու պարտադրած ձեւերուն մէջ:

«Էփ»-ը զարգանալու տեղ ունի տակաւին: 2017-ին աշխատանքները պիտի կեդրոնացնենք արագ լրահոսին հետ լուսանկարներ եւ տեսանիւթեր կցելու նպատակին վրայ: «Ազդակ»-ի «Էփ»-ը պէտք չէ զիջի որեւէ միջազգային լրատուամիջոցի «Էփ»-ին` բոլոր հնարաւորութիւնները նոյնպէս օգտագործելով:

Կը գիտակցինք միաժամանակ, որ մինչեւ ամէնէն յառաջատար «Էփ»-ի բոլոր հնարաւորութիւններու օգտագործումը ապահովելը, ականատես կը դառնանք արհեստագիտութեան նորարարութեան հրամցուցած նոր ծառայութիւններուն: «Ազդակ»-ի համապատասխան բաժինը պէտք է պատրաստ ըլլայ այդ քայլերը եւս առնելու:

Այդպէս էր, որ կայքը ունեցաւ նոր ձեւաւորում, յետոյ քննարկումի տեղ, ապա ֆէյսպուքեան էջեր, ինսթակրամի տակաւին ճամբայ ելլելիք էջ, ապա տեսանիւթի բաժին, յետոյ «Էփ»:

Նորարարութիւն նորարարութեա՞ն սիրոյն. ո՛չ: Հասանելիութիւն ապահովելու համար պարզապէս եւ խաղէն դուրս չմնալու մղձաւանջով:

Նախորդը

Նախագահ Սահակեան. «Չկայ Որեւէ Հաւանական Զարգացում, Որ Ստիպէ Մեզ Շեղելու Մեր Ընտրած Ճամբէն»

Յաջորդը

Քլաթենպուրկ` 2016-ի Տարուան Լաւագոյն Իրաւարարը

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?