Ժորժ Կիւրիւնեանի Յիշատակին
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Յաճախ կը դժուարանանք հասկնալ Աստուծոյ կամքը եւ անոր արդարութեան իմաստը, մասնաւորապէս` երբ դէմ յանդիման գտնուինք անակնկալ, ցաւալի եւ դժուար կացութեան մը կամ պատահարի մը: Ինչո՞ւ մահը մօտեցաւ եւ տարաւ անձ մը, որ կը մարմնաւորէր աստուածային ու մարդկային սէրը եւ համակ ծառայութեան, զոհողութեան եւ ուրիշին օգնելու ճշմարտութիւնը: Այս բոլորը լուսարձակներէ հեռու, հաւատքով, համեստութեամբ եւ ազնուութեամբ ու մանաւանդ` առանց...




















