Յօդուածներ

Ի՛նչ Տարածք, Որ Այսօր Խաղաղ Զիջենք Թշնամուն, Վաղը Մեր Թոռները Պարտաւոր Կը Լինեն Արիւնով Յետ Բերել

Ի՛նչ Տարածք, Որ Այսօր Խաղաղ Զիջենք Թշնամուն, Վաղը Մեր Թոռները Պարտաւոր Կը Լինեն Արիւնով Յետ Բերել

ՍԱՌԱ ԳԱԼՍՏԵԱՆ 1992 թուին ձեւաւորուած հերոսական Շուշիի առանձնակի գումարտակի փոխհրամանատար, նոր կազմաւորուող ՀՅԴ կամաւորական զօրամիաւորման հրամանատար Հարմիկ Յովսէփեանի հետ մտովի 25 տարի յետ ենք գնում, տեղափոխւում պատերազմի դաշտ, յիշում գումարտակի կազմաւորումը, ուրախ ու տխուր օրերը, խօսում ձեռքբերումների եւ կորուստների մասին: Իրանահայ ազատամարտիկը պատմում է, թէ ինչպէս էր քաղաքականութիւնը խանգարում մարտի դաշտում, ինչ զոհողութիւնների էին գնում, ինչպէս եւ անդրադառնում է «հող...

Նրանց Կողքին Ես Աշխարհի Ամենահարուստ Մարդն Էի, Առանց Նրանց` Աշխարհի Ամենաաղքատը Դարձայ

Նրանց Կողքին Ես Աշխարհի Ամենահարուստ Մարդն Էի, Առանց Նրանց` Աշխարհի Ամենաաղքատը Դարձայ

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ Երբ Տիգրան Նաղդալեանին հեռացրեցին ՀՅԴ կուսակցութեան շարքերից, շատերը, այդ թւում` նաեւ ես, չէինք հասկանում, թէ ինչ է կատարւում: Տիգրանը լուռ էր, ոչինչ չէր խօսում: Հաւաքեց իրերը ՀՅԴ ՄՏԿ-ից (Մամլոյ տեղեկատուական կենտրոն), որն այն ժամանակ գտնւում էր Միասնիկեան 2 հասցէում, եւ սուսուփուս հեռացաւ: Հեռացաւ` ոչինչ չասելով, ոչ ոքի չմեղադրելով, չարդարանալով: Չփորձեց անգամ վիճարկել իր հեռացման հարցը: Մի քանի օր...

Գաղութէ-Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ  Հալէպի Կաթողիկէ Համայնքը Նշեց Քրիստոսի Ս. Ծննդեան Տօնը Կիրակի, 25 դեկտեմբեր 2016-ին, Հալէպի կաթողիկէ եկեղեցիներուն մէջ հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ Քրիստոսի Ս. Ծննդեան տօնը: Յատկանշական էր մարոնի համայնքի Ս. Ծննդեան պատարագը, որ տեղի ունեցաւ զինեալ ահաբեկիչներու հրթիռակոծումներուն իբրեւ հետեւանք կիսաքանդ վիճակի մէջ եղող Ս. Եղիա (Մար Իլիաս) մայր տաճարին մէջ` որպէս Հալէպ քաղաքի բնակչութեան անկոտրում կամքի արտայայտութիւն: Պատարագին...

Նամականի

Անդրադարձ. Լեւոն Տէր Պետրոսեան Ինքզինք Կը Գերազանցէ` Իր Վարքագիծը Վերահաստատելով

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Վերանկախացած Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան (այսուհետեւ ԼՏՊ) 3 փետրուար 1997-ին հեռացուած էր նախագահի պաշտօնէն` իր նախարարներուն ու հարիւրաւոր խորհրդատուներուն եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն հետ, ո՛չ միայն սեփականաշնորհումի իր վատահամբաւ տնօրինումին, փտածութեան ու երկրի տնտեսութեան անկումին համար, այլ մանաւանդ` Արցախի ազատագրուած տարածքները Ազրպէյճանին վերադարձնելու իր դաւադիր քաղաքականութեան պատճառով կուտակուած ժողովրդային ու քաղաքական ճնշումին տակ: Լեւոն Տէր Պետրոսեան 17...

Խմբագրական.  Պակսող Տպաքանակներով  Առաւել Հասանելիութիւններ  (90-Ամեակին Ընդառաջ – Ա.)

Խմբագրական. Պակսող Տպաքանակներով Առաւել Հասանելիութիւններ (90-Ամեակին Ընդառաջ – Ա.)

«Ազդակ»-ի բացառիկը կը ներկայացնէ փակուող տարուան ընթացքին «Ազդակ»-ի իրագործած ծրագիրները: Աւանդութիւն դարձած այս բաժինին կ՛աւելնայ նաեւ «Ազդակ» օրաթերթի վերջին թիւերուն յանձնել մամուլի առջեւ ծառացած խնդիրներէն ամէնէն հիմնականները, որոնց ուղղութեամբ աշխատանք ծրագրուած էր, ընդգծելու համար, թէ անոնցմէ որքա՛նը կրցանք իրականացնել, եւ որքա՛նը մնացին տակաւին իրագործելի: Ժամանակին առընթեր տպագիր մամուլին գոյութեան սպառնացող վտանգներուն ծաւալը մեծցաւ: Համաշխարհային այս երեւոյթին դէմ ազդեցիկ քայլեր չեն...

Ժիրայր Յովսէփեանին Հրաժեշտ

Ժիրայր Յովսէփեանին Հրաժեշտ

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Երեքշաբթի երեկոյ, երբ արդէն չորեքշաբթին սկսած էր Փարիզ, հեռաձայնեցին Նիւ Եորք` գուժելու համար Ժիրայր Յովսէփեանին (մեր բոլորին սիրելի Ժիրոյի) մահը: Բժշկապետ Ժերար Յովսէփեան իր մօտիկներուն համար միշտ մնաց պարզ եւ սիրելի Ժիրօ: Ազնիւ հայ մը եւ ազնիւ ընկեր մը: Ազնուականի խառնուածք մը: Ազնուական` ոչ բառին դասակարգային իմաստով, այլ` հոգեկան: Լուռ յանձնառութեամբ հայ մըն էր Ժիրայր Յովսէփեան, հաւատարիմ` իր...

Հայը… Մենք Ենք

«Թուալեթ»

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ Մօրս ֆրանսերէն լեզուի հազուագիւտ բառամթերքին մէջ իր իւրայատուկ տեղը կը գրաւէր «թուալեթ» բառը, որ իր եւ այդ ժամանակի իգականներուն քով կը նշանակէր արդուզարդ: Այդ տարիներուն շատ քիչեր արդուզարդի կարեւորութիւն կու տային: Այդ քիչերու խմբակին մաս չէր կազմեր մայրս: Դէմ էր արհեստական գեղեցկութեան: Տարին քանի մը անգամ միայն, բացառիկ առիթներով, շրթունքը կը ներկէր կամ դէմքին քիչ մը բրնձափոշի կը...

Արամ Մանուկեանի Տունը Եւ Հայաստանի Կառավարութեան Սահմանադրական Պարտաւորութիւնը

Լեւոն Տէր Պետրոսեան` Ի Բերանոյ Քումմէ

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ Տխուր փորձառութիւն էր հետեւիլ Հայ ազգային քոնկրեսի (ՀԱՔ) 2-րդ համագումարին վերանկախացած Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի դեկտեմբեր 17-ի ելոյթին: Տխուր եւ միաժամանակ ցաւալի էր: Մեր առջեւ պարզուեցաւ քաղաքական առաջնորդ մը, որ ճիգ չէր խնայեր ինքզինք ներկայացնելու իբրեւ պարտուողականութեան գաղափարակիր: Իրեն յատուկ յոխորտանքով կը կատարէր ան իր պարտուողականութեան թեզին  ներկայացումը: Իրեն յատուկ մեծամտութեամբ կը յաւակնէր ան ժողովուրդը առաջնորդել...

Ազգային Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճ.  Կրթական Եւ Ընկերային Բեղուն Գործունէութեամբ Ամիս Մը

Ազգային Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճ. Կրթական Եւ Ընկերային Բեղուն Գործունէութեամբ Ամիս Մը

Դեկտեմբերը կրթական եւ ընկերային-բարեսիրական գործունէութեամբ բեղուն ամիս մը եղաւ Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճին համար: Ազգային Միացեալ վարժարան փոխադրութեան նախօրեակին, քոլեճը բնականոն թափով շարունակեց իր ընթացիկ աշխատանքները` նորանոր յաջողութիւններ եւ իրագործումներ աւելցնելով դպրոցավարական իր հարուստ փորձառութեան վրայ: Կրթական Գործունէութիւն Դեկտեմբերին ընթացք առին միջնակարգի աշակերտութեան յետմիջօրէի դասընթացքները` անգլերէնի, արաբերէնի եւ ուսողութեան նիւթերու դժուարութիւն ունեցող աշակերտներու համար: «Ժպիտ» ընկերակցութեան կողմէ հովանաւորուող...

Լիբանանահայ Վարժարաններու Շուրջ  300 Աշակերտներ Մասնակցեցան «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի  «Անսխալ Գրենք» Մրցումին

2016 «Անսխալ Գրենք» Մրցումին Արդիւնքները

Այս տարուան մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ այսօր՝ չորեքշաբթի, 28 դեկտեմբեր 2016-ին`  երեկոյեան ժամը 6:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ: Դ. Դասարան Անսխալ - Քրիստ Դարբինեան (Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ) 2 սխալ - Եղիկ Ունճեան (Հայ Կաթողիկէ Ս. Ագնէս վարժարան) - Լորա Սայիլեան (Հայ Աւետարանական քոլեճ) -  Արամ Աղասարգիսեան (Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան) - Ժուլիանա Թրթռեան (Համազգայինի Մ. եւ Հ....

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

  Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութիւնը կը յայտնէ, թէ 11-րդ դասարանէն Լէա Հապիպեան, որ մասնակցեցաւ Կոկիկեան հիմնարկին կազմակերպած միջհայկական երկրորդական վարժարաններու արաբերէն մրցանքին, հանդիսացաւ առաջին: Մրցանակաբաշխութիւնը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 16 դեկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 6:30-ին, Հայկազեան համալսարանին մէջ: Այս մրցանքը կը կազմակերպուի 2012-էն ի վեր եւ երեք կրթական տարեշրջաններ վարժարանս գրաւած է առաջին դիրքը, որուն համար մրցանակը դարձաւ վարժարանիս սեփականութիւնը:...

Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ «Վիվասել - Էմ. Թի. Էս.»-ի Աջակցութեամբ 86 Փոքրիկ Վերականգնողական Բուժում Ստացած Է Ամփոփուած է Կոշի մանկական վերականգնողական եւ ցերեկային խնամքի կեդրոնին` «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի աջակցութեան արդիւնքը: Այս տարի Երեւանէն եւ Արագածոտնի, Արմաւիրի ու Շիրակի մարզերէն կեդրոն այցելած եւ ցերեկային պայմաններու մէջ վերականգնողական բուժում ստացած է 3-14 տարեկան 86 փոքրիկ: Մտային եւ ֆիզիքական առաւել ծանր պարագաներ ունեցող փոքրիկներուն հետ տարուած...

Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս  Պատրիարքի Ս. Ծննդեան Պատգամը

Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքի Ս. Ծննդեան Պատգամը

Լոյսը աշխարհ եկաւ եւ աշխարհը մերժեց զինք Մինչ մեր նայուածքը կ՛ուղղենք մսուրին եւ կը դիտենք Աստուծոյ Որդին` մարդու որդի դարձած, ծնած քարայրի մը մէջ, ուր առհասարակ կենդանիները կ՛ապաստանին, ի՞նչ կրնանք ընել, եթէ ոչ` կանգ առնել, լուռ, անկարող մեր զարմանքը զսպելու, եւ հարց տալ մենք մեզի. Իրա՞ւ է, որ այս յարդէ անկողինին վրայ պառկած նորածին մանուկը Աստուծոյ Որդին է, այն, որ...

Նոր Ծնունդ` Նոր  Յոյս (Գաղ. 4, 4-5)

Նոր Ծնունդ` Նոր Յոյս (Գաղ. 4, 4-5)

  Աշխարհիս բոլոր քրիստոնեաները կը սպասեն Մեսիային գալուստը:  Գալուստը Անոր, որ խաղաղութիւն պիտի բերէ աշխարհին, գալուստը երկինքէն իջած Որդիին` յոյսը ազգերուն: Յիսուսի  ծնունդը  լոկ  պատմական դէպք մը չէ, այլ անդրադարձ մը, ուր անցեալը, ներկան ու ապագան իրարու կը միանան: Սակայն Յիսուս յայտնուեցաւ իբրեւ պարզ մարդու մը զաւակը` համեստ ու խոնարհ: «Երբ հասաւ ժամանակներուն լրումը, Աստուած ղրկեց իր Որդին, որ ծնաւ...

ՄԵԼԻՔԸ… (Մելիք Յակոբ Մելիքսէթեանի Մահուան Ա. Տարելիցին Առիթով)

ՄԵԼԻՔԸ… (Մելիք Յակոբ Մելիքսէթեանի Մահուան Ա. Տարելիցին Առիթով)

ՕՇԱԿԱՆ ԱՐՔ. ԶՕԼՈՅԵԱՆ Առաջնորդ Ամերիկայի Արեւելեան թեմի 5 դեկտեմբեր 1979... Յատուկ առաքելութեամբ երջանկայիշատակ Գարեգին Բ. կաթողիկոսը զիս Քուէյթ ուղարկեց: Օդակայանին մէջ հոգելոյս տէր Պարոյրը իր երէց որդիին` Քեռիին եւ կարգ մը ազգայիններուն հետ եկած էր դիմաւորելու զիս: Հակառակ ձմրան եղանակին, տաք էր Քուէյթը, ջերմ էին նաեւ զիս դիմաւորողներուն սիրտերը: Յաջորդն օրն իսկ սկսայ հանդիպիլ Ազգային վարչութեան անդամներէն ոմանց: Երեկոյեան, լուսահոգի...

Իրանը Հայաստանով Փոխում Է Տարածաշրջանային Քաղաքական Հաշուեկշիռը

Իրանը Հայաստանով Փոխում Է Տարածաշրջանային Քաղաքական Հաշուեկշիռը

ԳԷՈՐԳ ԴԱՐԲԻՆԵԱՆ Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանիի երկար սպասուած այցը Հայաստան կայացաւ: Նրան ընդունեցին արարողակարգի ամենաբարձր մակարդակով` ընդգծելով, թէ Հայաստանը որքան բարեկամաբար է տրամադրուած դարաւոր հարեւանի նկատմամբ, եւ թէ որքան շահագրգռուած է նրա հետ բոլոր ուղղութիւններով յարաբերութիւնները խորացնելու հարցում: Ռոհանիի այցը խոստանում է բեկումնային դառնալ ինչպէս երկկողմ բազմաբեւեռ յարաբերութիւնների խորացման համար, այնպէս էլ տարածաշրջանում ներկայիս քաղաքական հաշուեկշռի փոփոխման առումով: Տնտեսական Եւ...

Նշմար.  Մեր «Ղեկավարները»

Գրիչի Զբօսանք. «Ես», «Ես»-եր

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ Գերմանացի 18-րդ դարու  փիլիսոփաներէն  Ֆիխթէի փիլիսոփայական տեսութիւնը գոյութենական ամէն ինչ, մեր տեսած ու զգացած բոլոր բաները կը  վերագրէ ու կը կապէ «ես»-ին, «ես»-երուն: Կ՛ըսէ , թէ մեր «ե՛ս»-ը կայանալու,  ինքզինք իրագործելու համար պէ՛տքը ունի ոչ-«ես»-ին, այսինքն` հակադրութեան, իրեն դիմադրող  բանի մը, այնպէս` ինչպէս ֆիզիքական մեր ուժը կ՛իրագործուի, երբ իր դիմաց դիմադրութիւն կը գտնէ: Ինչպէս մարզիկը, որ  իր առջեւ...

Գիրքերու Մտերմութեան Հետ. «Անվերջակէտ Առճակատում Ցեղասպան Թուրքին Հետ» (Հեղինակ` Յովսէփ Էսկիճեան)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Հայ ընթերցողի սեղանին է արդէն Յովսէփ էսկիճեանի երկրորդ գիրքը, որ կը կրէ «Անվերջակէտ առճակատում ցեղասպան թուրքին հետ» խորագիրը: Հատորը ընթերցեցինք մեծ հաճոյքով: Եւ, ինչպէս առաջին հատորի բովանդակութիւնը, հոս եւս կը տողանցէին հայ գիրն ու միտքը, արուեստի շունչն ու ոգին: Հեղինակը այս հատորը նուիրած է իր հօր յիշատակին, որուն երազն է եղած իր զաւակը տեսնել հայ ճեմարանի շրջանաւարտ եւ...

Ուղղախօսութիւնը Անհասանելի Երա՞զ Է

Գործազրկութիւն, Ձրի Ճաշ Թշուառին, Մայթին Վրայ Գիշերող Եւ Միլիոն Եւրոյով Աշխատավարձեր

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Միշտ խորհած եմ, որ եթէ ամէն երկրի մէջ ֆրանսական «Քանար Անշենէ»-ի նման թերթ մը ըլլար, եթէ սխալներ եւ անարդարութիւններ չվերանային անգամ, ոչ ոք իրաւունք կ’ունենար ըսելու, որ տեղեակ չէր: «Քանար Անշենէ»-էն ճշմարտասաց երգիծաթերթ է` իր հաղորդած լուրերով եւ երգիծանկարներով: Ինչ որ պիտի չիմանաք կողմնապաշտ, դրամատէրերու պատկանող եւ պաշտօնական համարուող լրատուամիջոցներէն, «Քանար Անշենէ»-ի էջերուն վրայ կրնաք գտնել: 16 նոյեմբեր...

«Գուսան» Երգչախումբը Մուսա Լեռ Այնճարի Մէջ

«Գուսան» Երգչախումբը Մուսա Լեռ Այնճարի Մէջ

Հովանաւորութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Մուսա Լեռ-Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ թաղականութեան, կիրակի, 11 դեկտեմբեր 2016-ին, տեղի ունեցաւ համերգ մը` խմբավարութեամբ Գրիգոր Ալոզեանի եւ երգեհոնի ընկերակցութեամբ Յասմիկ Գասպարեանի: Այս համերգով արդէն իր տարեկան աւանդութիւնը կը շարունակէր Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբը` այցելելով փոքր Հայաստան` Այնճար: Ներկայ էին Այնճարի տարբեր մարմիններու ներկայացուցիչներ, քաղաքապետը, «Կարմիր լեռ» կոմիտէի ներկայացուցիչներ,  եկեղեցականներ, Համազգայինի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչներ եւ գիւղի բնակիչներ, որոնք...

Page 859 of 1110 1 … 858 859 860 … 1,110

Արխիւներ