ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ
Խորապատկեր եւ նախատիպեր.- Հաւանաբար բոլորին համար Օթելլօ կը նշանակէ սադրանք եւ խանդ: Շէյքսփիրի թատրերգութիւնը, սակայն, շատ աւելին կ’ըսէ: Այդտեղ խանդը լոկ մեքենականութիւն մըն է կործանելու համար Վենետիկի ամբարտաւան մաւր զօրավարը: Թատրերգութիւնը կու տայ ցեղապաշտ Եւրոպայի բարոյական համայնապատկերը:
Օթելլօ (կամ «Վենետիկի Մաւրը») գրուած է շուրջ 1603-ին: Անգլիա կ’ապրէր իր «Էլիզապէթեան ոսկեդար»-ը: Շնորհիւ գերակայ ճարտարագիտութեան, անգլիական նաւատորմը 1588-ին ջախջախած էր սպանական ահեղ Արմատան եւ դարձած ծովերու բացարձակ տէրը: Եւրոպական երկիրներու «հետազօտական» արշաւանքները սկսած էին աւելի քան դար մը առաջ: Յիշենք, որ Քոլումպոս Ամերիկան (սխալմամբ) գտած էր 1492-ին: Անգլիա դուրս եկած էր կղզիացած վիճակէն եւ դարձած գաղութարար: Լոնտոնի եւ այլ քաղաքներու փողոցներուն մէջ կը տեսնուէին այլազան ցեղերու պատկանող մարդիկ: Յատկապէս սեւամորթներ, որոնք զարմանալիօրէն …ստրուկներ չէի՛ն: Պետութիւնը մտահոգուած էր խայտաբղէտ ներգաղթի աճով: Թխամորթներէն շատեր, ինչպէս Օթելլօ, «քրիստոնէացած» էին, մուտք գործած ընկերութենէն ներս: Անգլիացի մաքրակրօններու համար այդ սարսափելի էր, մանաւանդ խառն ամուսնութիւններու հեռանկարը: Այսօր իսկ մեզի համար անընդունելի կրնայ թուիլ հայու ամուսնութիւնը սրիլանքացիի մը հետ:
Շէյքսփիր օտարներու հանդէպ անհանդուրժողականութեան բներգը ձեռք առած էր «Վենետիկի վաճառական»-ով (մօտ 1598): Բայց այդտեղ օտարականը սպիտակամորթ ազնուական «մաւր» մըն էր: Օթելլոյի անմիջական նախատիպն էր Giovanni Battista Giraldi-ի «Մաւր հարիւրապետ մը» (Un Capitano Moro – 1565) պատմութիւնը, որ հիմնուած է իրական պատահարի վրայ նոյնինքն Վենետիկի մէջ: Հերոսուհիին անունն էր «Տիզտեմոնա», որ ի դէպ յունարէնով կը նշանակէ դժբախտ: Վայրագ ամուսինը բրածեծ կը սպաննէ Տեզտեմոնան:
Թխամորթներու հանդէպ վերապահութեամբ, բայց յարգանքով վերաբերող առաջին գործը, սակայն, կը պատկանէր անգլիացի Ճորճ Փիլի «Ալքալազարի ճակատամարտը» թատրերգութեան (մօտ 1591), ուր մարոքցի խորամանկ ղեկավար Մուլլի Մոլլոքօ կը յաջողի կործանել Փորթուգալի Սեպասթիան միամիտ թագաւորը: «Ալքասրուլ քէպիր» արաբերէնով կը նշանակէ «մեծ պալատ»: Պատերազմը պատահած է 1578-ին: Մուլլի Մոլլոքօ Անգլիոյ մէջ բեմ բարձրացած առաջին թխամորթ տիպարն էր: Իր մէջ կը պարունակէր բազմաթիւ կարծրատիպ գիծեր, որոնք կ’արտայայտէին Անգլիոյ ընկերութեան ցեղապաշտ մտապատկերը: Արեւելքի հանդէպ եւրոպական մօտեցումները ուսումնասիրող հիմնադրական երկն է Էտուար Սաիտի (1935-2003) «Օրիենթալիզմ»-ը (1978):
Նկատել, որ բոլոր պարագաներուն դէպքերը կը պատահին Անգլիոյ սահմաններէն դուրս: Յիշենք նաեւ, որ Համլէթ դանիացի իշխան մըն էր: Արքայ Լիր հեթանոս էր: Դէպքերը կը պատահին այլ վայրերու եւ կամ այլ ժամանակներու մէջ: Շէյքսփիր դիմած է նաեւ յունական թատրոնին: Անգլիացի հանդիսատեսին համար, սակայն, աւելի քան յստակ էր, որ բներգները այժմէական են, պարզապէս դիտումնաւոր կերպով «փոխադրուած» են այլուր …
 Թխամորթ հերոսի բներգը գոյ է նաեւ արաբ նախաիսլամական գրականութեան մէջ: (6-րդ դար):  Սեւամորթ հուժկու պատերազմիկ «Անթարա» զաւակն էր եթովպիացի ստրուկ կնոջ մը: Ազնուազարմ սպիտակամորթ «Ապլա» կը սիրահարի անոր: Աղջկան հայրը Անթարայի կը դիմէ ցեղախումբը փրկելու համար վտանգաւոր յարձակումէ մը: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս Վենետիկ Օթելլոյի կը դիմէ զիրենք փրկելու համար թուրքերէ: Հայրը ի հարկէ յօժար չէ իր աղջիկը կնութեան տալ ստրուկի մը: Աղջկան եղբայրները ծուղակ կը լարեն եւ կը սպաննեն Անթարան: Նկատել որ ամուսնութեան ճամբով ստրուկի կարգավիճակէն դէպի իշխող դաս փոխադրուիլ փորձող սեւամորթ հերոսը դաւադրաբար կը կործանի: Պատկերին մէջ տեսնուող օձը կը խորհրդանշէ լարուած դարանը: Պարզ է որ պատկերի միւս տարրերը եւս խորհրդանշական են: Բայց այդ…
Թխամորթ հերոսի բներգը գոյ է նաեւ արաբ նախաիսլամական գրականութեան մէջ: (6-րդ դար):  Սեւամորթ հուժկու պատերազմիկ «Անթարա» զաւակն էր եթովպիացի ստրուկ կնոջ մը: Ազնուազարմ սպիտակամորթ «Ապլա» կը սիրահարի անոր: Աղջկան հայրը Անթարայի կը դիմէ ցեղախումբը փրկելու համար վտանգաւոր յարձակումէ մը: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս Վենետիկ Օթելլոյի կը դիմէ զիրենք փրկելու համար թուրքերէ: Հայրը ի հարկէ յօժար չէ իր աղջիկը կնութեան տալ ստրուկի մը: Աղջկան եղբայրները ծուղակ կը լարեն եւ կը սպաննեն Անթարան: Նկատել որ ամուսնութեան ճամբով ստրուկի կարգավիճակէն դէպի իշխող դաս փոխադրուիլ փորձող սեւամորթ հերոսը դաւադրաբար կը կործանի: Պատկերին մէջ տեսնուող օձը կը խորհրդանշէ լարուած դարանը: Պարզ է որ պատկերի միւս տարրերը եւս խորհրդանշական են: Բայց այդ…
Ինչպէս իր բոլոր պատմական թատրերգութիւններու պարագային, այնպէս եւ այստեղ, հանճարեղ Շէյքսփիր լայն ուսումնասիրութիւններ կատարած էր: Ծանօթ էր Վենետիկի վարչաձեւին եւ թխամորթ օտարներու բներգին շուրջ գոյ գրականութեան: Բացառուած չէ, որ ծանօթ ըլլար նաեւ Անթարայի առասպելին:
Դիպաշարը.- Օթելլօ արհեստավարժ վարձկան զինուոր մըն է: Առ այդ ունեցած է թափառական կեանք, որուն ընթացքին նաեւ շրջան մը գերեվարուած է: Այսինքն ան ազատագրուած ստրուկ մըն է: Հասած է որոշ տարիքի մը եւ կուտակած ռազմական մեծ փորձ:
Վենետիկ քաղաքի խորհուրդը բանակի զօրավարները կը նշանակէր բացառաբար արհեստավարժ օտարականներէ: Իր ուսումնասիրութեան ընթացքին Շէյքսփիր այս կէտը առած է Gaspar Contarini-ի «Վենետիկի հասարակապետութիւնը եւ կառավարութիւնը» գրքէն («The Commonwealth and Government of Venice» 1599): Այս օրէնքը կ’ապահովէր, որ ոչ մէկ քաղաքացի բանակը շահագործէ իշխանութեան տիրանալու համար: Այս իմաստով Օթելլոյի դիրքը օրինաչափ է, այլ ոչ տարականոն: Օթելլօ այլեւս երիտասարդ չէր: Հաւանաբար կը փափաքէր հաստատուիլ: Զօրավարը ինն ամիս «անգործ» կը մնայ: (Ինչո՞ւ ծննդաբերութիւն թելադրող 9 ամիս եւ ոչ 7 կամ 11: Ի՞նչ «կը յղանար» Օթելլօ): Այդ շրջանին կը բարեկամանայ ծերակուտական Պրապինցիոյի հետ եւ անոր աղջկան Տեզտեմոնայի գլխուն «մասալներ կը կարդայ» տարաշխարհիկ վայրերու մէջ իր կատարած քաջագործութիւններու մասին: Միով բանիւ կը հմայէ անփորձ եւ պարզամիտ պարմանուհին:
Տեզտեմոնա, որ կը համարուէր «Վենետիկի գեղեցկուհի»-ն, մինչ այդ մերժած է ականաւոր ղեկավար վենետիկցի երիտասարդ մը: Իտալերէն լեզուով` «Ռոտրիկօ»: Նախադասութիւնը կը կարդացուի.- «Դժբախտուհին մերժած է ականաւոր ղեկավարը»: Ազնուական ղեկավար երիտասարդը բնականաբար առաջին ընդվզողը պիտի ըլլար Օթելլոյի ոտնձգութեան ի տես: Ան կը կաշառէ Օթելլոյի խորամանկ օգնական (իմա` ոչ ազնուական) Եակօն: «Jago» Անգլիոյ «Cornwall» շրջանի բարբառով կը նշանակէ «ոտք քաշող, այսինքն մէկը տեղահան ընող»: Եակօ կը դիմէ Քասիոյի օգնութեան, որովհետեւ Օթելլօ պաշտօնանկ ըրած էր այդ սպան: Cassio կրճատուած ձեւն է Cassius-ի, որ կը նշանակէ սնապարծ, ինքնապաշտ (նարկիզական): Այո՛, տիպարներու անունները գրեթէ միշտ իմաստալից են: Այս կէտը կ’անտեսուի մեր «տեղայնացուած» կատակերգութիւններուն եւ զաւեշտներուն մէջ: Ինչեւիցէ:
Ծերակուտական հայրը ի հարկէ կը մերժէ իր դուստրը կնութեան տալ վարձկան մաւրի մը: Աւելի՛ն, անկարող է հաւատալ, որ իր դուստրը կրնայ սիրահարիլ անոր: Օթելլոն կ’ամբաստանէ կախարդանք գործածած ըլլալով: Նկատել, որ ամբաստանութիւնը ծիծաղելի չի թուիր Վենետիկի հասարակութեան: Մաւրը պարտաւորուած է քաղաքային ծերակոյտի առջեւ պատասխան տալու: Փորձառու զօրավարը ո՛չ միայն կը յաջողի արդարանալ, այլ նաեւ համոզել խորհուրդը, որպէսզի նաւատորմ ուղարկէ Կիպրոսը պաշտպանելու համար թրքական յարձակումէ: Այդ միջոց մը պիտի ըլլար հէգ Տեզտեմոնան շրջան մը հեռացնելու իր շրջապատէն եւ առանձնանալու անոր հետ: Այլ խօսքով ամրապնդելու իր հեղինակութիւնը եւ իշխանութիւնը կնոջ վրայ: Տեզտեմոնա կը հանդիսանար իր կամուրջը դէպի վենետիկեան ընկերութիւն: Այլ խօսքով հայրը իրաւացի էր: Օթելլօ իսկապէս կախարդած էր Տեզտեմոնան: Ինքնարդարացման ելոյթը թատրերգութեան ամէնէն հիմնական տեսարաններէն մէկն է:
Թաշկինակի պատմութիւնը երեւի ծանօթ է բոլորին: Եակօ այնպէս կը դասաւորէ, որ Օթելլօ իր մօր նուիրական թաշկինակը գտնէ երիտասարդի մը անկողնին մէջ: Այդ բաւարար էր: Թատրերգութիւնը շանթահարիչ արագութեամբ կ’աւարտի երկու սպանութեամբ եւ երկու մահապատիժով, որոնցմէ մէկը Օթելլօ կը գործադրէ ինքնիր վրայ:
Խորհրդանշական.- Ի դէպ Օթելլոյի հանրածանօթ թաշկինակը ունէր խորհրդաւոր անդենական բնոյթ: Կը պատկանէր Օթելլոյի մօր, սեւամորթ կնոջ մը: Մայրը ըսած է, թէ անոր մետաքսը մանած են «օրհնեալ շերամներ», եւ թէ ներկուած է դիակներու զմռսումի յատուկ նիւթերով: Թաշկինակը ծիսական է, մահ կը հոտի: Օթելլօ Տեզտեմոնայի մահ նուիրած էր:
Օթելլօ յաճախ կը յիշէ Լուսինը: Երկնային այդ մարմինը կը ներկայացնէ տիեզերական ուժերը: Օթելլօ թափառական մըն էր: Վաչկատուն ցեղեր, ինչպէս Ս. Գրային հրեաներ, ունէին լուսնային օրացոյց:
Թատրերգութեան մէջ կան նաեւ այլ խորհրդանշական տարրեր: Տեզտեմոնայի եւ Օթելլոյի դէպի Կիպրոս ուղղուող նաւերը կը բախին կործանարար փոթորիկի: Ծովային փոթորիկ կը նշանակէ մահաբեր աղէտ: Ուղեւորուիլ դէպի Կիպրոս ինքնին կը նշանակէ փոխադրուիլ դէպի հեռաւոր, օտար եւ վտանգաւոր վայր:
Ներկայ է նաեւ սեռը: Երբ Օթելլոյի նաւը կը մտնէ Կիպրոսի ծոցէն ներս, Շէյքսփիր կ’ըսէ.- «That he may bless this bay with his tall ship» (Որպէսզի այս ծոցը նուիրագործէ իր երկար նաւով): Յաւելեալ բացատրութեան կարիք չկայ:
Օթելլոյի կերպարը.– Օթելլօ կը նշանակէ «Յաջողակ»: Այդ սեւ հումոր է, որովհետեւ Շէյքսփիր գեղեցիկ լեզուով կառուցած է անյիշատակելի տիպար մը: Իր ցուցադրած ուժեղ ինքնավստահ արտաքինին տակ կայ դողդոջ եւ վրդով հոգի մը: Օթելլօ շատ արագ կը հաւատայ իր կնոջ դաւաճանութեան, որովհետեւ չունի ինքնավստահութիւն: Կը ցուցադրէ նաեւ այլ առաքինութիւններ, ինչպէս առատաձեռնութիւն, որպէսզի արժանի թուայ մաս կազմելու Վենետիկի իշխող ազնուական դասին: Օթելլօ խռով է, որովհետեւ կը գիտակցի, թէ կ’ուրանայ իր ինքնութիւնը: Օթելլօ կը զգայ կրկնակի օտար, որովհետեւ օտարացած է նաեւ ինքզինքէն, իր արմատներէն:
Օթելլօ կը ցուցաբերէ լուսնոտութեան ախտանիշեր: Այս ունի գոնէ երկու իմաստ: Այդ շրջանին լուսնոտութիւնը կը վերագրուէր դիւահարութեան: Աւելի կարեւոր առնչութիւնը այն է, որ լուսնոտը հակամէտ է իյնալու: Օթելլօ տիպար մըն է, որ ի բնէ դատապարտուած է իյնալու:
Զինուորական Օթելլօ ի հարկէ կ’արհամարհէ Վենետիկի ազնուականները, որովհետեւ անոնք «կը հերոսանան» կիներու ներկայութեան, այլ ոչ ռազմի դաշտին վրայ: Այդ արհամարհանքը քողարկուած ձեւով կ’արտայայտէ վերը յիշուած ինքնապաշտպանական ելոյթի ընթացքին: Վարձկան թափառականի համար կիները ի հարկէ մեծ նշանակութիւն չունին: Զանոնք կը համարէ անվստահելի մարմնավաճառներ: Օթելլօ Տեզտեմոնան բեմէն հեռացուցած էր նախքան Եակոյի սադրանքը: Այս եւս կը բացատրէ Եակոյին այդքան դիւրաւ հաւատալու հանգամանքը: Տեզտեմոնան «ստացուածք» մըն էր, միջոց մը, զոր կարելի է գործածել մուտք գործելու համար Վենետիկի բարձր դասէն ներս:
Օթելլօ վերջապէս որոշ չափով ճակատագրապաշտ է: Կը փորձէ դառնալ ազնուական, բայց ներքնապէս չի հաւատար, որ այդ կարելի է: «Ո՞վ կրնայ իր ճակատագիրը որոշել» կ’ըսէ:
Հոգեպէս երկփեղկուած Օթելլօ կը սպաննէ ձախող դաւաճանը, իր միւս եսը: Այդ մահապատիժ մըն էր:
Տեզտեմոնայի կերպարը.- Տեզտեմոնա բոցին փարող ցայգաթիթեռ մըն էր, որ այրեցաւ: Անոր սպիտակ մորթը կարելի է համարել խորհրդանիշ հոգեկան եւ բարոյական մաքրութեան: Օթելլոյի հանդէպ զգացած վախը վերածուած էր հիացումի եւ սիրոյ: Տարաշխարհիկ հերոսի մը հետ ամուսնութիւնը անոր համար ունէր վեհ իմաստ: Օթելլոյի սիրոյն ոտնակոխեց Վենետիկի կանոնները: Հրաժարեցաւ հօրենական տունէն: Օթելլօ չէր հասկցած իր կինը: Աւելի ճիշդ` Օթելլոյի նման կերպար մը անկարող էր հասկնալու իր կինը:
Տեզտեմոնա նաեւ ճակատագրապաշտ էր: Չփորձեց խուսափիլ սպառնացող վտանգէն: Շէյքսփիր հաւանաբար փորձած է հանդիսատեսի գութը շարժել ի տես անմեղ անպաշտպան աղջկան մը, որ զոհ կը դառնայ ընկերութեան ցեղապաշտ օրէնքներուն:
Լեզուական.- Գրեթէ անկարելի է լեզուական նրբութիւններուն եւ խաղերուն մասին խօսիլ` առանց այդ ժամանակուան անգլերէնի իմացութեան: Այսուհանդերձ կարելի է նշել կարգ մը կէտեր:
Շէյքսփիր դիտաւորեալ ակնյայտ քերականական սխալներ կը գործէ (օրինակ անցեալ կատարեալ ժամանակ փոխանակ ապառնիի), որպէսզի հանդիսատեսին անուղղակիօրէն թելադրէ, թէ բեմին վրայ գոյ է պարականոն իրավիճակ: Շէյքսփիր կը կատարէ նաեւ հնչունային անցումներ:
Օթելլոյի խօսակցական ոճը կը փոխուի, երբ կ’որոշէ սպաննել Տեզտեմոնան: Կը սկսի ինքնիր մասին խօսիլ երրորդ դէմքով, երբ կ’որոշէ անձնասպանութիւն գործել: Ի վերջոյ դիակը կարող չէ ինքնիր վրայ դիահերձութիւն կատարել:
Թատրերգութեան մէջ ուշագրաւ է հետեւեալ կապակցութիւնը, զոր Օթելլօ գործածած է Վենետիկի քաղաքային խորհուրդի առջեւ իր նշանաւոր ելոյթին մէջ, նկարագրելու համար իր ոդիսականը: «Antars vast and deserts idle», որ կը թարգմանուի «Ընդարձակ քարայրներ եւ ծոյլ անապատներ»: Նկատել, որ «եւ»-ով կապուած երկու բառախումբերը ինքնին համահունչ են եւ իրարու հակադիր: Անթար բառը հնարած է Շէյքսփիր, հիմնուած լատիներէն Antrum բառին վրայ: Բառը պատմութեան մէջ գործածուած է մէկ ու միակ անգամ: Կը կարծուի, թէ Շէյքսփիր նոր բառով հաւանաբար ուզած է ցնցել հանդիսատեսը:
Շէյքսփիրի թարգմանութիւնը գրեթէ անկարելի է:
Կառոյց.- Մենաթատրոնի պարագային թերեւս անտեղի է խօսիլ Օթելլոյի կառոյցին մասին: Այսուհանդերձ…
Շէյքսփիրի թատրերգութիւնները բեմական տեսարաններու փունջեր են: Աւարտը առհասարակ կու գայ արագացող քայլերով: Այս յատկապէս դիպուկ է Օթելլոյի պարագային: Մաւրը գահավէժ կը թաւալի սուր զառիթափի մը վրայ:
Թատրերգութիւնը անսպասելիօրէն կը սկսի զաւեշտային երկխօսութեամբ մը Եակոյի եւ Ռոտրիկոյի միջեւ: Բայց Եակոյի սրամտութիւնը ոչ ոքի ծիծաղը կը շարժէ: Քիչ ետք կը տեսնուի նաեւ ոչ ծիծաղաշարժ միմոս մը: Այս ոչ ծիծաղաշարժ չարաբաստիկ զաւեշտը հաւանաբար կը խորհրդանշէ Վենետիկի ստաբարոյ երանութիւնը: Զաւեշտը շուտով կը վերածուի ողբերգութեան:
Հանդիսատեսին կը թուի, թէ թատրերգութեան գործողութիւնները կը կատարուին մէկ կամ առաւելագոյն երկու օրերու ընթացքին: Այդ անշուշտ անկարելի է: Անցումը այնքան արագ է, որ կարգ մը թատերագէտներ կը կարծեն, թէ Շէյքսփիրի (1564-1616) մահէն ետք, 1622-ին թատրերգութիւնը կրճատուած եւ խմբագրուած է: Այս նիւթին շուրջ բանավէճը աւելի քան մէկ դարու պատմութիւն ունի:
Աստիճաններ.- Մենաթատրոնի եւ բազմաթատրոնի միջեւ կան տարուբերուող աստիճանի ելոյթներ:
Մենաթատրոնը ի բնէ պատում մըն է, որ կ’արտայայտէ հոգեվիճակներ եւ գաղափարներ: Այդտեղ ի հարկէ ոչ գոյ է թատերական գործողութիւն: Հարկ է, որ հիմնուի որպէս մենախօսութիւն գրուած երկի վրայ: Ամէնէն ծանօթ օրինակներն են.- «Ծխախոտի վնասի մասին» (Ա. Չեխով 1886 – 1902) եւ «Krapp-ի վերջին ժապաւէնը» (Ս. Պէքէթ 1958): Ի դէպ անգլերէն լեզուի մէջ հնչիւնը ունեցող բառը` «crap» կը նշանակէ որոմ, ցնդաբանութիւն: Երկու ինքնուրոյն գործերն ալ ի բնէ ցաւոտ յուշեր եւ խոստովանութիւններ են: Այս բնոյթի պատկանող ամբողջական Օթելլոյի որեւէ ելոյթի անձնապէս ծանօթ չեմ:
Յոյժ տպաւորիչ է ութնապատիկ դափնեկիր դերասան Ճէյմզ Ըրլ Ճոնզի 2009 թուականի ելոյթը ուր կ’արտասանէ Օթելլոյի ինքնապաշտպանական խօսքը Վենետիկի խորհուրդին առջեւ: (Օթելլօ առաջին արար երրորդ տեսարան): Ճոնզ Օթելլօ խաղացած է Պրոտուէյի բեմերուն վրայ 1964-ին եւ 1981-ին:  Նկարին մէջ Եակոյի դերով Ճոնզի կողքին կը տեսնուի ոչ նուազ քան Քրիսթոֆըր Փլամըր:
Ապա կու գայ «մենա-բազմա-խօսութիւնը» (monopolylogue), ուր մէկ դերասան կը խաղայ բոլոր կերպարները: Այդ ի հարկէ կը պահանջէ մեծ հմտութիւն: Կան ելոյթի հասանելի օրինակներ, որոնց շարքին եւ Օթելլօն, որ անցեալ ամառ ներկայացուած է աննախատեսելի ձեւով, Նոր Զելանտական Մաորի բնիկներու մշակոյթի խորապատկերին վրայ: Ինչպէս կողքի պատկերին մէջ կը տեսնենք, Regan Taylor գործածած է Մաորի դիմակներ: Օթելլօն կը ներկայացնէ Մաորի պատերազմիկի մեծապէս պարզացուած դիմակ մը: Մաորի կիներ դաջուածք կը կրէին միայն կզակի վրայ:
Ներկայ ելոյթը կը խոստանայ ըլլալ իւրայատուկ, որովհետեւ վերը յիշուած սեռերէն տարբեր է: Օթելլոյի մենախօսութեան կողքին պիտի տեսնուի նաեւ Եակոն եւ լսուին այլ կերպարներու ձայները: Գոյ է նաեւ ձայնային, երաժշտական տարր եւ որոշ բեմայարդարում: Վերջինը բացառուած չէ մենաթատրոնի պարագային: Պէքէթի «Քրափ»-ը տեղի կ’ունենայ գրասեղանի մը ետին: Կատարողական երեսը աւելի հանգամանօրէն արժեւորելու համար հարկ է դիտել ելոյթը:
Հուսկ Բանք.– Օթելլօ քաղաքական թատրերգութիւն մըն է: Բեմ ելած էր, երբ Անգլիա եւ այլ եւրոպական պետութիւններ մեծ հարստութիւններ կը դիզէին ո՛չ միայն կողոպտելով թխամորթները, այլեւ զանոնք գերեվարելով եւ վաճառելով որպէս ստրուկներ: Այլ խօսքով, աժան աշխատուժ: Ցեղապաշտ գաղափարաբանութիւնը կ’արդարացնէր այդ: Աստուած զիրենք ստեղծած է ի պատկերի իւրոյ: Հետեւաբար Աստուած սպիտակամորթ է: Այդ սեւ արարածները անասուններ են, նոյնիսկ վտանգաւոր գազաններ:
Շէյքսփիր, որ յարգալից կերպով կը մօտենայ հեթանոսական հաւատալիքներուն, հաւանաբար հաւատացեալ քրիստոնեայ մը չէր: Այսուհանդերձ Օթելլոյի մէջ կը փորձէ շահարկել կրօնական տարրը: Քրիստոնէութիւնը տիեզերական կրօն է: Աստուծոյ առջեւ հաւասար են բոլորը: Ուրեմն քրիստոնեայ թխամորթներ, ինչպէս Օթելլօ, մեր եղբայրներն ու քոյրերն են: Շէյքսփիր Օթելլոյի տուած է մարդկային, բեմադրիչը պիտի ըսէր «համամարդկային» գիծեր, որպէսզի աւելի ընդունելի ըլլայ: Շէյքսփիր պահած է նաեւ սեւամորթի կարծրատիպը, որպէսզի կերպարը ճանաչելի ըլլայ:
Թատրերգութիւնը կ’աւարտի գահավէժ աղէտով: Օթելլոյի երազը կը փլի խաղաքարտէ դղեակի նման, շատ արագ: Օթելլօ կը գազազի ոչ թէ խանդի պատճառով, այլ անոր համար, որ իր տիկնոջ դաւաճանութեան գայթակղութիւնը կործանած էր իր ծրագիրը: Տարեց վարձկան այլեւս հեռանկար չունի:
Երկփեղկուած մաւրը ապա կը դատէ ինքզինք: Մահապատիժ կ’արձակէ ո՛չ թէ անմեղ կին մը սպաննած ըլլալու յանցանքով, այլ ուրացած ըլլալուն համար իր ինքնութիւնը: «Հալէպի մէջ անհաւատ շունը այսպէ՛ս սպաննեցի», կ’ըսէ եւ ինքզինք կը դաշունահարէ: Անհաւատ շունը ինքն էր…
29 դեկտեմբեր 2016
 
			
