Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Յատկանշել 90-Ամեակը. Պահել Աւանդականը` Որդեգրելով Նորարարը (90-Ամեակին Ընդառաջ – Դ.)

Դեկտեմբեր 31, 2016
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

khemp_123116

Ընթերցողը նկատած պիտի ըլլայ արդէն, որ փակուող տարուան մեր ամփոփիչ խմբագրաշարքը յատկապէս կը վերաբերէր արհեստագիտութիւն-տեղեկատուութիւն առնչութեան եւ այդ բոլորին մէջ «Ազդակ»-ի կողմէ կատարուող փորձերուն:

Ինքնաբաւարարուածութեան զգացումով եւ կատարուածին քարոզչութիւնը կատարելու մղումով չէ, որ թուղթին եւ ելեկտրոնային տարածքին կը յանձնուի խմբագրականներու այս շարքը:

Մէկ իրագործում սակայն ո՛չ միայն մեզի այլ ընդհանրապէս մամուլով եւ պատմութեամբ հետաքրքրուող ուսումնասիրող տարրին կու տայ նկատելի գոհունակութիւն:

«Ազդակ»-ի թուայնացման աշխատանքը վերջին փուլին մէջ է արդէն: Մարտ 2017-ին կ՛ամբողջանայ թերթին հիմնադրութեան 90-ամեակը, եւ մենք հանրութեան կը ներկայանանք 90-ամեայ թուայնացուած արխիւով: Թուայնացման աշխատանքներու որակն ու արհեստագիտութիւնը աննկատ չեն անցած հայկական աշխարհի ամէնէն կարեւոր գրադարաններուն կողմէ, որոնք այսօր կը գործակցին «Ազդակ»-ի հետ մամուլ թուայնացնելու հեռանկարային աշխատանքին մէջ:

«Ազդակ»-ին առընթեր թուայնացուող մամուլը մեր յարկին տակ այս ուղղութեամբ ուղենշային կարեւորութիւն կը ներկայացնէ մէկ կողմէ ուսումնասիրողը օժտելով հսկայական արխիւային նիւթերով, միւս կողմէ նաեւ «Ազդակ»-ի այս բաժինը հարստացնելով մամուլի հսկայական շտեմարանով:

Արխիւի թուայնացման աշխատանքին ամբողջացումէն ետք մենք բացուող տարուան ընթացքին կը լծուինք նաեւ այդ արխիւի օգտագործման կարելիութիւններու ընձեռման գործին: Թիրախ ունենալով երիտասարդութիւնը եւ նախ եւ առաջ աշակերտութիւնն ու ուսանողութիւնը: Եւ այս առումով արդէն մենք մեր մօտ ունինք ելեկտրոնային եւ թուայնացուած տարբերակները Պոսթընի «Արմինիըն Ռիվիու»-ին, Պաղտատի «Գոյամարտ»-ին եւ մեր թերթին: Շուտով «Ազդակ»-ին կը յանձնուին սփիւռքահայ մամուլի այլ ներկայացուցիչներ եւս. իսկ շտեմարանը կը համալրուի Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային գրադարանին հետ մեր համագործակցութեան իբրեւ արդիւնք հայկական մամուլի շատ կարեւոր այլ հաւաքածոներով:

Քանի մը տարի առաջ սկսուած այս ծրագիրը իր լրումին հասնելու համար իբրեւ ժամկէտ թուական ճշդած էր «Ազդակ»-ի 90-ամեակը: Թիրախային ժամկէտը կը յարգուի այս ձեւով:

90-ամեակը մեզի համար նաեւ այլ ձեւերով պիտի դրսեւորուի Լիբանանի, Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի մէջ թէ գուցէ նաեւ այլ գաղութներու:

Նշումներ, հրատարակութիւններ, «Ազդակ»-ի վերաբերեալ արխիւային նիւթերու հաւաքներ թէ մամլոյ խորհրդաժողովներ պիտի փորձենք իրականացնել 90-ամեակի տարուան ընթացքին:

Մինչ այդ պիտի շարունակուին բացառիկներու հրատարակութիւնը, մամլոյ լսարաններու կազմակերպումը, հայերէն թէ «Ազդակ»-ի արաբերէն կայքի աշխատանքները, թուայնացման աշխատանքները, ընկերային ցանցերու ճամբով թերթին հասանելիութիւն ապահովելու նոր ձեւերը, «Էփ»-ի կատարելագործումը, արագ լրահոսը, Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն թէ սփիւռքեան ամէնէն նշանաւոր լրատուամիջոցներուն հետ համագործակցութիւնները, երիտասարդ լրագրողներու պատրաստութեան ծրագիրներու գործնականացման նպաստող հանդիպումները, լեզուական սխալներու ծանր թղթածրարով փոխանցուող հարցերու լուծման փորձերը, մարդուժի պատրաստութիւնը, Դաշնակցութեան քաղաքական ուղեգիծի լուսաբանումը, վերլուծումը եւ անոնց ընդառաջ քաղաքական մտածողութեան ձեւաւորման հրապարակագրութիւնը եւ այս հիմնական վերնագիրներուն տակ տեղադրուող բոլոր աշխատանքները:

Պահել աւանդականը` որդեգրելով նորարարը: Ահա բանաձեւը դէպի 90-ամեակ ընթացող «ԱԶԴԱԿ»-ին: Ամբողջ մեր աշխատակազմը կը զգայ նեցուկը մեր կազմակերպութեան, մեր ժողովուրդին, մեր ընթերցող լսարանին, մեր նուիրատուներուն: Մեր համակարգիչի ասեղնաշարերը թէ մեր տպագրական գործիքակազմի հարուածները պիտի շարունակեն տրոփել այս բոլորի հաւաքական բազկերակին համաչափ կշռոյթներով:

Ժամեր ետք Նոր տարի է.1926-ի այս օրերուն եւ այս ժամերուն «Ազդակ»-ի հիմնադիրները արդէն կը նախապատրաստէին երեք ամիս ետք լոյս տեսնող «Ազդակ»-ի առաջին թիւը, որուն խմբագրականը ունէր «Մեր ուղին» խորագիրը: Մենք նոյն ուղիի ուղեւորներն ենք,  որոնք պարզապէս, կը շարունակեն 90 տարի առաջ ընտրուած ուղին. նոյն նպատակներուն եւ նոյն գաղափարներուն առաջնորդող մեր բոլորի ուղին. «Ազդակ»-ի ուղին:

Շնորհաւոր Ամանոր եւ Ս. Ծնունդ.
շնորհաւոր 90-ամեայ «Ազդակ»:

 

Նախորդը

Նախագահը Եւ Վեհափառը Այցելած Են Եռաբլուր

Յաջորդը

«Ֆլորենթինօ Փերես Գաղափար Անգամ Չունի, Թէ Ի՛նչ Է Ֆութպոլը» Կ՛ըսէ Քափփա

RelatedPosts

Պարրաք. «Լիբանանեան Կառավարութիւնը  Առաջին Քայլը Առաւ, Եւ Այժմ Իսրայէլ Պէտք Է  Անոր Դիմաց Քայլ Մը Կատարէ»
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իսրայէլէն Ակնկալութիւններ Եւ Չապահովուած Երաշխիքներ

Օգոստոս 20, 2025
Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ  Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի  Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կ՛ուզենք Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Հետ Եռակողմ Ժողով Գումարել, Եւ Մոսկուան Պիտի Ընդունի Քիեւին Համար Ապահովական Երաշխիքները»

Օգոստոս 20, 2025
Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?