Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գիրքերու Հետ. Մեր Ճիտին Պարտքը

Դեկտեմբեր 30, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Գիրք մը լոյս տեսաւ վերջերս, լոյս տեսաւ շատ մը գրքերու նման` անաղմուկ, կարծես ամօթխած կերպով գալով հրապարակ: Մինչդեռ ամէն պատճառ կայ, որ անոր ծնունդը հպարտօրէն ծանուցուի ու ծանօթացուի:

Սովորական գիրք մը չէ ան. յաճախ չէ, որ նման հրատարակութիւններ մէջտեղ կու գան: Արդիւնք` երկարամեայ աշխատանքի, ամէնէն կարեւոր հատորներէն մէկն է ան Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առթիւ հրատարակուածներուն մէջ, բայց ի տարբերութիւն ուրիշներու` ան ոչ թէ ետ կը նայի, այլ` առաջ: Այս` հակառակ անոր որ ան կը վերարտադրէ մեզմէ աւելի քան դար մը առաջ լոյս տեսած պարբերաթերթի մը խտացեալ, ուստի եւ ա՛լ աւելի ազդու դարձած բովանդակութիւնը:

Ինչի՞ մասին է խօսքը:

marmnamarz1_123016

«ՄԱՐՄՆԱՄԱՐԶ» պարբերաթերթին, որ լոյս տեսած է չորս տարի միայն` 1911-1914, իրաւամբ ՀՄԸՄ-ի հիմնադիր նկատուող Շաւարշ Քրիսեանի կողմէ խմբագրուած ու հրատարակուած, նախքան իր ալ նահատակութիւնը` ի շարս հայ մտաւորական ընտրանիին:

Ահա ուրեմն մեր սեղանին է անոր քառամեայ բովանդակութենէն ծաղկաքաղ մը` «ՇԱՒԱՐՇ ՔՐԻՍԵԱՆ ՈՒ ՄԱՐՄՆԱՄԱՐԶ – ՄՇՏԱԶՕՐ ԱՒԱՆԴ, ԱՆՇԷՋ ՋԱՀ» տիտղոսով ու 468 մեծադիր եւ պատկերազարդ էջերով պատկառելի հատոր մը, տպուած` Լոս Անճելըս, 2016-ին, համադրուած` կազմուած ու խմբագրուած` բժ. Շաւարշ Քրիսեանի կողմէ: Անուններու նոյնութիւնը պատահականութեան արդիւնք չէ: Բժիշկը եղբօր թոռն է Մեծ Շաւարշին:

Բայց ո՞վ էր հազիւ 29 տարի ապրած այս հայորդին, որ իր անջնջելի հետքը ձգած է մեր ազգի յառաջընթացին վրայ:

shavarshkrisian2_123016

Ծնած Պոլիս, 1886-ին, յաճախած Պէշիկթաշ թաղի Մաքրուհեան ազգային, Պարտիզակի Ամերիկեան բարձրագոյն, ապա Սկիւտարի Պէրպէրեան վարժարանները, շրջանաւարտ` Ռոպըրթ քոլեճէն, Փարիզի մէջ հետեւած է համբաւաւոր մարմնակրթիչ Տըպոնէի դասընթացքներուն, վերջապէս, Լոնտոնի աշխարհահռչակ Սանտոյի մարմնակրթական բարձր հիմնարկէն վկայուած է որպէս մասնագէտ ուսուցիչ եւ մարզիչ: 1909-ին վերադարձած է Պոլիս ու ոգի ի բռին նուիրուած հայ նոր սերունդի մարմնակրթանքին` դասախօսութիւններով, դասընթացքներով, ուսուցչութեամբ, մարզահանդէսներու ու առաջին հայկական ողիմպիական խաղերու կազմակերպութեամբ, մարզական ակումբներու ստեղծումով Պոլիս թէ գաւառները, նոյնիսկ Աղեքսանդրիա (Եգիպտոս), ուր 1912-ին հիմը դրած է «ԿԱՄՔ»-ին: Նոյն տարին «Մարմնամարզ»-ի խմբագրութեան նախաձեռնութեամբ կայացուցած է Հայ մարմնամարզական ընդհանուր միութեան հիմնադիր-ծրագրային առաջին համաժողովը (թէեւ ՀՄԸՄ-ը 1918-ին միայն վերջապէս շօշափելի իրականութիւն դարձաւ` ձեռամբ իր վերապրած գործակիցներուն ու հետեւորդներուն): Իր մղումով է, որ 1912-ի Սթոքհոլմի միջազգային Ողիմպիականին երկու հայ մարզիկներ մասնակցած են որպէս Օսմանեան կայսրութեան միակ ներկայացուցիչները…

Շաւարշ Քրիսեանի մեծագոյն, անշէ՛ջ աւանդ, սակայն, կը հանդիսանայ պարբերաթերթը, որուն նուիրած է իր կեանքի վերջին չորս տարիները, եւ «որուն գլխաւոր ու գրեթէ միակ նպատակը պիտի ըլլայ հայերէն գիտցողներուն հասկցնել, թէ ամէն բանէ առաջ մարդ կենդանի մըն է ու պարտաւոր է, իբրեւ բանաւոր էակ, իր ունեցածը, այսինքն մարմինը խնամել եւ բարելաւել», կը գրէ ան «Մարմնամարզ»-ի առաջին թիւի խմբագրականին մէջ, յայտնելով նաեւ, որ ապահոված է մանկավարժներու, բժիշկներու ու բնախօսներու ալ մասնակցութիւնը: «Մէկ խօսքով մեր նպատակը պիտի ըլլայ մարդ պատրաստել, եւ մարդեր են, որ մեզի կը պակսին», կ՛աւելցնէ ան:

Ներկայ հատորը կազմող բժիշկ Շ. Քրիսեան յաջողած է ունենալ «Մարմնամարզ»-ի ամբողջական հազուագիւտ հաւաքածոներէն մէկը ու քաջալերուած Երեւանի Ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէն դոկտ. Հայկ Դեմոյեանի այդ ուղղութեամբ ունեցած նախաձեռնութիւններէն ու բարոյական աջակցութենէն` որոշած է հրատարակել սոյն աշխատանքը ու անվճար տրամադրել հաստատութիւններուն, կազմակերպութիւններուն ու փափաքողներուն:

Ներածականէն, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ու Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան խօսքերէն ու խմբագրին «Դարադարձային ոգեկոչում եւ կոչ» առաջնորդող յօդուածէն ետք գիրքը կը ներկայանայ հետեւեալ բաժիններով` Շաւարշ Քրիսեան առաջնորդը, խմբագիրը, համակարգողը, դաստիարակը, կիներու յառաջդիմութեան դրօշակիրը, լրագրողը ու մարզիչը: Իւրաքանչիւր բաժինի սկիզբը զետեղուած է նոյնպէս ներածական մը` հատորը կազմողին կողմէ, ապա կը յաջորդեն «Մարզաշխարհ»-ի այդ չորս տարիներէն պատկերատիպ էջեր, որոնք կը բացայայտեն Շաւարշ Քրիսեանի վերոյիշեալ յատկանիշերը: Այդ էջերուն մէջ կը կարդանք խմբագրականներ, առաջնորդող յօդուածներ, աշխատակիցներու գրութիւններ, հայկական ու միջազգային մարզական իրադարձութիւններու անդրադարձեր, լուրեր, ծանուցումներ` մարզական նախաձեռնութիւններու, այլեւ` լուսանկարներ մարզիկներու, մարզական ձեռնարկներու եւ այլն, եւ այլն: Այս բաժիններուն ալ կը հետեւին այլապէս հետաքրքրական երկու այլ բաժիններ` «Վկայութիւններ, մտածումներ, մէջբերումներ» ու «Շաւարշ Քրիսեանի ժառանգը, շարունակութիւն, Արարատ Քրիսեան» (որ բժիշկին հայրն էր ու մարմնամարզի երկարամեայ վաստակաւոր դաստիարակը Գահիրէի ազգային վարժարաններու աշակերտութեան):

Այս ակնարկը կարելի չէ աւարտել առանց անդրադառնալու բժիշկ Քրիսեանի հիմնական մտահոգութեան ու տարիներէ ի վեր ջատագոված գաղափարին` հայ կեանքէ ներս որակական փոփոխութեան մը անհրաժեշտութեան առնչութեամբ: Ան կը գրէ իր առաջնորդող յօդուածին մէջ. «Միթէ դժուա՞ր է ըմբռնել հսկայական եւ անհամեմատօրէն «աժան» այն ճանաչումը, զոր Ողիմպիական երեւելի ախոյեան մը կամ խումբ մը կը բերէ իր երկրին ու ազգին, երբ միջազգային հեռատեսիլներու ոսպնեակները իր յաղթանակէն ետք կը կեդրոնանան իր շապիկի արձանագրութեան` օրինակ` «Armenia»-ին եւ պարզուող դրօշին վրայ, մինչ կը հնչէ պետութեան մաղթերգը: Կարելի՞ է մատնանշել ուրիշ որեւէ երեւոյթ կամ պարագայ, որ նոյնիսկ փոքր-ինչ չափով ընծայէ նման ոսկեայ առիթ` ազգային ինքնութեան միջազգային ծանուցման, հսկայածաւալ ճանաչումին եւ համակրանքին` պարգեւած ազգային հպարտութեան զուգահեռ»: Իսկ քիչ անդին կ՛աւելցնէ. «Հայ գոյատեւող զանգուածները, Հայաստանէն ներս թէ դուրս, անտեսուած, անգիտացուած, բայց եւ անյետաձգելի ու անմիջական կարիքը ունին ժամանակակից ու անվիճելի միջազգային հայ հերոսներու, իմա` ակնյայտ ու երեւելի մարզիկ գերախոյեաններու եւ խումբերու` արագ եւ վստահ վերագտնելու համար ազգային պատկանելիութեան անվրէպօրէն ջերմացնող ու կապող զգացումը»:

Այս հատորի հրատարակութիւնը քայլ մըն է, համեստ քայլ մըն է այդ ուղղութեամբ մտքերը գրգռելու համար: Բժիշկ Շաւարշ Քրիսեան իր ճիտին պարտքն է կատարեր: Մեզի կը մնայ, անհատաբար թէ հաւաքաբար անսալ «Մարմնամարզ»-ի Շաւարշի պատգամին ու կոչին ու մեր կարգին կատարել մե՛ր ճիտին պարտքը…

Ծանօթ.- Գիրքէն անվճար օրինակ մը ստանալու համար դիմել բժ. Շաւարշ Քրիսեանին`

shavarsh_chr@msn.com

Նախորդը

Զգլխիչ Երաժշտական Մեկնաբանութիւն` Ի Փառս Արժանաւորաց (Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Գահակալութեան 20-Ամեակին Առթիւ)

Յաջորդը

Մասնակցելով Տարբեր Ժողովուրդներու Մշակոյթներու Ներկայացման Ձեռնարկի Մը. Համազգայինի Տհոլահարներու Խումբը Հմայեց Արուեստասէր Ներկաները

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?