Բոլորիս համար ակնյայտ է, որ երբեմն լրատուամիջոցներու խօսքի ազատութիւնը կը շրջանցէ բոլոր սահմանները` հասնելով սանձարձակութեան եւ գռեհկութեան: Հայկական լրատուամիջոցներուն մէջ այդ սահմանը առաւելաբար անցած են հայաստանեան կարգ մը լրատուամիջոցներ` տարուելով լայն տարածում ունենալու մոլուցքէն, բայց վերջերս, կարծես թէ, այդ «ախտը» կամաց-կամաց սկսած է սողոսկիլ նաեւ սփիւռքեան եւ յատկապէս այլընտրանքային լրատուամիջոցներէն ներս:
Այս հարցին շուրջ «Եռագոյն»-ը զրուցեց Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր եւ տնօրէն Շահան Գանտահարեանին հետ:
«ԵՌԱԳՈՅՆ».- Խնդրեմ ձեր կարծիքը տաք այլընտրանքային լրատուութեան զարգացումներուն մասին:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ.- Այլընտրանքային լրատուութիւնը, յատկապէս ընկերային ցանցերու վրայ աշխուժ ներկայութեամբ, ինքնականոնագրման նոր օրինաչափութիւններ ստեղծելու սրընթաց զարգացում մը կ՛ապրի:
Նախապէս այս կամ այն կայքի թողարկած լրատուութեան կապը կը տեղադրուէր ընկերային ցանցի օգտատէրերու կողմէ, անոր ուղղութեամբ կը կատարուէր ամփոփ նախաբան մը, որմէ ետք կը թէժանար քննարկումը:
Պարունակէն դուրս բերուած հատուածներ, միտումնաւոր շրջանցումներ, ստուգուած-չստուգուած տեղեկութիւններու տարափ` բաց համակարգը կը գործէր անխնայ, ազդելով հանրային կարծիքի ձեւաւորման գործընթացին վրայ: Այս դրութիւնը ստացած է արդէն դասական որակումը:
Հիմա, իբրեւ եղանակ, իբրեւ նորարար ոճ աշխատանք կը տարուի մշակուած, մոնթաժ եղած տեսանիւթերու պատրաստութեան գծով: Կարգ մը հայկական լրատուամիջոցներ յառաջապահ են այս նորարարութիւնը օգտագործելու առումով: Հոս արդէն նոր մշակոյթ է, որ կը ձեւաւորուի եւ ճամբայ կը կտրէ: Պաշտօնական լրահոսերու տեսանիւթային բաժանմունքները կ’օգտագործուին, կամայական մեկնաբանութիւններու կ’ենթարկուին` թիւր տպաւորութիւն ձգելով, որ կատարուածը բնագրային մէջբերում է: Կ’ուղեկցուին երաժշտութիւն, տարբեր ձայնային տեսագիտական համակարգեր` փոխանցելու համար ուղերձը:
Նախքան ուղերձին բովանդակութեան եւ ուղղութեան մասին խօսիլը, անհրաժեշտ է ծանրանալ այս մեթոտաբանութեան վրայ` ընդգծելու համար, որ այլընտրանքային լրատուութեան այս նոր մշակոյթը նաեւ խմբային աշխատանք է. կը պահանջէ` բեմագիր, ներկայացնող, մոնթաժ ընող, փաթեթաւորող եւ համացանցային շրջանառութիւն ապահովող խումբ: Այս տեսակ նիւթերու հրապարակայնացուած տարբերակներէն ոմանք ուղղակի կը նշեն հովանաւոր պետութիւններու եւ անոնց համապատասխան բաժանմունքները, իբրեւ նման աշխատանքներ ֆինանսաւորող կողմ: Ասիկա նաեւ հրաւէր է` դիմելու այդ կազմակերպութիւններուն, նման աշխատանքներ ներկայացնելու եւ համարժէք վարկերը ստանալու համար:
Կը թուի, որ աշխատակարգի այս եղանակը պիտի ծաւալի ու գրաւէ ելեկտրոնային նոր տարածքներ:
«Ե.».- Բովանդակային ի՞նչ «արժէք» կը ներկայացնեն նման տեսանիւթեր եւ ի՞նչ է անոնց թիրախը:
Շ. Գ.- Նկատուած տեսանիւթային այս այլընտրանքային տեղեկատուութեան օրինակները բացառապէս քաղաքական են եւ յատկապէս կը վերաբերին ներհայաստանեան խնդիրներուն: Թիրախը, ուրեմն հայաստանեան հասարակութիւնն է առաջին հերթին: Ընտրուած թեմաները ժողովրդահաճոյ դառնալու տուեալներ ունին, ամբոխային առումով արագ ընկալուելու եւ դժգոհութիւնները նկատի ունենալով արժանահաւատ նկատուելու:
Այստեղ առաջարկ չկայ, գոյութիւն չունի կառուցողականութիւն, հեռու է երբեմն նոյնիսկ ամէնէն ընդդիմադիր ելոյթներու բովանդակութենէն, բայց մանաւանդ ոճէն: Ոմանց պարագային ոճը հեգնականէն շատ աւելին է. բառացիօրէն հայհոյալից, զազրախօսական, ամենահասարակ դրսեւորումներով՝
վիրաւորական: Եւ եթէ նման ոճի ու բովանդակութեան պարագայական գրառումներու հանդիպէինք ընկերային ցանցի օգտատիրոջ մը հրապարակային թեմային տակ արձանագրուող քննարկումին, նոյնքան մտահոգիչ պիտի չգտնէինք, երբ ա՛յս մշակոյթը, ա՛յս եղանակը կը հրամցուի աշխատանքային խումբի կողմէ, ծրագրուած, արհեստագիտական նորարարութիւններով յագեցած, գուցէ նաեւ բացայայտ կամ թաքուն ֆինանսաւորուած, հովանաւորուած:
«Ե.».- Ձեր կարծիքով ո՞վ է այս բոլորին ընթացք տուողը:
Շ. Գ.- Ամէնէն մտահոգիչ պարագան այս է, թէ ո՞վ կը կանգնի նման նախաձեռնութիւններու ետին, ո՞վ է, որ ոճի այս մակարդակը կ՛ուզէ հրամցնել հասարակութեան, ո՞վ է, որ քաղաքական իբր թէ ընդդիմադիր դաշտը կ՛ուզէ իջեցնել գռեհկութեան այս մակարդակին:
Նորացուած սահմանադրութիւնը իրաւականօրէն կ՛ամրագրէ ընդդիմադրութեան հակակշիռ գործօն դառնալու լիազօրութիւններն ու գործառոյթները: Այս բոլորին նպատակը մեր պետականութեան վարկին ու հեղինակութեան բարձրացումն է միջազգային գետնի վրայ` իշխանութիւններ-ընդդիմադրութիւն քաղաքակիրթ յարաբերութիւններու կայացումով, ժողովրդավարութեան գործընթացի խորացմամբ: Հիմա, ո՞վ է, որ փորձ կը կատարէ ընդդիմադիր աշխատելաձեւի այս եղանակը ներմուծելով: Եղածը մերժելի է, ըստ ամենայնի, որովհետեւ ոչ թէ լրագրութեան էթիքայի կարեւոր խախտում է, այլ որովհետեւ կատարուածը լրատուութիւն կոչելը ընդհանրապէս ճիշդ չէ: Կատարուածը, հաւանաբար, լրագրութեան մէջ նոր ձեւակերպում տալու համար տեղեկատուական խուլիկանութիւն է, որ կապ չունի տեղեկատուական համակարգին հետ: Եւ երբ երեւոյթը որեւէ աղերս չի պարունակեր կարծիքի ազատութեան կամ ընդհանրապէս լրագրական էթիքայի կանոններուն հետ եւ կարմիր գիծերը հատելով կը հասնի խուլիկանական դաշտ, ապա կ՛ենթարկուի, պէ՛տք է ենթարկուի քրէական յանցագործութեան համազօր աքթի նկատմամբ որդեգրելի վերաբերումի:
Կար ժամանակ, երբ պետականութեան արժեհամակարգի ամէնէն կարեւոր բաղադրիչները` հայոց բանակ, հայոց եկեղեցի, կրթութեան ոլորտ, խծբծանքի առարկայ կը դառնային հետեւողականօրէն, ելեկտրոնային տարածքներու վրայ:
Հիմա, տեսանիւթային այս արշաւի երեւոյթը կարելի չէ վերլուծել առանց մտաբերելու Պաքու ապաստանած հայանուն մարդոց տարած աշխատանքը մարդորսութեան` խաղաղութեան հաստատման կարգախօսերու տակ:
Հարուածային այս աշխատանքները տարբեր տեսքով, գուցէ նաեւ տարբեր շարժառիթներով, տեղ մը կը միանան իրենց արդիւնքներով:
«Ե.».- Ինչպէ՞ս կարելի է դէմ առնել այս բոլորին:
Շ. Գ.- Այս մշակոյթի ներմուծումը անհրաժեշտ է կասեցնել: Գիտակցաբար մերժելով հայհոյանքը, կեղծիքը, զազրախօսութիւնը, փոխարէնը նպաստելով, որ կայանայ քաղաքակիրթ ընդդիմութիւնը, կառուցողական բնութագիրով, այն պատկերացումով նաեւ, որ իրաւականօրէն ամրագրուած է նորացուած Սահմանադրութեան մէջ:
Հարցազրոյցը` յատուկ «Եռագոյն»-ին