ԴՈԿՏ. ՆՈՐԱ ՍԱԼՄԱՆԵԱՆ
Երաժշտական ձեռնարկներու յաճախումի դրդապատճառները կը տարուբերին անձերու մտածելակերպէն, մօտեցումէն կամ համոզուածութենէն. թէ պէ՛տք է ընտրել որակաւորը, խորք ու առաքելութիւն ունեցողը ու ըստ այնմ ներկայ գտնուիլ ըմբոշխնելու կատարուած երաժշտութիւնը:
Արդ, ընտրելով որակաւորը, լիբանանահայ երաժշտասէրը, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի առաջնորդութեամբ, Լիբանանի թեմի ազգ. առաջնորդարանի կազմակերպած ձեռնարկին ընդմէջէն հիւրընկալեց Հայաստանի ազգային ակադեմական երգչախումբը եւ անոր վաստակաւոր ու երկարամեայ ղեկավարը մայեսթրօ Յովհաննէս Չեքիճեանը:
Յովհաննէս Չեքիճեան` անժամանցելի, յատուկ ու բացառիկ անձ, երգչախումբի ղեկավար, նուագախումբի ղեկավար, օփերայի երաժշտական ղեկավար, քափելլայի գեղարուեստական ղեկավար ու գլխաւոր խմբավար, դասախօս Երեւանի երաժշտանոցի, երաժշտութիւնը չի զգենուր իբրեւ պատմուճան կամ իբրեւ արտաքին հմայք եւ կամ ձայներու, գոյներու եւ զգացումներու միաձոյլ կերպար, այլ ան կը մարմնաւորէ այդ բոլորը, կը բուրէ իր շունչէն, կը բխի իր էութենէն ու ի սպաս կը դնէ արուեստի խորանին: Երաժշտութեան Չեքիճեանի ըմբռնողութիւնը կը տարբերի այլ անձերէ: Ան երաժշտութեան հետ կը վարուի ինչպէս էակ մը` լեզուի հանելով, իմաստաւորելով ու հնչեցնելով իւրաքանչիւր վանկ, ծուծը մխրճուելով իւրաքանչիւր ձայնանիշի եւ առաւել` ծուծէն արտահանելու այդ աւիշը, որմէ սնած էր յօրինողին միտքն ու հոգին ստեղծելու համար օգտաշատ բերք մը, որ պիտի յաւերժացնէր զինք ի շահս մարդկութեան ու երաժշտական արուեստին:
84 արձանակերպ երգիչ երգչուհիներ, առանց որեւէ նօթատետրի, ժամացոյցի պէս լարուած, հրահանգի կը սպասէին` ուշադրութիւն սեւեռելով մէկ անձի, որ իր կարգին ունայն ձեռքերով, առանց ղեկավարի ցուպի ու նօթատետրի հաղորդակցութեան մէջ կը մտնէր բոլորին հետ:
Հաղորդակցութիւնը կ՛ըլլար երգչախումբին հետ աչքի մէկ նայուածքով, ցուցամատին, ձեռքին կամ դաստակին հազիւ մէկ ցուցմունքով, եւ կամ ուսին ոչ ակնառու ամէնէն չնչին, բայց իմաստալից ցնցումով, մէկ խօսքով, նոյնպէս արձանակերպ ղեկավար մը, որ լոկ իր ֆիզիքական ներկայութեամբ կը պարտադրէր իւրաքանչիւրին կատարել իրեն հրահանգուածը:
Ապշեցուցիչ բազմաձայն աքափելլա երգեցողութեան երանգաւորումը, սֆործանտոները նման էին եռանկիւն երաժշտական գործիքի առաջին զօրաւոր հարուածին, որուն կը հետեւէին մեղմ ամենանուրբ ու հետզհետէ շիջող ձայները: Իսկ զօրաւոր երանգները, նման պղնձային փողային գործիքներուն, ջինջ ու հնչեղ ձայներ էին, որոնք յանկարծ կը լռէին կտրուկ, սուրի հարուածի մը նման:
Այսպէս` վերոյիշեալ նկարագրական կէտերը ցուցաբերեցին բարձրորակ երգչախումբի մը արուեստական ոճը, ուր մեկնաբանութիւնն ու ձայներու հնչողութիւնը նման երաժշտական գործիքներու, նուագախումբի մը չգոյութիւնը դարձուցին ոչ զգալի ու անհրաժեշտ:
Անսպասելի, ճոխ ու լայնածաւալ երեւակայութեամբ լի արտայայտութիւն. հիացումով ունկնդրուեցաւ ծայրէ ի ծայր, 19-րդ եւ 20-րդ դարերու տարբեր ոճերու պատկանող խտացուած յայտագիրը: Եկմալեան, Սահարունի, Կանաչեան, Վերտի, Կէրշուին, Չուխաճեան, Կոմիտաս, Կունօ, Յովհաննիսեան` գործադրուեցան այնպիսի յատուկ ոճով, կարծէք իրենք անձամբ ըլլային ղեկավարողները: Միթէ հոս չի՞ կայանար իսկական երաժիշտի մը հոգեմտաւոր ու իմացական հիմնական նկարագրական արժէքը:
Սոյն յայտագիրը, զգլխիչ մեկնաբանութեամբ եւ ի յաւուրս պատշաճի, արժանավայել ձեւով մատուցուեցաւ 22 նոյեմբեր 2016-ին «Քազինօ տիւ Լիպան»-ի մեծ սրահին մէջ, ի պատիւ Արամ Ա.-ի` կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, իր գահակալութեան արգասաւոր 20-ամեակի առիթով: Ձեռնարկի աւարտին Յովհաննէս Չեքիճեան` որպէս խոնարհ ծառայ, որդիական ակնածանքով եկաւ խոնարհելու ու աջահամբոյրներով իր յարգանքը մատուցելու վեհափառ հայրապետին, որ իր կարգին մեծապէս գնահատեց տարուած տքնաջան աշխատանքին պտղաբեր արդիւնքը ու երկրորդ շքանշանով մը պարգեւատրեց, մեծարգոյ ղեկավարը, այս անգամին` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Ասպետ»-ի շքանշանով: