Մշտապէս Վերանորոգուող Ազգային Եւ Ընկերվարական Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը
ԺԱԳ Յ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ «Դաշնակցութեան օրուան» տօնակատարութիւնները առիթ են ո՛չ միայն ՀՅԴ-ի անցնող մէկ տարուան հաշուետուութեամբ ներկայանալու ժողովրդային լայն խաւերուն, որոնցմէ իր աւիշը, գոյատեւման իմաստն ու նպատակը կը ստանայ այս կուսակցութիւնը, այլ նաեւ անգամ մը եւս լուսարձակները սփռելու այն արժեհամակարգին եւ գաղափարական սկզբունքներուն վրայ, որոնց կը յենի 126-ամեայ հաստափոր կաղնին, եւ որոնք իւրայատուկ ինքնութեան վկայագիր կը նկատուին: Այս օրը, ուրեմն, առիթ...




















