Հայ Դատի Բնագաւառին Մէջ Պէտք Է Շարունակել Յառաջխաղացքը
Ստորեւ կը ներկայացնենք Մոնրէալի մէջ կայացած ՀՅԴ 126-ամեակի հանդիսութեան ընթացքին ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տօնապետեանին խօսքը: Ուրախ եմ, որ այսօր մեզի հետ կը կիսէք մեր տօնը` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան տարեդարձը, որովհետեւ ան նաեւ ձեր տօնն է, համայն հայ ժողովուրդին տօնն է. քանզի արդի եւ ժամանակակից հայոց պատմութիւնը կարեւոր չափով միահիւսուած է Դաշնակցութեան 126-ամեայ երթի ելեւէջներուն, թռիչքներուն, խարխափումներուն,...




















