Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Տասը Գիրք Ներկայացուած Է
«Հրանդ Տինք. 10 տարի անց» շաբթուան ծիրին մէջ 17 յունուարին, սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած տասը գիրքի շնորհահանդէս: Գիրքերը պատրաստուած եւ հրապարակուած են զանազան կառոյցներու հետ համագործակցութեան շնորհիւ:
«Սփիւռքի նախարարութեան գլխաւոր գործառոյթներէն է Հայոց ցեղասպանութեան անդրադառնալը: 100-ամեակը ցոյց տուաւ, որ սփիւռքը կենսունակ է, աշխուժ եւ կրնայ յառաջ տանիլ այդ թեման», յայտնած է սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան` աւելցնելով, որ ներկայացուած գրականութեան մէջ նաեւ խօսուած է միջազգային փաստաթուղթերու եւ հայերու ունեցուածքին մասին:
Այդ տասը գիրքերն են. «Հայոց ցեղասպանութեան ժխտողականութիւնը նորօսմանականութեան գաղափարախօսութեան պարունակում»` Վիգէն Քոչարեան, «Հայոց ցեղասպանութիւնը միջազգային իրաւական փաստաթղթերում»` Արմէն Մարուքեան, «Հայոց ցեղասպանութեան նիւթական հետեւանքների յաղթահարման հիմնահարցը»` Անուշ Յովհաննիսեան, «Հայերի ունեզրկման գործընթացը Օսմանեան կայսրութիւնում եւ քեմալական Թուրքիայում»` Ռուբէն Սահակեան, «Արեւմտեան Հայաստանի ռազմաքաղաքական եւ վարչատնտեսական իրավիճակը (1914թ. յուլիս-1917թ. փետրուար)», «Գրական սփիւռք-2015»` Աւագ Յարութիւնեան, «Հայոց ցեղասպանութեան 50-րդ տարելիցը եւ երկրորդ հանրապետութիւնը»` Նայիրա Պօղոսեան, Սոնա Կարապօղոսեան, «Թուրքիայի հանրապետութեան եւ թուրքական սփիւռքի համագործակցութեան հակահայկական ուղղուածութիւնը»` Լեւոն Շիրինեան, Էմիլ Օրդուխանեան, Հայկ Սուքիասեան` «Հայոց ցեղասպանութեան երկրաքաղաքական պարունակը եւ Հայկական հարցի զարգացումը», Հայկազուն Ալվրցեան` «Համշէնը եւ համշէնահայութիւնը. արդի հիմնախնդիրները»:
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի ակադեմիկոս Եուրի Սուվարեանի համաձայն, ներկայացուած բոլոր գիրքերն ալ իւրայատկութիւն ունին: «Անոնց մէջ նոր մարտավարութիւն կայ: Ո՛չ միայն կը ձգտինք Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչմանը, այլեւ կը պայքարինք անոր պատճառած վնասներու հատուցման համար», ընդգծած է Սուվարեան: Հայաստանի արդարադատութեան փոխնախարար Վիգէն Քոչարեան ըսած է, որ «Հայոց ցեղասպանութիւնը միջազգային իրաւական փաստաթուղթերու մէջ» գիրքին մէջ կան տարիներու ընթացքին հաւաքուած այն փաստաթուղթերը, որոնք կ՛անդրադառնան Հայոց ցեղասպանութեան եւ կրնան կարեւոր նշանակութիւն ունենալ անոր կապուած իրաւական հարցերու լուծման առումով:
«Ներկայացուած են բաժիններ, որոնք կը վերաբերին հարցին իրաւական կողմին, տարբեր պետութիւններու կողմէ ընդունուած փաստաթուղթերուն: Վստահ եմ, որ գործընկերներուս եւ իմ աշխատանքը պիտի նպաստէ Ցեղասպանութեան հարցին լուծման աշխուժացմանը», յայտնած է Քոչարեան:
«Հայերի ունեզրկման գործընթացը Օսմանեան կայսրութիւնում եւ քեմալական Թուրքիայում» գիրքին հեղինակը` Անուշ Յովհաննիսեանը մեծ հեղինակութիւն վայելող թուրքագէտ է: Ան լաւ կրթութիւն ստացած է Ս. Փեթերսպուրկի մէջ եւ մանրամասն ուսումնասիրած է Թուրքիան, ինչպէս նաեւ այս գիրքին մէջ յաջողութեամբ ներկայացուցած է Թուրքիոյ մօտեցումները` նշելով, որ հանրապետական Թուրքիան, ժխտելով Հայոց ցեղասպանութիւնը, հայերէն բռնագրաւած ունեցուածքը օգտագործած է իր տնտեսութեան զարգացման համար», նշած է ԳԱԱ-ի արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն, ակադեմիկոս Ռուբէն Սաֆրաստեան:
Համագործակցութեան Յուշագիր` Պաշտպանութեան Նախարարութեան Եւ «Սիմոնեան» Հիմնադրամին Միջեւ
14 յունուարին պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան ընդունած է «Սիմոնեան» կրթական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Մարի Լու Փափազեանն ու հիմնադրամի խորհուրդի անդամ Բեկոր Փափազեանը:
Վիգէն Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է հիմնադրամին` պաշտպանութեան նախարարութեան հետ սերտ համագործակցութեան եւ պարտադիր ժամկէտային զինուորներուն ուսուցման նոր միացեալ ծրագրի նախաձեռնութեան ու ցուցաբերուած պատրաստակամութեան համար:
Նախարարը նշած է, որ ծրագիրը պիտի նպաստէ զինուորներուն կրթական կարելիութիւններուն աւելի լայն շրջանակի ձեւաւորման: «Պէտք է այնպէս մը ընել, որպէսզի զինուորական ծառայութեան տարիները նպաստեն ո՛չ միայն ֆիզիքական ամրապնդմանը, ռազմական ունակութիւններու ու մասնագիտական կարողութիւններու զարգացմանը, այլեւ ընդհանուր գիտելիքներու հարստացմանը», ըսած է Վիգէն Սարգսեան:
Հիմնադրամի ներկայացուցիչները իրենց կարգին վստահութիւն յայտնած են այն մասին, թէ ծրագիրը պիտի յաջողի, աշխատանքը պիտի ըլլայ արդիւնաւէտ եւ շարունակական:
Հանդիպման աւարտին պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան եւ «Սիմոնեան» կրթական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Մարի Լու Փափազեան ստորագրած են համագործակցութեան յուշագիրը:
Յուշագիրով նախատեսուած համագործակցութեան ծիրին մէջ հիմնադրամի ծրագիր հանդիսացող ԹՈՒՄՕ կեդրոնը պատրաստակամ է պարտադիր ժամկէտային զինուորներուն ուսուցանել 21-րդ դարու հմտութիւնները` կեդրոնի ծրագրին յատուկ տարբերակով: Ուսումնական ծրագիրը կը ներառէ կեդրոնի արտադպրոցական ծրագրի 14 ուսումնական ոլորտներու ընտրանին:
Յայտնենք, որ զինուորներուն ուսումնական գործընթացը պիտի կազմակերպուի զինուած ուժերու զօրամասերուն մերձակայ ԹՈՒՄՕ կեդրոններուն մէջ` նախապէս ճշդուած ծրագրով եւ 18 ամիս ժամկէտով: Դասընթացքները պիտի ունենան երեք մակարդակ` սկսնակ, միջին եւ յառաջադէմ:
ԹՈՒՄՕ-ի Բանակում. 21-րդ Դարու Կրթութիւնը` Զինուորական Համազգեստով
17 յունուարին Երեւանի ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ԹՈՒՄՕ-ի եւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան միացեալ ծրագրի առաջին գործնական հանդիպումը:
Այս համագործակցութիւնը հայկական բանակի զինուորներուն կարելիութիւն պիտի տայ ծառայութեան ընթացքին ուսանելու ԹՈՒՄՕ-ի կրթական ծրագիրով: Զինուորները ձեռք պիտի ձգեն հմտութիւններ համակարգչային ծրագրաւորման, մարդամեքենայի շինութեան, համակարգչային ձեւաւորման եւ թուային երաժշտութեան ստեղծման ոլորտներուն մէջ` այցելելով կեդրոններ շաբաթը երկու օր, 18 ամիսներու ընթացքին:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ծրագրի իրականացման մանրամասնութիւնները եւ ընտրուած նախագծի սկսման օրը` փետրուար 20: Ծրագրի օդաչուներու տարբերակը պիտի սկսի ԹՈՒՄՕ կեդրոններուն մօտակայքը գտնուող զօրամասերու զինուորներուն համար եւ սկզբնական տարբերակով պիտի տեւէ 8 ամիս: Ծրագիրը յարմարեցուած պիտի ըլլայ տարբեր կրթական աստիճանի եւ մասնագիտական կողմնորոշման զինուորներուն համար: Նախատեսուած է յառաջիկայ տարիներուն ծրագիրը ընդարձակել եւ հասանելի դարձնել Հայաստանի բոլոր ժամկէտային զինուորներուն համար:
«Բանակում ծառայելը յաճախ դադար կ`ենթադրէ երիտասարդ տղամարդու մասնագիտական աճի ճանապարհին` դպրոցը աւարտելէ ետք համալսարանական կրթութեան կամ աշխատանքի անցնելու փուլին: Սակայն բանակային պայմանները երիտասարդներուն համար նաեւ իւրայատուկ կրթական միջավայր կը ստեղծեն, ուր նուիրուած ծառայութեան եւ շեղող հանգամանքներու բացակայութեան պայմանները կրնան ուսումը յատկապէս արդիւնաւէտ դարձնել: ԹՈՒՄՕ-ի ճկուն եւ կիրառական կրթական ծրագրի առաքելութիւնն է լրացնել ֆորմալ կրթութիւնը: Ստեղծարարութիւն զարգացնող եւ արհեստագիտութեան ոլորտին մէջ վարպետութիւն ձեռք բերելու խտացեալ դասընթացքներ առաջարկելով` մենք յոյսով ենք, որ կը նպաստենք բանակին մէջ ծառայող հայ երիտասարդներուն մրցունակութեան բարձրացմանը թէ՛ ծառայութեան ընթացքին եւ թէ՛ զօրացուելէ ետք: ԹՈՒՄՕ-ի ծրագիրը կ՛օգնէ բացայայտելու երիտասարդներուն ներուժը, որոնք այլ պարագայի չէին կրնար ունենալ կարելիութիւն գտնելու եւ զարգացնելու իրենց հետաքրքրութիւնները` ֆորմալ կրթական համակարգէն դուրս», ըսած է ԹՈՒՄՕ-ի տնօրէն Մարի Լու Փափազեան:
«Մենք շատ ուրախ ենք, որ կարելիութիւն ունինք ԹՈՒՄՕ-ի ուսումնական ծրագիրը հասցնելու այս երիտասարդներուն: Այն ուսանողները, որոնք ԹՈՒՄՕ յաճախած են նախքան զինուորական ծառայութիւնը, կրնան շարունակել իրենց ԹՈՒՄՕ փորձառութիւնը` միաժամանակ ծառայելով առաջնագծի վրայ: Իսկ ինչ որ աւելի կարեւոր է, այն է, թէ զինուորական ծառայողները, որոնք նախապէս կարելիութիւն չեն ունեցած ԹՈՒՄՕ-ի ուսանողներ դառնալու, այժմ կրնան ձեռք բերել 21-րդ դարու հմտութիւններ, բացայայտել նոր հորիզոններ` իրենց անձերը զարգացնելով: Համոզուած եմ, որ անոնցմէ շատերը նոր ոգեշնչում կը գտնեն քաղաքացիական կեանքին մէջ իրենց ապագայ կրթութեան եւ ասպարէզի կառուցման համար», աւելցուցած է ան:
«Մէյտ Ին Արթիկ, Արմենիա» Պիտակը` Շուտով Եւրոպայի Մէջ
Վարդան Սրմաքեշի, սփիւռքահայ գործարար Քրիսթիան Կերիճիի եւ արթիկցի Վարագեան եղբայրներուն նախաձեռնութեամբ, Շիրակի մարզի վարդագոյն քաղաքին մէջ շուտով 300 աշխատատեղ պիտի բացուի, բայց մինչ այդ գործարանը համապատասխան աշխատուժով ապահովելու համար նախ կարի ուսուցման կեդրոն բացուեցաւ Արթիկի մէջ. կը մնայ գտնել գործարանին շէնքն ու վերանորոգել զայն: Գործարարները կը վստահեցնեն, որ «Մէյտ ին Արթիկ, Արմինիա» պիտակը շուտով նշանաւոր պիտի դառնայ Եւրոպայի մէջ. ուսումնասիրուած է բանուորական համազգեստի առկայ պատուէրները:
«Հիւսուածեղէնի արտադրութեամբ Հայաստան կրնայ մրցիլ որեւէ երկրի, նոյնիսկ Չինաստանի հետ», վստահեցուցած է սփիւռքահայ գործարար Քրիսթիան Կերիճի, որ արդէն 9 տարիէ ի վեր Հայաստան կը բնակի, ունեցած է 9 զաւակ ու կարի 3 արտադրամաս հիմնած է Ամասիոյ, Գիւմրիի եւ Արթիկի մէջ, եւ այս ընթացքը տարուէ տարի աւելնալու միտում ունի:
Արթիկի արտադրամասին մէջ ներդրում ունեցող գերմանացի գործարար Հանս Եոհախիմը, զոր հայ գործընկերները Հայօ կոչած են, կը վստահեցնէ, որ Հայաստան յարմարագոյն երկիրներէն է շահութաբեր ներդրումներ կատարելու համար. իրանցի գործարար մըն ալ 2 երկիրներու նախագահներու հանդիպումէն ու հայ-իրանեան բարի դրացիական յարաբերութիւններէն ոգեւորուած` նոր ներդրումներու ծրագիրներ կը մշակէ գորգագործութեան ոլորտին մէջ: Թելերն ու սարքաւորումները` Իրանէն, աշխատուժը` Արթիկէն. սպառման շուկայի համար համաձայնութիւններ կան:
Գիւմրիի մէջ կառուցուող աւելի քան 400 աշխատատեղ խոստացող հիւսուածեղէնի գործարանի բացման ժապաւէնը նախատեսուածէն աւելի ուշ պիտի կտրուի, քանի որ տարածքին մէջ գտնուող 16 տնակաբնակները նախ պէտք է տուն ունենան, այդ ալ` անհատոյց, կը վստահեցնեն գործարարները:
«Տաշիր» Հիմնադրամը Արցախի Չորրորդ Փոքրիկներուն Համար 4000-ական Տոլար Յանձնեց
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 20 յունուարին ընդունած է Հայաստանի մէջ «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբի ներկայացուցիչ Նարեկ Կարապետեանը: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Արցախի մէջ տարբեր ծրագիրներու իրականացման առնչուող հարցեր:
Նախագահը բարձր գնահատած է «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբի բարեսիրական գործունէութիւնը Արցախի մէջ` նշելով, որ անիկա մեծապէս կը նպաստէ երկրի շէնացման ու ժողովուրդի կենսապայմաններու բարելաւման, յոյս յայտնելով, որ հետագային եւս համագործակցութիւնը կը շարունակուի նոյն արդիւնաւէտութեամբ:
Տեղեկացնենք, որ Արցախի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան 20 յունուարին եւս Ստեփանակերտի մէջ մասնակցած է «Տաշիր» բարեգործական հիմնադրամին կողմէ Արցախի 213 ընտանիքներու մէջ 2016-ին ծնած չորրորդ փոքրիկներուն 4000-ական տոլար նուէր տրամադրելու հանդիսաւոր ձեռնարկին:
Վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է «Տաշիր»-ի հիմնադիր, բարերար Սամուէլ Կարապետեանին` մնայուն կերպով Արցախին աջակցելուն համար: «Սամուէլ Կարապետեան կը համարուի մեր ժամանակներու հայ բարեգործութեան ամէնէն մեծ ներկայացուցիչներէն, որ մնայուն կերպով կ՛ապրի հայրենիքի եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի հոգերով: Բարերարին կողմէ իրականացուող այս հերթական ծրագիրը կը նպաստէ եւ պիտի նպաստէ հանրապետութեան մէջ ծնունդներու աճին, եւ համոզուած եմ, որ ան իր բարերար ազդեցութիւնը պիտի ունենայ Արցախի զարգացման հետագայ ընթացքին վրայ: Վստահ եմ, որ այս փոքրիկները պիտի դառնան մեր հայրենիքի օրինակելի քաղաքացիները, եւ նոյնիսկ` մեր ապագայի մշակոյթի, մարզական, գիտութեան եւ այլ ոլորտներու ապագայ յայտնի գործիչները», ըսած է վարչապետը:
Հաղորդենք, որ այս առիթով խօսք առած է նաեւ Արցախի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Սամուէլ Աւանեսեան, «Տաշիր» բարեգործական հիմնադրամի ներկայացուցիչ Նարեկ Կարապետեան եւ փոքրիկներուն ծնողներէն ոմանք:
Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը Պիտի Վերանորոգէ Զոհուած 18 Զինուորներու Ընտանիքներու Բնակարանները
Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութեան Հայաստանի մասնաճիւղը, զոհուած զինուորներու ընտանիքներուն օժանդակելու նպատակով, համագործակցելով Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան հետ, որոշած է զոհուած 18 զինուորի ընտանիքի տրամադրել օգնութիւն եւ աջակցիլ բնակարաններու վերանորոգութեան:
Բարեգործութիւնը պիտի կատարուի Երեւանի եւ մարզերու մէջ: Վերանորոգման ընդհանուր արժէքը պիտի կազմէ 29 միլիոն դրամ: Այս մասին կը յայտնէ պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը: Գումարին միջոցով, ըստ անհրաժեշտութեան, պիտի նորոգուին բնակարաններու տանիքները, փոխուին դռներն ու պատուհանները, պիտի իրականացուին ջեռուցման եւ սանհանգոյցի յարդարման աշխատանքներ: