Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եգիպտոս. «Մենք` Եգիպտահայերս» Ժապաւէնի Ցուցադրութիւնը

Յունուար 26, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եգիպտոսի Հայ դատի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, հինգշաբթի, 19 յունուարի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Հելիոպոլսոյ «Յուսաբեր» ակումբի «Գարագաշեան» սրահին մէջ հայ համայնքին եւ օտար հրաւիրեալ լրագրողներու եւ մտաւորականներու համար ցուցադրուեցաւ «Մենք` եգիպտահայերս» վաւերագրական ժապաւէնը: Մէկուկէս ժամ տեւողութեամբ եւ երկու տարուան աշխատանքի արդիւնք այս ժապաւէնը առաջին անգամ ցուցադրուած էր Գահիրէի միջազգային ժապաւէնի փառատօնին ու` հռչակ ձեռք բերած: Անիկա արդիւնքն է ժապաւէնի բեմադրիչ Ուահիտ Սոպհիի, արտադրող Հանան Էզզաթի նախաձեռնութեան եւ լրագրող Էւա Տատրեանի գործակցութեան: Ներկաներու շարքին էին` եգիպտական «Վեթօ» պարբերականի խմբագրապետ Էսամ Քամել, միջազգային ճանաչում նուաճած ճազմեն Եահիա Խալիլ, պատմաբան, գրող Իպրահիմ Ապտել Մեկիտ, տեղական մամուլի ներկայացուցիչներ եւ մտաւորականներ:

Երեկոյթի հեռուստատեղեկագրումը կատարեց dmc հեռուստացանցը: Երեկոյի բացման խօսքը կատարեց հիւրընկալներու ներկայացուցիչ բժ. Արմէն Մազլումեան, որ ողջունեց ներկաները եւ հրաւիրեց զանոնք դիտելու ժապաւէնը: Եգիպտահայեր` այր թէ կին, տարեց թէ երիտասարդ, պատասխանատուներ թէ ոչ, ուրուագծեցին վերջին 100-150 տարուան հայոց երթը այս երկրին մէջ, որ զիրենք հիւրընկալած էր ու ապաստան, աշխատելու եւ արարելու հնարաւորութիւն ու ապահովութիւն տուած էր, թրքական հալածանքներէն ետք:

Հսկայ շտեմարան մըն էր տեղեկութիւններու, թէ՛ անհատներու, թէ՛ հաւաքականութեան կեանքին վերաբերող մանրամասնութիւններու, որոնք կրնան վրիպած ըլլալ նոյնիսկ եգիպտահայերու ուշադրութենէն: Ժապաւէնը սկսաւ Մուսա Լերան հերոսամարտէն ետք փրկուածներու Փոր Սայիտ ապաստան գտնելու պատմութեամբ, զոր ներկայացուց Էւա Տատրեան, եւ աւարտեցաւ Մեծ եղեռնի հարիւրերորդ տարելիցին Փոր Սայիտի քեմփին մէջ մահացած եւ տեղւոյն քրիստոնէական գերեզմանատան մէջ հողին յանձնուած մուսատաղցիներու վերանորոգուած հաւաքական դամբարանի բացման հաւաքին ու արարողութեան մասին պատկերներով: Ըստ ամենայնի` արհեստավարժ ստեղծագործութիւն մը, որ կենդանի ընդհանուր պատկեր մը կու տայ հայութեան անցած եւ մասամբ նաեւ արդի կեանքին մասին, 21-րդ դարու երկրորդ տասնամեակին, ասով նոյնիսկ գաղթական հայութեան եգիպտական կեանքին անոր ներդրումին մասին բազմաթիւ դրուագներ ու դէմքեր լուսարձակէ դուրս կը մնային, յատկապէս` արհեստներու վերաբերեալ, որոնք այսօր գոյութենէ դադրած են կամ զանոնք կիրարկած մարդիկը մեկնած են երկրէն կամ շիջած` հեռացած այս կեանքէն: Տեղին է աւելցնել, որ թերի ու պակասաւոր էր հանրային կառոյցներու մասին անդրադարձի բաժինը, աչքի զարնող անոնցմէ ոմանց դերն ու պատմութիւնը անտեսելու վարքը, օրինակ` հազիւ նկարներ ցուցադրուեցան «Յուսաբեր»-ի տան շէնքին եւ օրաթերթի խմբագրատան մուտքի ցուցանակին, ոչ մէկ խօսք ցարդ կանոնաւոր լոյս տեսնող օրաթերթին, Մշակութային ընկերակցութեան, Հ.Կ. Խաչին մասին: Նման անտեսումները կատարուած գործին արժէքը կը նուազեցնեն միայն, քանի որ իրողութիւնները կարելի չէ թաքցնել կամ արժեզրկել: Եգիպտացի բեմադրիչն ու արտադրողը վստահաբար անտեղեակ են մեր ներքին կեանքին եւ հոն պատեհ-անպատեհ գլուխ ցցող կողմնապահութեան. կը մնայ միակ հաւանական վարկածը` ստեղծագործող խումբ ներառուած միակ հայը, որ յայտնի դարձաւ, թերեւս արհեստավարժ լրագրող է օտար միջավայրի մէջ, իսկ ազգային կեանքին մէջ` համակրանքներով ու հակակրանքներով առաջնորդուող շարքային մը:

Զարմանալ կարելի էր, եթէ նախընթացներ չունենայինք: Չենք զարմանար: Կը ցաւի՛նք միայն, որ անցած դարու 30-ականներէն վերապրող մօտեցումները կը գոյատեւեն: Ասիկա պատճա՞ռ է, որ մենք մեր վարքը փոխենք. երբե՛ք: Մեր ամբողջ կեանքը եւ աշխատանքը անխախտելի արժեհամակարգի վրայ հիմնուած է եւ ոչ` նման շիլ նկատառումներու, այդպէս ալ պիտի շարունակենք: Արդարեւ, մենք չէ, որ պիտի փոխուինք, իրե՛նք պիտի փոխուին, կեա՛նքը զիրենք պիտի փոխէ, որովհետեւ այլընտրանք չկայ, ինչպէս չկար այլ արժէքներու պարագային, զորս անցեալին կ՛ուրանային, իսկ այսօր, գէթ խօսքով, տէր կը կանգնին անոնց: Այս դառը խոհերը թող չկանխատրամադրեն մեր հայրենակիցները ընդհանուր գործին հանդէպ: Հայեր նկարահանուած են եւ վկայած` հաւաքական կեանքի իրենց վերաբերող բաժնին մասին, իսկ ազգակիցներն ընդհանրապէս դաշնակիցներ են, երբ ազգային արժէքներու կրողներ են: Շնորհակալութիւն եւ վարձքը կատար բոլոր աշխատողներուն, որոնցմէ գլխաւոր երեքին, յանուն «Յուսաբեր» մշակութային ընկերակցութեան, ցուցադրութեան աւարտին յանձնուեցան գնահատագրեր:

Զ. Լ.

Նախորդը

Կին Դէմքեր. Մելանիա Թրամփ

Յաջորդը

«Պատանեկան Խոստումի» Մը Առիթով

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?