ՅՈՎՍԷՓ ԷՍԿԻՃԵԱՆ
Ամէն Օր Քիչ Մ՛աւելի Պատարագուող
Հայ Տաճարի Կախարդ Քուրմը
Յաւերժի ճամբորդ հայն էր արդէն իր ողջութեան` այս մոլորակէն անկասելի թափով դէպի երկինք սլացող:
Կիւլոյեան Յակոբը` քիչ մը տարօրինակ թուացող բացառիկ «խենթ» հայը, մարդկային ընկերութեան մէջ ապրող «Ոգեղինացած երկնային»-ը մնաց մինչեւ մահ:
Յակոբ Կիւլոյեան ամբողջական յանձնառութեամբ հայն էր, որ անցեալ աւելի քան վեց տասնամեակներուն դարձաւ ու մնաց իմ գերագոյն ներշնչարանս, գաղափարական լիցքաւորման մշտահոս աղբիւրը, մշակութային մնայուն արժէքներու մարմնացումը, ու վերջապէս, Հայ Ասմունքի ապրող հսկան:
Անցնող ութ ամիսներուն մահուան չափ տխուր էի` երկու արդարացի պատճառներով:
Հակառակ բուռն փափաքիս, յունիս 2016 եւ նոյեմբեր 2016 թուականներուն Կիւլոյեան Յակոբ իր գահավիժող առողջութեան պատճառով չկրցաւ ներկայ գտնուիլ իմ հրատարակուած երկու գիրքերուս շնորհահանդէսներու, մանաւանդ երկրորդին, որովհետեւ` Ժեհթաուի հիւանդանոցին տխուր մէկ սենեակին մէջ գամուած մնացած էր «Ասմունքի բազէ»-ն:
Մշակոյթի եւ հայապաշտութեան անզուգական կախարդ քուրմ Կիւլոյեանը երբեմնի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Ա. Յովսէփեանց գիտնական կաթողիկոսին բնութագրումով` «Հոգեւոր Հայաստան»-ի տարածքին նախընտրեց ապրիլ եւ ստեղծագործել, որովհետեւ իր Ազատ ճախրանքի աշխարհը կաշկանդուած պիտի մնար, եւ շնչահեղձ կրնար դարձնել պոլշեւիկեան, եւ անոնց հոգեղբայրները դարձած «Իշխող Արի դասի» թափթփուքներուն ճմլող ու ամլացնող մեծատիրական այլամերժ գլաններուն տակ:
Կիւլոյեան հսկան մի՛շտ ալ իր ուսերուն կրեց` «Անլռելի Զանգակատան» զիլ զանգերուն «Քաղցր Ծանրութիւնը», միաժամանակ յիշելով, յիշեցնելով եւ մնայուն կերպով վերյիշեցնելով արթուն քնացողները` «Վէրք Հայաստան»-ին` հայութեան ապրած արիւնոտ ու կոտտացող բաց վէրքերուն առթած փառքը:
Յարգանքի խո՜ր զգացումներով, Կիւլոյեանի անդարձ մեկնումը բնութագրող յարգելի գրչեղբայրներուս եւ մշակութասէր հայորդիներուն ուշադրութենէն թերեւս ակամայ մոռացումով վրիպած ըլլալու է իրականութիւն մը. արդարեւ` անկաշկանդ ու ազատ ճախրանքի Կիւլոյեանը, մշակութասպան «պոլշեւիկեան Հայաստանի մը» մէջ վստահօրէն կացինահար կաղնիի ծառի մը նման պիտի տապալէր:
Կարօտակէզ ափսոսանքով, հոգեպէս մաշեցնող Հայաստանի ներկայ շուկայական երաշտին ի տես, արդէն երկու տասնամեակներէ ի վեր «հպարտ» Հայաստանի եւ 70 տարիներու ձիգ երկայնքին` հոգեսպան պոլշեւիզմի շրջանին, երբեք ալ չքաջալերեցին Կիւլոյեանը նոր ներգաղթի երանելի կարաւանով մը` մնայուն բնակութիւն հաստատելու իր պապերուն, պատմական Հայաստանի հրաշքով կենդանի մնացած բուռ մը հողին վրայ:
Յառաջացած տարիքին իսկ Կիւլոյեան մնաց հայ մշակոյթի տաճարին ոգեղինացնող քուրմը, խոստմնալից տաղանդները` անանձնական ուրախութեամբ քաջալերողը, տագնապեցնող խանդավառութեանց «Անմար փարոսը»:
«Քրիստոսաէջ Երուսաղէմէն» ետք, Լիբանանը դարձաւ իր «Ոգեղէն Հայաստան»-ի օրհնեալ երկիրը:
Յակոբ Կիւլոյեանի վաղ մանկութեան օրերէն, իր մշտարթուն այլ բարի հրեշտակ անզուգական մայրը` «Վէրք Հայաստանի» գիրքին ամիսներ տեւող ասմունքային պատշաճեցումի ծննդոցին ընթացքին, ուշ գիշերներուն տեւաբար տագնապող եւ հսկողը հետեւեալ հաստատելով` մեղմօրէն յիշեցուց:
«Տղա՛ս, արդէն առաւօտեան ժամը երեքն է. ինչո՞ւ տակաւին արթուն ես, հոգ տար առողջութեանդ. ե՛լ, ե՛լ, քիչ մը քնացիր, վաղը գործի գլուխ պիտի ըլլաս…»:
Իմ այս ներկայ գրութենէս օգտուելով, կը փափաքիմ խոնարհիլ` գորովի մարմնացում մօրը յիշատակին առջեւ:
Յակոբ Կիւլոյեան, մօրը հանդէպ իր զգացած երախտագիտութիւնը վեհ պաշտամունքի հասցնող մարդը, ուրիշ մոլորակէ մը երկիր ուղարկուած անկասելի յանձնառութեամբ յագեցած հայը, հետեւեալ դիպուկ պատասխանը կը ձեւակերպէ` տագնապով սպասող մօրը.
«Մայրի՛կ ջան, կեանքի պատմութիւնդ գրելով պիտի ասմունքեմ, թէ ինչպէ՛ս ջարդերէն ու սպանդէն, անօթի ծարաւ վերապրեցար, Երուսաղէմ ապաւինելդ կը նկարագրեմ»:
Քիչ մը ամէն հայու ճակատագրին մաս կը կազմէ վերոնշեալը:
Այսպէս ճանչցայ ահեղագոռ ասմունքի հսկան, 1952-ին, Հայ Ճեմարանի կաղներու շուքին ճեմելով…:
Արդարեւ, Յակոբ Կիւլոյեան, կանուխէն հօրմէն որբացած հայորդին, կը ծնի Քրիստոսաէջ Երուսաղէմ եւ ազգապատկան հայկական թաղամասի համեստ տան մը մէջ կ՛ուռճանայ եւ կը զարգացնէ: Իր մտային կարողութիւնները` համակ գորով, ու հրեշտականման պահապան մօրը` տեւական խնամքին յանձնուած:
Յակոբ Կիւլոյեանը օր մը երախտագիտական սրտբաց, յուզումնախառն անկեղծութեամբ` բացաւ իր «մանկական» սիրտը անձիս առջեւ, եւ հաստատեց հետեւեալ քաղցր պատմութիւնը.
«Երուսաղէմի հայապատկան վանքին մէջ, համեստ տան մեր ճաշի սեղանին վրայ, միշտ բաց կը պահուէր «Սուրբ Գիրքը» ու ամէնօրեայ մեր ճաշերը, առանց աղօթքի երկնային օրհնութեան անկարելի է որ սկսէին…:
Մայրս մեզի գոց սորվեցնելով արտասանել կու տար մեր դարաւոր ու փառահեղ եկեղեցիին Աստուածառաք Շարականներն ու բանաստեղծական թռիչքով յօրինուած աղօթքները` Նարեկացիի «Ի խորոց սրտի խոկումները», «Առաւօտ Լուսոյ» Արեւի պաշտամունքը, «Տէր, եթէ զշրթունս իմ բանաս, բերան իմ երգեսցէ զօրհնութիւնս քո», «Էջմիածին ի հօրէն», եւ Պատարագի հոգեխռով թովչանքով ոգեղինացած Նարեկէն` «Ի խորոց սրտի ապրումները»:
Ահա, այսպիսի ազգային ու մարդկային խո՜ր ապրումներով, ու բարձրօրէն հայատրոփ մթնոլորտի մը մէջ հասակ առաւ, կազմաւորուեցաւ եւ մինչեւ մահը մնաց նոյն, յաւէտ «խենթ» ու յանձնառու հայը: Ան երկինքէն` երկիր, յատուկ առաքելութեամբ, «Հայաստան լեռնաշխարհ» ուղարկուած էր` տագնապելու, տագնապեցնելու, տեւաբար ահազանգելու` հայութեան դարաւոր «Գողգոթայի խաչը»` հպարտօրէն շալկած, մարդկութեան քաղաքակրթան երթին դրական նպաստ բերելու եւ «Բարձրանալով համեստանալու եւ Անանձնական ուրախութեամբ բարձրացնելու:
Ընդոծին բացառիկ համեստութեամբ, անհունօրէն բարի, մանկական խանդավառութեամբ, բեմերու լուսարձակներէն հեռու, քուլիսային ներկայութեամբ կ՛ուրախանար, կը քաջալերէր ու կը հպարտանար` մշակոյթի դարպասէն ներս, իր ներկայութիւնը աւետող որեւէ նորափթիթ յանձնառու հայ նուիրեալի մը երեւումը:
Պատմութեան համար պիտի բացայայտեմ անձնական «գաղտնիքներ», որոնք անքակտելիօրէն կամրջուած են իմ լինելութեանս հետ:
Տասնամեակներով, 1953 թուականէն սկսեալ, բարեդէպ հանդիպումներ` Հայ Ճեմարանի տաճարէն ներս, Անթիլիասի մայրավանքի բակին մէջ, մշակութային այլազան ձեռնարկներու ընթացքին, եւ վերջապէս… «Սէֆիի պատմական` «Արտագերս» ամրոցէն ներս, իսկ վերջին քանի մը տարիներուն` հեռաձայնային մրցանշային «Կինէսեան» կապերով, եւ անվերջանալի խօսակցութիւններով` համեմուած մշակութային այլազան յաջողութիւններով, վերանկախ «հպարտ» Հայաստանէն մեր ակնկալիքները ձեւակերպելով, ու ակամայ սփիւռքի յանձնառու զաւակներուս եւ հայորդիներուս արդար պոռթկումները կրկնելով, եւ հայրենի մեր «Արի եւ հպարտ» իշխող դասէն` աւելի դրական, ու աւելի գործնապաշտ առաքելութեանց եւ պաշտօններու մասնակցութեան վերաբերում կը սպասէինք: Որովհետեւ, եւ վերջին հաշուով, Արտերկրի հայերը «նարնջենիներու պարտէզներ մշակողներ, եւ… ո՛չ ալ անշահ «նարինջ ուտող» թեկնածու սփիւռքահայեր եւ ո՛չ ալ ագարակներու մէջ «կթան կովեր» բուծանողներու հասարակութիւն:
Սփիւռքահայերը` Կիւլոյեաններու օրինակով, բուռ մը կորիզ Հայաստանը հզօրացնող անհրաժեշտ ազդակներ են, հայրենադերձ հայորդիներու, ներգաղթի զանգուածային կարաւաններու պատրաստ փաղանգներ:
Կիւլոյեան Յակոբին հետ հոգեհարազատ սրտակցութիւն էին իմ յարաբերութիւններս… այս «տարօրինակօրէն «խենթ» անհատականութեան հետ, յար նաւարկում մը` մշակութային ու հայրենական անանձնական ապրումներու, եւ քաղցր յուշերու երազային պարտէզին մէջ, Հայ Ճեմարանի սոսկական ուսանող անձիս եւ Ասմունքի ասպարէզին մէջ` արդէն արքայավայել դիրք գրաւած համեստ հսկային միջեւ:
Հայ Ճեմարանի մտքի տաճարին մէջ, պատկառելի եւ անցեալ ունեցող մտաւորական դէմքերու մտերմութեամբ լիցքաւորուած, եւ անոնց հայրենի սիրոյ հետքերով` գրականութեան, մշակոյթի եւ գիրի տակաւին անազատ երկրին հողին հանդէպ անսակարկելի պաշտամունքով տակաւ լիցքաւորուելու մակարդակին, գիրի եւ գրականութեան նոր բացուող երիտասարդի հպարտանքով, անյագօրէն կ՛ըմպէի` հայրենապաշտ «խենթ» Կիւլոյեանի մշակոյթի մշտահոս ակէն: Կարօ Սասունի գրականութեան սիրելի ուսուցիչիս բառերով` «Ասմունքի հսկան» Յակոբ Կիւլոյեան` արծուային իր լա՜յն թեւերը հովերուն տուած, հայկական լեռնաշխարհի կապոյտ երկինքներէն` հայրենի երկրի տարածքին` կարկինը լա՜յն բացած խարիսխ Արարատին, խստաբիբ կը հսկէր… հայրենազուրկ սփիւռքահայու տառապանքով:
Կրկին պատմութեան համար, անձիս ներկային հետ սերտօրէն առնչուող «գաղտնիք» մը եւս կը փափաքիմ բացայայտել: Արդարեւ, եթէ Կիւլոյեան Յակոբին անկասելի քաջալերանքը եւ շեշտակի կրկնուող յիշեցումները չըլլային, շատ հաւանաբար երբեք ալ զոյգ գիրքերս լոյս չտեսնէին` «Յաւերժի ճամբորդ հայը» եւ «Անվերջակէտ առճակատում ցեղասպան թուրքին հետ», որոնց բովանդակած գրութիւններէն նկատառելի թիւ մը, առաջին ժայթքով` Կիւլոյեանին առողջական պարագաներուն բերումով, խանդավառ ընթերցուած են հսկային` հեռաձայնային անվերջանալի մշակութայորդ խօսակցութեանց ընթացքին… որոնք շատ յաճախ` առանց անդրադառնալու, կրնային տեւել… կէս ժամէն աւելի, ապահովաբար մէկ ժամ:
Արդէն, յայտնի իրողութիւն էր. Կիւլոյեանին պարզ «բարի լոյս» մը մաղթել, եւ կամ «թանկագին որպիսութիւնը» հարցնել… ակամայ փոխադարձ վերացումով` կը տեւէին… վստահօրէն երկա՜ր վայրկեաններ, չըսելու համար, սահող թանկագին ժամեր:
Յաճախակիօրէն, նման պարագաներուն, ժամանակը կանգ կ՛առնէր` մշակոյթի մասին մեր վերլուծումներու մշտահոս ջրվէժէն, եւ քաղաքական գնահատումներով սփիւռքահայ յանձնառուներուս արդար սպասումները:
Այլեւս անդարձ յուշ դարձաւ բարձրագոռ ձայնով` իր անվերջանալի սրտէ-սիրտ նաւարկումները, եւ ժամեր տեւող մեր հեռախօսային պոռթկումները:
Օտար հողին դարձաւ հողեղէն Յակոբ Կիւլոյեան ասմունքի կախարդը:
Եւ սակայն կը շարունակուի այս մոլորակէն` արդէն սկսուած Կիւլոյական Յակոբի արծիւային Յաւերժի անվերջակէտ ճամբորդութիւնը:
Ցտեսութիւն` բացառիկ ու կարծեցեալ «խենթ» Կիւլոյեան Յակոբ` յանձնառու հայու խորհրդանիշ եւ ասմունքի կախարդ իշխանին:
Պէյրութ, 27/11/2016