ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
… Ձեզնից կոյր են նրանք, որ չեն ընդունում Տաճկաստանի գործի կարեւորութիւնը եւ կովկասեան հարցի անհրաժեշտութիւնը. դա դէմ է յեղափոխութեան, դա կոյր հոսանք է (միհրանական), որ արհամարհում են արեան մէջ խեղդուող ձեր ընկերները, մեզ` թշուառներիս, կենդանի նահատակներիս հարկաւոր չեն նեղ կուսակցականներ, մեզ պէտք են յեղափոխականներ, որ ըմբռնում են ժամանակի պահանջները, որ մտածում են տաճկահայ եւ կովկասահայ ժողովրդեան վրայ հաւասարապէս:
… Մեր արիւնը թող անէծք լինի այնպիսիներին, որոնք կլանուած միմիայն տաճկահայ կամ կովկասահայ դատով, ուզում են քայքայել Դաշնակցութեան հոյակապ կազմակերպութեանը:
ԳԷՈՐԳ ՉԱՒՈՒՇ
Ի. Դ. Դուրան-բարձրաւանդակ Կեդր. կոմիտէի
17 հոկտեմբեր 1906
Երբեմն փոքր ծաւալի նամակ մը կ՛ընդգրկէ այնքան խորիմաստ պատգամ, որքան հարիւր էջ բովանդակող գիրք մը: Խօսքը բաղդատական եզրեր գտնելու մասին չէ, ոչ ալ գնահատական-արժեւորում կատարելու միտում կ՛ենթադրէ, այլ նամակի մը ծիրին մէջ, անպաճոյճ լեզուով գրուած, եւ սակայն տուեալ ժամանակին շունչն ու ոգին փոխանցող մտածողութեան կը վերաբերի:
Այո՛, դաշնակցականի մտածելու եղանակին:
Արդ, եթէ երբեք տուեալ ժամանակի ամբողջ հոգեկանութիւնն ու խոհական տարածքը արտացոլացնող մտածելու եղանակի հարցն է, որ կը շեշտադրենք, իբրեւ ուղենիշ հետագայ գործունէութիւններու ձեւաւորման, ապա քաջ հաւատացողն ենք, որ նման ճանապարհ կը ծառայէ դաշնակցական կեանքի առաւել ամրապնդման:
Ի դէպ, դաշնակցական գրականութեան ոսկեայ էջերը յագեցած են նմանատիպ նամակներու, զեկուցումներու, յուշերու եւ վկայութիւններու առատութեամբ:
Փաստօրէն, նման պատմագրական արժէքներ` պատկառելի հատորներու ծածկին տակ անպակաս են եղած հայ կեանքէն ու մթնոլորտէն:
Այլ հարց, որ սերունդէ-սերունդ ժառանգուած նման վաստակ եւ մտքի լոյսի ճարճատիւներ թէեւ պարբերաբար կը տողանցեն դաշնակցական մամուլի էջերուն եւ հազուադէպօրէն` ամպիոններու թէ բանախօսութիւններու ընթացքին, բայց եւ այնպէս խորքին մէջ այս օրերուն, հրամայական պահանջէ թելադրուած եւ կեանքի իսկ պարտադրանքին ընդառաջ, հարկ է զանոնք վերակենդանացնել ակունքներու վերադարձի ճամբով:
Այլապէս, ըսել ուզուածը այն է, որ աւելի քան երբեք պարտաւոր ենք վերաթարմացնել եւ վկայակոչել դաշնակցական գիրն ու գրականութիւնը, անգիր օրէնքներու հարստութիւնը, նուիրումի, անձնազոհութեան, ընկերասիրութեան, գաղտնապահութան, լռակեացութեան, կողմնորոշումի եւ գաղափարայնութեան իւրայատուկ հայեցակարգը, բայց մանաւանդ` դաշնակցական գործելակերպի անփոխարինելի աւանդը:
Իրօք, եզակի աւանդ մըն է դաշնակցականի գործելակերպը, որ էապէս կը զատորոշուի իր հայրենապաշտութեամբ, ժողովրդասիրութեամբ եւ մարդկային անբասիր բարեմասնութիւններու շեշտակիութեամբ, յայտնապէս, փառամոլ եւ ինքնագոհ կեանքէ զերծ մնալու վճռակամութեամբ:
Ահաւասիկ, բոցկլտող եւ գերազանցապէս դաստիարակիչ օրինակ մըն է վերեւ յիշուած գողտրիկ նամակը, որ գրուած է դաշնակցական անկրկնելի հսկայի մը ձեռամբ եւ ուղղուած իր զէնքի ընկերներուն: Նամակ մը, որ կը վերաբերի դէպքի մը, որ սակայն իր մէջ կը բովանդակէ ուսանելի խորհուրդներ:
Շեշտեցինք ժամանակահատուածին վրայ, ըսելու համար, որ քաղաքական ու զինուորական թէժ վերիվայրումներու տարիներ էին (1905-6-7)` հայ-թաթարական կռիւներ, «Կովկասեան նախագիծ», «միհրանական» շարժում, «աջ»-ի ու «ձախ»-ի հարցեր, ՀՅԴ 4-րդ Ընդհանուր ժողով նախօրէ եւ այլն, որոնք ուղղակիօրէն ճնշումի ենթարկած էին մեր կուսակցութիւնը, նոյնիսկ պառակտումի տանող կացութիւններ, կեցուածքներ եւ մօտեցումներ կը լսուէին շուրջ բոլոր:
Եւ ահա, նման ահաւոր վիճակներու կիզակէտին կը յայտնուէր դաշնակցական գաղափարի ու գործելակերպը հաւատացողներու փաղանգ մը, որուն ճիշդ կողմնորոշումով եւ յստակատեսութեամբ կը փրկուէր ՀՅ Դաշնակցութիւնը:
Ի դէպ, բոլոր ժամանակներուն ալ դաշնակցական ընկերներ եւ նորահաս սերունդներ մտահան պէտք չեն ընեն իրողութիւն մը անսեթեւեթ, որ վերոնշեալ փաղանգին մաս կը կազմէին այնպիսի ուժեղ անհատականութիւններ եւ տիտան հեղինակութիւններ, որոնց գագաթին, աներկբայօրէն հարկ է խարսխել Ռոստոմի նման մեծութիւն մը, որուն շնորհիւ աննման մեր կազմակերպութիւնը կը յաջողէր շրջանցել ամէնէն դաժան մարտահրաւէրներն անգամ:
Յիրաւի, հեղինակաւոր եւ դաշնակցականակերտ մօտեցումի եւ կեցուածքի դաւանանք պէտք է նկատել Գէորգ Չաւուշի ու իր նմաններուն հաւատամքը հաստատագրող վերոնշեալ մտքերը, որոնց կարօտը կ՛ապրինք ամէն օր:
Դաւանանք, որ կը բնորոշուի դաշնակցական մտածելակերպի եզակիութեամբ եւ բարձր գիտակցութեամբ գործելու եղանակով:
Այլապէս ի՛նչ բանի կը ծառայեն այն բոլոր խօսքերը, որոնք փառքը կը հիւսեն մեր անցեալին, կամ շեշտը կը դնեն ներկայի ու ապագայի կուսակցութիւն ըլլալու հանգամանքին վրայ:
Փաստօրէն, ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր ծնունդէն ի վեր, եթէ երբեք կրցած է տոկալ ու շրջանցել ստեղծուած արուեստական թէ ճգնաժամային արգելքները, ապա ատիկա շնորհիւ երկու հիմնական արժէքային համակարգի: Նախ` ազատ, անկախ ու միացեալ հայրենիք կերտելու երազանքին (ՀՅԴ «Ծրագիր»), ապա` այդ երազանքին շունչ ու ոգի, սէր ու կենդանութիւն ջամբելու գաղափարայնութեան (ՀՅԴ «Կանոնագիր»):
Յաճախ ըսած ենք ու կը կրկնենք, որ ՀՅ Դաշնակցութեան ամեակներու նշումը ինքնացուցադրման համար չեն, այլ հայ ժողովուրդին ներկայանալու, առերեսուելու եւ գիտակցական հաշուետուութիւն կատարելու պատեհ առիթներ են: Սա ինքնին յաւելեալ ապացոյց մըն է, որ ազգային գաղափարախօսութեամբ եւ աշխատանքի իւրայատուկ ոճով առաջնորդուող կուսակցութիւն մը չի կրնար այլ կերպ հունաւորել իր կեանքն ու գործունէութիւնը:
Սա արդէն շարունակուող աւանդոյթ մը եղած է, որուն պէտք է կառչիլ առյաւէտ:
Այսուհանդերձ, համաշխարհայնացման ներկայ փուլերուն եւ ստեղծուած քաոսային վիճակներուն դէմ-յանդիման, կայացած պետութիւններ անգամ կը դիմագրաւեն գոյութենական պայքարի բազմերանգ մարտահրաւէրներ:
Բոլորիս ծանօթ աշխարհահամակարգ մը սկսած է ձեւաւորուիլ, որուն հրէշ ազդեցութիւնը աւերներ կը գործէ ընկերային-հասարակական կեանքին թէ ընդհանրապէս երկիրներու վրայ: Արհեստագիտութիւնը իր նորարար եւ շինիչ առաւելութիւններուն առընթեր, սկսած է մեքենայացնել մարդ արարածին միտքն ու հոգին: Դրամատիրական, կամ այսպէս ըսած «լիպերալիզմ»-ի նորովի ըմբռնումները կ՛արշաւեն` ահ ու սարսափի մատնելով մարդկութեան առօրեան: Ազգային մշակոյթի արժէքներ եւ գաղափարախօսական աշխարհահայեացքներ ենթակայ են ուղղակի ճնշումի եւ յարձակման:
Ուստի, ի՞նչ ընել եւ ինչպիսի՞ գործելակերպեր որդեգրել նման կացութիւններու դիմաց: Հայոց պետականութեան ամրակայման լծուած աշխատանքին առընթեր, ազգային ուխտի եւ գաղափարական մշակոյթի տէր կուսակցութիւններ, արդեօք բաւարարուա՞ծ պէտք է զգան պահելով իրենց դասական գործելակերպերու շքերթը:
Բազմաթիւ անգամ շեշտած ենք ու վերստին կ՛ընդգծենք, որ, գաղափարական կուսակցութիւններ իրենց սնունդը բացառաբար կը ստանան իրենց ակունքներէն: Անոնք պարտաւոր են տիրութիւն ընել այդ եզակի գանձին, ըմբռնեն անոր մեծութիւնը եւ լծուին նորովի հարստացման, այլապէս, ինչպէ՛ս պիտի կարենանք հակադարձել մեր դիմաց ցցուող բազում դժուարութիւններու:
Այս առումով, ի զուր չէ, որ շատ անգամ կը լսենք ՀՅ Դաշնակցութեան համակիր զանգուածէն, որ, ճանչնալով անցեալի պատմութիւնն ու ցարդ շարունակուող իրաւ գործելակերպերը, կ՛ըսեն. իրապէս որ դաշնակցականի սիրտը տարբեր կը տրոփէ: Սա կը նշանակէ, թէ դաշնակցական աւանդներու քաջատեղեակ հայութիւնը միշտ ալ ակնկալութեամբ եւ մեծ ոգեւորութեամբ կը սպասէ իրաւ աշխատանքի, մօտեցումի եւ անշահախնդիր ծառայութիւններու:
Այս հասկացողութենէ թելադրուած, հայ կեանքէն ներս թէ միջազգային մակարդակի հարթակներու վրայ, դաշնակցական գաղափարի, որակի, ըմբռնումի եւ կեցուածքի օրինակները պէտք է անպակաս ըլլան, աւելի՛ն. քաջալերուին եւ ստոյգ արժանանան բոլորին գնահատանքին:
Մեր կուսակցութեան դաւանանքին կորիզը աննման տղոց եւ ղեկավարներու արեամբ ջրդեղուած է յանուն հայրենիքի ու ժողովուրդի պաշտպանութեան: Այս տրամադրութենէն եւ տրամաբանութենէն թելադրուած կրնան քաջաբար յայտնել, որ, տեսլականի տէր յեղափոխական կազմակերպութիւններ իրաւունքը չունին ապրելու ինքնամփոփ եւ վերաորակաւորման կշռոյթէ հեռու:
Միւս կողմէ, այլակարծութիւնն ու քննական մտքի զարգացումը ամենաէական դրոյթներն են ինքնապաշտպանական համակարգի ձեւաւորման մէջ:
Դաշնակցականի հեղինակութիւնը, գործելակերպի հմայքն ու արդարամիտ կեցուածքը, լաւագոյն գործօններն են յառաջդիմութեան եւ գործի յաջողութեան: Փաստօրէն, հեղինակաւոր անձն է միայն, որ իր շուրջը պիտի կարենայ համախմբել հարազատ ու գաղափարական տարրեր, որոնց միասնական ուժին ապաւինած պիտի կարենայ դէմ դնել ամէն ոտնձգութեան թէ թշնամի յարձակումի:
Այլ խօսքով, հաւաքական կեանքի մէջ իրաւ ժողովրդավարի մթնոլորտն ու ազատ ընտրապայքարի մօտեցումները յաւելեալ պատնէշներ են փրկելու կորիզը, որ կրնայ ամէն քայլափոխի այլազան ցնցումներու ենթարկուիլ:
Այո՛, բոլոր ժամանակներէ աւելի ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր հարազատ պատմութենէն ուժ առնելու եւ ներկայի աշխատանքները հունաւորելու հրամայական պահանջին դիմաց կը գտնուի: Կեանքի նորովի փոթորիկներուն դիմաց, թշնամի թէ բարեկամ որոգայթներ դիմագրաւելու, ինչպէս նաեւ ինքնաբիւրեղացման գործընթաց ապահովելու համար, մեր կազմակերպութիւնը յանդգնութեամբ եւ արութեամբ պէտք է առճակատի ստեղծուած ներքին ու արտաքին կացութիւններու հետ:
Ինչպէս անցեալին, նաեւ այս օրերուն, ՀՅ Դաշնակցութիւնը ի վիճակի է դուրս գալու ե՛ւ յաղթական, ե՛ւ աւելի ուժեղ: Ինքնագոհ եւ ինքնամփոփ երեւոյթներ չեն կրնար ներդրում ունենալ առկայ հսկայական աշխատանքներու հունաւորման մէջ:
Արդ, ո՞վ կրնայ ուրանալ դաշնակցական գործելակերպի ինքնուրոյնութիւնը հաստատագրող ճշմարտութիւններ, ո՞վ կը համարձակի լուսանցքայնացնել հզօր կազմակերպութեան ներդրումն ու վաստակը յանուն Հայաստանի կերտումին եւ ազգային տենչերու իրագործումին: Ո՞վ իրաւունքը ունի արժեզրկելու դաւանանք մը, գաղափարական տաճար մը, հայրենապաշտութեան դպրոց մը:
Իրաւութեամբ թաթաւուն խօսք է այն, որ յաճախ լսելի կը դառնայ ամէն պատեհ առիթի, թէ` երբ միայն անցեալի յիշատակներով կ՛ապրի հաւաքականութիւն մը, երբ մենք մեզ կը բանտարկենք անցեալի փառքի օղակներուն մէջ, երբ հինին վրայ նորովի շունչ եւ կայտառ հոգեկանութիւն չեն գումարեր կազմակերպութիւններ թէ միութեան հաւատաւոր անհատներ, երբ անցեալի շտեմարանը կը մսխուի յումպէտս, սա կը նշանակէ, որ անոնք բոլորը կը գտնուին ինքնալուծարման ճանապարհին, ուշ կամ կանուխ:
Սակայն, ի փառս դաշնակցական պատմութեան, գաղափարական աշխարհին ու գործելակերպի հմայքին, նման փորձութիւններ հեռու կը մնան հայ իրականութենէ, որովհետեւ ամէն բացթողումէ եւ աշխատանքային սխալ ուղղութենէ ետք, տեղի կ՛ունենայ, պէ՛տք է ունենայ ինքնասրբագրումի պատեհութիւն, բայց մանաւանդ` իրաւ հաշուետուութիւն:
Դաշնակցութեան օրը ա՛յս կը պահանջէ մեզմէ առանձնապէս: