Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

2017-ի Դրութեամբ Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրող Երկու Կիներ Կ՛ապրին Քանատայի Մէջ

Յունուար 25, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակէն ետք, Քանատայի «Հորիզոն» շաբաթաթերթի առցանց ամէնօրեայ բաժանմունքի խմբագրակազմը իր հետազօտութիւններուն ընթացքին ի յայտ բերաւ, որ 2017-ի յունուար 23-ի դրութեամբ Քանատայի մէջ կան երկու վերապրողներ` 102-ամեայ Էօժէնի Գոգորեան եւ 104-ամեայ Սիրվարդ Քիւրտեան: «Հորիզոն»-ի խմբագրութիւնը կապ հաստատեց անոնց զաւակներուն` Ժիրայր Գոգորեանի եւ Յասմիկ Քիւրտեանի հետ, որոնք հաստատեցին, որ 23 յունուար 2017-ի դրութեամբ իրենց մայրերը ողջ են: Ստորեւ կը ներկայացնենք երկու վերապրողներուն հակիրճ կենսագրութիւնն ու Մեծ եղեռնի ոդիսականը:

Տարագրութեան ճանապարհին ծնած հայուհին` Էօժէնի Գոգորեան

Էօժէնի Գոգորեան ծնած է Սեւ Ծովի Սամսոն քաղաքին մօտ, 1915-ի մայիսին:

Սամսոնի տեղահանութեան ժամանակ, խումբ մը հայուհիներ կ՛ապաստանին Սամսոնի մօտակայ քարայրի մը մէջ: Էօժէնիի մայրը յղի էր իրմով: Թաքստոցէ-թաքստոց ապաստանելու ընթացքին կը ծնի Էօժէնին:

Կարգ մը կիներ Էօժէնիի մօր կը յայտնեն, որ երեխայով բեռնաւորուած պիտի չկարենայ արագօրէն հետեւիլ փախստական խումբին եւ կը թելադրեն, որ նորածինը թողու անտառին մէջ եւ ինք իր կեանքը ազատէ: Էօժէնիի մայրը կը մերժէ եւ երեխան գրկած կը շարունակեն ճամբան: Մայրը փախուստի ճամբուն վրայ կը մահանայ: Էօժէնիի մեծ մայրը, գրկելով որբացած նորածինը, կը շարունակէ տարագրութեան ճամբան:

Էօժէնի Գոգորեան կը մեծնայ մեծ մօր խնամքին տակ: Շրջան մը կ՛ապրի Սամսոնի որբանոցին մէջ,  ապա կը փոխադրուի Յունաստանի մէջ որբանոց մը: Մեծ մօրը հետքը կը կորսուի: Քանի մը տարի Յունաստան մնալէ ետք կը փոխադրուի Եգիպտոս, ուր կ՛ամուսնանայ Կարապետ Գոգորեանի հետ: 70-ականներուն կը հաստատուի Քանատա:

Գոգորեան Մեծ եղեռնի օրերու իր ոդիսականին մասին տեղեկացած է իր զարմիկէն:

Էօժէնի Գոգորեան ունի 5 զաւակ, 9 թոռ եւ 11 ծոռ:

 

Որբանոցներու մէջ հասակ առած հայուհին` Սիրվարդ Քիւրտեան

Սիրվարդ Քիւրտեան ծնած է Էրզրում, 1912-ին: Ջարդերու ատեն անոր հայրն ու հօրեղբայրը կը սպաննուին:

Տարագրութեան ընթացքին վեց ամիս քալելէ ետք, Սիրվարդի կարաւանը կը հասնի Մուսուլ, ուր առժամաբար կը հաստատուին: Պատերազմի աւարտէն ետք Սիրվարդի մայրը իր ընտանիքը կը փոխադրէ Հալէպ:

Սիրվարդ տարբեր որբանոցներու մէջ կը դրուի: Որբանոցներուն մէկուն մէջ ան կը վարակուի բորոտութենէ, որուն պատճառով տեսողութիւնը կորսնցնելու եզրին կը հասնի, սակայն կ՛ապաքինի:

15 տարեկան հասակին կ՛ամուսնանայ էրզրումցի այլ որբի մը` Խաչիկ Քիւրտեանի հետ:

Սիրվարդ այժմ կ՛ապրի Թորոնթօ: Ունի 4 զաւակ, 7 թոռնիկ եւ 4 ծոռ:

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 108-ամեայ Վերապրող Քնար Եմենիճեան Իր Մահկանացուն Կնքեց Մոնրէալի Մէջ

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?