ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Ազերիական բանակներուն իրերայաջորդ յարձակումներուն ալիքները կը փշրուէին արցախեան պաշտպանողականին դիմաց, որ ամէն օր եւ ամէն ժամ սուղ վճարելով կը տոկար յարաճուն ճնշումներուն տակ:
Արցախի հիւսիսային գօտիները եւ յատկապէս Քելբաջարի ու Մարտակերտի ճակատները 1994-ի յունուարի վերջին օրերուն դարձած էին տաք ռազմադաշտ:
Ազերիական բանակները հետեւողական եւ իրերայաջորդ յարձակումներ գործեցին Քելբաջարի, Մարտակերտի, Մարտունիի եւ Հատրութի ուղղութեամբ: Մարտունի եւ Հատրութ ռմբակոծուեցան «Կրատ» տիպի հրթիռներով: Իսկ Ասկերան թիրախ դարձաւ օդանաւային յարձակումներու:
Քելբաջարի ճակատին վրայ ազերիական ճնշումներուն ստեղծած գեր-լարուածութիւնը արտայայտութիւն կը գտնէր նաեւ Հայաստանի մօտակայ շրջաններուն վրայ ազերիական յարձակումներուն յաճախակիութեամբ:
Ազերիական հրետանին յունուար 27-ին սաստկօրէն ռմբակոծեց Հայաստանի արեւելեան Վարդենիս քաղաքին մօտակայ շրջանները: «Կրատ»-ներ արձակուեցան Զոդ գիւղին վրայ, իսկ «Սուխոյ 25» տիպի օդանաւեր խզեցին Հայաստանի օդային տարածութիւնը եւ ռումբեր արձակեցին Զոդի վրայ: Զոդ կը գտնուի Քելբաջարի անմիջապէս արեւմուտքը: Հայաստանի սահմանապահ ուժերու հակաօդայինները վար առին ազերիական օդանաւ մը եւ արգելք եղան, որ անոնք չկարենան բնակուած շրջաններ ռմբակոծել:
Մօտակայ Քելբաջարի ճակատը կը մնար գեր-լարուած: Ազերիական բանակները մեծաթիւ գունդերով իրերայաջորդ յարձակումներ գործեցին հայկական դիրքերուն վրայ: Հայկական ուժերը կասեցուցին ազերիական խոր թափանցումներու բոլոր փորձերը:

Յաջորդող օրերուն Պաքու պատերազմի դաշտ նետեց իր պահեստի բոլոր ուժերը, անկախ վարձկաններու տրամադրած աջակցութենէն: Ազերիական ուժերը ի զուր փորձեցին խորտակել Արցախի պաշտպանութեան գիծերը, որոնք կը մնային ամուր: Ամէնէն մեծ ճնշումը բանեցուեցաւ Քելբաջարի հիւսիսային գօտիին մէջ: Արցախի պաշտպան ուժերը ոչ միայն յաջողեցան զսպել յարձակումները, այլ նաեւ անցան հակայարձակումի: Փետրուարի սկիզբը ռազմաճակատներուն վրայ որոշ չափով հաւասարակշռութիւն ստեղծուեցաւ: Ազերիները մարդկային եւ զինական հսկայական կորուստներ տուին:
Հայտար Ալիեւ օրին յայտարարեց, որ եթէ հայկական ուժերը հեռանան «ազերիական հողերէն», ինք պատրաստ է երաշխաւորելու արցախաբնակ հայերու կեանքի ապահովութիւնն ու ազերիներու համահաւասար իրաւունքները:
***
Ամերիկեան Մեկաօյլ ընկերութիւնը բազմամիլիոն տոլարներու շուրջ կը բանակցէր Ազրպէյճանի հետ, շահարկելու համար Կասպից ծովու քարիւղի անոր հանքերը: Մեկաօյլ նաեւ ազերի զինուորներ կը մարզէր Հայաստանի դէմ կռուելու եւ բարձրաստիճան քաղաքագէտներու սեփական զօրամասերը զօրացնելու համար:
Մեկաօյլ ընկերութեան գործաւորները Միացեալ Նահանգներու բանակայիններ էին, որոնք կը մարզէին Ազրպէյճանի ուժերը:
Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերու նախկին ծառայողներուն արգիլուած էր օտար պետութիւններուն զինուորական ծառայութիւններ մատուցել:
Մեկաօյլ ընկերութեան նախագահը` Կէրի Պէսթ հրաւիրուեցաւ արտաքին գործոց նախարարութիւն, զեկուցելու համար թէ ինք «ի՞նչ ընել կ՛ուզէ Ազրպէյճան»: Սակայն Պէսթ չընդառաջեց նախարարութեան հրաւէրին եւ ոչ ինք եւ ոչ ալ Մեկաօյլը կարելի եղաւ հետապնդումներու ենթարկել:
Մեկաօյլ ընկերութիւնը առաջին անգամ Ազրպէյճանի մէջ երեւցած էր 1991-ին, Այազ Մութալիպովի իշխանութեան օրով, Պաքուի քարիւղի հորերուն արտադրութիւնը բարելաւելու համար:
Մեկաօյլ կապեր ունէր զօրավար Ռիչըրտ Սեքորտի հետ, որ զէնքի միջազգային վաճառական մըն էր եւ 1980-ական տարիներուն մեղսակից էր Իրան-Քոնթրա գայթակղութեան:
Մեկաօյլի գործունէութիւնը շարունակուեցաւ Ապուլֆէզ Էլչիպէյի իշխանութեան օրերուն:
Մեկաօյլի գործունէութիւնը Ազրպէյճանի մէջ աշխուժացաւ Հայտար Ալիեւի իշխանութեան գլուխ հասնելէն ետք: Սակայն վարձկանները չյաջողեցան բարելաւել Ազրպէյճանի բանակին պատերազմելու կարողութիւնը:
***
Ազրպէյճանական բանակի շարքերուն մէջ աֆղան մուճահէտներու առկայութեան մասին վաւերական նիւթեր ու փաստաթուղթեր սկսան յայտնաբերուիլ:
Աֆղան մուճահէտներու գործունէութիւնը կարգաւորելու համար ազրպէյճանական բանակի հրամանատարութիւնը պատրաստուած էր 1993-ի ամրան: Առաջին հերթին, պահեստի ուժերէն զօրակոչուեցան պարսկերէն գիտցող յիսուն զինապարտ-թարգմանիչներ, որոնք ուղարկուեցան 160-րդ զօրամասի հրամանատարի տրամադրութեան տակ: Սակայն զօրակոչուած յիսուն թարգմանիչներէն զօրամասի տրամադրութեան տակ ներկայացած էր 26 հոգին, որոնցմէ 13-ը յետոյ լքած էին զօրամասը: Դասալքութեան դէպքերը հետզհետէ աւելի յաճախակի դարձած էին: Պարսկերէնի 15 թարգմանիչ-սպաներ դասալիք դառնալով զինուորական դատարան ուղարկուեցան:
Աֆղան մուճահէտներու Ազրպէյճան մուտքը առաջին անգամ յիշատակուած է 1993 օգոստոս 15 թուակիր փաստաթուղթով: Առաջին անգամ մուտք գործած էին 522 մուճահէտներ, որոնց թիւը յետոյ հասաւ հազարի:

Ազրպէյճանական բանակի օրին պատրաստուած զեկոյցին համաձայն մուճահէտները մարտականօրէն տրամադրուած էին, լաւ յարաբերութեան մէջ էին տեղացի ազերի բնակչութեան հետ եւ յաճախ թարգմանիչներու ուղեկցութեամբ կ՛այցելէին շրջակայ քաղաքներ ու գիւղեր:
Սակայն աւելի ուշ վիճակը փոխուեցաւ եւ վարձկան մուճահէտները դարձան չափազանց պահանջկոտ: Ազրպէյճանական բանակի հրամանատարութիւնը սկսաւ հասկնալ, որ մուճահէտներ պահելը սուղի պիտի նստի: Ազրպէյճանական բանակի սպայակոյտի պետին ուղղուած զեկոյցի մը մէջ կ՛ըսուէր, որ աֆղանները պահելու համար անհրաժեշտ ծախսերէն բացի մուճահէտները կը պահանջեն սուղ, դժուար ճարուող մթերքներ, ինչպէս` մեղր նախաճաշի համար, հաւ, ձկնորսութեան համար անհրաժեշտ իրեր, կաթնամթերք, ինչպէս նաեւ շամփուրներ խորովածի համար, ֆիլթրով սիկարէթներ, կօշիկի ներկ, մարդատար ինքնաշարժներ եւ բժշկական սպասարկման որակի բարձրացում: Կը խնդրուէր միջոցներ ձեռնարկել խնդրանքները բաւարարելու համար, կամ ալ դրամական միջոցներ տրամադրել գնումները կազմակերպելու համար:
Ազրպէյճանի բանակի հրամանատարութիւնը երբ աֆղան մուճահէտներուն աջակցութեամբ չկրցաւ փոխել ռազմական գործողութիւններու ընթացքը, անոնցմէ ջոկատներ կազմեց, որոնք պարտականութիւն ստանձնեցին ազրպէյճանական բանակի նահանջող զինուորներն ու սպաները գնդակահարել:
***

«Ազդակ»-ի 27 յունուար 1994-ի թիւով եւ «Լէյտի Քոքս երկրորդ անգամ ամօթ կը զգայ». խորագիրով ակնարկով պատասխանատու խմբագիր Սարգիս Մահսէրէճեան կը գրէր, որ Լէյտի Քարոլայն Քոքս երկրորդ անգամ ըլլալով ամօթ կը զգայ բրիտանացի մը ըլլալուն, որովհետեւ կը նկատէ, որ իր երկրին կառավարութիւնը առեւտրական շահերը կը գերադասէ մարդկային իրաւունքներու եւ մասնակից կ՛ըլլայ ժողովուրդի մը բնաջնջման զինուորական գործողութեանց:
Մահսէրէճեան կը շարունակէր ըսելով, որ դժբախտաբար երկրագունդի տարածքին պաղ ու տաք տագնապներու ղեկը չի գտնուիր Քոքսերու ձեռքը: Իրենք զիրենք աշխարհի վարիչները կարգած միւսները ասպարէզ կու գան իբրեւ թէ իրենց երկիրներուն շահերը պաշտպանելու, բայց գործնապէս այլ երկիրներուն ժողովուրդներուն կարողականութիւնները յումպէտս վատնելու, «քաղաքական բարձր մակարդակի խաղեր» յառաջ մղելու եւ անոնց ծիրին մէջ, հակառակորդի բերդէն ներս կէտեր նշանակելու մոլուցքով, հոգ չէ թէ այդ խաղերը խաղցուին հնադարեան ու տմարդի տրամաբանութեամբ եւ հետեւանքներով:
Մահսէրէճեան կը շեշտէր ըսելով, որ բրիտանացի, ամերիկացի, աֆղան կամ այլ երկրացի որեւէ վարձկանի Ազրպէյճան ներկայութիւնը արդարանալի պատճառ չունի, չի կրնար արդարացուիլ: Քարիւղի ամէնէն մեծ շահերն անգամ չեն կրնար նուազագոյն համեմատութեամբ պաշտպանել Ֆորէյն օֆիսի վարիչները, որոնք տեղեակ ըլլալով հանդերձ որ լորտ Էրսքին մը անգլիացի վարձկաններու Ազրպէյճան առաքումի գործողութիւն մը կը ղեկավարէր թուրքերու գործակցութեամբ, լուռ հանդիսատես կը մնար:
Մահսէրէճեան կ՛եզրափակէր ըսելով, որ ամօթ պէտք է զգան բոլոր անոնք, որոնք այլազան հաշիւներով անուղղակիօրէն մեղսակից են իրարու, ընդդէմ Արցախի հողն ու ժողովուրդը պաշտպանող եւ այդ նուիրական գործին համար իրենց կեանքն անգամ չսակարկող հայ ազատամարտիկներուն, բուռ մը քաջերու` որոնք լաւ գիտեն, թէ ժամանակակից աշխարհիս մէջ ամօթ, խիղճ եւ մարդկայնութիւն բառերը կը դասուին զգացական եւ ոչ-շահաբեր գաղափարներ, եւ այդ պատճառով, անոնք ընտրած եւ ազերիին ու անոր մեղսակիցներուն հետ խօսելու, անոնց հասկնալի լեզու մը: Արցախն ու անոր հետ ողջ հայութիւնը սուղ կը վճարեն, սակայն ո՛չ այնքան, որքան կ՛արժեն իրաւունքը, հողն ու հայրենիքը:
***

«Ազդակ»-ի 4 փետրուար 1994-ի թիւով եւ «Ո՜վ կը հաւատայ ալիեւեան երաշխիքներուն» խորագիրով նշմարով Մահսէրէճեան կը գրէր, որ Ազրպէյճանի նախագահ Հայտար Ալիեւ հաւաստիք կու տայ, թէ ինք պատրաստ է «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բնակող հայերուն» կեանքի ապահովութեան երաշխիք տալու եւ անոնց ապահովել մարդկային այն իրաւունքները, զորս կը վայելեն ազերիները: Ալիեւ այս երաշխիքներուն փոխարէն կը պահանջէր, որ հայկական ուժերը հեռանան «ազերիական գրաւուած հողերէն»: Ո՛չ, աւելի, ո՛չ պակաս: «Վար առէք ձեր զէնքերը եւ պարպեցէք Ղարաբաղը, որպէսզի զինադուլ հաստատենք»:
Մահսէրէճեան կը շարունակէր ըսելով. աւելորդ է այն հարցումը, որ եթէ հայկական կողմը զէնքերը վար դնէ եւ պարպէ «գրաւուած հողամասերը», Ալիեւ որո՛ւն հետ զինադուլ պիտի կնքէ:
Մահսէրէճեան կը նշէր որո՞ւն իշխանութեան օրով էր, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները յստակ քաղաքականութեան վերածեցին Արցախի հայութեան հանդէպ խտրականութիւնը, հայկական այս հողամասը իր հարազատ զաւակներէն պարպելու նպատակով: Ո՞վ էր Պաքուի վարիչը` 1970-ական եւ 1980-ական տարիներուն, երբ Արցախի մէջ թափ առաւ ազերիներու բնակեցման եւ ազերիական բնակավայրերու բազմացման գործընթացը, եթէ ո՛չ նոյնինքն Հայտար Ալիեւ:
Մահսէրէճեան կ՛եզրափակէր ըսելով, որ քաղաքացիական եւ մարդկային ի՞նչ իրաւունքներու մասին կը խօսէր Ալիեւ, երբ կը յայտարարէր, թէ վճռած է «ամէն գնով» վերատիրանալ «գրաւեալ հողերուն»: Արցախի ազատամարտիկն ու հերոս ժողովուրդը աւելի քան փորձառու են ազերիական քաղաքականութեան նկատմամբ: Անոնք գիտեն որ միայն իրենց բազուկովն է, որ կրնան ապահովել իրենց կեանքն ու իրաւունքները: