ԺԱԳ Յ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ
«Դաշնակցութեան օրուան» տօնակատարութիւնները առիթ են ո՛չ միայն ՀՅԴ-ի անցնող մէկ տարուան հաշուետուութեամբ ներկայանալու ժողովրդային լայն խաւերուն, որոնցմէ իր աւիշը, գոյատեւման իմաստն ու նպատակը կը ստանայ այս կուսակցութիւնը, այլ նաեւ անգամ մը եւս լուսարձակները սփռելու այն արժեհամակարգին եւ գաղափարական սկզբունքներուն վրայ, որոնց կը յենի 126-ամեայ հաստափոր կաղնին, եւ որոնք իւրայատուկ ինքնութեան վկայագիր կը նկատուին: Այս օրը, ուրեմն, առիթ է վերստին պեղելու Դաշնակցութեան գաղափարական աւանդները, աշխարհահայեացքը, որոնց միջոցով այս կուսակցութիւնը փորձած է վերափոխումի ենթարկել հայ կեանքը իր հիմնադրութեան օրէն ի վեր, տարբեր կայսրութիւններու ու բռնատիրութիւններու լուծին տակ իբրեւ կրօնական համայնք ներկայացած ցիրուցան, տարբեր մտայնութիւններու տէր հայութեան զանազան հատուածները վերածել մէկ ազգի եւ հայկական ընկերութեան մէջ ներկայացնել արդի աշխարհի յառաջդիմական գաղափարները` իրենց ամէնէն մաքուր ու հարազատ ձեւով, բայց նաեւ հայկական ազգային դրոշմով յատկանշուած:
Պիտի չուզէինք դասական բնորոշումները կրկնել ՀՅ Դաշնակցութեան գաղափարախօսութեան տարբեր բաղադրիչներուն` ազգային գաղափարախօսութեան, յեղափոխականութեան, ընկերվարականութեան եւ ժողովրդավարական արժէքներուն մասին: Այս օրերուն դաշնակցական մամուլը բաւական լայն տեղ տուաւ այդ բնորոշումներուն: Միայն լուսանցքին վրայ քանի մը հպանցիկ նշումներ կատարենք քաղաքական ներկայ իրադրութիւններուն առնչութեամբ` միջազգային եւ ազգային մակարդակներու վրայ: Միջազգային մակարդակի վրայ, դրամատիրութեան նորագոյն արտայայտութիւնները եղող համաշխարհայնացումի եւ նոր կայսերապաշտութեան ալիքներէն ետք, կը թուի, թէ համաշխարհային կարգը թեւակոխած է նոր, ամբողջապէս տարբեր փուլ մը: Այդ համաշխարհայնացումի ժխտական երեւոյթներուն եւ նոր կայսերապաշտութեան աւերներուն պատճառով ներկայիս Արեւմուտքի մէջ, գոյութիւն ունեցող էսթեպլիշմընթին եւ համակարգին դէմ ըլլալու պատրուակներով, դարձեալ գլուխ կը բարձրացնէ ֆաշականութիւնը` անշուշտ նոր դրսեւորումներով:
Կը թուի, թէ անցնող տասնամեակներուն արդի աշխարհին մէջ ծաւալած ընկերային-պահանջատիրական շարժումները ձախողած են համաշխարհայնացումին եւ նոր-ազատական գաղափարներուն այլընտրանք առաջադրել, սակայն ասիկա միայն երեւութապէս ճիշդ է: Իրականութեան մէջ «այլ աշխարհ» մը տակաւին կարելի է: Մարդկութեան ձգտումը միշտ ալ եղած է յօգուտ աւելի արդար աշխարհակարգի, յաւելեալ ազատութիւններու ձեռքբերման, ազգային ու մարդկային իրաւունքներու յարգումին եւ ամէն տեսակի խտրականութիւններու վերացման` ի հակադրումն եւ ի տարբերութիւն ներկայիս տիրող ընդհանուր ուղղուածութեան, որ հիմնուած է յաւելեալ շահագործումի, ազգային, ընկերային եւ դասակարգային խտրականութեան, տեղական ընկերութիւններու` իրենց պատեաններուն մէջ մեկուսացման, տարբեր գոյնի մարդոց եւ մանաւանդ գաղթականներուն նկատմամբ ատելութեան ու կասկածի վրայ: Ճիշդը պիտի ըլլար պահել ազգային ինքնութիւնները, զարգացնել զանոնք եւ անոնց միջոցով նաեւ զարգացնել մարդկային ընդհանուր քաղաքակրթութիւնը, սակայն փաստ է, որ համարկումի երկար ճամբայ մը անցնելէ ետք իւրաքանչիւր երկիր կ՛երթայ ինքնամեկուսացման ճամբով: «Նախ Ամերիկա»-ն, «Նախ Բրիտանիա»-ն, «Նախ Ֆրանսա»-ն ու «Նախ Գերմանիա»-ն այլեւս խորթ գաղափարներ չեն ժողովրդային լայն շրջանակներու մօտ… Բայց այս նոր ազգայնամոլութիւնը, ֆաշականութիւնը, որոնց ուրուականը կ՛երեւի արեւմտեան աշխարհին մէջ, միայն երեւութապէս է, որ հակադրուած են համաշխարհայնացման ընթացքին եւ համաշխարհային կարգուսարքին, էսթեպլիշմընթին, իրականութեան մէջ սակայն այդ կարգուսարքի ծնունդ են, հետեւող են նոյն` նոր-ազատական եւ դրամատիրական հասկացողութեան:
Մէկ կողմէ սեւ ուրուականը դարձեալ գլուխը կը ցցէ, միւս կողմէ ընկերային-տնտեսական, դասակարգային անհաւասարութեան վիհը աւելի եւս կը խորանայ, մարդուն գործած աւերներուն պատճառով կենսոլորտը եւ շրջակայ միջավայրը մեծ վնասներ կը կրեն, ինչոր յղի է մարդկութեան ապագային համար շատ ծանր հետեւանքներով, խտրականութիւնը` զանազան մակարդակներու վրայ, կը հասնի իր գագաթնակէտին, միջազգային դրամական հաստատութիւնները պետութիւնները եւ հաւաքականութիւնները կը խեղդեն իրենց վարկերով, իսկ այս բոլորին հետեւանքով ի յայտ կու գայ աւելի ահաւոր վտանգ մը, որ կրօնական կոյր արմատականութիւնն է, ծայրայեղականութիւնը: Այս բոլորին իբրեւ հետեւանք ալ աւելի մեծ թափ կը տրուի պետութիւններու ռազմականացման:
Բայց կրօնական արմատականութեան, ընկերային պոռթկումներուն դէմ կարելի չէ պայքարիլ ռազմականացումով` հաստատելով ոստիկանական դրութիւն մը, որ ինքնաբերաբար պիտի նպաստէ տիրող ընտրանիին շահերուն եւ դիրքերու պահպանման: Այս երեւոյթներուն դէմ ազդու պայքարը կ՛ըլլայ կրթութեամբ, լոյս տարածելով, արդար հասարակակարգ ստեղծելով, այլապէս բռնութիւնը պիտի հակադարձուի բռնութեամբ, ոստիկանական դրութեան կիրարկած բիրտ միջոցները պումերանկի պէս պիտի վերադառնան այդ միջոցները օգտագործողներուն: Այսօր ալ, ինչպէս մարդկային արդի պատմութեան բոլոր ժամանակահատուածներուն, յառաջադէմ մարդկութիւնը կոչուած է բազմաճակատ պայքար մղելու վերոյիշեալ բոլոր երեւոյթներուն դէմ: Ստեղծելու համար այն հասարակակարգը, որ կը ձգտի «ինչպէս անհատի եւ անոր աշխատանքի ազատութեան, նոյնպէս ազգերու – իբրեւ հաւաքական անհատականութիւններ – ամբողջական ազատագրութեան, անկախութեան ու գերիշխանութեան եւ անոնց համերաշխ համակեցութեան ու իրաւահաւասար գործակցութեան» (ՀՅԴ ԾՐԱԳԻՐ):
Ինչպէս միջազգային մակարդակի վրայ, նոյնպէս ալ հայկական մակարդակի վրայ մխիթարական չէ կացութիւնը: Ազգային եւ ընկերվարական իր աշխարհահայեացքով ու աւանդներով յատկանշուած Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը իր 126-ամեակը թեւակոխած է հայրենիքը եւ ազգը յուզող բաւական բարդ պայմաններու մէջ, որոնք կը պահանջեն սթափ կշռադատում եւ սթափ մօտեցում: Մինչ հայրենի քաղաքական կեանքը մտած է նոր փուլ մը` բարեփոխումներու եւ փոփոխութիւններու յաջորդական խոստումներով, պէտք է ձգտիլ ու երաշխաւորել, որ այդ բարեփոխումները չկրեն միայն պատրանքային բնոյթ: Հայրենաբնակ ժողովուրդը յոգնած է ալ պատրանաթափ ըլլալէ: Եւ ինք` Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, իր 126-ամեայ գաղափարական աւանդներով կոչուած է երաշխաւորը դառնալու ո՛չ միայն փոփոխութիւններու կեանքի կոչման ու պարզապէս պատրանք չըլլալուն, այլ նաեւ փոփոխութիւններէն ետք աւելի խորացնելու զանոնք` հասնելու համար մինչեւ «ՀՅԴ ԾՐԱԳԻՐ»-ին մէջ նշուած սկզբունքներուն եւ նպատակներուն կիրարկումը:
Այսօր, որեւէ ժամանակէ աւելի, հայրենաբնակ մարդը կարիքը ունի աւուր հացին, արժանավայել աշխատանքի, արդար վարձատրութեան: Կարիքը ունի նաեւ այն ուժին, որ այս պահանջներուն իրագործումը իր սեփականը դարձնէ, թիկունք կանգնի գիւղացիին, աշխատաւորին, արհեստաւորին, հաստատութիւններու համեստ պաշտօնեաներուն: Թիկունք կանգնի ամէն տեսակի իրաւազրկեալներուն, անտուններուն, ընկերային ծանր վիճակի մատնուածներուն, հակառակ ազրպէյճանցի հակառակորդի խարդաւանքներուն ու սադրանքներուն սահմանամերձ շրջաններուն մէջ ծանր վիճակի մէջ ապրող բնակիչներուն: Եւ ո՞վ պիտի ըլլայ աւելի յարմար թիկունք, քան ազգային եւ ընկերվարական Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը:
Այս իմաստով ալ կարեւոր քննութիւն է ապրիլին տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւնը: Անկախութեան վերականգնումէն ետք 25 տարիներէ ի վեր Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը ղեկավարուի նոր-ազատական գաղափարախօսութեամբ, վայրի դրամատիրութեան սկզբունքներով, որոնց հիմնական յատկանիշն է դրամագլուխի կեդրոնացումը փոքրաթիւ մարդոց ձեռքերուն մէջ, ընկերային սուր բեւեռացումը` ընկերային համերաշխութեան փոխարէն, ահաւոր փտածութիւնը, մենաշնորհներու յառաջացումը` յօգուտ նոյնինքն իշխանութեան սիւները եղող կամ ուղղակիօրէն թէ անուղղակիօրէն տիրող դրուածքին հետ կապ ունեցող մեծ սակաւապետներուն: Այս յոռի երեւոյթին վերջ դնելու համար անհրաժեշտ է վերջ դնել տնտեսական մենաշնորհներուն եւ իրարմէ տարանջատել գործարարական աշխատանքն ու քաղաքականութիւնը: Մենք կարիքը ունինք կտրականապէս փոխելու ընթացքը: Կարիքը ունինք փոխանակ կարգ մը մարզերու մէջ ընկերային որոշ ուղղուածութիւն մտցնելու, պետութիւնը դարձնելու լիիրաւ ընկերային, սոցիալական պետութիւն, ինչպէս որ գրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան մէջ: Կարիքը ունինք հողը, ընդերքը, բնական միջավայրը, հանքային պաշարները նկատելու ռազմավարական նշանակութեան ազգային հարստութիւններ եւ ոչ թէ թոյլ տալ օտարերկրեայ որեւէ ընկերութեան, որ գայ եւ հանքարդիւնաբերութեամբ զբաղի, գայ եւ ուզածին պէս Հայաստանի ընդերքը յօշոտէ: Կարիքը կայ, եւ անմիջականօրէն, արհեստակցական անկախ միութիւններու ստեղծման` պահպանելու, ձեռք բերելու եւ պաշտպանելու համար աշխատաւորներու իրաւունքները: Կարիքը կայ խօսքի, խղճի, արտայայտութեան ազատութիւնները երաշխաւորելու Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր, բոլո՛ր բնակիչներուն համար անխտիր: Կարիքը կայ փոխանակ մեծ ձեռնարկութիւնները քաջալերելու` փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւններուն օգտակար հանդիսանալու: Եւ վերջապէս, կարիքը կայ ամբողջական հաւասարութիւն հաստատելու տղամարդոց ու կիներուն միջեւ, կիներուն մասնակցութեան չափը մեծցնելու քաղաքականութեան եւ որոշում տալու մարզերուն մէջ:
Այս բոլորին, առաւել ազգային հարցերուն եւ Հայ դատի հետապնդումը ներկայիս յեղափոխական կուսակցութեան համար գերխնդիրներ պէտք է ըլլան: Ազգային ազատագրութեան հարցը եւ ընկերային ազատագրութեան հարցը Դաշնակցութեան գաղափարախօսութեան մէջ զուգահեռ ընթացող երեւոյթներ են` ոչ թէ իրարու խոչընդոտող, այլ իրար լրացնող: Այս սկզբունքով մշտապէս վերանորոգուած` իր հիմնադրութեան 126-ամեակը թեւակոխած է ազգային եւ ընկերվարական յեղափոխական Դաշնակցութիւնը: