Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ի 98-ամեակին Եւ ՀՄԸՄ-ի Քեսապի Մասնաճիւղի 23-ամեակին Նուիրուած Հանդիսութիւն Եւ Պարգեւատրում

Յունուար 26, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախաձեռնութեամբ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Քեսապի մասնաճիւղի վարչութեան, կիրակի, 11 դեկտեմբեր 2016-ի կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Քեսապի «Սահակեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի 98-ամեակին եւ ՀՄԸՄ-ի Քեսապի մասնաճիւղի 23-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն` ներկայութեամբ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչներ Գառնիկ Մկրտիչեանի եւ  Րաֆֆի Կէօվօղլանեանի, ինչպէս նաեւ` ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. վարչութեան ատենապետ Մանուկ Քէօշկէրեանի եւ անդամներ` Արմէն Քէօշկէրեանի ու տոքթ. Մինաս Պալեանի:

Բացումը կատարուեցաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով: Բացման խօսք արտասանեց խորհուրդի ատենապետուհի Մարինա Բէնդէզեան-Լնդեան: Ան  լուսարձակի տակ առաւ հզօր հայութիւն կերտելու գործընթացին մէջ ՀՄԸՄ-ի կարեւոր դերակատարութիւնը` միշտ կարգախօս ունենալով «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր» նշանաբանը, կրթելով հայ պատանին, պարմանուհին, երիտասարդը եւ ապագայ սերունդները, զարգացնելով անոնց մէջ հոգեմտաւոր արժէքներ, որպէսզի դառնան յաջողակ եւ յանձնառու քաղաքացիներ:

Այնուհետեւ արի-արենուշ միաւորի քոյրերու եւ եղբայրներու կատարողութեամբ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը ներկայացուեցաւ:

ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. վարչութեան ատենապետ Մանուկ Քէօշկէրեան  վարչութեան խօսքը արտասանեց` նշելով, որ ՀՄԸՄ-ի Քեսապի մասնաճիւղը անցնող տարիներուն դարձաւ հայ պատանիին ու երիտասարդին կազմաւորման, մարդակերտման մեծ դպրոց, աւելցնելով, որ Քեսապի մասնաճիւղի մարզիկները իրենց յաղթանակներով, պայքարով, սկաուտական բանակումներով ու տողանցքներով պանծալի էջեր նուիրեցին Քեսապի հայ գաղութին:

Ապա բեմ հրաւիրեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանը եւ ատենադպիր Րաֆֆի Կէօվօղլանեանը` ՀՄԸՄ-ի 98-ամեակին եւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հռչակած «Ծառայութեան տարուան» առիթներով ՀՄԸՄ-ի յուշանուէրով պարգեւատրելու 14 քոյր-եղբայրներ (երեքը` յետմահու), որոնք երկարատեւ ծառայութիւն ունեցած են ՀՄԸՄ-ի շարքերէն ներս եւ ընթանալով հիմնադիր սերունդի ճամբէն` պատրաստած են նուիրեալ սերունդներ, արի-արենուշներ, երէց-պարմաններ, փողերախումբ ու իրենց ծառայութեամբ բարձր պահած են միութեան անունը:

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամները  գնահատեցին օրուան հանդիսութիւնը պատրաստող քոյրերն ու եղբայրները եւ շնորհաւորական մաղթանքներով յարատեւ ուժ ու կորով մաղթեցին պարգեւատրուողներուն:

Նախորդը

Սուրիա. «Արտակարգ Պատուանշան»-ի Տուչութիւն ՀՄԸՄ-ական Վաստակաշատ Երէց Եղբայր Զաւէն Տերվիշեանի

Յաջորդը

ՀՅԴ 126-Ամեակ. – Թօթափենք Շինծու Տարբերութիւնները

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?