Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Համաձայնեցուած Յայտարարութիւններու Տրամաբանութիւնը

January 24, 2017
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

Ասթանայի բանակցութիւններու նախօրեակին Սուրիոյ կառավարական պատուիրակութիւնը գլխաւորող` ՄԱԿ-ի մօտ Սուրիոյ մնայուն դեսպան Պաշշար Ժաաֆարիի յայտարարութիւնը լուսարձակներ կը խլէ. ըստ Ժաաֆարիի, «Թուրքիան Սուրիոյ գերիշխանութիւնը ոտնահարող, ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն աջակցող եւ խաղաղ լուծումը արգելակող պետութիւն մըն է, հետեւաբար անոր հետ երկխօսութիւն պիտի չկատարենք»:

ՄԱԿ-ի մօտ Սուրիոյ մնայուն դեսպանին, այսինքն` պաշտօնական Դամասկոսին նախապայմանային այս մօտեցումը բաւական կարծր է եւ բացարձակ: Դիւանագէտներու օգտագործած բառապաշարին մէջ նման բացարձակ հաստատումներ կը կատարուին հազուագիւտ պարագաներու, երբ մօտիկ ժամանակին ետդարձի կամուրջները տեսանելի չեն ըլլար:

Հիմա փորձենք դիտարկել, որ ետդարձի կամուրջները Դամասկոս-Անգարա հաւանական  երկխօսութեան առումով տեսանելիութեան նախադրեալներ կը պարփակե՞ն իրենց մէջ:

Պարզ է, որ Անգարան, Մոսկուայի եւ Թեհրանի առընթեր Ասթանայի համաժողովը հովանաւորող երկիրներու շարքին է: Անգարան, այս պարագային Մոսկուայի համաձայնութեամբ առնչակից կողմ է տարածաշրջանային առումով աշխարհաքաղաքական տարողութեամբ ընթացող բանակցութիւններուն:

Ասթանայէն բեկումնային մեծ համաձայնութիւն ակնկալելը քաղաքականօրէն իրատեսական չի թուիր, մանաւանդ որ Ասթանան չսկսած արդէն որոշուած է փետրուարի սկիզբը Ժընեւի մէջ շարունակել բանակցութիւնները, ինչ որ նաեւ ենթադրել կու տայ, որ այս օրերուն հիմնական խաղաղութեան համաձայնութիւն պիտի չգոյանայ: Ասթանան սակայն, Մոսկուա-Թեհրան-Անգարա առանցքի հանգրուանային ձեւաւորման ամրագրումն է, Ուաշինկթընի լուռ համաձայնութեամբ: Ուաշինկթընի կողմէ ոչ թէ յատուկ պատուիրակ ուղարկելը, այլ տեղւոյն դեսպանին մասնակցութեամբ բաւարարուիլը նշանակութիւն ունի այն տպաւորութիւնը ձգելու, որ Ուաշինկթըն դուրս չէ մնացած բանակցային գործընթացէն, բայց կը մասնակցի տեղւոյն դեսպանին մակարդակով, ինչ որ դարձեալ կը նշանակէ, որ մեծ համաձայնութեան շեմին չի գտնուիր հանգուցալուծումը տակաւին:

Ժաաֆարիի յայտարարութիւնը անշուշտ քաղաքականօրէն հարցադրումներ կը յառաջացնէ: Անգարան ամրագրուած է իբրեւ հովանաւոր, որուն հետ սակայն Դամասկոս կը մերժէ բանակցիլ` անոր հասցէին շատ ծանր ամբաստանութիւններ ուղղելէ ետք: Սուրիոյ ներկայացուցիչին փոխանցումով` սուրիական գերիշխանութեան խախտելը ուղղակի ակնարկ է թրքական ներխուժումներուն սուրիական տարածք: Անգարան ո՛չ միայն աջակցած է ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն, որոնք թափանցած են սուրիական տարածք, այլեւ ուղղակի ներխուժած` քանի մը հանգրուանով:

Միջազգային օրինաչափութիւն դարձած է տարբեր առիթներու վերյիշեցնելը, որ ահաբեկիչներուն հետ բանակցութիւնները բացառուած են: Ահաբեկիչներուն հետ կը վերաբերին չէզոքացման կամ վերացման գործողութիւններով միայն: Միջազգային ընտանիքը տակաւին չէ ճշդած, որ ահաբեկչական կազմակերպութիւններ հովանաւորող պետութիւններուն հետ ի՞նչ եղանակներով կը յարաբերին:

Բայց յայտարարութիւնները տարբեր են, գետնի վրայ առնուած զինուորաքաղաքական քայլերը` տարբեր: Դամասկոսը Անգարան կը նկատէ այս պարագային ահաբեկչական պետութիւն, մինչ Դամասկոսը հովանաւորող պետութիւնը` Մոսկուան համաձայն եղած է, որ Անգարան Ասթանայի մէջ խաղաղասիրական դերակատարութեամբ առնչակից կողմ հանդիսանայ համաձայնութեան գոյացման:

Իսկ քաղաքական գործընթացներուն մէջ չի բացառուիր, «թէժացում յետոյ հանդարտեցում» օղակային շղթայի հիւսուածքային տրամաբանութիւնը: Ի վերջոյ, մանաւանդ այս պայմաններուն մէջ, պաշտօնական Դամասկոսը նման թէժացումի եւ բացարձակացումի չ՛երթար առանց Մոսկուայի հետ համաձայնեցման:

Մոսկուայի ուղերձը ուրեմն ուղղուած է Անգարային: Եթէ Անգարան Մոսկուայի ճշդած շրջագիծէն դուրս գալու փորձեր կատարէ, սուրիական հիմնախնդիրի հանգուցալուծման մէջ դերակատարութիւն ունենալու կարելիութիւնները կը պակսին, եւ բանակցող հիմնական կողմին հետ երկխօսութեան հաւանականութիւնը շատ ցած մակարդակի կը հասնի: Անգարան եւս պարզօրէն կը հասկնայ, որ իր դէմ կատարուած Դամասկոսի յայտարարութիւններուն հնչեղութեան չափը Մոսկուան է, որ կը ճշդէ: Այդ պատճառով ալ սուրիական գործող վարչակարգի եւ նոյնիսկ նախագահի հեռացումը իբրեւ պահանջ չ՛արծարծուիր այսօր Անգարայի կողմէ:

Ասթանայով չեն աւարտիր բանակցութիւնները: Ասթանայով կը սկսին: Թէժ յայտարարութիւնները կամ առաստաղի բարձրացումները նոր ելեւէջներ կ՛ունենան տակաւին:

«Ա.»

Նախորդը

Աղուան Վարդանեան. «ՀՅԴ-ն Արցախի Իշխանութիւններուն Հետ Կը Համագործակցի Աւելի Լայն Հարցերու Շուրջ»

Յաջորդը

Թենիս. Ճոքովիչ Կը Մասնակցի «Տէյվիս Քափ»-ի Մրցաշարքին

RelatedPosts

Խմբագրական.  Պետականութեան Յարատեւութեան  Կարգախօսին Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Պետականութեան Յարատեւութեան Կարգախօսին Տակ

October 24, 2026
Յարձակումը` Միջանկեալ  Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք.  Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ  Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Յարձակումը` Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք. Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»

October 24, 2026
Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով  Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.