ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
15 օգոստոսին իրանեան բանակի սպայակոյտի պետ հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Պաքերի` ընկերակցութեամբ Յեղափոխական պահակագունդի ցամաքային ուժերու հրամանատարին ու Իրանի սահմանապահ ուժերու հրամանատարին, ինչպէս նաեւ այլ հրամանատարներու եւ Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Էպրահիմ Ռահիմփուրի, այցելեց Թուրքիա, ուր հանդիպում ունեցաւ իր թուրք պաշտօնակից զօր. Հուլուսի Աքարի, ինչպէս նաեւ թուրք բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ, ներառեալ` Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը: 1979-ին Իրանի մէջ իսլամական յեղափոխութենէն ի վեր իր տեսակին մէջ առաջինը եղող այցելութեան ընթացքին երկու երկիրները համաձայնութիւն գոյացուցին ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ծիրին մէջ տեղեկութիւններու փոխանակման ու զինուորական գետնի վրայ գործնական համագործակցութեան շուրջ:
Իրան-Թուրքիա այս մերձեցման գլխաւոր թիրախը Սուրիոյ, Իրաքի եւ Իրանի քիւրտերն են եւ մասնաւորաբար ՔԱԿ-ը: Անգարա դժգոհ է Սուրիոյ մէջ ՔԱԿ-Միացեալ Նահանգներ գործակցութենէն, որ նաեւ Թեհրանի մօտ յաւելեալ մտահոգութիւն կը յառաջացնէ ՔԱԿ-ի իրանեան թեւին` Քիւրտիստանի ազատ կեանք կուսակցութեան նկատմամբ: Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի անկախութեան շուրջ 25 սեպտեմբերին նախատեսուած, քրտական անջատողականութեան նկատմամբ մտավախութիւններ հրահրող հանրաքուէն այն ազդակն էր, որ արագացուց սահմանափակ թիրախ ունեցող այդ մերձեցումը, որ տեղի կ՛ունենայ այնպիսի պահու մը, երբ Թուրքիա-Արեւմուտք յարաբերութիւնները վատ վիճակի մէջ են:
Այն իրողութիւնը, որ Թուրքիա Իրանի կը մերձենայ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Իրանի դէմ նոր պատժամիջոցներու հաստատումէն օրեր ետք, եւ Սուրիոյ քիւրտերուն հարցով իր կամքը կատարել մերժող Ուաշինկթընը կը փոխարինէ «ահաբեկչութեան հովանաւոր» Թեհրանով, վստահաբար հաշտ աչքով պիտի չդիտուի Ուաշինկթընի կողմէ:
Այդ քայլն ու անոր թայմինկը Իրանի համար հոյակապ է, սակայն ոչ Թուրքիոյ համար, եւ Փենթակոնի ղեկավար Ճէյմս Մաթիս յառաջիկայ օրերուն նախատեսուած իր Թուրքիա այցելութեան ընթացքին թրքական ղեկավարութեան վստահաբար ըսելիքներ պիտի ունենայ, թէկուզ ոչ հրապարակաւ: «Դուք արդէն ատենէ մը ի վեր կը գործակցիք մեր կողմէ պատժամիջոցներու ենթակայ Ռուսիոյ հետ. աչք խփեցինք: Այժմ ալ ահաբեկչութեան հովանաւոր, շրջանը ապակայունացնող ու շրջանի ներքին գործերուն միջամտող, ծաւալապաշտ Իրանի՞ հետ համաձայնութիւն կը կնքէք: Իսկ վա՞ղը, որո՞ւ հետ պիտի դաշնակցիք, Հիւսիսային Քորէայի՞ հետ: Ի վերջոյ մեզի հե՞տ էք, թէ՞ մեզի դէմ»-ը թերեւս ըլլայ թրքական ղեկավարութեան Մաթիսէն լսելիք խօսքերէն մէկը:
Քաթարեան տագնապին հարցով Իրանի հետ տեղի ունեցած մերձեցումը պաշտօնականացնելով, ընդլայնելով, խորացնելով ու ամրագրելով ՕԹԱՆ-ի անդամ եւ Միացեալ Նահանգներու դաշնակից Թուրքիան ինքզինք դրաւ այսպիսի վտանգաւոր ու վճռորոշ հարցականի մը տակ: