Տեսակէտ. Ազգ-Եռաբլուր
Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ Ապրիլեան դէպքերէն ետք, երբ Հայաստանի իշխանութեան եւ մանաւանդ պաշտպանութեան նախարարութեան ու բանակի բացթողումներուն համար փոփոխութիւններ տեղի ունեցան, իրողութիւն մը կար, որ մնաց նոյնը: Մեր ռազմավարական դաշնակիցը` Ռուսիան, ժամանակակից սպառազինութեամբ տակաւին շարունակեց զինել մեր թշնամին: Կը յիշենք եւ չենք մոռնար մեր տղոց բազուկներով պաշտպանելու հերոսական պատմութիւնները: Կը յիշենք եւ չենք մոռնար 80-ական թուականի զէնքերով մեր առաջին դիրքերուն կատարուած սխրանքները:...




















