ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Գրութիւնս չեմ ուզեր սկսիլ` ներկայացնելով Պօղոս Սնապեանը, որովհետեւ անոր մեծութիւնը ներկայացնող զանազան «մեծ գրիչներ» գրեցին թէ՛ կենդանութեան, եւ թէ՛ յետմահու: Սակայն տողերուս համեստ հեղինակը բախտը ունեցած է զայն ճանչնալու, անոր հետ կարճ պահեր ապրելու, համով-հոտով անոր զրոյցը ըմբոշխնելու:
Կը սկսիմ վերջինէն:
Մօրեղբօրս` Երջանիկ Կարպուշեանի մահուան քառասունքին, անակնկալօրէն Քեսապ եկան Պօղոս Սնապեանն ու կինը` Աղաւնին:
Անակնկալի եկանք, երբ իմացանք (հոգեճաշի սեղանին), թէ մօրեղբայրս Պ. Սնապեանի մէկ գիրքի հրատարակութեան հովանաւորն էր:
Այդ ժամանակ անարժանաբար Համազգայինի Քեսապի «Համօ Օհանջանեան» մասնաճիւղի վարչութեան անդամ էի, եւ ոսկի առիթ մըն էր Սնապեանին հետ ըլլալ: Եւ եղանք միասին: Գուցէ նաեւ աշխարհագրական նոյն շրջանի զաւակներ ըլլալով (Քեսապ եւ Մուսա Լեռ)` յատուկ արեան անզգալի ու անբացատրելի կապ մը կար մեզ իրարու մօտեցնող (անկախ իր գրականագէտի, խմբագիրի… եւ նուաստիս սկսնակ գրագէտի կապէն):
Անկէ առաջ, դժուար պայմաններու մէջ զիրար ճանչցանք:
Հազիւ քսան տարեկան էի, լիբանանեան պատերազմի մէկ-երկու փուլով, հայահոծ Պուրճ Համուտը ռմբակոծումի ենթարկուեցաւ, եւ ընկեր Սնապեանը, ընկերակցութեամբ հանգուցեալ սկսնակ ու խոստմնալից բանաստեղծ Պետիկ Հերկելեանին (զոր կը ճանչնայի Համազգայինի Լիբանանի Հայագիտական հիմնարկէն), միասնաբար Քեսապ եկան, մնացին մօտ մէկ ամիս, բարեկամի մը տունը (բանասէր Միհրան Մինասեանի), որ մէկ սենեակնոց տնակ մըն էր, ուրեմն, կարծեմ, հանգուցեալ Պետիկը, տան բակը, վրանի մը տակ կը քնանար:
Անոնց հետ քանի մը անմոռանալի գրական երեկոներ անցուցի Միհրանին հետ միասնաբար:
Սակայն կարեւորագոյն հանդիպումս եղաւ 1980-ին, Հալէպ, «Քրիստափոր» ուսանողական միութեան սրահին մէջ:
Որպէս ուսանողականի անդամներ` հաւաքուած էինք տօնախմբելու Քրիստափոր Միքայէլեանի ծննդեան 120-ամեակը (կարծեմ չեմ սխալիր):
Օրուան բանախօսն էր Պօղոս Սնապեանը: Աւարտեցաւ բանախօսութիւնը, աւարտեցաւ նաեւ յիշատակի երեկոն:
Մենք ոչ օրինական կը հրատարակէինք «Կորիզ» խորագիրով պարբերաթերթ մը, որուն խմբագրութեան մաս կը կազմէր տողերուս հեղինակը:
Եւ որպէս խմբագրական կազմ` ուզեցինք հարցազրոյց մը ունենալ ընկեր Սնապեանին հետ, զոր յօդուածներէն եւ գիրքերէն կը ճանչնայինք: Նուաստս զինք կը ճանչնար «արեան կանչով»` իբրեւ մուսալեռցի-քեսապցի:
Այժմ ի վիճակի չեմ յիշելու, թէ ի՛նչ էր թեման մեր հարցազրոյցին: Սակայն հարցազրոյցը երկարեցաւ, եւ մենք 2-3 ժամ անցուցինք` զինք ունկնդրելով:
Իմացանք, որ անոր գրական նախաքայլերը սկսած են Երուսաղէմի վանքի Ժառանգաւորացի միջավայրէն, ապա «Նայիրի»-ն եղած է անոր ասպարէզը, Անդրանիկ Ծառուկեանին եւ Եդուարդ Պոյաճեանին հետ:
1950-ական թուականներուն (ճշգրիտ չեմ գիտեր) ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, հանգուցեալ ընկ. Վահան Նաւասարդեան կու գայ Պէյրութ` Եգիպտոսէն:
«Նայիրի» գրական շրջանակէն վերոյիշեալները կ՛երթան Վ. Նաւասարդեանին մօտ, գրականութեան համար, մշակոյթին համար… «Նայիրի»-ին համար: Կրակոտ երիտասարդներ: Մշակոյթի եւ գրականութեան ծառաներ… Ունին պահանջներ. (չիմացայ պահանջներուն «բովանդակութիւնը»)… կը խօսին… կը հակաճառեն… կը վիճին:
Շատ բնական ու պարզ երեւոյթ:
Սերունդներու մտայնութիւն, քաղաքական-մշակութային միտքերու մակընթացութիւն եւ տեղատուութիւն…
Սակայն պահ մը կը հասնի, երբ Ծառուկեան Նաւասարդեանին կը յայտնէ.
– Եթէ մեր պահանջներուն գոհացում չտաք, ապա մենք դուրս կու գանք Դաշնակցութենէն:
Նաւասարդեան անոնց կը պատասխանէ, թէ շատեր մուտք գործած են Դաշնակցութեան շարքերը եւ ապա` դուրս եկած:
Սնապեան կը պատմէ.
«Դուրս կու գանք գրասենեակէն, քանի մը քայլ կը քալենք, կանգ կ՛առնենք, մինչեւ «Նայիրի»-ի խմբագրատուն, ամէն կանգառի Ծառուկեան կը բացագանչէ.
«Տօ՛, մենք գացինք պահանջներ ներկայացնելու, չգացինք դուրս գալու…»:
Եւ այդպէս` մինչեւ խմբագրատուն:
Սնապեան կ՛աւելցնէ.
«Ու յանկարծ մենք դուրս մնացինք մեր տունէն` Հայ յեղափոխական դաշնակցութենէն:
«Ե. Պոյաճեան չդիմացաւ «դուրսի» ցուրտին: Շուտով վերադարձաւ շարքերը:
«Ես տասնութ տարիներ դուրս մնացի ՀՅԴ-ի շարքերէն, միտքերս կ՛արտագրէի գրքոյկներու մէջ, ու անձնական ծախսերովս զանոնք կը տպէի: Տպեցի գրքոյկ մը մայիս 28-ի պատմական արժէքին ու խորքին մասին: Ու այդ առիթով հրաւէր ստացայ օրուան կուսակցական պատասխանատուէն (չբացայայտեց անոր անունը)` հետը հանդիպում ունենալու. ան յաջողեցաւ կոտրել «լեռնականի» յամառութիւնս` յիշեցնելով Ն. Աղբալեանի նշանաւոր նախադասութիւնը.
«Ան, որ չի կրնար իր անձնական «ես»-ը դնել Դաշնակցութեան ոտքերուն տակ, ան չի կրնար մնալ Դաշնակցութեան շարքերու մէջ»:
«Եւ ես անձնական «ես»-ս դրի անոր ոտքերուն տակ ու վերադարձայ շարքերը»:
«Իսկ «Նայիրի»-ին հետ խզումս չուշացաւ, երբ Ծառուկեանի խմբագրատունը սկսան երեւիլ ինծի համար անընդունելի անձեր` առնչուած այս կամ այն հաստատութեան կամ գրասենեակին…»:
Արդեօ՞ք այս դէպքն էր ներշնչումը «Վերջին անմեղը» գիրքին:
Ուշ մնացած ենք կարծեմ:
Սակայն անոնք` Ծառուկեան, Սնապեան եւ Պոյաճեան բարձունքներ կը մնան մեր գրականութեան մէջ:
Վերջին հաշուով, մարդս սխալական արարած մը ըլլալով, «անմեղ» չի կրնար ըլլալ:
Գրութեանս խթանը եկաւ Դիմատետրի էջերէն, ուր յանկարծ սկսաւ արծարծուիլ ու «քննարկուիլ» Բեգլար Նաւասարդեանի մահուան առեղծուածը, գուցէ նաեւ` շուք ձգելու (չուզեցի մուր բառը գործածել) Դաշնակցութեան վրայ:
Պօղոս Սնապեանի հրատարակութիւններէն մին կը կրէ «Ինչպէ՞ս հայհոյեմ» խորագիրը:
Գրագէտին անմահութեան վէմը իր երկերն են:
Քեսապ, 7 օգոստոս 2017