Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լռութեամբ Պատգամ Փոխանցող Դաշնակցականը (Ժիրայր Շոքոյեանի Յիշատակին)

August 21, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սիրելի՛ ընկեր Ժիրօ,

Մահէդ ետք անդրադարձայ, որ  դժուար է նկարագիրդ թուղթի յանձնել: Ոչ թէ անոր համար, որ դուն ունեցած ես յարատեւ գործունէութիւն եւ կամ բազմաթիւ ժողովական ելոյթներ, այլ` հակառակը, քու երբեմնի գործունէութեանդ ընդմէջէն դուն կը հաւատայիր գործին, ոչ թէ գործողի տեսակէտին եւ ոչ թէ տեսակէտ դրսեւորողին, գաղափարին, եւ ոչ թէ` գաղափարի դրօշակիրին:

Կուսակցական գործելաոճի քու այս դժուար ընտրանքդ նկարագրային գիծդ էր կարծես, յատուկ ու վայել` միայն քեզի:

Իբրեւ արդար խոստովանութիւն, մենք մեր առաւելագոյն ճիգը ի գործ դնելով հանդերձ, պիտի չկարենանք կուսակցական գործունէութիւն ծաւալելու ընթացքին մեր եսը փոքրացնել այնքան, որքան դուն փոքրացուցիր միշտ:

Մնայուն գործունեայ չէիր, բայց երբ գործ կը ստանձնէիր, գործը կը ճառագայթէր, բայց գործը գլուխ հանողը հասցէ չունէր: Մենք` ընկերներդ, եթէ իմանայինք, այդ ալ` պատահաբար, որ այս գործին ետին կը կանգնէր Ժիրոն: Քեզի համար գործի յաջողութեան վարկը հաւաքականութեան կը պատկանէր եւ ոչ թէ` գործը ստանձնողին:

Հազուադէպ էին ժողովական ելոյթներդ, բայց հարցերու նկատմամբ տեսակէտդ հաստատ եւ անզիջող էր: Տեսակէտներդ լռութեամբ արտայայտելու իւրայատուկ ոճ ունէիր: Բաւ է, որ մեր աչքերուն նայէիր, ու մենք կը հասկնայինք, թէ մենք շեղած կամ սխալած էինք մեր տեսակէտներուն մէջ, ոչ թէ անոր համար, որ մեզի նայող աչքերը խօսուն էին եւ կամ խիստ, ընդհակառակը, ժպտուն էին անոնք, բայց այդ աչքերուն տէրը իր գործով ու կեցուածքով տուած ու փոխանցած էր իր հաստատ տեսակէտը:

Ամրօրէն կառչած էիր դաշնակցական գաղափարախօսութեան, Դէպի հայրենիք կոչին առաջնահերթ ընդառաջողներէն մէկն էիր: Քեզի համար Հայաստանը միակ ու վերջնական հայրենիքն էր, բայց ափսո՜ս, որ քու երազած միակ ու վերջնական հայրենիքիդ մէջ ապրեցար կարճ ժամանակ:

Իսկ քու անբացատրելի ընկերասիրութիւնդ նման էր քու դաշնակցական գործունէութեանդ ծաւալման եղանակին: Հոն չկային փաղաքշական արտայայտութիւններ, կար լուռ ընկերասիրութեան կեցուածքի դրսեւորում, այնքան, որ քու անձէդ շատ բան զիջելով` տուիր ընկերոջդ եւ այս տուածիդ մասին դուն անգամ չիմացար:

Սիրելի՛ ընկեր, սրամիտ կատակներուդ կարօտը տանիլ կարելի է, բայց մեր իրականութեան մէջ քու բացակայութիւնդ անտանելի է:

Այսօր քու մարմինդ կը յանձնենք հայրենի հողին` այնպէս, ինչպէս քու երազանքդ էր: Մահէդ ետք մեզի կը մնայ քու կուսակցական յատուկ գործելաոճդ փոխանցել նորահաս սերունդին` որպէս դաշնակցական օրինակելի գործելաոճ: Իսկ քու ընկերասիրութեան յուշերդ այս աշխարէն հեռացող քու վերջին ընկերդ իրեն հետ կը տանի գերեզման` հոն վերադարձնելու քեզի իբրեւ մեծ ընկեր:

Հողը թեթեւ գայ վրադ ու յիշատակդ մնայ  անթառամ, աննմա՛ն ընկեր:

ՍԳԱԿԻՐ ԸՆԿԵՐ ՄԸ

Նախորդը

«Ազդակ»ի 90-ամեակին Նուիրուած Բացառիկը

Յաջորդը

«Հայրենիք»ի Խմբագրական. Ո՛չ Ստրկութեան, Ո՛չ Ազգայնամոլութեան Եւ …Ո՛չ Խեղկատակութեան

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Ի՞նչ Է Հիպրիտային Պայքարը

January 14, 2026
Նոր Հրատարակութիւն.  «Յովհան Գ. Օձնեցի  Սուրբը, Կանոնագէտը Եւ Մեծ Վարպետը  Հայ Միջնաշխարհեան Մշակոյթի Եւ Դիւանագիտութեան». Փրոֆ. Սեդա Պ. Տատոյեան
Անդրադարձ

Նոր Հրատարակութիւն. «Յովհան Գ. Օձնեցի Սուրբը, Կանոնագէտը Եւ Մեծ Վարպետը Հայ Միջնաշխարհեան Մշակոյթի Եւ Դիւանագիտութեան». Փրոֆ. Սեդա Պ. Տատոյեան

January 14, 2026
Կեանքի Նժարին Մէջ
Անդրադարձ

Մէկ Միտք, Բազում Հետեւանքներ

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.