Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Ամերիկեան Հետեւողականութիւն Գ. (Պոլսահայութեան Ընկալումը)

Օգոստոս 21, 2017
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան զեկուցումը Պոլսոյ պատրիարքութեան առնչութեամբ կը յայտնէ, որ պետութիւնը կը փորձէ միջամտել  ընտրութիւններուն:

Հաստատումը անշուշտ բացասական շեշտ ունի, հետեւաբար նաեւ քննադատական:

Անգարայի իշխանութիւններուն միջամտութիւններուն դէմ բողոքող պոլսահայ շրջանակները սակայն, անպայման դրական չեն ընկալած Ուաշինկթընի կատարած պաշտօնական այս յայտարարութիւնները:

Պարզ ձեւով անոնց խօսափողներէն համարուող «Ակօս»-ի խմբագիրը, օրինակ, շատ սառն տրամաբանութեամբ առողջ մեկնաբանութիւն կատարած է յայտարարուածին մասին: Այսպէս. ան նշած է, որ Ամերիկայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կրօնական փոքրամասնութիւններու մասին տեղեկատուութիւնը կը ստանայ դեսպանատուներէն: Իսկ վերջինները կապի մէջ են տարբեր երկիրներու մէջ եղած կրօնական կազմակերպութիւններու հետ: Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունէն Պոլսոյ պատրիարքարան գացած են, քննարկած  են խնդիրները, եւ իրենց տեղեկագիրներով տեղեկութիւնները փոխանցած են Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան: Թուրքիան արդէն անտարբեր դարձած է իրեն ուղղուող քննադատութիւններուն նկատմամբ, եւ ի հեճուկս անոնց կը շարունակէ վարել անհանդուրժողական քաղաքականութիւն:

Զեկուցումին առնչութեամբ «Ակօս»-ի խմբագիրին տուած մեկնաբանութիւնները կ՛ամփոփուին հետեւալ կէտերուն մէջ.

ա. Զեկուցումին, բնականաբար, ոչ մէկ քայլ պիտի յաջորդէ: Եղածը  ընդամէնը քննադատութիւն  է:

բ. Անհաւանական է, որ Միացեալ Նահանգները աջակցութիւն ցուցաբերեն այս հարցով եւ ցանկալի ալ չէ, որովհետեւ հայերը այս երկրին քաղաքացիներն են, եւ ուրիշները պէտք չէ անոնց խնդիրները լուծեն:

գ. Մենք պէտք է մեր դժուարութիւնները յաղթահարենք, մեզի համար ընդունելի է, որ մենք օրինաւոր պայքար տանինք մեր իրաւունքներուն համար:

«Ակօս»-ի խմբագիրը իրօք շատ սթափ գնահատական կատարած է:

Կարելի է  առարկել անշուշտ, որ «Ակօս»-ի կատարած արժեւորումը ամբողջ պոլսահայութեան համոզումը կամ ընկալումը չէ: Բայց «Ակօս»-ը այս պարագային ամէնէն բարացուցականն է, որովհետեւ ամէնէն համարձակ խօսափողն է:

Թէ՛ Կեզի այգիի, թէ՛ Արմէն ճամբարի եւ թէ՛ ընդհանրապէս Թուրքիոյ հասարակութեան վերաբերող քաղաքացիական շարժումներուն մէջ հայկական ամէնէն յառաջատար ձայներէն համարուած «Ակօս»-ը իր հրապարակած լրատուութիւններով, մեկնաբանական ու առաջնորդող յօդուածներով ու հարցազրոյցներով` հայատառ եւ թրքերէն տարբերակներով ապահովեց հարցերուն ամէնէն լսելի հնչեղութիւնը:

Հիմա անոր գլխաւոր խմբագիրը մէկ կողմէ կը շարունակէ քննադատել էրտողականական վարչակարգի միջամտութիւնները, միւս կողմէ հրապարակային ձեւով դէմ կ՛արտայայտուի արտաքին միջամտութիւններուն:

Այս մեկնաբանութեան մէջ համարեա իմաստազրկուած է Միացեալ Նահանգներու  արտաքին գործոց նախարարութեան զեկուցումի բաժինը: Յստակօրէն կ՛ըսուի, որ ամերիկեան այս քննադատութիւնները որեւէ հետեւանք պիտի չունենան Թուրքիոյ իշխանութիւններուն համար, որոնք կ՛անտեսեն նման մեղադրանքներ: Աւելի՛ն. այս բոլորը պիտի մնան յայտարարողական մակարդակի վրայ եւ հայ համայնքը որեւէ աջակցութիւն պիտի չնկատէ Ուաշինկթընի կողմէ. ո՛չ միայն պիտի չակնկալէ, այլ նաեւ ցանկալի ալ չէ, որ Ուաշինկթընը նման աջակցութիւն ցուցաբերէ:

Ուղերձները յստակ են: Եւ այստեղ եզրակացութիւնն է կարեւորը: Պոլսահայ համայնքը իբրեւ թրքական հասարակութեան բաղադրատարր, պիտի շարունակէ իր պայքարը իր իրաւունքները ձեռք ձգելու համար: Օտար միջամտութիւնները եւ այս պարագային ամերիկեանը մերժելի են կտրականապէս:

Եթէ մէկ կողմէ այստեղ գոյութիւն ունի շահարկման նիւթի չվերածուելու գաղափարը, միւս կողմէ սակայն կայ նաեւ էրտողանական վարչակարգի անկանխատեսելի հակազդեցութիւններու վախը, ինչ որ ներկայ պայմաններուն մէջ աւելի քան հասկնալի է:

Թուրքիոյ պայմաններու իւրայատկութիւններուն իրազեկ մարդն է, որ ներքին առումով իր համարձակախօսական սկզբունքները պահելով, հիմնովին կը մերժէ արտաքին միջամտութիւնը. մանաւանդ որ գիտակից է, թէ անպայման այս անգամ թրքական կողմէն պիտի գայ շահարկումը` oտար ուժեր կ՛ուզեն մասնատել Թուրքիան, պառակտել հասարակութիւնն ու պետութիւնը եւ այդ քաղաքականութեան համար կ՛օգտագործեն փոքրամասնութիւնները:

Եւ պէտք է մտածել անշուշտ, որ այն ինչ որ ձեռք բերաւ մինչ այժմ Թուրքիոյ մէջ ապրող հայ փոքրամասնութիւնը որքանո՞վ արդիւնք էր նոյնինքն համայնքի տարբեր հոսանքներու ներկայացուցիչներուն տարած աշխատանքներուն, եւ որքանո՞վ` որոշ փուլի մը դէպի Եւրոպա սուրալ փորձող իշխանութիւններու վարած քաղաքականութեան:

Հիմա, պայմաններու կտրուկ փոփոխութիւն կայ .գէթ այս փուլին, որ կրնայ նաեւ փոխուիլ յառաջիկային: Այս պահուն սակայն յենիլ արտաքինին վրայ փոխելու համար ներքինը` արկածախնդրութեան տարողութիւն կրնայ ստանալ: Յայտնաբար այս գիտակցական մօտեցումին հիման վրայ կառուցուած են ամէնէն համարձակախօս խօսափող համարուող շրջանակներու սթափ գնահատականները` պաշտօնական Ուաշինկթընի կողմէ կրօնական ազատութեան կարգախօսին տակ յայտարարուած քննադատութիւններուն եւ պահանջներուն:

«Ա.»

Նախորդը

Արծուիկ Մինասեան. «Պիտի Վերականգնենք «Խոսրովի Անտառ»-ի Կենսաբազմազանութիւնը»

Յաջորդը

Կախարդը Օգնութիւն Կ՛առաջարկէ Ռոնալտոյի, Որ Անիծուած Կը Նկատէ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Խաղաթուղթերու Հիմնական Վերադասաւորումներ Միջին Արեւելքի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Խաղաթուղթերու Հիմնական Վերադասաւորումներ Միջին Արեւելքի Մէջ

Մարտ 21, 2023
Միրզոյեանի Հետ Հանդիպումին Ընթացքին.  «Առաջնահերթ Խնդիրներէն Մէկը Լաչինի  Միջանցքի Եւ Ընդհանուր Առմամբ Ղարաբաղի  Շուրջ Ստեղծուած Կացութիւնն Է»  Կ՛ըսէ Լաւրով
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեանի Հետ Հանդիպումին Ընթացքին. «Առաջնահերթ Խնդիրներէն Մէկը Լաչինի Միջանցքի Եւ Ընդհանուր Առմամբ Ղարաբաղի Շուրջ Ստեղծուած Կացութիւնն Է» Կ՛ըսէ Լաւրով

Մարտ 21, 2023
Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպեցաւ  Կիպրոսի Նորընտիր Նախագահին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպեցաւ Կիպրոսի Նորընտիր Նախագահին

Մարտ 21, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In