Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատմաքաղաքական Զիկզակներ. «Քրտական Սփիւռք»-ը Քրտական Ազգայնապաշտութեան Կեդրոնն Է

Օգոստոս 19, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ

Սփիւռքներուն հասարակաց հոգեվիճակը կը կեդրոնանայ լքուած հայրենիքը առասպելական գեղեցկութեան մը վերածելու գործողութեան վրայ: Քանի սերունդներ իրարու յաջորդեն, այս առասպելը աւելի կը զօրանայ: Այս պատճառով ալ սփիւռքի համայնքները շատ աւելի մոլեռանդ կը դառնան, քան թէ` իրենց հայրենիքին մէջ մնացած միւս ցեղակիցները եւ կրօնակիցները:

Այստեղ կը կեդրոնանաք այսօրուան Թուրքիոյ  տարածքէն, քրտաբնակ հողերէն հեռացած քիւրտերուն:

Արդարեւ, քրտական ազգայնապաշտութիւնը Պոթանի լեռներուն կամ Տիարպաքըրի արուարձաններուն մէջ չի ստեղծուիր: Նոյնիսկ անոնք արեւմտեան Թուրքիոյ քաղաքներու գիշերալոյսերուն մէջ չեն ստեղծուիր. քրտական ազգայնապաշտութեան գաղափարական եւ քաղաքական հիմքը կը կենսաւորուի Քէօլնէն մինչեւ Սիտնի, Պեքաայի հովիտէն մինչեւ Փարիզ երկարող «սփիւռք»-եան դաշտին վրայ:

1960-ական թուականներուն Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած քաղաքական վերիվայրումներու պատճառով յառաջացած խլրտումները, միւս կողմէ` յատկապէս քրտաբնակ շրջաններու մէջ տեղի ունեցած հետապնդումներու եւ ազգային ճնշումի ուժեղացումը պատճառ պիտի դառնար, որ ընթացք առնէր քիւրտերու արտագաղթը դէպի արեւմտեան երկիրներ, հիմնականին մէջ` Գերմանիա, Ֆրանսա, Դանիա, Շուէտ եւ Նորվեկիա: Այժմ Արեւմուտքի մէջ գոյութիւն ունին իրենց ուրոյն ազգային կեանքով քրտական հոծ համայնքներ: Հոն կը գործեն քանի մը տասնեակ քաղաքական կուսակցութիւններ, կազմակերպութիւններ, միութիւններ, յաճախ` իրարու տրամագծօրէն հակադիր աշխարհայեացքով ու գործելակերպով: Անոնցմէ ոմանք քիւրտ ժողովուրդի ազատագրութեան գաղափարը կը կապեն միայն զինուած պայքարի հետ, սակայն քիչ չեն նաեւ այն խմբակցութիւններն ու գործիչները, որոնք կողմնակից են պայքարի խաղաղ եղանակներուն, մասնաւորապէս` քրտական շրջաններուն մէջ ինքնավար կազմաւորումներ ստեղծելուն: Զգալի տոկոս կը կազմեն յատկապէս ծայրայեղ ազգայնական կազմակերպութիւնները, որոնք ապագայ Քիւրտիստանի սահմանները արեւելքէն կը հասցնեն մինչեւ Երեւան, իսկ հարաւէն` Ծոց:

Միւս կողմէ` ընդհանուր առմամբ արեւմտեան երկրներուն մէջ լոյս կը տեսնեն աւելի քան 80 քրտական պարբերականներ: Ի միջի այլոց հարկ է նշել, որ, ցաւօք, քրտական հասարակական-քաղաքական մտքի, ազգային նկրտումներու եւ ծրագիրներու առարկայական հայելին հանդիսացող գրաւոր փաստաթուղթերու այս հսկայածաւալ նիւթը յաւուր պատշաճի նոյնիսկ չէ դասակարգուած:

Քրտական սփիւռքը բաւական լուրջ գործունէութիւն կը ծաւալէ յատկապէս Եւրոպայի տարածքին: Քրտական շարժումի ուժեղ կողմերէն է, արեւմտեան Եւրոպայի մէջ, ռուսական (Ժիրինովսկիի Ռամկավար-ազատական կուսակցութիւն, Պետական Տումայի աշխարհաքաղաքականութեան յանձնաժողով) եւ ֆրանսական որոշակի քաղաքական շրջանակներու (Ֆրանսայի Ընկերվարական կուսակցութիւն, հանգուցեալ նախկին նախագահ Ֆրանսուա Միթերանի շրջանակ) եւ հակաթուրք տրամադրութիւններ ունեցող արաբական որոշ քաղաքական վարչակարգերու թեւարկութիւնը:

Քրտական զանազան կուսակցութիւններ, յատկապէս` Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը (ՔԱԿ), Եւրոպայի մէջ կը հաւաքէ այնքան շատ բազմութիւն, որքան պիտի չկարենար զօրակոչի ենթարկել հարաւարեւելեան Պատմական Հայաստանի (Անատոլու) կամ Մարմարայի քաղաքներուն մէջ: Այս սփիւռքէն կ՛երթայ լեռներու ո՛չ միայն զէնքն ու դրամը, այլ նաեւ` մարդուժը:

Քրտական բարբառները իրարու միացնող լեզուագիտական սեմինարներ, խորհրդաժողովներ, դասախօսութիւններ յաճախ կազմակերպուած են Սթոքհոլմի մէջ:

Վերոնշեալ տուեալները Թուրքիոյ պետութեան, իշխանութեան եւ թուրքիզմի գաղափարախօսներուն մօտ ձեւաւորուած են, իբրեւ ահաբեկիչներ, ահաբեկչական խմբաւորումներ, որոնք կ՛ուզեն երկիրը մասնատել: Առ այդ, Թուրքիոյ կառավարութիւնը փոխեց իր ընթացքը երկրի ամենակարեւոր, ամենատագնապալի եւ առաջնահերթութիւն ունեցող հարցի, այսինքն` քրտական հարցին նկատմամբ: Անոնք կը պնդեն, որ հանգուցալուծումը երկրին մէջ միայն տեղի կ՛ունենայ: Այս գաղափարն ալ վերջին տարիներուն գոյացաւ, զարգացաւ եւ ընդհանրացաւ:

Թրքական աղուէսաճարպիկութիւնը հոս եւս կը յայտնուի երբ «Հիւրրիէթ»-ի գրող Հատի Ուլուէնկինի «Քրտական սփիւռք» յօդուածին մէջ կը գրէր հետեւեալը. «Այնքան ատեն որ քրտական հարցը չի լուծուիր թրքական հողին վրայ եւ ժողովրդավարութեան լոյսին տակ, սփիւռքի երազած քրտական առասպելն ալ չի կրնար վերադառնալ իր տրամաբանական եւ ոչ չափազանցեալ համեմատութիւններուն»:

Ահաւասիկ թրքական վճիռը, որ կը խտանայ Ուլուէնկինի վերոնշեալ պարբերութեան մէջ:

Վերջապէս, անգամ մը եւս կը հաստատուի եւ կը շեշտադրուի, որ այսօր եւս քրտական ազգայնապաշտութեան կեդրոնը կը գտնուի «քրտական սփիւռք»-ի մէջ:

 

 

Նախորդը

Ազրպէյճանի Հասարակութիւնը Պահանջում Է Ալիեւից` Ընդունել Պարտութիւնը (Փաստաթուղթ)

Յաջորդը

Ազրպէյճանի «Սեւ Ցուցակը» Իրականում Խթանում Է Այցելուների Հոսքն Արցախ

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?