ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԱՂՊԱՇԵԱՆ
Թուրքիոյ վերջին երկու տասնամեակներու պատմութեան հետեւողը նկատի պիտի առնէ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի արագ վերելքը երկրի քաղաքական կեանքին մէջ: Նախ` իբրեւ Պոլսոյ քաղաքապետ (1994-1998), ապա` իբրեւ հիմնադիր Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան (2001), զոր առաջնորդեց 2002, 2007 եւ 2011 թուականներուն երկրի ընդհանուր ընտրութիւններու յաղթանակներուն ընթացքին, այնուհետեւ` իբրեւ վարչապետ (2003-2014), եւ վերջապէս` իբրեւ նախագահ:
Էրտողան, 1988-ին, կարճ ժամանակով մը բանտարկուած է հրապարակային ելոյթի մը ընթացքին թրքերէն քառեակներ արտասանելուն համար, երբ ըսած է. «Մզկիթները մեր զօրանոցներն են, անոնց գմբէթները` մեր սաղաւարտները, մինարէները` մեր սուիները, երկրպագողները` մեր զինուորները. այս բանակը կը հսկէ մեր կրօնը», եւ այդպիսով, ան դրսեւորած է իր ազգայնամոլութիւնը: Էրտողան իր վերելքը սկսաւ իբրեւ ազդեցիկ քաղաքական ղեկավար` մօտաւորապէս սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ.ի անկումէն մէկ դար ետք (Ապտիւլ Համիտ Բ. գահազուրկ եղաւ 1909-ին), եւ կը թուի, թէ ան կ՛աշխատի երկրին պատմութիւնը Ապտիւլ Համիտ Բ.ի բռնութեան օրերուն վերադարձնելու ուղղութեամբ` շուքի տակ առնելով Աթաթիւրքի հաստատած աշխարհիկ բոլոր օրէնքները եւ երկիրը մղելով դէպի մենատիրութիւն` իսլամական օրէնքներու ազդեցութեան տակ:
Աթաթիւրքի գաղափարախօսութեան եւ անոր սկզբունքներուն հետեւող Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան ղեկավարներուն ու բանակի զօրավարներուն համար գաղտնի բան չէ Էրտողանի իսլամ ծայրայեղական ըլլալը. ան առաջինը չէ եւ ոչ ալ` վերջինը, որ կը փորձէ Աթաթիւրքի գիծէն շեղիլ ու իսլամական սկզբունքները հարկադրել ժողովուրդին: Սակայն անցեալին բանակը կարեւոր քայլեր առած էր այդ փորձերը զսպելու եւ նոյնիսկ տապալելու համար, ինչպէս եղաւ 1960, 1971, 1980 եւ 1997 թուականներուն, թէեւ այս վերջինը սպառնալիք մըն էր միայն Էրտողանի հոգեւոր հօր` կուսակցական առաջնորդ եւ կրօնական սկզբունքներ ներշնչող Նեճմէտտին Էրպաքանի դէմ: Էրտողան եւս Աթաթիւրքի ճամբայէն շեղող մնացեալ ղեկավարներուն ճակատագիրը պիտի ունենար, եթէ ան չօգտուէր իր նախորդներու քաղաքական վախճանի դասերէն եւ իրեն դէմ կատարուած յեղաշրջումը չձախողեցնէր:
Արիւնարբու Կարմիր սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ. դաժան բռնակալ մըն էր, իր հարազատ ժողովուրդէն եւ անմիջական միջավայրէն կասկածող, նոյնպէս` բարեկամ եւ թշնամի երկիրներէ, եւ այդ իսկ պատճառով իր լրտեսները տարածած էր երկրի ամբողջ տարածքին: Իր գահը պահելու համար ան իսլամներու «խալիֆա»-ն ըլլալու հանգամանքին կառչած էր` կայսրութեան իսլամները իրեն թիկունք պահելու եւ խալիֆայութիւնը ներքին ու արտաքին թշնամիներու դաւադրութիւններէն պաշտպանելու միտումով: Երբ անոր ճանկերը ի՛ր իսկ ժողովուրդին հասան, ո՛չ խալիֆայութիւնը, ո՛չ կրօնը, ո՛չ ալ իր բռնապետութիւնը կրցան զինք փրկել, եւ ի վերջոյ ան գահէն վար առնուեցաւ:
Էրտողանի ներքին թշնամիներն են քիւրտերը, յառաջդիմակնները, ձախակողմեաններն ու թուրք ժողովուրդի ազատատենչ խաւը (Թուրքիոյ մէջ բանտարկուած լրագրողներու թիւը ամենամեծն է աշխարհի մէջ): Հայ եւ յոյն փոքրամասնութիւնները, Ցեղասպանութենէն ի վեր, այդ երկրին մէջ ուժ մը չեն ներկայացներ կամ վտանգ մը չեն սպառնար: Քիւրտերու բանուորական կուսակցութիւնը արդէն իսկ վաղուց երկրի թշնամին հռչակուած է, եւ Էրտողան, այդ իրողութենէն օգտուելով, քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը երկրի ներքին թշնամիներու շարքին զետեղած է: Քեմալական Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւնն ալ Էրտողանի բարեկամը չէ. անոր կողքին մնացած են միայն ծայրայեղ իսլամները, որոնք իր ծրագիրներուն եւ օսմանեան փառքերը վերահաստատելուն աջակիցներն են:
Ամերիկան, Ռուսիան եւ Եւրոպան` բոլո՛րն ալ կասկածի տակ են… Էրտողանի ամենամեծ թշնամին` Ֆեթուլլահ Կիւլենը, Ամերիկայի մօտ, որ ՕԹԱՆ-ի մէջ իր գլխաւոր դաշնակիցն է, ապաստան գտած է: Երբ Գերմանիա արգիլեց թուրք նախարարին քաղաքական հաւաքը` իր հողին վրայ, Էրտողան Գերմանիոյ կառավարութիւնը «Նացիական վարչակարգ» անուանեց. նոյնը եղաւ նաեւ Հոլանտայի հետ. արդարեւ, Die Welt-ի գերմանահպատակ լրագրող Տենիզ Եուչել տակաւին բանտարկուած կը մնայ Թուրքիոյ մէջ: Ռուսիա եւս շատ հաշիւներ ունի Թուրքիոյ հետ, իսկ Եւրոմիութիւնը արդէն իսկ դռները փակած է Թուրքիոյ դիմաց: Իսրայէլի հետ Թուրքիոյ խնդիրները շատ բարդացած են Պաղեստինի հարցով: Միւս կողմէ, Էրտողան Իրաքի մէջ զօրք կը պահէ` հակառակ այդ երկրի կամքին: Իսկ ինչ կը վերաբերի իսլամական երկիրներու, ապա շիի Իրանը Թուրքիոյ պատմական մրցակիցն ու թշնամին է շրջանին մէջ: Սակայն «Իսլամ եղբայրներ»-ուն (Իխուան) նեցուկ կանգնող Էրտողանին համար նորութիւնը` Սէուտիոյ Արաբիոյ սիւննի-ուահապի դաւանանքն է, որ Թուրքիոյ սիւննի-հանաֆի դաւանանքին ու «Իսլամ եղբայրներ»-ուն դէմ է:
Ներկայիս Էրտողանի կառավարութիւը կը մեղադրուի շարք մը ապօրինի, անիրաւ եւ անմարդկային գործերով ու վարքագիծով. նախ` ան իր երկրէն մաս մը (Արեւմտեան Հայաստանի շրջանները), ուր քիւրտեր կը բնակին, ռմբակոծած է եւ տակաւին կը շարունակէ քանդել այդ շրջանները, իսկ անոնց բնակիչները պետութեան հսկողութեան տակ առնուած տարածքներու մէջ կը բնակեցնէ:
Ըստ «Սի.Էն.Էն. Թիւրք»-ին (1 յունուար, 2017)` Թուրքիոյ աշխատանքի նախարար Մոհամետ Մուէզընօղլու ըսած է, որ Թուրքիոյ մէջ կան 135.000-է աւելի պետական պաշտօնեաներ, որոնք պաշտօնազուրկ եղած են` Կիւլենի խումբին կամ Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութեան անդամ կամ աջակից ըլլալու յանցանքով: Իսկ լրագրող Մարք Մաքինոն Պոլիսէն տեղեկացուցած է («The Globe And Mail», 5 յուն. 2017), թէ Էրտողանի քաղաքական մաքրագործութիւններուն պատճառով անվտանգութեան ուժերու եւ քաղաքացիական ծառայութիւններու գրեթէ 50,000 անդամներ պաշտօնազուրկ եղած են` «Կիւլենի յեղաշրջման փորձ»-ին մասնակցելու կասկածով: Էրտողան յայտնած է, որ երկրին մէջ արտակարգ դրութիւնը պիտի շարունակուի. ան կը ջանայ նաեւ մահապատիժը վերստին օրինականացնել. երկրին մէջ մարդկային իրաւունքները կ՛ոտնակոխուին…
Իսկ այս բոլորէն աւելի վտանգաւորը` թրքական կրթական համակարգի իսլամացումն է: Ըստ www.middleeasteye (18 յուլիս, 2017) կայքին` Թուրքիոյ կրթութեան նախարար Իսմեթ Եըլմազ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ըսած է, որ «Ժիհատ»-ը ներառնուած է կրօնական կրթութեան դասերու շրջանակներուն մէջ: «Ժիհատ»-ը սուրբ պատերազմ է` իսլամութիւնը տարածելու համար. անիկա նախ կ՛իրագործուի «ղազու»-ով, որ կը նշանակէ` ներխուժում, որուն կը յաջորդէ «ղենայիմ»-ը, որ կը նշանակէ` կողոպուտ ու թալան, գրաւուած հողամասերու բնակչութիւնը գերի առնել եւ այդ հողամասերուն տիրանալ… Այդ նո՛յնը` ինչ ըրաւ «Իսլամական պետութիւն»-ը (ՏԱՀԵՇ) Սինճարի մէջ, Մուսուլի մօտ: Նոյն այս ձեւով է նաեւ, որ ժամանակին ընդլայնուած ու տարածուած է Օսմանեան կայսրութիւնը:
Անցած ապրիլ 16-ին կայացած հանրաքուէն Էրտողանին ընդլայնուած լիազօրութիւններ շնորհեց, սակայն «այո» քուէները միայն 51,3 տոկոս էին: Ըստ թուրք լրագրող Փենար Թրըմփլէյի («Մոնիթոր», 28 յուլիս, 2017), 16 ապրիլ 2017-ի հանրաքուէին ընդհանուր արդիւնքները հաճելի չէին Էրտողանի համար: Արդարեւ, Թուրքիոյ 30 մեծ քաղաքներէն 17-ին մէջ, ի միջի այլոց նաեւ` Պոլսոյ, Անքարի եւ Զմիւռնիոյ, Էրտողան պարտուեցաւ. ան կորսնցուց այս քաղաքներուն մէջ բնակող երիտասարդութեան աջակցութիւնը… Աւելի՛ն. երկրի բնակչութեան 76 տոկոսը չի վստահիր արդարադատութեան համակարգին:
Էրտողանի մոլորած արտաքին քաղաքականութիւնը երկիրը տնտեսական լուրջ վնասներու եւ քաղաքական տագնապներու ենթարկած է: Գերմանիոյ հետ, որ Թուրքիոյ թիւ մէկ գործընկերն էր, առեւտուրը տկարացած է. նոյնը նաեւ` Եւրոմիութեան միւս երկիրներուն հետ: Թուրքիոյ կթան կովը Ծոցի արաբական երկիրներն են, որոնց հետ ան միլիառներով գործարքներ, եւ հոն հաստատուած հարիւրաւոր ընկերութիւններ ու հազարաւոր աշխատաւորներ ունի: Ներկայիս այդ բոլորը եւս վտանգի մէջ են Քաթարի տագնապին պատճառով… Արդարեւ, Թուրքիոյ յարաբերութիւնները վատթարացած են Սէուտական Արաբիոյ հետ, եւ թուրք գործատէրերը պահանջած են, որ Էրտողան հոն երթայ` փրկելու համար իրենց լաւ յարաբերութիւնները այդ երկրին հետ: Հետեւաբար, ստիպուած, ան միջնորդեց Քաթարին եւ միւս երկիրներուն միջեւ տագնապը լուծելու, սակայն ապարդիւն եղան անոր ջանքերը:
Սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ. իր գահէն վար առնուեցաւ ի՛ր իսկ ժողովուրդին կողմէ: Երբ ժողովուրդը որեւէ բարեփոխութիւններ տեսնելու յոյս չունէր այլեւս, կրցաւ օրինական խորհրդատուութիւն («Ֆաթուա») ստանալ երկրի օրուան կրօնապետ շէյխ ուլ-իսլամէն, որ այն ժամանակուան երկրի ամենամեծ ու ամէնէն ազդեցիկ անձնաւորութիւնն էր, եւ Համիտը գահազուրկ ըրաւ:
Էրտողանի վախճանը եւս նո՛յնը պիտի ըլլայ: Բանակի շարքերուն մէջ մաքրագործումներէն եւ իրեն վստահելի ու հնազանդ նոր հրամանատարներ նշանակելէ ետք յոյսը միա՛յն ժողովուրդը կը մնայ: Էրտողան իր ժողովուրդին կողմէ դուրս պիտի շպրտուի, երբ երկրին տնտեսական ու քաղաքական իրավիճակը փակուղի հասնի: Այս անգամ ժողովուրդը, խորհրդարանի եւ քուէարկողներու ձայներով, Էրտողանը իր երազած խալիֆայութեան գահէն վար պիտի առնէ: Սակայն տակաւին կանուխ է հոն հասնելու…
Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա
Օգոստոս 2017