Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. «Հայ Ընտանիք Եւ Հայ Մանուկ». Անընկճելի Միութիւն

Օգոստոս 22, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊԵՏԻԿ

«Ընտանիքի բազմացման ֆոնտ»-ն ու «Հայ մանուկի ֆոնտ»-ը արդէն կը սահմանեն մեր ազգային կեանքի  ուշադրութեան ամէնէն կարեւոր առարկաները` հայ ընտանիքի բազմացումը եւ հայ մանուկը ու անոնց կարեւորութիւնը` մեր ազգի գոյատեւման մէջ:

Հայ մանուկը, որ ընտանիքին հրաշք-պարգեւն է, ազգին կազմութեան բջիջն է, որ ճիշդ ու հայեցի դաստիարակութեամբ, կ՛երաշխաւորէ ազգին գոյատեւումը, մանաւանդ, սփիւռքի մեր մեծ ու փոքր գաղութներուն համար:

Ընտանիքը, որուն հովանիին տակ հասակ կ՛առնէ երեխան, իր առաջին դաստիարակութիւնը կը ստանայ իր ծնողքէն ու կը թրծուի ազգայնօրէն մեր ակումբներուն մէջ` դառնալու համար գաղութին մէջ օգտակար եւ գործուն անդամ:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին այս ֆոնտերը` «Ընտանիքի բազմացման ֆոնտ»-ն ու «Հայ մանուկի ֆոնտ»-ը, հաւատացէ՛ք, իրենց առաքելութեան մէջ մեր ուսերուն կը դնեն պարտականութիւնն ու պարտաւորութիւնը` ապահովելու իրենց երկարակեցութիւնը:

Երկու շաբաթ առաջ իմ շատ մտերիմ եւ սիրելի դասընկերներէս Խաչիկ Թէօլէօլեանը Միացեալ Նահանգներէն ինծի ուղարկեց «Հայրենիք» ամսագիրի 1962 մայիսի թիւին մէջ հրատարակուած յօդուած մը` «Հայրենասէր ընտանիք մը» վերնագիրով. իմ ընտանիքիս մասին այս էջը կ՛եզրափակէ` խօսելով իմ ծերունի մեծ հօրս մասին, որ եղած էր Խարբերդի ՀՅԴ ԿԿ-ի անդամ եւ շրջուն գործիչ, որ կ՛ըսէ. «… Երիտասարդ չեմ, բայց կ՛ապրիմ մեր ժողովուրդի տառապանքով, եւ ինչ որ ես չեմ կրնար ընել, Դաշնակցութիւնը կը շարունակէ ընել…»: Այս խօսքերը ըսուած են աւելի քան եօթանասուն տարի առաջ, եւ Դաշնակցութիւնը` հաւատարիմ ու գիտակից, այսօր իր պարտականութիւնը կը կատարէ խոր հաւատքով եւ հեռատեսութեամբ: Կը հիմնէ, կը նախաձեռնէ ու կ՛երաշխաւորէ այս առաքելութեան արդար եւ անաչառ գործադրութիւնը, բայց մենք` իբրեւ բաղադրիչ մասնիկները մեր գաղութներուն, պէտք է ապահովենք անհրաժեշտ եւ անսպառ աւիւնը այս բաբախող սրտին:

Անհերքելի իրականութիւն է, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը աշխարհի ամէնէն երկարակեաց քաղաքական կուսակցութիւններէն է` շնորհիւ մեր ժողովուրդի անխախտ հաւատքին ու նուիրուածութեան: Նաեւ իրականութիւն է, որ Դաշնակցութիւնը իր գոյատեւման սնունդը կ՛առնէ իր մեծածաւալ համակիրներէն:

Հետեւաբար կ՛եզրակացնենք, որ գործուն ու անսակարկ մասնակցութիւնը պէտք է բերենք «Հայ ընտանիքի բազմացման» եւ «Հայ մանուկի ֆոնտ»-ին, որպէսզի ամէն մէկ հայ մանուկ դառնայ Վահագն մը` ի վիճակի պայքարելու արդի աշխարհի խոչընդոտներուն դէմ, զինուած` իր հայեցի դաստիարակութեամբ եւ բարձրագոյն ուսումով, զօրավիգ ունենալով մեր անխոնջ կազմակերպութիւնը:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (22 Օգոստոս 1967)

Յաջորդը

Փոքր Յուշեր Պօղոս Սնապեանէն

RelatedPosts

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն «Թռչէի Մտքով Տուն»

Մայիս 10, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գիտակից Մայրը (Մայրերու Օրուան Առթիւ)

Մայիս 10, 2025
Բնակա՞նը,  Թէ՞  Բնութիւնը
Անդրադարձ

Հերոսածին Մայրեր

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?