Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»ի 90-ամեակին Նուիրուած Բացառիկը

Օգոստոս 21, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԶԵՓԻՒՌ ՊԱՊԻԿԵԱՆ-ԱՒԱԳԵԱՆ

«Ազդակ»-ի 90-ամեակին նուիրուած բացառիկը իր խմբագրականի Ա. պարբերութեամբ կը ներկայացնէր այս հրատարակութեան շարժառիթը հետաքրքրական վերնագիրով մը` «Չտպուած բաժինը», «Ազդակ»-ի առօրեային հետ առնչուող խոհանոցային բաժինը, որ տեսանելի չէ եղած տասնամեակներ շարունակ` թեքնիք բաժինը, աշխատանքային յարաբերութիւնները, խմբագրական կազմի իսկ բառերով` «շատ կարեւոր եւ սպառնալիքի տակ եղող բաժին մը», որուն պատմութեան յանձնելու գործը ստանձնած են «Ազդակ»-ի երբեմնի խմբագիրները, որոնք կազմած են «Ազդակ»-ի 90-ամեակի յոբելենական յանձնախումբը, եւ որոնց մտահոգութիւնը եղած է «ի գին ամէն ինչի թերթը տպելու եւ հայ ընտանիքին հասցնելու ամբողջ համակարգի մը իննսունամեայ յաջողութեան գաղտնիքին որոշ ծալքերը բանալ»:

90-ամեակի հատորը կը բացուի ուղերձներով` Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի, ապա` ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեանի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.-ի, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց պատրիարք Գրիգոր-Պետրոսի, որմէ ետք` սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի: Հուսկ` «Երկարատեւ ընթացք եւ բարի նաւարկութիւն «Ազդակ»-ին խորագիրով ՀՅԴ Բիւրոն իր մաղթանքը կը ձօնէ «Ազդակ»-ի երթին: Իսկ ՀՅԴ Լիբանանի ԿԿ-ը կը հաստատէ, որ` ««Ազդակ»-ը եղաւ հայապահպանութեան ամրոց, «Ազդակ»-ը եղաւ Լիբանանի հայութեան ու ապա համայն սփիւռքի առօրեայ կեանքի հայելին ու պատմագիրքը»:

Ասոր կը յաջորդէ Դաւիթ Բաբայեանի` Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղակալի շնորհաւորական խօսքը, որուն համաձայն` «Ազդակ»-ը «մեծ յարգանք է վայելում նաեւ Արցախում»:

ՀՅԴ Մամլոյ դիւանի պատասխանատու Արտաշէս Շահբազեան կը հաստատէ, որ` «Դաշնակցութեան ապրած ոդիսականի 90 տարում մամուլի ու քարոզչութեան ճակատի կարեւոր դերակատարներից է եղել «Ազդակ» թերթը»:

Յաջորդաբար իրենց շնորհաւորանքները կ՛արտայայտեն ի սփիւռս աշխարհի հրատարակուող ՀՅԴ պաշտօնաթերթերու, հայկական օրաթերթերու եւ պարբերականներու խմբագիրներ եւ պատասխանատուներ: Շուրջ 425 գեղեցկօրէն ձեւաւորուած, նկարներով ճոխացած էջերու վրայ տարածուելով` հատորը կը փորձէ ներկայացնել ամէն մանրուք ու փշրանք, որ կրնայ ծառայել «Ազդակ» օրաթերթի 90-ամեայ պատմութիւնը ներկայացնելու յոյժ կարեւոր գործին: Այստեղ կը յիշուի, որ «դաշնակցական խօսքի դրօշակիր»-ը ամէն տարի մարտ 5-ին կը տօնէ իր սեփական ամանորը` 1927-ի իր ծնունդը:

Լիբանանեան տարբեր քաղաքական անցուդարձերուն հետ, քաղաքացիական պատերազմի օրերուն, «Ազդակ» ապրած է վերիվայրումներ, տպագրական գործիքներու արդիականացման անհրաժեշտութիւն, որոնք առօրեայ դժուարութիւններ ըլլալով հանդերձ, միշտ ալ յայտնուած են պատասխանատու մարմիններու մտահոգութեան կիզակէտին:

«Ազդակ» նաեւ եղած է «ուղղակի կամ անուղղակի ժամադրավայրը հայ գրողներու, արուեստագէտներու, մտաւորականներու եւ կուսակցական գործիչներու, որոնք զիրար գտած են խմբագրատան մէջ», ինչպէս կը յուշէ Ս. Մահսէրէճեանի յօդուածը:

Սարգիս Մահսէրէճեանի, Ասպետ Մանճիկեանի, Շահանդուխտի, Վ. Աւագեանի, Յակոբ Եափուճեանի յօդուածները կ՛ամփոփեն «Ազդակ»-ի 90 տարիներու երթը, ուր պատմականին ընդմէջէն կ՛արտացոլայ նաեւ լիբանանահայ գաղութին եւ սփիւռքին լինելիութիւնը:

Քանի մը հարցազրոյցներու ընդմէջէն` Երուանդ Փամպուքեանի, Յակոբ Բագրատունիի, Վարանդ Փափազեանի, Յովիկ Պէրթիզլեանի, Յակոբ Խաչերեանի հետ, կը համալրուի «Ազդակ»-ի պատմութիւնը:

Այնուհետեւ, Ժաք Յակոբեան հանգամանալից կերպով կը խօսի թերթի հիմնադիր Հայկ Պալեանի անձնաւորութեան մասին: «Ազդակ»-ը վերջին տարիներուն, արաբական աշխարհի լրատուադաշտէն ներս մուտք գործելու անհրաժեշտութենէն մեկնած, ունեցաւ «Ազդակ արաբերէն»-ը: Այս բաժանմունքին կ՛անդրադառնայ «Ազդակ արաբերէնի»-ի խմբագիր Նորա Արիսեան:

Այնուհետեւ, Սիլվի Աբէլեան համառօտ կերպով կը ներկայացնէ տեղական գրախանութներու կարծիքը` «Ազդակ»ի 90-ամեակին առիթով:

Այս բաժինին կը յաջորդէ յուշագրական յօդուածներու շարք մը, որ կարծիքներու եւ ապրումներու վերբերումով կ՛արթնցնէ յուշեր եւ լուսարձակի տակ կը բերէ «Ազդակ»-ի էական դերն ու անոր յարկին տակ աշխատելու անկրկնելի հաճոյքը:

Բացառիկին մէջ յատուկ տեղ յատկացուած է «Ազդակ»ի խմբագրութեան մաս կազմած եւ թերթին մէջ զանազան պաշտօններ վարած, յօդուածներ ստորագրած, էջեր խմբագրած գործակիցներու անուանացանկին:

Հատորը կ՛աւարտի ներկայ ընտանիքը ներկայացնող պատկերազարդ էջերով:

Պատմութեան անդաստանին մէջ տեղադրուած այս կոթողը, հայ մամուլի առաջատար ներկայացուցիչին` «Ազդակ»-ին երկարամեայ ու չընդհատուող երթին վկայութիւնն է: Գովելի հրատարակութիւն մը, որ լոյսին բերուած է մասնագիտական բծախնդիր մօտեցումով:

Բարի երթ «Ազդակ»-ին` դէպի լուսաշող հարիւրամեակ:

 

Նախորդը

Աւետելով «Հայաստանի Պատմագէտների Միութեան» Հիմնումը. «2018-ին Գումարուելիք Գիտաժողովին Պիտի Քննարկուին Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Եւ Ընդհանրապէս Հայոց Պետականութեան Հիմնախնդիրները` Պատմագիտութեան Տարբեր Ենթաճիւղերի Տեսլականով»

Յաջորդը

Լռութեամբ Պատգամ Փոխանցող Դաշնակցականը (Ժիրայր Շոքոյեանի Յիշատակին)

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?