Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻԱ ԱՐԱՊԱԹԼԵԱՆ
Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանին մօտենալու ընթացքին կրնաս նայիլ վերեւ եւ տեսնել հեռուն բարձրացող Արարատ լեռը, որ իր ստուերը կը ձգէ վարդագոյնի մէջ թաթախուած քաղաքին վրայ: Երեւանը յայտնի դարձած է իբրեւ Հայաստանի վարդագոյն քաղաք` նոյնինքն այդ տեսարանին շնորհիւ: Այս մասին գրած է Միացեալ Նահանգներու գիտահետազօտական եւ մշակութային մեծագոյն կեդրոններէն մէկը նկատուող «Սմիթսըն» հիմնարկին կայքէջը:
«Ինչպէ՞ս հնագոյն հրաբուխները ստեղծեցին Հայաստանի վարդագոյն քաղաքը» խորագիրը կրող յօդուածին մէջ նշուած է, որ քաղաքը իր ամէնէն վառ գոյնը կը ստանայ արեւածագին եւ մայրամուտին ու կը փոխուի օրուան ընթացքին` կապուած այն փաստին, թէ ո՛ր կողմէն կը շողայ արեւը:
Յօդուածի հեղինակ Ճենիֆըր Պիլոք նշած է, որ Երեւանը աշխարհի հնագոյն բնակեցուած քաղաքներէն մէկն է: «Երեւանի իւրայատուկ շինարարական քարը իրականութեան մէջ հրաբխային կարծրացում է, որ իր մէջ ունի վարդագոյնի զանազան երանգներ` բաց փասթելայինէն մինչեւ պայծառ` նարնջագոյնի երանգով: Գիտականօրէն անիկա կը կոչուի տուֆ` ժայթքումին պատճառով դուրս եկած հրաբխային մոխիրի սեղմուելուն պատճառով յառաջացած քար: Վարդագոյն տուֆը շատ քիչ հանդիպող երեւոյթ է, իսկ Երեւանը միակ մեծ քաղաքն է, որ կառուցուած է այդ քարով», գրած է Պիլոք: