Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայրենիք»ի Խմբագրական. Ո՛չ Ստրկութեան, Ո՛չ Ազգայնամոլութեան Եւ …Ո՛չ Խեղկատակութեան

Օգոստոս 21, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նոյնքան ահաւոր եւ աններելի էին Սպիտակ տան վարձակալ Տոնըլտ Թրամփի յայտարարութիւններն ու արտայայտութիւնները` օգոստոս 12-ին Չարլոցվիլի (Վըրճինիա) մէջ պատահած խռովութիւններուն մասին, որքան` նոյնինքն դէպքերուն իրադարձութիւնները:

Քանի մը օրերու, նոյնիսկ քանի մը ժամերու ընթացքին նախագահ Թրամփ կատարեց հակասական եւ հակադրական յայտարարութիւններ` գլխապտոյտ յառաջացնելով դէպքերու իրադարձութիւններուն հետ քայլ պահող տեղւոյն քաղաքացիին մօտ:

Չարլոցվիլի բնակիչին համար յստակ էր ամիսներէ ի վեր, որ շրջանին մէջ որոշ ազգայնամոլ եւ յատկապէս սպիտակամորթ ընտրանիի մը մօտ ընդվզումի ալիք եւ կիրք ստեղծուած էր, երբ տեղւոյն քաղաքապետութիւնը որոշած էր քակել շարունակ ստրկութեան ի նպաստ պայքարած զօրավար Ռապըրթ Լիի (1807-1870) արձանը:

Նմանօրինակ որոշումներ տրուած էին նաեւ ստրկութեան մայրաքաղաք Նիւ Օրլինզի մէջ, եւ քանի մը արձաններ «չէզոքացուած» եւ «չքացած» էին` մասամբ մը մոռցնել տալով Միսիսիփիի ափի այս քաղաքէն դէպի հիւսիս փոխադրուող ստրուկները, որոնք դաժան պայմաններու տակ երբեմն նոյնիսկ հոգինին կ՛աւանդէին` դեռ իրենց փոխադրող նաւը որոշեալ վայրը խարիսխ չնետած:

Նկատի ունենալով տեղւոյն բնակչութեան եւ տիրող մտայնութեան պայմանները` հաւանաբար Նիւ Օրլինզի արձանները քակելու այս գործընթացը համեմատաբար աւելի խաղաղ պայմաններու տակ ընթացած էր:

Չարլոցվիլի մէջ ստեղծուած պատկերն ու գոյութիւն ունեցող կիրքը տարբեր էին, ուր ծայրայեղականներ ոչ թէ խաղաղ ցոյցի ժամանած էին, այլ եկած էին արեան գնով իրենք զիրենք պարտադրելու եւ յայտնելու, որ իրենք չեն կրնար փոխարինուիլ, մէկ խօսքով, ստրուկը դառնալով իրենց անհիմն եւ անհեթեթ ստրկաբանութեան:

Այս ծայրայեղականները աւելի թեւեր ստացան, երբ նախագահ Թրամփ իր անտեղի, մակերեսային եւ նոյնիսկ թեթեւսոլիկ յայտարարութիւններ կատարելով իր նախասիրած գործելաձեւով` թայլայլիչով (twitter), յաւելեալ բեւեռացում եւ պայթուցիկ կացութիւն ստեղծեց:

Մերթ քննադատելով ցուցարար երկու կողմերը եւ մերթ հաստատելով, որ ծայրայեղ աջակողմեաններուն մէջ կարգ մը ցուցարարներ պարզապէս եկած էին ի յարգանս իրենց ազգային հերոս զօրավար Ռապըրթ Լիի, Միացեալ Նահանգներու նախագահը կատարած էր իր իւրայատուկ «թրամփութիւն»-ը եւ ինկած էր արդի լրատուամիջոցներու ծուղակին մէջ` գլխապտոյտ յառաջացնելով նոյնիսկ իր պաշտօնէութեան մօտ:

Դժուար է քայլ պահել նախագահ Թրամփի յայտարարութիւններուն կամ խեղկատակութիւններուն հետ: Անոր վերոյիշեալ յայտարարութիւնը վերլուծելով եւ զուգահեռ  մը ստեղծելով` արդեօ՞ք իննսունականներուն կարելի պիտի ըլլար կլլեցնել Խորհրդային Միութեան տիրապետութեան տակ ստրկացած բնակիչը, թէ ժամանած էր ի յարգանք Լենինի կամ Ստալինի եւ ոչ թէ անոնց վիթխարի արձաններու փլուզման արարողութեան…

Եթէ նախագահ Թրամփ բաւական մը կարդացած ըլլար զօրավար Ռապըրթ Լիի կեանքին մասին, հաւանաբար այս արիւնահեղութիւնն ու կիրքը արդէն իսկ «մարած» կրնային ըլլալ: Արդարեւ, նոյնինքն զօրավար Լին քաղաքացիական պատերազմի աւարտէն ետք յայտարարած էր, թէ ոչ մէկ արձան կամ յուշակոթող պէտք է կառուցել այդ նիւթին առնչութեամբ, պարզապէս երկրէն ներս յաւելեալ բաժանում չյառաջացնելու համար:

Վերադառնալով Սպիտակ տան, արդեօք ո՞վ պիտի պաշտօնազրկուի կամ հրաժարի: Արդեօք ժամանակը չէ՞ հասած նոյնինքն վարձակալին:

17/08/2017

Նախորդը

Լռութեամբ Պատգամ Փոխանցող Դաշնակցականը (Ժիրայր Շոքոյեանի Յիշատակին)

Յաջորդը

RelatedPosts

Կեանքէն Հեռացաւ Վաստակաւոր Բժիշկ, Մամուլի Ժրաջան Աշխատակից Եւ Ազգային Գործիչ Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Առաջին Հայ Բժշկուհին` Էլիզա Մելքոն

Մայիս 12, 2025
Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի
Անդրադարձ

Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի

Մայիս 12, 2025
«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար
Անդրադարձ

«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?