Հայաստանագնացութիւն
ԿԱԼԻ ԱՒԱԳԵԱՆ Հասաւ մեկնումի օրը` 30 յուլիսը: Առաջին անգամն ըլլալով պիտի երթայի հայրենիք` Հայաստան: Պիտի խմէի անոր զուլալ ջուրը, պիտի շնչէի անոր մաքուր օդը եւ պիտի վայելէի անոր գեղեցիկ բնութիւնը: Վստահաբար կրնաք երեւակայել պատանիի մը վիճակը այսպիսի կացութեան մը մէջ. իրապէս շատ ուրախ էի: Ըսեմ պատճառն ալ երթալուս. պիտի մասնակցէի ՀՅԴ Պատանեկան միութիւններու կազմակերպած բանակումին, որ տեղի պիտի ունենար Քանաքեռաւանի...



















