Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճան Կը Ճնշէ Պուլկարիան` Դէպի Ահաբեկիչներ Զինամթերքի Իր Առաքումները Բացայայտած Լրագրողը Գործէն Արձակելու Պահանջով

Սեպտեմբեր 5, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Անցեալ ամիս գրած էի պուլկարացի լրագրող Տիլեանա Կայթանճիեւայի բացայայտումներուն մասին, թէ` Ազրպէյճանի «Սիլքի ուէյ» պետական օդանաւային ընկերութիւնը դիւանագիտական թռիչքներու քողին տակ վերջին երեք տարիներուն ընթացքին 350 թռիչք իրականացուցած է` ծանր զէնքեր եւ զինամթերք առաքելով ահաբեկչական խումբերու, որոնք կը գտնուին Սուրիա եւ այլ երկիրներ:

Օգոստոս 24-ին Տիլեանա իր թուիթըրեան էջին մէջ գրած է. «Զիս պարզապէս գործէ արձակեցին` դիւանագիտական թռիչքներով Սուրիոյ ահաբեկիչներուն ուղղուած զինամթերքի մատակարարումներու մասին ճշմարտութիւնը ըսած ըլլալուս համար»:

Տիլեանա Դիմատետրի իր էջին մէջ գրած է, որ ինք աշխատանքէ արձակուած է Պուլկարիոյ կառավարութեան վրայ Ազրպէյճանի բանեցուցած ճնշումներուն պատճառով, քանի որ կը պատրաստուէր Սուրիա մեկնիլ` շարունակելու համար իր հետաքննութիւնը:

«Արմէնփրէս»-ի տուած հարցազրոյցին մէջ Տիլեանա ըսած է, որ զինք գործէ արձակելէ առաջ Պուլկարիոյ ազգային անվտանգութեան գործակալութենէն հեռաձայնած են իրեն եւ հարցուցած` իր բացայայտումներու աղբիւրներուն մասին: Պատասխանած է, որ իր աղբիւրը եղած է Ազրպէյճանի դեսպանատան կայքը, զոր մինչ այդ կոտրած էին, սակայն այլ մանրամասներ չ՛ուզեր ներկայացնել: Երկու ժամ ետք ան հեռաձայն ստացած է «Թրուտ» օրաթերթէն եւ իրեն յայտնուած` աշխատանքէ հեռացուած ըլլալուն մասին:

Յօդուածը հրապարակելէ ետք Տիլեանա բացայայտած է, որ ազրպէյճանական դեսպանատունը յորդորած է Պուլկարիոյ կառավարութիւնը` հետաքննել զինք. իբրեւ  հետեւանք` ան արձակուած է գործէն:

Սակայն պուլկարացի խիզախ լրագրողը կը հրաժարի լռելէ… Ան «Արմէնփրէս»-ին յայտնած է, որ ոչ ոք կրնայ զինք ետ կեցնել` իր հետաքննութիւնը շարունակելէ. «Անոնք չկրցան կեցնել զիս երկու ամիս առաջ. անոնց չկրցան կեցնել զիս երէկ` բարձրաձայն արտայայտուելէ: Ես տակաւին նոր գրեցի ընկերային ցանցերու լրատուական միջոցներու մէջ: Անոնք անկախ լրագրողին չեն կրնար ստիպել` լռել: Ես պարտաւորութիւն մը չունիմ ոեւէ մէկուն հանդէպ: Ես պարտաւոր եմ մարդոց ըսել ճշմարտութիւնը, սա է իմ գործս»:

Տիլեանա շեշտած է, որ Պուլկարիա քաջատեղեակ էր զինամթերքի ապօրինի առաքումներուն մասին, քանի որ անոր ձեռքին տակ էին այն բոլոր փաստաթուղթերը, որոնք կը հաստատէին, որ Պուլկարիոյ կառավարութիւնը, քանի մը եւրոպական երկիրներ, Միացեալ Նահանգները եւ շատ ուրիշներ իրենց հաւանութիւնը տուած են այդ գաղտնի եւ անօրինական գործողութիւններուն…

Պուլկարացի լրագրողը կոչ ըրած է ՄԱԿ-ին` հետաքննութիւն բանալու Ազրպէյճանի, Պուլկարիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Սէուտական Արաբիոյ եւ այլ երկիրներու դէմ: Բացի ատկէ, Տիլեանա աջակցութեան խնդրանքով դիմած է անկախ լրագրողներու եւ լայն հասարակութեան: Ան ընդգծած է. «Ես առաջին եւ վերջին լրագրողը չեմ, զոր գործէ կ՛արձակեն: Ես մեծ ակնկալիքներ չունիմ մեծ լրատուական միջոցներէ, քանի որ անոնք ունին իրենց  քաղաքական օրակարգը, նպատակները եւ քաղաքականութիւնը: Այն, ինչ կ՛ակնկալեմ, կարենալ տարածելն է այս տեղեկութիւնը ամբողջ աշխարհի մէջ, ոչ մեծ լրատուական միջոցներու ճամբով»:

Տիլեանա նաեւ բացայայտած է, որ Ազրպէյճան վճարած է պուլկարացի լրագրողներուն` Պաքուի համար նպաստաւոր յօդուածներ հրապարակելու նպատակով. «Ես կրնամ ձեզի տրամադրել փաստ մը, որ ձեռք բերուած է Ազրպէյճանի դեսպանատան վրայ համակարգչային յարձակումէ ետք գաղտնազերծուած փաստաթուղթերէ: Ազրպէյճանի դեսպանատունը գումարներ վճարած է լրագրողներուն` յօգուտ Ազրպէյճանի կամ Ազրպէյճանի հրահանգով հրապարակուած յօդուածներու համար»:

Տիլեանա կը պնդէ, որ ինք վճռական տրամադրուած է` շարունակելու իր աշխատանքը. «Ես կը պատրաստուիմ ստեղծելու իմ սեփական առցանց լրատուական միջոցը, քանի որ հիմա Պուլկարիոյ մէջ ոչ ոք կ՛ընդունի հրապարակել հետաքննութիւններս: Պուլկարական լրատուական միջոցները աշխատանք չեն առաջարկեր ինծի: Ուստի, ես կը մտածեմ իմ սեփական լրատուական միջոցս ստեղծելու մասին. սա՛ է լուծումը»:

Տիլեանայի բացայայտումները հաստատած է Թերի Մէյսան` sott.net կայքի մէջ տեղադրուած յօդուածով մը, նշելով, որ Սիքամոր գործողութիւնը կ՛ընդգրկէ առնուազն 17 պետութիւն եւ կը ներկայացնէ տասնեակ հազարաւոր թոն զինամթերք. «Վերջին եօթը տարիներու ընթացքին ապօրինի կերպով քանի մը միլիառ տոլար արժողութեամբ սպառազինութիւն ուղարկուած է Սուրիա… Բազմաթիւ փաստաթուղթեր կը վկայեն այն մասին, որ տեղափոխութիւնը կազմակերպուած էր հրամանատար Տէյվիտ Փեթրէուսի կողմէ, առաջին հերթին` բացայայտօրէն, Կեդրոնական հետախուզական վարչութեան (ԿՀՎ) միջոցով, որուն տնօրէնն էր ան, ապա` մասնաւոր կերպով, «Քէյ.Քէյ.Ար.» ֆինանսական ընկերութեան միջոցով, որոշ բարձրաստիճան պետական ծառայողներու օգնութեամբ: Այժմ նոր տարրերը ցոյց կու տան Ազրպէյճանի գաղտնիքը` պատերազմի զարգացման ընթացքին մասին [Սուրիոյ մէջ]… Թէեւ դէպի Սուրիա հիմնական սպառազինութիւններ արտահանողներէն մէկը Պուլկարիան էր, սակայն ան օգնութիւն կը ստանար Ազրպէյճանէն»:

Մէյսան իր յօդուածին մէջ կը մէջբերէ Հետաքննութիւններու դաշնային Բիւրոյի (ՀԴՊ) նախկին թարգմանիչ եւ Ազգային անվտանգութեան բացայայտողներու համախմբման հիմնադիր Սիպել Էտմընծը` բացայայտելով, որ «Ազրպէյճան, նախագահ Հէյտար Ալիեւի իշխանութեան օրով, 1997-2001 թուականներուն, Պաքուի մէջ հիւրընկալած է Այման Զաուահիրին` Քայիտայի թիւ 2 անդամը: Այդ կատարուած է ԿՀՎ-ի խնդրանքով: Թէեւ ան պաշտօնապէս կը փնտռուէր ՀԴՊ-ի կողմէ, սակայն այդ անձնաւորութիւնը, որ հետագային  միջազգային ժիհատիստական ցանցի մէջ թիւ 2-ն էր, ՕԹԱՆ-ի օդանաւերով կանոնաւոր կերպով կը ճամբորդէր դէպի Աֆղանիստան, Ալպանիա, Եգիպտոս եւ Թուրքիա: Ան յաճախ կը հիւրընկալէր Սէուտական Արաբիոյ արքայազն Պանտար Պըն Սուլթանը»:

Ամերիկահայ համայնքը Միացեալ Նահանգներ պէտք է հրաւիրէ հանրաճանաչ պուլկարացի լրագրող Տիլեանան` դասախօսութիւններու եւ մամլոյ ասուլիսներու ճամբով հրապարակային դարձնելու համար անոր զգայացունց բացայայտումները` Ազրպէյճանի կողմէ ահաբեկիչներուն ապօրինի կերպով զինամթերք առաքելու մասին:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

 

Նախորդը

«Պսակ» Ժողովածուն

Յաջորդը

Բարի Երթ ՀՕՄ-ի «Սօսէ» Մանկապարտէզին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ցնծացողներ Եւ Վճարողներ
Անդրադարձ

Ակնարկ. Ցնծացողներ Եւ Վճարողներ

Յունուար 31, 2023
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Անդրադարձ. Հայաստանի Ձիերը, Ձիաւոր Հերոսները, Հեծելազօրը Եւ Յաղթանակները – Ի.

Յունուար 31, 2023
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Նոր Լիբանանի Մը Սպասումով

Յունուար 30, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In