ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Երեւանի մէջ 2016-ին լոյս տեսաւ Գէորգ Ստեփանեանի «Համազասպ» գիրքը, բաղկացած` 1087 էջերէ: Գիրքը հրատարակուած է Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի միջոցներով: Հեղինակը գիրքը նուիրած է Երեւանի Կեդրոնական բանտին մէջ 1921 փետրուար 14-18 նահատակուած հայորդիներու պայծառ յիշատակին եւ փետրուարեան ապստամբութեան 95-ամեակին:
Համազասպ Սրուանձտեանց ծնած է 5 յունուար 1873-ին, Վանի Այգեստան քաղաքամասին մէջ: Սկիզբը եղած է արմենական, յետոյ, ձերբակալութենէ խուսափելու համար անցած է Պոլիս, ուր շարունակած է ուսումը: Գարեգին եպիսկոպոս Սրուանձտեանցի (հօր հօրեղբայրը) յանձնարարութեամբ 1892-ին մեկնած է Երեւան, ուր Խրիմեան Հայրիկի միջնորդութեամբ ընդունուած է թեմական դպրոց: Համազասպ Երեւանի մէջ զբաղած է նաեւ ժամագործութեամբ, ոսկերչութեամբ եւ արծաթագործութեամբ: 1892-ի վերջաւորութեան կամ 1893-ին անդամակցած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան:
Խառնուածքով յեղափոխական Համազասպ Երեւանի մէջ իր ամբողջ էութեամբ լծուեցաւ կուսակցական եւ ազգային-հասարակական աշխատանքներու:
Համազասպ 1894-ին ամուսնացաւ շուշեցի Շուշանիկ Վանեանցի հետ եւ ունեցաւ չորս զաւակ. Գարեգին, Ալմաստ, Հրանդ եւ Վանազատ:
Համազասպ 1903-ին իր կրտսեր եղբօր` Հրաչեայի հետ ընտանիքով Երեւանէն փոխադրուեցաւ Շուշի, ուր դարձեալ զբաղեցաւ ոսկերչութեամբ: Արհեստանոցը թաթարներու շուկային մէջ կը գտնուէր:
Շուշիի մէջ Համազասպ կապ հաստատեց տեղական ազգային կազմակերպութիւններու հետ եւ աշխուժ աշխատանք ծաւալեց երիտասարդութեան մէջ, կոչ ուղղելով օգնելու Արեւմտահայաստանի հայութեան` զինուելու, թրքական բռնութիւններուն դիմադրելու համար:
Կուսակցական աշխուժ գործունէութեան պատճառով Համազասպ 1905 փետրուարին ձերբակալուեցաւ ռուսական ոստիկանութեան կողմէ, բայց յետոյ ազատ արձակուեցաւ մեղադրական փաստերու բացակայութեան պատճառով:
Այդ ժամանակ, 1905 փետրուարին Պաքուի մէջ սկսան հայ-թաթարական ընդհարումները: Համազասպ եղբօր` Հրաչեայի յանձնեց արհեստանոցը եւ զինուորագրուեցաւ ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան համար մարտական խումբերու կազմակերպման պատասխանատու գործին: Արցախի ինքնապաշտպանութեան ընդհանուր ղեկավարութիւնը յանձնուեցաւ Խանասորի Վարդանի, իսկ Խաչենի շրջանի հայութեան պաշտպանութեան գործի կազմակերպումը յանձնուեցաւ Համազասպի` կեդրոն ունենալով Ղշլաղ (այժմ` Ծաղկաշատ) գիւղը:
Համազասպ թէեւ չունէր ռազմական կրթութիւն եւ նախապէս չէր մասնակցած ռազմական որեւէ գործողութեան, սակայն ստանձնելով ինքնապաշտպանութեան կազմակերպման գործը, հրամանատարի իր բնատուր ձիրքով պատուով եւ հմտօրէն կատարեց իրեն վստահուած մեծ եւ պատասխանատու առաջադրանքը:
Համազասպ գործի դրաւ զէնքի ընդունակ բոլոր կարող ուժերը: Գիւղերուն մէջ ստեղծուեցան զինուորական խորհուրդներ: Հաւաքագրուեցան կռուի ընդունակ երիտասարդներ: Թաթարական բնակավայրերուն սահմանակից գիւղերուն մէջ տեղակայուեցան մնայուն խումբեր:
Համազասպի ղեկավարութեամբ Արցախի ինքնապաշտպանութեան ուժերը յաջողեցան անառիկ պահել ռազմավարական կարեւոր նշանակութիւն ունեցող Ասկերանի կիրճը եւ կասեցնել թաթար հրոսակներու յարձակումները Շուշիի ուղղութեամբ: Ասկերանի յաղթական կռիւներու ընթացքին հիւսուեցաւ Համազասպի առասպելը: Անոր նուիրուած երգեր հիւսուեցան:
Այնուհետեւ, 1905 նոյեմբերին Համազասպ ձեռնամուխ եղաւ Գանձակի եւ անոր շրջակայ հայկական գիւղերու ինքնապաշտպանութեան կազմակերպման: Գանձակի հայկական թաղամասը թաթար հրոսակախումբերու ոտնձգութիւններէն պաշտպանելու նպատակով անոր հրահանգով կառուցուեցան պաշտպանական ամրութիւններ: Թաթար խուժանը փորձեց ներխուժել հայկական թաղամաս, սակայն հայկական ուժերու հուժկու հակահարուածը ետ մղեց թշնամիին գրոհը:
Համազասպ Գանձակ մնաց մինչեւ 1906 յունուար եւ յետոյ կրկին անցաւ Արցախ:
Հայ-թաթարական ընդհարումներու աւարտէն ետք Համազասպ տեղափոխուեցաւ Պաքու, յետոյ անցաւ Պարսկաստան եւ վերադարձաւ Պաքու: Անոր անունը կը գտնուէր ցարական ոստիկանութեան սեւ ցուցակին մէջ, իբրեւ անբարեյոյս անձնաւորութիւն: 1907 օգոստոսին ան ձերբակալուեցաւ Պաքուի մէջ եւ Թիֆլիսի Մետեխի բանտը նետուեցաւ:
Համազասպի ներկայացուեցան շինծու մեղադրանքներ: Ան մեղադրուեցաւ հայ-թաթարական ընդհարումներ, ջարդեր եւ կողոպուտներ նախաձեռնելու ու կազմակերպելու մէջ:
Համազասպ 1908-ին Մետեխէն Գանձակի բանտը փոխադրուեցաւ, ուր շարունակուեցան դաժան տանջանքները, անկէ խոստովանութիւններ կորզելու համար: Համազասպ մերժեց որեւէ ցուցմունք տալ:
Այնուհետեւ, 1910-ին Համազասպ փոխադրուեցաւ Ռոստովի բանտ: Դատավարութիւնը տեղի ունեցաւ 1912-ին: Համազասպ դատապարտուեցաւ ցկեանս Սիպերիա աքսորի:
Աքսորավայրի ծանր, դժոխային պայմանները չընկճեցին Համազասպի աննկուն կամքը: 1912-ի վերջաւորութեան ան մեծ դժուարութիւններու գնով յաջողեցաւ փախչիլ աքսորավայրէն եւ բազմաթիւ տառապանքներէ ետք հասաւ Փեթերսպուրկ: Այնուհետեւ սկսաւ անոր կեանքի դեգերումներու շրջանը:
Ցարական ոստիկանութեան գործակալներու հետապնդումներէն խուսափելու նպատակով ան հեռացաւ Ռուսական կայսրութեան սահմաններէն. եղաւ Հռոմ, Մարսէյ, Փարիզ եւ Պոլիս, իսկ 1914-ի սկիզբը բնակութիւն հաստատեց Եգիպտոսի Աղեքսանդրիա քաղաքին մէջ: Նոյն տարին փոխադրուեցաւ Պոլիս եւ Բերա թաղին մէջ բնակութիւն հաստատեց:
Առաջին Համաշխարհային պատերազմի բռնկումէն ետք, 1914-ի ամրան Համազասպ Թիֆլիս փոխադրուեցաւ: Ան կամաւորական շարժման ջերմ կողմնակից էր եւ կամաւորներ հաւաքագրելու համար շրջեցաւ շատ մը շրջաններ: Ան ստանձնեց կամաւորական երրորդ գունդի հրամանատարութիւնը, իրեն օգնական ունենալով Եգոր Տէր Աւետիքեանը, կրտսեր օգնական` Վալադ Վալադեանը, թիկնապահ` Յակոբ Մաթեւոսեանը: Երրորդ գունդը բաղկացած էր 350 հետեւակէ եւ 70 ձիաւորէ: Ունէր 50-60 հոգիէ բաղկացած վեց հետեւակ դասակ, 25 հոգիէ բաղկացած երկու հեծեալ դասակ եւ 15 հեծեալ սուրհանդակ: Ճակատ մեկնելէ ետք գունդը նոր համալրում ստացաւ:
Երրորդ գունդը կը գործէր զօրավար Պրժեւալսքիի գլխաւորած զօրաբանակի ձախ թեւին վրայ: Համազասպ եւ իր կամաւորները հերոսական կռիւներ մղեցին եւ անվեհեր կերպով հետախուզութիւններ կատարեցին, ռուսական հրամանատարութեան բարձր գնահատանքին արժանանալով: Համազասպի գլխաւորած կամաւորական երրորդ գունդը մեծ դերակատարութիւն ունեցաւ Կաղզուանի, Ալաշկերտի եւ Մանազկերտի ուղղութեամբ ընթացող մարտերուն մէջ:
Կովկասեան բանակի հրամանատարութեան որոշումով 1915 ապրիլին կազմուեցաւ Արարատեան գունդը` Խանասորի Վարդանի հրամանատարութեամբ:
Արդէն սկսած էր Վանի հերոսամարտը եւ Արարատեան գունդը, խմբապետներ Քեռիի, Խեչոյի, Դրոյի եւ Համազասպի գլխաւորութեամբ եւ Վարդանի հրամանատարութեամբ Քանաքեռ-Երեւան-Էջմիածին-Իգդիր ճանապարհով շարժեցան դէպի ռազմաճակատ, օգնութեան հասնելու Վանի հերոսական հայութեան:
Զօրավար Նիկոլաեւի կարգադրութեան համաձայն հայ կամաւորները դէպի Վան պէտք է շարժէին մայիս 6-ի առաւօտեան: Համազասպ իր կամաւորներուն գլուխը անցած ազատագրեց Վանայ լիճի ափամերձ գիւղերը:
Վանը պաշարող Ճեւտէթ պէյ, իմանալով ռուսական զօրամասերու եւ հայ կամաւորական գունդերու յաղթական յառաջխաղացքի մասին, մայիս 3-ին իր հետեւորդներուն հետ բռնեց խուճապահար փախուստի ճամբան: Արարատեան գունդի յառաջապահ հեծելազօրքը մայիս 5-ի երեկոյեան մտաւ Վան:
Վանի հերոս պաշտպանները մեծ ոգեւորութեամբ դիմաւորեցին ազատարար կամաւորները:
Լճափնեայ գիւղերը մաքրելէ ետք Համազասպ իր ջոկատով Վան մտաւ մայիս 8-ին եւ արժանացաւ բացառիկ ջերմ ու խանդավառ ընդունելութեան:
Վանի ազատագրումը այնքան մեծ բերկրանք եւ ոգեւորութիւն պատճառեց Համազասպի, որ ան հեռագրեց Թիֆլիս կնոջ` Շուշանիկի եւ պատուիրեց իր նորածին որդին Վանազատ անունով մկրտել:
Զօրավար Նիկոլաեւի հրամանագիրով Վանի ժամանակաւոր նահանգապետ նշանակուեցաւ Վանի ինքնապաշտպանութեան ղեկավար Արամ Մանուկեան:
Վանայ լիճի հարաւային շրջանները ազատագրելու գործին մէջ մեծ դերակատարութիւն ունեցաւ նաեւ Համազասպի ջոկատը:
Ռուսական բանակը յուլիսին բռնեց նահանջի ճամբան: Հայ կամաւորները եւս նահանջի հրաման ստացան: Վանի հայութիւնը բռնեց խուճապահար գաղթի ճամբան:
Ռուսական բանակը 1915-ի աշնան վերսկսաւ վճռական գործողութիւններու, որոնց մասնակցեցան նաեւ հայկական կամաւորական ջոկատները: Համազասպի ջոկատը եւս մասնակցեցաւ Վանի վերագրաւման մարտերուն:
Վան մտնելէ ետք Համազասպ տիֆով վարակուեցաւ եւ Երեւան տեղափոխուեցաւ բուժուելու նպատակով: Ան Վան վերադարձաւ 1916 յունուարին:
Զօրավար Ֆետիուշքինի հրամանով Համազասպ 1916 մարտին ձեռնարկեց Վանայ լիճի հարաւային ուղղութեամբ արշաւանքին եւ տասնմէկ օր շարունակ յառաջանալէ ետք մարտ 23-ին գրաւեց Խիզանը: Հայ կամաւորները գտան ջարդերէն հրաշքով փրկուած եւ թուրքերուն մօտ գերութեան մէջ գտնուող շուրջ 500 հայեր:
Համազասպ այնուհետեւ մասնակցեցաւ Բաղէշի պաշտպանութեան համար մղուած կռիւներուն, մինչեւ որ ռուսական զօրքերը յուլիս 25-ին նահանջեցին ազատագրուած Բաղէշէն:
Ռուսական կառավարութեան որոշումով հայ կամաւորական գունդերը 1916 սեպտեմբերին լուծարքի ենթարկուեցան:
Կամաւորական ջոկատներու ցրւումէն ետք Համազասպի հրամանատարութեան տակ գործող կամաւորական երրորդ գունդը վերակազմուեցաւ իբրեւ ռուսական բանակի երկրորդ հրաձանաձիգ գումարտակ:
Համազասպ այնուհետեւ փոխադրուեցաւ Թիֆլիս, ընտանիքին մօտ: Այդ օրերուն Թիֆլիս ապաստան գտած էին մեծ թիւով վանեցի գաղթականներ, որոնց շարքին նաեւ Սրուանձտեան գերդաստանի ներկայացուցիչներ:
Ռուսական 1917-ի փետրուարեան յեղափոխութենէն ետք ձեւաւորուեցաւ հայկական զօրամասը, որմէ ետք Համազասպ Ալաշկերտի շրջանի պաշտպանութեան ղեկավար նշանակուեցաւ:
Հայոց ազգային խորհուրդի որոշումով Համազասպ մեկնեցաւ հիւսիսային Կովկաս, արեւմտեան ռազմաճակատներէն վերադարձող հայ զինուորներ հաւաքագրելու, ջոկատներ կազմակերպելու եւ Հայաստան ուղարկելու համար:
Համազասպ 1918-ին մեկնեցաւ Պաքու եւ գործօն մասնակցութիւն բերաւ քաղաքի պաշտպանութեան կռիւներու ընթացքին:
Պաքուի անկումէն ետք Համազասպ մեկնեցաւ Թիֆլիս եւ այնուհետեւ Երեւան փոխադրուեցաւ: Հայաստանի Հանրապետութեան բանակին մէջ ան 1919 յուլիսին ստանձնեց նոր Պայազիտի գաւառի զօրամասերու հրամանատարութիւնը: Ան արդէն գնդապետի աստիճան ունէր:
Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, 1920 դեկտեմբերին Համազասպ այլ գործիչներու հետ ձերբակալուեցաւ եւ 68 օր ետք, այլ բախտակիցներու հետ 18 փետրուար 1921-ի արեւածագէն առաջ կացինահարուեցաւ: Յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ փետրուար 20-ին, Մլեր գերեզմանատան (ներկայիս` Կոմիտասի անուան զբօսայգիի պանթէոն) մէջ:
Գիրքի վերջին բաժինին մէջ ներկայացուած է Սրուանձտեանց տոհմի ազգաբանութիւնը, որ կը հասնի մինչեւ ներկայ ժամանակները:
Տրուած է նաեւ կամաւորական երրորդ գունդին անուանացանկը` հրամանատարական կազմ եւ 249 անուն:
Գիտական բարեխղճութեամբ եւ վաւերական աղբիւրներու վրայ հիմնուած պատմական մեծարժէք աշխատութիւն մը, որ համեստ տուրք մըն է հայ ազատագրական շարժման անմահանուն նուիրեալ պանծալի Համազասպի յիշատակին: