Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիոյ Տէր Զօր Նահանգին Տիրելու «Մրցումը» Կը Սկսի Շուտով

September 5, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՖԱՊՐԻՍ ՊԱԼԱՆՇ
Լիոնի համալսարանի դասախօս

Այսպէս կոչուած` Իսլամական պետութեան-ՏԱՀԵՇ-ի ենթադրեալ մայրաքաղաք Ռաքքայի մօտալուտ անկումէն ետք բոլորին աչքերը պիտի դառնան դէպի հարաւ-արեւելք` Տէր Զօր նահանգի ուղղութեամբ, ուր կը յամենայ շրջանին տիրելու մրցակցութիւնը` մէկ կողմէ Միացեալ Նահանգներու զօրակցութիւնը վայելող քրտական ու արաբ ցեղախմբային ուժերուն եւ միւս կողմէ` սուրիական բանակին միջեւ:

Տարաձայնութիւններ Եւ Իրականութիւններ

Վերջին ամիսներուն սուրիական բանակը յառաջացած է Փալմիրի անապատին եւ Ռաքքայի հարաւային շրջաններուն ուղղութեամբ, եւ կը սպասուի, որ յառաջիկայ շաբաթներուն անիկա իր ուշադրութիւնը կեդրոնացնէ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ Տէր Զօր քաղաքի պաշարման վերացումին վրայ` իբրեւ մեկնակէտ ամբողջ Տէր Զօր նահանգի վերատիրացման: Մասնաւորաբար, եթէ սուրիական բանակը յաջողի գրաւել Տէր Զօր քաղաքը, այնուհետեւ իր ուշադրութիւնը կրնայ կեդրոնացնել քարիւղով հարուստ Օմար շրջանին վրայ, ուր կը գտնուի Սուրիոյ քարիւղի արտադրութեան 50 առ հարիւր համեմատութիւնը` Եփրատ գետի հիւսիսը` Մայատին եւ Ապու Քամալ տարածքներուն միջեւ: Տեղական եւ պետական մակարդակներու վրայ այս նաւթահորերուն տիրութիւնը խիստ կարեւոր է նախագահ Ասատի համար, եթէ ան կ՛ուզէ ապահովել տեղական ցեղախումբերու հաւատարմութիւնը:

Տրամաբանօրէն, Տէր Զօրէն ետք, սուրիական բանակը պիտի փորձէ յառաջանալ դէպի Իրաքի սահման եւ հարաւային Սինճար լեռներուն մօտ միանալ իրաքեան շիա ժողովրդային ուժերուն հետ: Այս պարագային, ճամբան կը փակուի Սուրիոյ Քրտական Ժողովրդավար ուժերուն եւ Մ. Նահանգներու զօրակցութիւնը վայելող արաբ զինեալ ուժերուն առջեւ` արգիլելով անոնց յառաջխաղացքը դէպի Եփրատի վարին հովիտը, Տէր Զօրի եւ Ապու Քամալի միջեւ, ինչպէս որ նախապէս պատահեցաւ անցեալ յունիսին Թանֆի մէջ, երբ շիա ժողովրդային ուժեր Իրաքի կողմէն, իսկ սուրիական բանակը Փալմիրէն անցնելով միաժամանակ հասան Իրաքի սահման:

Այնուամենայնիւ, շատ հաւանական է, որ Սուրիոյ Քրտական ժողովրդավար ուժերը նախաձեռնեն սահմանափակ յարձակում մը` հիւսիսային Տէր Զօրի վրայ: Պարզ է, որ Սուրիոյ բանակը եւ անոր դաշնակիցները ամէն գնով պիտի փորձեն դէմ դնել, որ յիշեալ ուժերը չկարենան հասնիլ Օմարի նաւթահորերը, քանի որ նման զարգացում կրնայ խոչընդոտել ազատ շարժումը Տէր Զօր քաղաքի եւ Իրաքի սահմանին միջեւ, ինչպէս նաեւ կրնայ արգելք հանդիսանալ Իրան-Միջերկրական ծով ազատ անցք ստեղծելու իրանեան ծրագիրներուն:

Այս բեմագրութիւնը կ՛արծարծուի միաժամանակ այն լուրերուն հետ, որոնք շրջան կ՛ընեն մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ, թէ, Մ. Նահանգներու օժանդակութեամբ, քիւրտերը շուտով կը յարձակին Տէր Զօր նահանգին վրայ: Այս տարաձայնութիւններուն համաձայն, արաբ զինեալներ եւ Սուրիոյ Քրտական ժողովրդավար ուժերը պիտի արշաւեն եւ գրաւեն Եփրատի հիւսիսային ափերը` մինչեւ Մայատին, ապա անցնելով գետը` պիտի յառաջանան դէպի Ապու Քամալ եւ Իրաքի սահման: Նոյն տարաձայնութիւններուն համաձայն, սուրիական բանակին դերը կը սահմանափակուի Տէր Զօր քաղաքի եւ շրջակայքի ազատագրութեամբ: Նման զարգացում առիթ կու տայ Միացեալ Նահանգներուն` խոչընդոտելու իրանեան միջանցք ստեղծելու ծրագիրը եւ շարունակելու ճնշումը նախագահ Ասատի վրայ:

Շրջան ընող ամերիկեան ծրագիր-տարաձայնութեան համաձայն, սահմանին միւս կողմը իրաքեան բանակը եւ ոչ թէ շիա զինեալները պիտի ոչնչացնեն ՏԱՀԵՇ-ը Իրաքի մէջ: Այսպիսով, միշտ ամերիկեան ծրագրին համաձայն, սահմանի երկու կողմերու տարածութիւնները կը դրուին արաբ սիւննի ցեղախումբերու իշխանութեան տակ եւ Մ. Նահանգներու հովանաւորութեան ներքեւ կը դառնան պատնէշ` Իրանի միջանցքային ծրագիրի իրականացման դիմաց:

Ամերիկեան այս «վարդագոյն» ծրագիրը, սակայն, դժուար թէ իրականանայ զանազան նկատառումներով:

Առաջին, Մ. Նահանգներու զօրակցութիւնը վայելող զինեալները, մասնաւորաբար` Ուսուտ էլշարքիեայ (Արեւելքի առիւծները), Ժէյշ մաղաուիր սաուրա (Յեղափոխութեան մարտիկներու բանակ) եւ Լիուա թահրիր Տէր Զօր (Տէր Զօրի ազատագրութեան գումարտակ) ընդամէնը երկու հազար զինեալ կը հաշուեն լաւագոյն գնահատումով: Նման մէկտեղուած ուժ դժուար թէ կարենայ յաղթել ՏԱՀԵՇ-ի հազարաւոր եւ ծայրայեղական ներշնչումներով գինովցած զինեալներուն, մանաւանդ որ անոր մէջ կը պակսի կռուելու կորովը:

Երկրորդ, աւելի քան մէկ տարի առաջ, 2016 յունիսին, Ապու Քամալի վրայ օդային յարձակման փորձը ունեցաւ տխրահռչակ վախճան, երբ շրջանի արաբ ցեղախումբերը, վախնալով ՏԱՀԵՇ-ի հակազդեցութենէն, չյարգեցին ապստամբելու իրենց խոստումը:

Երրորդ, այս տարուան գարնան, երբ արաբ զինեալներ կը փորձէին Թանֆէն անցնիլ Ապու Քամալ, անոնք յարձակման ենթարկուեցան շիա զինեալ ուժերու կողմէ, որոնք Փալմիրէն կ՛ուղղուէին դէպի սահման: Ամերիկացի զինուորականներ կ՛ուզէին արաբ զինեալները տեղափոխել Շատատէ, ուր կը յուսային զանոնք միացնել Սուրիոյ Քրտական ժողովրդավար ուժերուն` միասնաբար Տէր Զօր նահանգին վրայ յարձակելու նպատակով: Այս ծրագիրը ձախողեցաւ, եւ որոշ զինեալներ, փոխանակ Շատատէ անցնելու, միացան սուրիական բանակին:

Չորրորդ, նոյնքան կարեւոր է նկատի ունենալ, որ Սուրիոյ Քրտական Ժողովրդավար ուժերուն հրամանատարութիւնը չի փափաքիր գործակցիլ արաբ զինեալներուն հետ:

Սուրիոյ Քրտական Ժողովրդավար Ուժերուն Տատամսումը

Սուրիոյ Քրտական ժողովրդավար ուժերուն հրամանատարութիւնը կամ Քրտական ժողովրդավար միութիւն կուսակցութիւնը, որ փաստօրէն կը ներկայացնէ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան սուրիական թեւը, կը մերժէ միանալ Տէր Զօրի ազատագրութեան յարձակումին, եթէ անիկա պիտի առաջնորդուի Լիուա թահրիր Տէր Զօրին կողմէ: Փոխարէնը` անոնք զօրավիգ կը կանգնին Քուաթ Սանատիտին` առաջնորդութեամբ ցեղապետ շէյխ Համիտի Տահամ Հատիի, որ կը նկատուի քիւրտերու սերտ դաշնակիցը: Առանց Քրտական ժողովրդավար միութիւն կուսակցութեան համագործակցութեան, միայն վստահելով արաբ զինեալներու վրայ, Մ. Նահանգները դժուար թէ կարենան չէզոքացնել ՏԱՀԵՇ-ը այս շրջանին մէջ: Անցեալին նման ռազմավարութիւններ միշտ աւարտած են ձախողութեամբ` մղելով Մ. Նահանգները հրաժարելու զինելէ արաբ խմբաւորումներ:

Սուրիոյ Քրտական ժողովրդավար ուժերուն տատամսումը` զօրավիգ կանգնելու Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջանին մէջ ամերիկեան հովանաւորութիւնը վայելող միացեալ զօրամասի, կը մեկնի այն մտավախութենէն, որ հետագային արաբ զինեալները կը դառնան մրցակից ուժ` ՏԱՀԵՇ-ի անկումէն ետք: Տակաւին, Քրտական ժողովրդավար միութիւն կուսակցութիւնը կ՛ուզէ մնալ Մ. Նահանգներու միակ դաշնակիցը Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջանին մէջ` միաժամանակ շրջանի արաբ ցեղախումբերը ստորադասելու պայմանով: Այսպիսի հիմնաւորումներ մասամբ կը բացատրեն 2016-ի աշնան քրտական ուժերու մասնակցութիւնը Ռաքքա վրայ յարձակման, հակառակ անոր որ արաբական Ռաքքան ոչ մէկ ատեն կրնայ մաս կազմել Ռոճաւայի` քրտական տարածաշրջանին Սուրիոյ մէջ: Քրտական ժողովրդավար միութիւնը քաջ գիտէ նաեւ, որ Մ. Նահանգները առայժմ կը պաշտպանեն Ռոճաւան` թրքական հաւանական յարձակումէ, սակայն կը վախնան, որ ամերիկացիք լքեն զիրենք Ռաքքայի ազատագրութենէն ետք:

Անպատասխան կը մնայ տակաւին այն, որ իսկապէս ի՞նչ պիտի պատահի հետագային: Նման անորոշութեան մէջ Քրտական ժողովրդավար միութիւնը շահագրգռուած կը թուի ըլլալ Ռաքքայի ճակատամարտի երկարացումով: Համալ Կապարի համաձայն, որ կը գլխաւորէ Ռաքքայի վրայ յարձակող Սուրիոյ Քրտական ժողովրդավար ուժերուն մէկ զօրամասը, Ռաքքայի պատերազմը կրնայ տեւել յաւելեալ չորս ամիս: Մինչ այդ անհաւանական կը թուի նոր յարձակում` առիթ տալով սուրիական բանակին հանգիստ շարժելու դէպի Տէր Զօր:

Արաբ Ցեղախումբերու Կարեւոր Դերը

Այս կացութեան մէջ այդ շրջանի արաբ ցեղախումբերու հաւատարմութիւնը կը մնայ թէական, մանաւանդ որ անոնք կը ձգտին նիւթական շօշափելի առաւելութիւններու ձեռքբերման` որեւէ դաշնակցութեան պարագային: Նախքան Սուրիոյ պատերազմը, անոնց ազատ շարժելու ծիրը կ՛ընդգրկէր` ջուրի եւ հողի բաժանման իրաւունք, մաքսանենգութեան ազատութիւն, ինչպէս նաեւ պաշտօններ` բանակին եւ պետական կառոյցին մէջ: Հետագային հաւանաբար բաժնուին նաեւ քարիւղի եկամուտները, եւ որոշ ցեղախումբեր պիտի պահանջեն վճարուիլ քարիւղատար խողովակները պաշտպանելու փոխարէն: Մասնաւորաբար 2015 սեպտեմբերին, ռուսական զինուորական միջամտութենէն ետք, որոշ ցեղախումբերու առաջնորդներ, նախատեսելով ուժերու հաւասարակշռութեան փոփոխութիւնը, անմիջապէս վերամիացան Դամասկոսի: Նաուաֆ Պաշիր, որ կը նկատուի առաջնորդը Պակկարա ցեղախմբային դաշնակցութեան, հանդիսացաւ նմանօրինակ քայլ առնողներէն մէկը` հինգ տարի Պոլիս ապաստանելէ ետք:

Բացի նիւթական առաւելութիւններէն, վրէժխնդրութիւնը կրնայ հանդիսանալ այլ ազդակ` ցեղախումբերը մղելու Դամասկոսի հետ գործակցելու ուղղութեամբ, ինչպէս է պարագան շէյթաթ ցեղախումբին: 2014-ին այս հզօր ցեղախումբը կը հակադրուի այլ ցեղախումբի մը, որ մաս կը կազմէ Ուկէյտաթի դաշնակցութեան, որ կը գործակցէր ՏԱՀԵՇ-ի հետ՝ Մայատինի մօտակայ նաւթահորերը վերահսկելու համար: Երկու ցեղախումբերուն հակադրութիւնը շահագործելով` 2014-ին ՏԱՀԵՇ առնուազն եօթը հարիւր հոգի կը ջարդէ շէյթաթ ցեղախումբէն` ցեղախմբային որեւէ ապստամբութեան առաջքը առնելու միտումով: Փաստօրէն, այդ ջարդէն ետք, ոչ մէկ ցեղախումբ զէնք բարձրացուցած է ՏԱՀԵՇ-ի դէմ` հակառակ անոր կրած վերջին պարտութիւններուն, որովհետեւ ահաբեկչական այս կազմակերպութիւնը տակաւին ունի միջոցները` նոր կոտորածներ կազմակերպելու: Սակայն շէյթաթ առաջ բերած է զինեալ խմբաւորում մը` Եփրատի բազէներ (Լիուա սուքուր Ֆուրաթ), որոնք կը կռուին սուրիական բանակին կողքին Տէր Զօր քաղաքի, Փալմիրի եւ Ռաքքայի հարաւային շրջաններուն մէջ` կորսուած տարածաշրջաններ ազատագրելու եւ պատժելու այն ցեղախումբերը, որոնք կը գործակցին ՏԱՀԵՇ-ի հետ եւ պատճառ դարձած են 2014-ի ջարդերուն:

Պահանջներ Միացեալ Նահանգներէն

Քրտական ժողովրդավար միութիւնը այսօր կը զգայ, որ Սուրիոյ մէջ ռուսական ներկայութիւնը աւելի ամուր է, քան ամերիկեանը: Քրտական այս կազմակերպութիւնը կը հաւատայ, որ հետագային, երբ Մ. Նահանգներ դրուին ընտրութեան առջեւ ՕԹԱՆ-ի անդամ Թուրքիոյ եւ քրտական Ռոճաւայի միջեւ, անոնք պիտի նախընտրեն Թուրքիան: Այս պատճառով է, որ Սուրիոյ քիւրտերը Ռուսիոյ հետ գործակցութիւնը կը նկատեն աւելի ապահով միջոց` պահպանելու իրենց շահած հողատարածքները: Հետեւաբար Քրտական ժողովրդավար միութեան հաւատարմութիւնը արեւմտեան մարտավարական դաշնակիցներուն հանդէպ` մեծապէս կասկածելի է այսօր: Շրջան կ՛ընեն լուրեր, որ անհրաժեշտութեան պարագային, Քրտական ժողովրդավար միութիւնը կրնայ գաղտնի համաձայնութիւն կնքել Դամասկոսի եւ Ռուսիոյ կամ Իրանի հետ:

Նման տրամաբանութեամբ, Տէր Զօրի ճակատումին պարագային, Քրտական ժողովրդավար ուժերը հաւանաբար մերժեն օգնել արաբ զինեալներուն` Դամասկոսի եւ Ռուսիոյ կողմէ հիւսիսային Սուրիոյ վրայ իրենց իշխանութեան ճանաչման փոխարէն, նկատի առնելով, որ հակադարձութեան մը վտանգները շատ աւելի մեծ են: Օգոստոս 2016-ին, օրինակ, Ռուսիա առիթ տուաւ Թուրքիոյ ճեղքելու քրտական շրջանները` գրաւելով Ճարապլուսն ու  Պապ քաղաքները: Այսօր Ռոճաւան կը գտնուի թրքական նոր յարձակումի մը հաւանականութեան դիմաց` Թել Ապեատի ուղղութեամբ, ինչ որ կրնայ խախտել Քոպանիի եւ Գամիշլիի միջեւ եղած աշխարհագրական կապը:

Երբ վերջերս ամերիկացիները յայտարարեցին, որ կը դադրեցնեն սուրիացի զինեալներու տրամադրած իրենց օժանդակութիւնը, անոնք կասկած արթնցուցին իրենց դաշնակիցներուն մէջ: Քրտական ժողովրդավար ուժերը եւ արաբ ցեղախումբերը այսօր դժուար թէ ոգի ի բռին աջակցին արեւելեան Սուրիոյ մէջ ամերիկեան ծրագիրներուն`

առանց լուրջ եւ երկարատեւ երաշխիքներու, ինչպէս, օրինակ, անհաւանական կառուցումը ամերիկեան մշտական խարիսխի` Սուրիոյ մէջ եւ ամերիկացի տասնեակ հազարաւոր զինուորներու տեղաւորումը հոն…

http://www.washingtoninstitute.org/policy-analysis/view/the-race-for-deir-al-zour-province

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (5 Սեպտեմբեր 1967)

Յաջորդը

Կեանքի Մէջ Կը Խաղար, Բեմի Վրայ Կ՛ապրէր (Անահիտ Թոփչեանի Ծննդեան 70-ամեակին Առիթով)

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.