Մենք ամէնքս հիւր ենք կեանքում
Մեր ծննդեան փուճ օրից,
Հերթով գալիս, անց ենք կենում
Էս անցաւոր աշխարհից:
Անց ենք կենում… միայն անմահ
Գո՛րծն է խօսում լաւ ու վատ,
Ա՜խ երանի ով մա՛րդ կը գայ
Ու մարդ կ՛երթայ անարատ:
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ
ՀՄԸՄ-ականներէն եւ հայ ժողովուրդէն բաժնուելով, խաղաղասէր եւ տիպար ՀՄԸՄ-ական Ճոնի Արեւեան անվերադարձ կը լքէ բոլորս` յաւիտենական կեանքի լոյսն ու խաղաղութիւնը վայելելու:
ՀՄԸՄ-ական եղբայրներու իրերայաջորդ բաժանումները դէպի անդենական, կը շարունակուին:
Վիշտով իմացանք մահուան գոյժը, ՀՄԸՄ-ականներուն համար շատ սիրելի, միշտ տագնապող, հաւատաւոր եւ երկար տարիներու նախկին ատենապետ ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղին` ապա ՀՄԸՄ Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, նաեւ` ՀՅԴ-ի «Քրիստափոր» կոմիտէի երկար տարիներու նախկին հերթապահ Ճոնի Արեւեանի:
Հողին կը յանձնենք մարմինը եղբայր Ճոնիին, որուն համար ցանկութիւն էր իր սիրած հայենիքին ու իր պատկանած կազմակերպութեան համար նուիրուիլը:
Ճոնի Արեւեան ծնած է Բեթլեհեմ, 1943-ին: Պաղեստինեան պատերազմին պատճառով, փոքր հասակին, ծնողաց հետ կը փոխադրուի Սուրիոյ Հալէպի հայահոծ քաղաքը, տասը տարի ետք կը փոխադրուի ապա Լիբանանի Պէյրութ քաղաքի արեւմտեան կողմի Զարիֆ թաղը:
Կը պսակուի Մարի Պագալեանին հետ, եւ անոնք կը բախտաւորուին երեք զաւակներով` Անի, Ժիրայր եւ Արմէն:
Նախնական եւ միջնակարգ կրթութիւնը ստացած է Հալէպի Մխիթարեան վարժարանին մէջ, որմէ ետք երկրորդական ուսումը շարունակած է Պէյրութի Հայ աւետարանական քոլեճ յաճախելով: Աւարտելէ ետք ստացած է հաշուապահութեան վկայականը:
Ան իբրեւ արաբերէնի ուսուցիչ` պաշտօնավարած է Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանին մէջ: Ապա աշխատած է «Մալիֆեր քորփորէյշըն» եւ «Թոշիպա» ընկերութիւններուն մէջ, ապա 1970-ին կը պաշտօնավարէ «Քրետի Լիպանէ» դրամատան մէջ:
Իբրեւ հաւատարիմ դաշնակցականի` իրեն կ՛առաջարկուի պաշտօնավարել 1970-ին հիմնուած Հայկական երեսփոխանական գրասենեակին մէջ, որ կը ստանձնէ եւ կը շարունակէ 32 երկար տարիներ, այլ խօսքով` մինչեւ 2002:
Եղբայր Ճոնին հաւատարիմ մնաց իր խոստումին` շարունակելով մեծապէս օգտակար դառնալ իւրաքանչիւր հայ անհատի, որ դիմած էր իրեն եւ ստացած անոր ակնկալած նիւթաբարոյական օժանդակութիւնը:
Փոքր տարիքին կը միանայ ՀՄԸՄ-ի Հալէպի շարքերուն իբրեւ գայլիկ եւ արի:
Լիբանան հաստատուելէն ետք սկաուտական գործունէութիւնը կը շարունակէ ՀՄԸՄ Պէյրութի մասնաճիւղին մէջ` իբրեւ արի, ապա կը հասնի խմբապետի աստիճանին, նաեւ նոյն ժամանակամիջոցին կը ստանձնէ ՀՄԸՄ-ի Շրջանային ընդհանուր սկաուտութեան խմբապետութիւնը:
Կազմակերպած է միջ-ՀՄԸՄ-ական զանազան բանակումներ` Լիբանանի մէջ եւ այլուր, ի մասնաւորի` Կիպրոսի եւ Յունաստանի մէջ:
1975-ին, սկաուտական շարքերը ամբողջացնելէ ետք, կը շարունակէ միութենական գործունէութիւնը ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի սկաուտական խորհուրդին եւ ապա Շրջանային սկաուտական խորհուրդին մէջ:
Իբրեւ գործունեայ եւ ՀՄԸՄ-ի երկրպագուն` այս անգամ կ՛անդամակցի Պէյրութի ՀՄԸՄ-ի վարչութեան մէջ, որմէ ետք կը դառնայ ատենապետը սոյն վարչութեան 1980-ական եւ 2000-ական թուականներուն:
1990-ին կ՛ընտրուի ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ եւ կը նշանակուի Շրջանային սկաուտ խորհուրդի ներկայացուցիչ եւ յետոյ 2000-2004 կը վարէ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետութիւնը:
Լիբանանի եւ Հայաստանի մէջ մասնակցած է բազմաթիւ ընդհանուր եւ պատգամաւորական ժողովներու:
Երկար տարիներ ան մաս կազմած է Լիբանանի սկուտական ֆետերասիոնին` իբրեւ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ եւ գանձապահ:
Ան մաս կազմած է նաեւ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին, դարձեալ` ներկայացուցիչ ՀՄԸՄ-ի:
Եղբայր Ճոնին ՀՄԸՄ-ի «Ծառայութեան շքանշան»-ին կ՛արժանանայ 2008-ին:
1975-ին Ճոնին իր երդումը կը կատարէ ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերը մուտք գործելով: Կ՛ընտրուի կոմիտէի անդամ` ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէի մէջ:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին, երկար տարիներ կը վարէ հերթապահի պաշտօնը` ՀՅԴ-ի «Քրիստափոր» կոմիտէի մէջ. եղած է Արեւմտեան Պէյրութի հայութեան պաշտպանութեան պատասխանատուն:
2010-ին, փոխանցուած է ՀՅԴ-ի «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէութիւն` մինչեւ իր մահը:
Այս տխուր առիթով ՀՄԸՄ-ի ընտանիքը ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի բոլոր քոյրերն ու եղբայրները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն անոր կնոջ, զաւակներուն, հարազատներուն եւ բարեկամներուն:
Վա՛րձքդ կատար, սիրելի՛ եղբայր, հիւրընկալ այս հողը թեթեւ գայ քու յոգնատանջ ուսերուդ:
Սիրելի՛ եղբայր Ճոնի, ակնածանքով եւ երախտագիտութեամբ պիտի յիշենք քեզ, հանգիստ ու խաղաղօրէն ննջէ:
Խունկ ու մոմ` անթառամ յիշատակիդ:
«Յիշատակն արդարոց օրհնեալ եղիցի»:
ՀՄԸՄ-Ի «ՊԷՅՐՈՒԹ»-Ի ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ