Կ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ
Սակայն ի՞նչ կը հասկնանք` ինտելիգենցիա ըսելով, ի վերջոյ հարց կու տայ Տէրտէրեան իր ուսումնասիրութեան վեցերորդ եւ վերջին մասին մէջ: Մինչեւ այսօր տակաւին չկայ միօրինակ ըմբռնում: Ըստ հեղինակին, ինտելիգենցիա ըսելով` պէտք է հասկնալ մտաւոր աշխատանքով բոլոր պարապողները: Ինտելիգենցիան չի կազմեր առանձին դասակարգ, որովհետեւ ան չունի տնտեսական հիմք եւ չի մասնակցիր հասարակական տնտեսական կեանքին եւ, ինչ որ գլխաւորն է, ան չունի իրեն հակադիր ընկերային այլ խմբակ մը միանգամայն ներհակ շահերով: Ինտելիգենցիան արտադասակարգային ընկերային խմբակ է` բաժնուած տարբեր արհեստներու եւ պաշտօններու: Այդ առումով, ինտելիգենցիան կը բաժնուի երկու մասի` արհեստակցական ինտելիգենցիա, որ կը ծառայէ միայն իր շահերուն, եւ` գաղափարական ինտելիգենցիա, որ կը ծառայէ գաղափարներու: Գաղափարական ինտելիգենցիան ընկերային խմբակ մըն է, որ իր գործունէութիւնը կը համաձայնեցնէ իր ընկերային-քաղաքական եւ բարոյական գաղափարներուն: Անիկա ոչ մէկ դասակարգի շահերը կը պաշտպանէ, «որովհետեւ այս կամ այն դասակարգի շահերից բարձր է դասում ընդհանուր հասարակական շահերը կամ, ընդհանրապէս, սոցիալական զարգացումը»(32):
Վերջացնելով` հեղինակը կը յայտնէ, որ իւրաքանչիւր ընկերվարական կուսակցութեան հիմքը պէտք է կազմեն` արդիւնաբերական բանուորութիւնը, աշխատաւոր գիւղացիութիւնը եւ առաջադէմ գաղափարական-սոցիալիստական ինտելիգենցիան, եւ անոր գործունէութեան հիմքը պէտք է ըլլան միայն այդ տարրերը»(33):
***
«Պսակ»-ի վերջին ուսումնասիրութիւնը կը պատկանի Սիմոն Վրացեանին` «Ֆրանսիական սինդիկալիզմը» խորագրեալ: Ան կը յայտնէ, որ միջազգային աշխատաւորական շարժումը օրէ օր կ’ընդարձակուի: Այդ շարժումին մաս կը կազմէ սինդիկալիզմը, որ Ֆրանսայի մէջ յատկապէս մեծ աղմուկ հանած է եւ դարձած է Ֆրանսայի բանուորութեան մեծ մասին մտաւոր եւ գործնական ղեկավար ուժերէն մէկը:
Երկար ժամանակ սինդիկալիզմի հանդէպ արհամարհական կեցուածք կար: Տեսաբանները չէին ուզեր ընդունիլ, որ անիկա ընկերվարական շարժումին մաս կը կազմէ: Սակայն այսօր փոխուած է իրականութիւնը: Անիկա կը վայելէ աշխատաւոր զանգուածներուն համակրանքը: Գրեթէ բոլոր երկիրներուն մէջ զարգացած է սինդիկալիստ շարժում: Սակայն սինդիկալիզմի օրրանը Ֆրանսան է, «սոցիոլոգիական մեծ փորձերի հայրենիքը»(34):
Ի՞նչ շարժառիթներէ ծնունդ առած է սինդիկալիստ շարժումը, դէպի ո՞ւր կ’երթայ: Անիկա ո՛չ կանոնաւոր պատմագրութիւն ունի, ո՛չ ալ` հաստատուն տեսութիւն:
Սինդիկալիզմը այսօր, ընկերվարական մեծ ընտանիքի առանձին բաժանմունքն է ուրոյն ձգտումներով եւ գործելակերպով: Սինդիկալիզմի տեսութեան մասին խօսիլը շատ դժուար է, որովհետեւ անիկա չունի բոլորին կողմէ ընդունուած տեսութիւն: Օրինակ, Սորելը կը յայտնէ, որ սինդիկալիստները ո՛չ ծրագիր ունին, ո՛չ ալ մնայուն տեսութիւն. «Իրենց փիլիսոփայական դրութիւնները հանում են ընթացիկ կեանքի բազմազան երեւոյթներէն. միշտ «գործնականը նախորդում է տրամաբանութեան», թէորիան բխում է կեանքի ընթացքից, երէկուայ թէորիան այսօր կարող է հնացած եւ անպէտք համարուիլ վաղուան համար»(35):
Եթէ սինդիկալիստները չունին հաստատուն եւ ընդհանրական տեսութիւն, ասիկա չի նշանակեր, որ անոնք չեն աշխատիր ունենալու զայն: Սակայն ապագայի նկատմամբ ունին անորոշութիւն: «Այսօրուան հաւկիթը վաղուայ հաւից թանգ է»(36):
Իւրաքանչիւր սինդիկալական իր դաւանանքը կը սկսի «Վերադարձ դէպի Մարքսը» հրաւէրով: Հակառակ անոր` սինդիկալականները կու տան այս վարդապետութեան խիստ եւ հիմնաւեր քննադատութիւնը: Սինդիկալականներու եւ ուղղափառ մարքսականներու միջեւ մեծ տարբերութիւն կայ, ինչ կը վերաբերի տնտեսական նիւթապաշտութեան: Սինդիկալականներուն մօտ կայ անհատի քննադատող եւ ստեղծագործ միտքի կարեւորութիւնը` ընկերային զարգացման մէջ: Պատմական գործընթացը արտաքին ուժերու կոյր ու ճակատագրական ընթացքի արդիւնքը չէ, այլ` բնական ու ընկերային միջավայրի եւ մարդու գիտակից միջամտութեան համագումար ջանքերու հետեւանք(37):
«Արհեստակցական միութիւնը սինդիկալիստներին համար սոցիալական շարժման սկիզբն ու վախճանն է. նրանով է սկսւում սոցիալիզմը, նրա մէջ է աճում, զարգանում եւ նրանով էլ վերջանում է: Սինդիկատն ապագայ հասարակակարգի բջիջն ու նախատիպն է»(38): Պրոլետարիատը արհեստակցական միութիւններու մէջ պէտք է կազմակերպուի իբրեւ անկախ եւ առանձնացած ուժ, անհրաժեշտ է, որ ծաւալէ եւ խորացնէ իր ներամփոփ յեղափոխական կարողութիւնը: Եւ, իբրեւ այդպիսին, կռիւ պէտք է մղէ ժամանակաւոր եւ մշտական ոսոխներու դէմ(39): Իւրաքանչիւր դասակարգ իրեն յատուկ կազմակերպութիւններ կը ստեղծէ: Բուրժուազիան սկզբնական շրջանին կը խմբուէր համայնքներու մէջ, աւելի ուշ` խորհրդարաններու մէջ, որ անոր դասակարգային գործիքն է: Իր կարգին, բանուոր դասակարգը իր զարգացման համար կը մշակէ դասակարգային կռիւին յարմար մարմիններ, օրինակ` արհեստակցական միութիւններ:
Պետութիւնը հանրային-իրաւական մարմին է, քաղաքացիին եւ անոր միջեւ կայ իրաւունքներու եւ պարտաւորութիւններու փոխյարաբերութիւն: Արհեստակցական միութիւնը մասնակի-իրաւական կազմակերպութիւն է` հիմնուած ազատ համաձայնութեան սկզբունքի վրայ: Պետութիւնը, սակայն, բուրժուական հիմնարկութիւն է, որ կը նուիրագործէ սեփականատիրական իրաւակարգը, անիկա պէտք է կործանի եւ տեղի տայ սինդիկալիզմի առջեւ, որուն նպատակն է` «խլել պետութիւնից բանուորական աշխարհին վերաբերող բոլոր գործառնութիւններն եւ յանձնել սինդիկատին»(40): Պետութեան ոչնչացումով պէտք է վերանան այն բոլոր հաստատութիւններն ու գործառնութիւնները, որոնք կապուած են անոր հետ: Այդ պատճառով սինդիկալիզմի սլաքները ամէնէն առաջ կ’ուղղուին խորհրդարանին եւ քաղաքականութեան եւ անոնցմով զբաղող ընկերվարական կուսակցութիւններուն:
Ներկայիս քաղաքական ընկերվարութիւնը գործ կ’ունենայ այնպիսի հիմնարկութիւններու հետ, որոնք կը ծառայեն տիրող դասակարգերու շահերուն: Այստեղ կը դրուի հայրենիքի գաղափարը եւ ռազմապաշտութեան հարցը: Հայրենասիրութիւնը այն գաղափարներէն է, որուն անունով դարեր շարունակ տիրող դասակարգերը շահագործած են աշխատաւորութիւնը: Հայրենիքի գաղափարով է, որ տիրող դասակարգերը կ’արդարացնեն զինուորական պահանջը: Սակայն զինուորութիւնը, որուն վրայ կը ծախսուին միլիոններ եւ միլիառներ, գոյութիւն ունի ոչ թէ հայրենիքի պաշտպանութեան, այլ ներքին եւ արտաքին շուկաներ շահելու, ինչպէս նաեւ աշխատաւոր դասակարգը հնազանդ պահելու համար: «Ներկայ հասարակակարգի ամենաուժեղ նեցուկը զօրքն է»(41): Եւ հասկնալի է, թէ ինչո՛ւ սինդիկալիզմը կը կռուի այդ ուժին դէմ:
Սակայն անկարելի է հայրենիքն ու զինուորականութիւնը նոյն նժարին մէջ դնել, միեւնոյն արժէքի երեւոյթները նկատել: Մինչդեռ զինուորականութիւնը կը ծառայէ որոշ դասակարգերու շահերուն եւ խոչընդոտ կը հանդիսանայ ընկերային զարգացման, հայրենիքի գաղափարը աւելի բարձր մարդկային երեւոյթ է: Հայրենասիրութիւնը այնքան հին է, որքան` մարդկութիւնը: Անիկա չէ ստեղծուած այս կամ այն դասակարգի հետ եւ, հետեւաբար, կախուած չէ դասակարգերէն:
Սինդիկալիստները իրենց գործունէութեան առաջին իսկ օրէն իբրեւ գործելակերպ կ’ընդունին ընդհանուր գործադուլի գաղափարը, եւ ասիկա` ի տարբերութիւն ընկերվարականներուն: Աւելի ուշ, այս վերջինները, իրենց կարգին, սկսան ընդհանուր գործադուլի գաղափարը որդեգրել` իբրեւ իրենց նպատակներուն հասնելու միջոց: «Սինդիկալիստական ընդհանուր գործադուլը պրոլետարական կռուի ամենավճռական եւ միակ զէնքն է. նա հակադրւում է քաղաքական եւ այլ կարգի գործունէութիւններին. նա մինչեւ անգամ նոյնացւում է սոցիալիզմին, ընդհանուր գործադուլը նոյն սոցիալիզմն է»(42):
***
«Պսակ» ժողովածուի վերջին գրութեան հեղինակն է Սկեպտիկ, որ ծածկանունն է Աւետիս Ահարոնեանի(43): Գրութեան խորագիրն է` «Մենութեան մէջ»:
Սկեպտիկ զուիցերիական լեռներու ծոցին մէջ, «այս ցաւագին մենութեան մէջ», ուր գամած է զինք հիւանդութիւնը, պայքարէ հեռու, կ’արտայայտէ իր մտածումները:
Ահարոնեանի այս գրութիւնը ուսումնասիրութիւն չէ, սակայն տեղադրուած է «Պսակ»-ի գիտական բաժինին մէջ, ուսումնասիրութիւններէն ետք. անիկա գրական հրապարակագրութիւն է:
Իրաւացի է ժողովածուին խմբագրութիւնը, երբ կը յայտնէ, որ` «հեղինակի մի քանի մտքերին համակարծիք չենք»(44), որովհետեւ գրութիւնը բաւական յոռետես գաղափարներ կ’արտայայտէ: Նոյն տրամադրութեան ազդեցութեան տակ պէտք է գրուած ըլլայ «Պսակ»-ի առաջին գրութիւնը` «Յոգնութիւն («Պարտուածներ» սերիայից)» եւ վերջին գրութիւնը` «Մենութեան մէջ (խոհեր)» խորագրեալ: Երկու գրութիւններն ալ, յատկապէս` վերջինը, պէտք է գրուած ըլլան Ատանայի 1909-ի աղէտի ազդեցութեան տակ: «Հեռու, հայրենի աշխարհում […], ինձ թւում է, թէ ծեծում, քաշքշում, կրծոտում, տրորում են Մէկին, որ անզօր ու հնազանդ` հեծեծում է, եւ աչքերից թափւում են կարմիր կայլակները»(45):
Կամ`
«Հայկական ամբողջ պատմութիւնը, իր այնքան ցաւոտ, յաճախ, դաժանօրէն անփառունակ ընթացքում այնպիսի աղտոտ, մինչեւ կեանքի տականքն իջնող ամօթալի էջեր չէ ունեցել, ինչպէս մեր օրերը»(46):
Կամ`
«Ա՜հ, ինչպէս կ’ուզէի` այս օրերի պատմութիւնը ընդմիշտ ջնջուի հայ ժողովրդի մարտիրոսութեան Մեծ Գրքից»(47):
Սկեպտիկ կը գրէ, որ դատարկութեան մէջ կ’ապրինք: Միտքի եւ հոգիի ներքինիները ամէն օր մաս առ մաս կը փշրեն իտէալը: Ամբոխը չի տեսներ բաց դատարկութիւնը, որովհետեւ ան զբաղած է հարուածելով իր լաւագոյն իղձերը, իր սրբութիւն սրբոցը:
Հայ ժողովուրդը հինգ դար շարունակ բարբարոսներու կրունկին տակ փնտռած է իր ինքնութիւնը եւ աչքերը դարձուցած է դէպի այն կողմը, ուր յոյսի նշոյլ մը փայլած է: Ան թափած է իր ընտրելագոյն զաւակներուն արիւնը, որպէսզի իրաւունք ունենայ իր հայրենի հողին վրայ առանց վախի յօրինէ իր աշխատանքի երգը եւ բաց ճակատով նայի` երկինքին, աշխարհին, արեւուն եւ աստղերուն:
Երբեք չթուլցաւ հայ ժողովուրդին եռանդը: Ան հաւատաց, որ սահմանադրական Թուրքիոյ մէջ իրագործուած է իր իտէալը: Սակայն Ատանան եկաւ ցրուելու երջանիկ պատրանքը: Անկէ ետք` դատարկութիւնը, անդունդը: Ահա՛ թէ ինչու շուարած ամբոխը սկսաւ վազել անառակներու եւ հոգիի ներքինիներու ետեւէն: Ահա՛ թէ ուր պէտք է փնտռել «այս շշմեցնող դաւերի, մատնութիւնների, ցածութիւնների այս անասելի գարշանքի աղբիւրը, որ պղծում, ապականում է մեր կեանքը […] ամէն տեղ, ուր հայ կայ»(48):
Մեծ գաղափարներու աւերածութենէն ետք իշխողները միշտ կ’ըլլան գաճաճներն ու ներքինիները: «Եւ մեր կեանքի շատ ասպարէզներում այսօր ներքինիներն են իշխում»(49):
Մեծ աղէտներէ ետք, ստեղծագործ աշխատանքի փոխարէն, սկսած է թշնամանքի համաճարակը: Մխիթարութիւն կ’ըլլայ, երբ գտնուի յանցաւոր մը, որուն վրայ կանգ առնէ աւերուած ամբոխին աչքը: «Ահա յանցաւորը», ճչացին միմոսներն ու ներքինիները` ցոյց տալով հայ ընտիր երիտասարդութիւնը, որ խիտ շարքերով ինկած էր ազգի գողգոթայի ճանապարհին: Յանցաւորը կ’իյնայ ոչ թէ հարուածներու տակ, այլ` մատնութիւններու եւ ցածութիւններու ձեռքէն: Յանցաւորը ինկած է, «եւ այն ժամանակ կոյր ամբոխը բաց աչքերով կը տեսնէ Անդունդը… ահագին, անծայր դատարկութիւնը, ուր երէկ իտէալն էր, ուր այսօր սարսափն ու մահն են իշխում…»(50):
Իտէալը, Մեծ իտէալը չկայ: Շատ լայն է բաց թողած տեղը: Ոչ մէկ բան կրնայ լեցնել իտէալին յառաջացուցած մեծ պարապը, ուր կը մխայ ամբողջ ազգի վիրաւոր սիրտը: Ո՞ւր են 15-20 տարի առաջուան գործող գաղափարական սերունդի մեծ աւանդութիւնները: «Այս ի՞նչ բարոյական հիւծախտի համաճարակ է, որ քամում է հոգիները…»(51)
Աղէտի առջեւ կանգնած ենք մենք. ժամանակն է սթափելու(52):
***
Վերջացնելու համար,
«Պսակ» ժողովածուի խմբագիրը` Սիմոն Վրացեան, կը տեղեկացնէ, որ հրատարակուած գործերէն դուրս խմբագրութիւնը ստացած էր նաեւ այլ գրութիւններ եւ ուսումնասիրութիւններ, որոնք դուրս մնացած են ժողովածուէն: Այսպէս, Յարութիւն Շահրիկեան ղրկած էր յօդուած մը` Պեոտր Կրոպոտկինի անիշխանական տեսութեան մասին: Խաչիկ Կարճիկեան գրած է ընդարձակ ուսումնասիրութիւն մը` հայկական իրականութեան մասին: Լոյս պիտի ընծայուէր յօդուած մը` Եղիշէ Թոփչեանի կեանքին ու գործունէութեան մասին: Եւ որքան լաւ պիտի ըլլար, եթէ հրատարակուէր, որովհետեւ մինչեւ այսօր անծանօթ կը մնան կարգ մը մանրամասնութիւնները անոր կեանքին (օրինակ` ծննդեան թուականը): Սիմոն Վրացեան գրած էր նաեւ յօդուած մը` «Նալբանդեանի առեղծուածը» խորագրեալ: Վերոյիշեալ բոլոր գրութիւններն ալ զոհ գացած են գրաքննիչի «մողոքին»(53):
***
Ինչ որ ներկայացուցինք նախորդ էջերուն մէջ, ցոյց կու տայ, որ խղճամիտ ուսումնասիրութիւններ են բոլորն ալ: Մեր նպատակը եղաւ պարզապէս ներկայացնել «Պսակ» ժողովածուն, որ, ինչպէս ըսուեցաւ գրութեան սկիզբը, միակն է ամբողջ աշխարհին մէջ: Թէ՛ գրական եւ թէ՛ գիտական բաժիններու գրութիւններէն քանի մը հատը նոր լոյս կը սփռեն հեղինակներու գործերուն մասին, մանաւանդ որ անոնք նկատի չեն առնուած, բնականաբար, անոնց ամբողջական գործի հրատարակութեան ատեն, ինչպէս եղած է պարագան` Ռուբէն Զարդարեանի, Աւետիս Ահարոնեանի, Նիկոլ Աղբալեանի ու Սիմոն Վրացեանի:
«Պսակ»-ը հրատարակուած է ի գին մեծ դժուարութիւններու, մանաւանդ` նիւթական: Սիմոն Վրացեան համով-հոտով տեղեկութիւններ կու տայ այս մասին ալ: Երկուքով` ինք եւ Միշա Արզումանեանը, այցելութիւններ տուած են մեծահարուստներու, որոնք շատ սիրալիր ընդունած են զիրենք եւ մեծ համակրանքով խօսած են երիտասարդութեան եւ «մեր ձեռնարկին մասին»: «Քաղցր խօսքեր շատ լսեցինք, բայց դրամ քիչ ստացանք. դրամ էր, հոգի հո չէր մեր ուզածը…»(54):
Մեր առաջարկն է վերատպել «Պսակ»-ը, որպէսզի միակը չմնայ ամբողջ տիեզերքի մէջ:
(Շար. 4 եւ վերջ)
—————————–