Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ճոնիներուն Վաստակը Կը Հարստացնէ… (Ճոնի Արեւեանի Յիշատակին)

Սեպտեմբեր 1, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Մարդուս հոգեվիճակը երբեմն տարօրինակ կացութիւններ կը ստեղծէ. կը կարծես, որ պատահած տխուր բանի մը, առյաւէտ բաժնուած ընկերոջ մը մասին չգրելը կամ չմտածելն անգամ քեզ զերծ կը պահեն դառն իրականութեան ներգործութենէն: Ի վերջոյ, սակայն, բանականութիւնը կը յաղթանակէ, եւ կը սկսիս մտածել, որ դառն իրականութիւնը պէտք է դիտել աչքերուն մէջ նայելով, իսկ եթէ տրտմութիւն մեղմելու ձեւեր կան, անոնցմէ մէկն ալ հեռացած ընկերոջմէդ ունեցած լաւ յիշատակներուն վերաքաղն ընելն է, յիշել, որ անոր հետ ծանր եւ ուրախ օրեր ապրեր ես, նման յուշեր մաս կը կազեն աննիւթական հարստութեանդ…

Նման տրամադրութիւն մը համակած էր զիս այն օրէն, երբ «Ազդակ»-ի էջերուն կարդացի Ճոնի Արեւեանի մահուան գոյժը: Մարդկային ուղեղը հետաքրքրական դարակներ ունի. կը կարծես, որ շատո՜նց անոնց մէջ արձանագրուած յիշատակներ` դէպքեր ու դէմքեր մնացած են քողի տակ, եւ սակայն անոնք օր մը յանկարծ քանի մը ակնթարթի մէջ կը շարուին մտապաստառիդ վրայ եւ քեզ կը տանին տարիներ, տասնամեակներ ետ, դէպի լաւ ու ծանր օրեր: Այդպէս ալ եղաւ Ճոնիին պարագային. եւ ինչ որ հոս պիտի արձանագրեմ հակիրճ կերպով, միայն մէկ մասնիկն են յիշատակներու դարանի համայնապատկերին:

… 60-ականներու վերջերուն, քանի մը հասակակիցներու հետ անդամակցեցայ ՀՅԴ «Զաւարեան» ուսանողական միութեան եւ սկսայ մասնակից ըլլալ հերթական ժողովներուն, որոնք տեղի կ՛ունենային քաղաքի հին Ժողովրդային տան մէջ, Ս. Նշան եկեղեցւոյ ետեւի վայրէջքին, Ֆարաոնի պալատին դրացնութեան մէջ. կիսաւեր կառոյց մըն էր շէնքը, որուն ակումբի բաժինը ունէր խորհրդաւոր պատկերներ` բարձրադիր զինանշանով ու անմահներու լուսանկարներով, կեդրոնի սրահին վրայ բացուող քանի մը սենեակներով: Հրեաներու թաղին վրայ կախուած պատշգամը ելլել արգիլուած էր, որովհետեւ կրնար որեւէ ատեն փուլ գալ: Սրահի անկիւնի մէկ սենեակը Երեսփոխանական գրասենեակ կը կոչուէր. երբ ժողովը սկսած կ՛ըլլար, կը նկատէինք, որ կապուտաչեայ եւ քիչ մը շէկի զարնող մազերով երիտասարդ մը, թեւին տակ թղթածրարներ, դէմքին ժպիտ մը ուրուագծած` անաղմուկ կ՛անցնէր ժողովականներուս կողքէն ու այդ սենեակը կը մտէր: Շուտով սորվեցանք անոր անունն ու պաշտօնը. Ճոնի Արեւեան, գրասենեակին գործավարը: Ան այդ պաշտօնը շարունակեց տասնամեակներ շարունակ, երբ հին Ժողովրդային տունը եղաւ «Արա Երեւանեան» ակումբ, յետոյ նաեւ տեղափոխուեցաւ «արեւելեան» շրջան:

«Զաւարեան»-ի մէջ անունով նոր ծանօթացած առաջին ընկերներէս ու ընկերուհիներէս էր Մարի Պագգալեանը, որովհետեւ վարչութեան քարտուղարուհին էր եւ ամէն ժողովի սկիզբը կը կատարէր անուն առ անուն ներկայութեան ստուգումը, կը կարդար ատենագրութիւն եւ… կը զգացնէր, որ իրեն վստահուած պարտականութիւնը սովորական բան չէ, եւ ինք ամենայն լրջութեամբ կը կատարէ զայն:

Նորեկի անհամարձակութիւնս հազիւ թէ առիթ կու տար, որ բարեկամութիւն կամ սերտ կապեր հաստատեմ նման պատասխանատուութիւններ շալկած ընկերներու եւ ընկերուհիներու հետ. Ճոնին ու Մարին միակը չէին յամենայն դէպս: Կեանքի այդ փուլին, տարիքի փոքր տարբերութիւնը դժուար անցանելի պատուար մը կը թուէր: Քանի մը տարի ետք, պիտի զգայինք, որ այդ տարբերութիւնը հալած-գացած է, եւ կարելի է մտերմութիւն մշակել նաեւ տարեցին ու կրտսերին հետ…

Քանի մը տարի ետք, Լիբանանի «քաղաքացիական պատերազմ»-ի նախօրեակին, միութենականներս պիտի իմանայինք, որ Ճոնին ու Մարին ընտանիք կը կազմեն: Ճոնին կը շարունակէր պաշտօնավարել ակումբին մէջ, իսկ մեր ընկերուհին ամերիկեան համալսարանէն ստացած էր հիւանդապահուհիի վկայականը եւ լծուած` մարդասիրական խորքով այդ ասպարէզին: Այնուհետեւ ան եղաւ ու մնաց Մէյրի Արեւեան, որուն կարելի էր դիմել հիւանդանոցային աշխարհին մէջ մասնագէտ կամ դիւրութիւն ունենալու համար: Եւ այսպէս, տարիներ ու տասնամեակներ շարունակ անոնք շարունակեցին սպասարկել մեր ժողովուրդին ու մարդկութեան` ձեւով մը ընտանեկան միջավայրէն անդին լծակից դառնալով իրարու, իւրաքանչիւրը իր գործին բերումով:

Յետոյ վրայ հասան «քաղաքացիական պատերազմ»-ի տարիները, որոնք ի շարս ուրիշ ընկերներու, զիս ալ տարին «արեւմտեան» Պէյրութ` իբրեւ աշխատակից «Ազդակ»-ի: Մայրաքաղաքի երկու գօտիներուն միջեւ երթեւեկի անապահովութիւնը հարկադրած էր, որ մամուլի աշխատակիցներէս շատեր կիսաբնակութիւն հաստատենք «Արա Երեւանեան» ակումբի երկրորդ յարկի սենեակներուն մէջ, նաեւ հոն ընէինք նախաճաշ, ճաշ, երբեմն նաեւ ընթրիք` սեղանակից ունենալով ակումբի պահակ տղաքն ու կարգ մը պատասխանատուներ:

Ճոնին ալ, գրասենեակի իր պաշտօնին կողքին, պատասխանատութիւններ ունէր Ժողովրդային տան յարկին տակ, ընդհանրապէս` անաղմուկ: (Ամիսներ ետք Ճոնին ալ մէկն էր այն ընկերներէն, որոնք դասաւորեցին, որ «Ազդակ»-ի տղաքը բնակութիւն հաստատեն ակումբին մօտակայ այն բնակարաններուն մէջ, որոնք պատերազմական պայմաններուն պատճառով լքուած էին ու կը մնային գրաւուելու ու կողոպտուելու վտանգին տակ): Սակայն ամէն մարդ գիտէր, որ իր պաշտօնին բերումով ելեւմուտք ունէր պետական տարբեր գրասենեակներ, կապեր հաստատած էր քաղաքական տարբեր շրջանակներու հետ ու լուսարձակներէ հեռու կը կատարէր իրեն վստահուած պարտականութիւնները, որոնց մասին սովորութիւն չունէր խօսելու, ոչ ալ «լիբանանցիացաւ»` տարբեր իմաստով…

Այդ օրերը առիթ ընծայեցին, որ մինչ այդ միայն բարեւով ու հպանցիկ խօսակցութիւններով ծանօթներս օրէ օր իրարու մօտենանք, բարեկամանանք ու մտերմանանք: Երբ Ճոնին ակումբի սրահը մտնէր, կապոյտ աչքերէն ճառագայթող ժպիտը մեզ առաջին ողջունողը կ՛ըլլար, կը յաջորդէր զուարթախոհ, բայց զուսպ խօսակցութիւն մը, յետոյ կ՛երթար գործին:

Յետմիջօրէի մը, անոր ժպիտը աւելի յորդուն էր, որովհետեւ «թիկնապահով» մը եկած էր ակումբ. նոր քալել սկսող աղջնակը բերած էր հետը: Քանի մը տարի ետք, հպարտանքը կրկնապատկուեցաւ, մանչուկն ալ երբեմն դարձաւ ընկերակից. բնական էր, որ զաւակները պիտի հետեւէին ծնողներու քայլերուն, պիտի դառնային «ակումբի անդամ», պիտի դառնային նաեւ ՀՄԸՄ-ական…

Տագնապի տարիներուն, նաեւ` անկէ ետք, Ճոնին կազմակերպական պատասխանատուութիւններու կոչուեցաւ թէ՛ կուսակցութեան եւ թէ՛ ՀՄԸՄ-ի ընտանիքներուն մէջ: Իր անմիջական գործակիցներն ու պաշտօնակիցները կրնան վկայել, թէ ինչպիսի՛ հաւատարմութեամբ եւ օրինապահութեամբ կատարեց իր պարտականութիւնները, որքան որ ներեցին իր կարողութիւնները: Ակումբին դրացնութեան մէջ եղող իր բնակարանը այս իմաստով առաւելութիւն եւ դիւրութիւն ընծայող գործօն մըն էր: Երբ Ճոնի ըսուէր, ոչ ոք կը կասկածէր, որ Արեւեան Ճոնիին մասին էր խօսքը (հոս կ՛արժէ փակագիծ մը բանալ յիշելու համար երկրորդ Ճոնի մը` Հայտոսթեանը, որ աչքը բացած էր ակումբին մէջ, ծառայեց ակումբին, միացաւ «Ազդակ»-ին եւ սեւ օր մըն ալ ակումբի բակին մէջ զոհ գնաց արձակազէնի մը փամփուշտին. սակայն ան ճանչցուած էր «Պզտիկ Ճոնի» անունով, որովհետեւ բոլորին միտքին մէջ յստակ էր, որ երէցը Արեւեանն էր):

Այնքան ատեն որ «Ազդակ» լոյս կը տեսնէր «արեւմտեան» շրջանի տպարանէն, Ճոնիին հետ հանդիպումները գրեթէ առօրեայ էին: Դէպի խմբագրատուն ճամբուս վրայ զինք յաճախ կը տեսնէի Ճոզիկեաններու խանութին առջեւ («Բագին»-ի խմբագրատան շէնքին մօտ). պահ մը պիտի բարեւէինք Ճոզիկեան եղբայրերուն, օրուան վիճակին մասին պիտի զրուցէինք եւ պիտի երթայինք մեր գործերուն: Ու պատահական չէր, որ Նշան Ճոզիկեանին կորուստը տարբեր ազդեցութիւն ունեցաւ Ճոնիին վրայ: Երեկոները, ակումբ երթալէ առաջ կամ ազատ պահու մը, պիտի գար «Ազդակ»-ի տպարանը` «նկուղը», եւ նրբանցքէն իսկ պիտի հռչակէր իր ներկայութիւնը. «Սագօ՛, սրճախառն քաքաօ մը հաճի՛ս…». տպարանին մէկ անկիւնը զետեղուած էր «էսփրեսսօ» սուրճի սարք մը, որուն մէկ «աչք»-ն ալ կրնար քաքաօ մատուցել. Ճոնին ճաշակ ունեցող տղայ էր ու մեզի սորվեցուց, որ սուրճն ու քաքաոն խառնելով` աւելի համով ըմպելի մը կը ստացուի… (Յամենայն դէպս ճաշերու մասին իր ճաշակը մտերիմ ընկերներուն հետ ունեցած է ի՛ր պատմութիւնները): Ու պիտի զրուցէինք օրուան տարապայման վիճակներուն մասին, կատակախառն զրոյցներ պիտի ունենար տպարանի տղոց հետ` գրաշար թէ էջադրող. տպարանի աշխատաւորները, Ճոնիին եւ քանի մը այլ ընկերներու շնորհիւ, աչքաթող չէին զգար. հարկադրաբար շաբաթներ շարունակ ընտանիքէն հեռու գտնուող աշխատաւորը նման մտերմութեանց մէջ հարազատներ կը փնտռէր անկասկած…

1987-ի փետրուարին, երբ «Ազդակ» հարկադրուեցաւ հրաժարիլ «արեւմտեան» շրջանի խմբագրատունէն ու տպարանէն, Ճոնիին եւ իր նմաններուն ներկայութիւնը այլեւս նոյնքան յաճախակիօրէն չկրցանք ունենալ նոր խմբագրատուն-տպարանին մէջ. այսուհանդերձ, «Ազդակ»-ին հետ Ճոնիին կապը անքակտելի էր, ու երբեմն զրոյց կ՛ունենայինք հայկական սուրճով:

Այս քանի մը յուշերը բաւարա՞ր են ուրուագծելու բարեկամի մը ու ընկերոջ մը դիմաստուերը: Վստահաբար` ո՛չ: Ինչպէ՞ս կարելի է չափել հայորդիի մը, դաշնակցական տղու մը ծառայութիւնները իր ժողովուրդին, սիրած միութեան` ՀՄԸՄ-ին եւ իր ժողովուրդին: Հեռաւորութիւն կամ ծանրութիւն-տարողութիւն չափող գործիքներու նմանը այս պարագային գոյութիւն չունի: Ու երբ օր մըն ալ Ճոնիներուն կեանքի էջը կը փակուի կանխահասօրէն, կ՛ափսոսաս, որ վերջին տարիներուն առողջական վիճակը պարտադրեց սահմանափակել իր ծառայութիւնները, լայն առիթ չտուաւ, որ խոնջէնքը փարատի վաստակին ու ժառանգներուն բերելիք բերկրանքով, սակայն չես մոռնար եւ կը հաստատես, որ ան իր կարողութեան ամէնէն լայն սահմաններուն մէջ ծառայեց հաւաքականութեան եւ ետին կը թողու վաստակ մը, որ դատապարտուած չէ անտեսումի կամ մոռացութեան, այլ իր բաժինը կ՛ունենայ իր կազմակերպութեան ու միութեան էջերուն հարստացման մէջ:

 

 

Նախորդը

Ծառայասէր, Օրինակելի Եւ Տիպար ՀՄԸՄ-ական Եղբայր Ճոնի Արեւեան (1943-2017)

Յաջորդը

Միջազգային Դաշինքը Տէր Զօրի Մէջ Հրոսէջք Կատարելով Իրեն Հետ Տարած Է ՏԱՀԵՇ-ի Անդամներ

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?