Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանագնացութիւն

Սեպտեմբեր 6, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱԼԻ ԱՒԱԳԵԱՆ

Հասաւ մեկնումի օրը` 30 յուլիսը: Առաջին անգամն ըլլալով պիտի երթայի հայրենիք` Հայաստան: Պիտի խմէի անոր զուլալ ջուրը, պիտի շնչէի անոր մաքուր օդը եւ պիտի վայելէի անոր գեղեցիկ բնութիւնը: Վստահաբար կրնաք երեւակայել պատանիի մը վիճակը այսպիսի կացութեան մը մէջ. իրապէս շատ ուրախ էի: Ըսեմ պատճառն ալ երթալուս. պիտի մասնակցէի ՀՅԴ Պատանեկան միութիւններու կազմակերպած բանակումին, որ տեղի պիտի ունենար Քանաքեռաւանի մէջ:

Առաջին օրը` կիրակի, երբ հասանք, մնացինք բանակավայր, քանի որ տակաւին բոլորը չէին հասած եւ չէինք կրնար բան մը ընել: Երկրորդ օրը գացինք ԹՈՒՄՕ արհեստագիտութիւններու կեդրոն, ուր կատարեցինք բանակումի բացման արարողութիւնը եւ դիմաւորեցինք մեր ընկերները, որոնք եկած էին` Հայաստանէն, Արցախէն, Ջաւախքէն, Իրանէն, Սուրիայէն, Միացեալ Էմիրութիւններէն եւ Քուէյթէն: Աւարտին, շրջեցանք կեդրոնին մէջ եւ մօտէն ծանօթացանք անոր աշխատանքներուն:

Երրորդ օրը եղաւ իսկական պտոյտներու օր. այցելեցինք Սարդարապատի յուշահամալիր, որուն թանգարանին մէջ ցուցադրուած են իրեր` տարբեր շրջաններէ եւ տարբեր ժամանակաշրջաններու պատկանող: Կը կարծեմ, որ այս ձեւով յարգանքի տուրքս մատուցած կ՛ըլլամ 25-28 մայիս 1918-ի Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսէի եւ Սարդարապատի ճակատներուն վրայ կռուած մարտիկներուն: Ապա այցելեցինք Էջմիածին, ուր կը գտնուէր վանքը` իր սքանչելի գեղեցկութեամբ եւ խորհրդաւորութեամբ, Գէորգեան ճեմարանը, որմէ սերունդներ դուրս եկած ու գործօն դեր ունեցած են հայ ժողովուրդի գոյատեւման աշխատանքին մէջ: Շատ հիանալի էր նաեւ վանքին շրջափակը, որ ծածկուած էր կանաչութեամբ եւ զանազան գունագեղ ծաղիկներով:

Չորրորդ օրը` չորեքշաբթի, այցելեցինք երկրին մէջ գտնուող հնագոյն կառոյցներէն Գառնիի տաճարը, որ իր տեղը գրաւած էր կանաչ բնութեան մէջ: Հոնկէ ելլելով` գացինք Գեղարդի վանքը, որ իրապէս շատ տպաւորեց զիս իր գեղեցկութեամբ եւ դիրքով: Ապա ճաշեցինք այդ շրջանի ճաշարաններէն մէկուն մէջ: Երեկոյեան, գացինք ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» երիտասարդական կեդրոն, ուր Ազգային ժողովի պատգամաւորներէն մէկը դասախօսեց Հայաստանի վարչակարգին մասին:

Հինգշաբթի գացինք Օշական, ուր թաղուած է մեր մեծագործ Մեսրոպ Մաշտոց, առանց որուն` թերեւս այսօր հայ մնացած չէինք ըլլար, ապա այցելեցինք այբուբենի պուրակը, որ վանքէն կէս ժամ հեռու կը գտնուէր: Այցելեցինք Դրաստամատ Կանայեանի` Դրոյի շիրիմը եւ կէսօրին վերադարձանք բանակավայր, քանի որ օդը շատ տաք էր եւ արեւն ալ` շատ կիզիչ: Կէսօրէ ետք մեկնեցանք Եռաբլուր, ուր յարգեցինք Արցախի ազատագրական պայքարի ընթացքին նահատակուած մարտիկներուն յիշատակը, եւ` Ծիծեռնակաբերդ, ուր մարմինս փշաքաղուեցաւ`  յիշելով թուրքին կատարած վայրագութիւնները մեր պապերուն, Ցեղասպանութեան օրերուն եւ անոր նախորդած դարերուն ընթացքին:

Վեցերորդ օրը, առաւօտուն, այցելեցինք Վազգէն Սարգսեանի անուան զօրանոց, ուր ծանօթացանք այդտեղի գործունէութեան, ինչպէս նաեւ տեսանք զինուորներ, որոնք ուղիղ ու կանոնաւոր շարքերով կ՛ուղղուէին աշխատանքի: Կէսօրէ ետք այցելեցինք Երեւան, ուր նախ գնումներ կատարեցինք Վերնիսաժէն եւ անոր շուրջ գտնուող շուկաներէն, ապա գացինք հայրենասիրական, ազգային եւ յեղափոխական երգերով ու կանչերով թնդացնելու Հիւսիսային պողոտան, որ բաւականին աշխուժ էր եւ ունէր բարձր մակարդակի վաճառանիշներով խանութներ ու անուանի ճաշարաններ:

Շաբաթ օր այսինքն եօթներորդ օրը ճամբայ ելանք դէպի Արցախ: Ճամբուն վրայ այցելեցինք Խոր Վիրապ, ուր, ըստ պատմութեան, Գրիգոր Լուսաւորիչ մնացած է 13 տարի, որովհետեւ ան Տրդատ թագաւորի ամբողջ ընտանիքը սպաննած Անակի որդին էր. սակայն չկրցայ իջնել փոսը, որովհետեւ բաւական ապականած էր օդը, եւ արդէն սկսայ շունչի նեղութիւն զգալ: Ապա մեր ճամբան շարունակեցինք դէպի հերոսական Արցախ` քանի մը անգամ կանգ առնելով: Հասանք ուշ երեկոյեան: Ընթրեցինք զօրանոցին մէջ, ապա գացինք «Նայիրի» պանդոկ, որ աղքատիկ պանդոկ մըն էր եւ կը գտնուէր տուներու մօտ:

Նախավերջին օրը պտոյտներ կատարեցինք Արցախի զանազան շրջաններու մէջ: Մեր օրը սկսաւ զօրանոցին մէջ նախաճաշելով, ապա` երթալով դէպի Գանձասարի վանք, որուն եկեղեցին շա՜տ գեղեցիկ էր եւ անոր շրջափակէն բացուող բնութիւնը իսկապէս զգլխիչ էր. այդքան խիտ կանաչութեամբ վայր տակաւին չէի տեսած: Կէսօրուան մօտ էր, երբ այցելեցինք Խանասորի արշաւանքի կազմակերպիչին Նիկոլ Դումանի տուն-թանգարանը, որուն բակին մէջ ճաշեցինք, եւ դասախօսութիւն տեղի ունեցաւ: Ապա գացինք «Մենք ենք մեր սարերը» պատգամը մարմնաւորող մամիկ ու պապիկի արձանին մօտ, այն վայրը, որ միշտ տեսած էինք մեր հայերէնի եւ հայոց պատմութեան գիրքերուն մէջ եւ կողքերուն վրայ: Երեկոյեան ուղղուեցանք Ստեփանակերտի հրապարակ, ուր շատ խանդավառ մթնոլորտ մը կը տիրէր: Տեղի բնակիչները շուրջպար մը բռնած էին, եւ մենք ալ միացանք իրենց:

Հասաւ երկուշաբթի օրը եւ մեկնեցանք Շուշի: Քիչ մը պտտեցանք շրջանին մէջ, այցելեցինք Ղազանչեցոց վանք, որուն բակին մէջ կատարուեցաւ բանակումի փակման արարողութիւնը եւ հրաժեշտ տուինք մեր արցախցի ընկերներուն, որոնք շա՜տ շա՛տ ազնիւ էին մեզի հետ, կամ գոնէ` հետս: Ելանք ճամբայ եւ Գորիսի մէջ «ցտեսութիւն» ըսինք Իրանէն ժամանած մեր ընկերներուն, որոնց հետ շատ լաւ եւ հաճելի ժամանակ անցուցինք:

Երկուշաբթի, ուշ երեկոյեան հասանք բանակավայր եւ մեր պայուսակները պատրաստեցինք, որպէսզի յաջորդ օրը անով մեր ժամանակը չվատնենք: Վերջին օրը Հայաստանի եւ Ջաւախքի ընկերներուն հրաժեշտ տալէն, պատրաստուելէն եւ մեր պայուսակները հանրակառքերուն մէջ տեղաւորելէ ետք գացինք «Տալմա մոլ», ուր քիչ մը պտտելէ, ճաշելէ եւ գնում կատարելէ ետք ուղղուեցանք «Զուարթնոց» օդակայան` դարձեալ վերադառնալու խոստումով:

Այս ճամբորդութենէն շատ նոր բաներ սորվեցայ. շատ եզրակացութիւններու եկայ հայրենիքի կեանքին մասին: Շատ տխրեցայ, երբ տեսայ գիւղացի ժողովուրդին աղքատութիւնը եւ գիւղերու ամայութիւնը, բայց շատ մեծ բերկրանք զգացի, երբ տեսայ հաղորդակցութեան միջոցներու զարգացած եւ բարգաւաճած վիճակը, Երեւանի շէնութիւնն ու երկրին անկախութիւնը:

Հայաստան իտէալական վայր է ուղեղ ու մարմին հանգստացնելու եւ մաքուր օդ շնչելու: Շատ կը փափաքէի աւելի երկար մնալ եւ այլ տեղեր ալ այցելել, սակայն պէտք էր մեկնէի Ֆրանսա` մասնակցելու համար Ուիքի ճամբարին:

Հայաստանի ժողովուրդը շատ հետաքրքրուած էր սփիւռքով: Անոնք անդադար հարցումներ կ՛ուղղէին մեր կեանքին եւ կենցաղին մասին, մեր դպրոցներուն մասին, մեր գաղութային կեանքին մասին եւ շատ կը զարմանային, երբ կը լսէին, որ Լիբանանի դպրոցները հայոց լեզուէն անկախ` ունին հայոց պատմութեան պահեր, եւ թէ` բոլոր լիբանանահայերը քաջ տեղեակ են իրենց ազգին պատմութեան եւ անցուդարձներուն:

Շատ հետաքրքրական էր, երբ մէկս միւսէն խօսակցական արտայայտութիւններ կ՛ընդօրինակէր, ինչպէս` մեր մէջ տարածուած «եալլա»-ն, արեւելահայերուն մէջ տարածուած «արի ըստեղ»-ը եւ այլ: Շատ անգամ զիրար չէինք հասկնար, մանաւանդ երբ արեւելահայերը ռուսերէն բառեր խառնէին, օրինակ` անգամ մը բանակողներէն մէկը հարցուց. «Նաուշնիք ունե՞ս»,- հարցուցի, թէ ի՛նչ է այս բառը, ըսաւ` «ականջակալ»-, դարձեալ չհասկցայ, մինչեւ որ ցոյց տուաւ մեզի ծանօթ «earphones»-ը:

Իսկապէս շա   ՜տ շա՛տ լաւ ժամանակ անցուցի հոն: Զանազան շրջաններէ նոր բարեկամներ ունեցայ, եւ ընկերային ցանցերու միջոցով իրարու հետ հաղորդակցութեան մէջ կը մնանք ու լուր կ՛ունենանք իրարմէ: Երանի անգամ մը եւս այսպիսի առիթ մը ընծայուի մեզի, դարձեալ իրարու հանդիպինք, աւելի մտերմանանք, ինչպէս նաեւ նոր ընկերներու ծանօթանանք:

Այս առիթով կ՛ուզեմ ի սրտէ շնորհակալութիւն յայտնել ՀՅԴ Պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին, որ կազմակերպած էր համահայկական ճամբար մը, որ կարելիութիւնը կու տայ ո՛չ միայն Լիբանանէն, այլ նաեւ այլ երկիրներէ ընկերներու ծանօթանալու:

Կը փափաքիմ, որ յառաջիկայ տարիներուն աւելի շատ պատանիներ ոգեւորուին եւ մասնակցին այս բանակումին, որ լեցուն է խաղերով, երգերով, եռանդով, խանդավառութեամբ, պտոյտներով եւ ամէնէն կարեւորը`  հայ եւ հայրենասէր ընկերներով:

 

Նախորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Անվախ Ու Անկախ Արցախը

Յաջորդը

«Իրենց Սկսած Գործը Հասցնելու Ենք Աւարտին»

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?