Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Սեպտեմբեր 6, 2017
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

«Միասին Զինուինք Նոր Գիտելիքներով, Գիտելիքը Ուժ Է». Վերամուտի Առիթով Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի Շնորհաւորական Ուղերձը

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Գիտելիքի օրուան առիթով շնորհաւորական ուղերձ յղած է, ուր մասնաւորապէս նշուած է.

«Յարգելի՛ ուսուցիչներ, դասախօսներ եւ ծնողներ,
«Սիրելի՛ աշակերտներ եւ ուսանողներ,
«Կը շնորհաւորեմ ձեզ Գիտելիքի օրուան առիթով:

«Սեպտեմբեր 1-ին կը տրուի ուսումնական տարուան մեկնարկը, եւ այդ պահէն մեր ողջ երկիրը կը սկսի ապրելու նոր` առանձնայատուկ կշռոյթով ու թափով: Այս օրը յատկապէս բացառիկ է անոնց համար, որոնք առաջին քայլերը պիտի առնեն դէպի դպրոց եւ պիտի բացայայտեն գիտելիքներու նոր ու զարմանահրաշ աշխարհներ:

«Գիտելիքի կարեւորութեան գիտակցումը այսօր անվիճելիօրէն առկայ է թէ՛ իւրաքանչիւր ընտանիքի եւ թէ՛ ողջ հասարակութեան մէջ: Կարեւոր կը համարեմ, սակայն, Հայաստանի կրթական համակարգի կատարելագործման ուղղուած բարեփոխումներու եւ անոնց ընթացքին մասին լուրջ հասարակական քննարկումները, որովհետեւ ժամանակներն ու անոնց պահանջները անընդհատ կը փոփոխուին, իսկ մենք միշտ պէտք է ըլլանք արդիական:

«Մեր աշակերտներուն եւ ուսանողներուն յաջողութիւնները միջազգային մրցասպարէզներու մէջ ի հարկէ մեզ կ՛ոգեւորեն եւ կը յուշեն, որ ճիշդ ճանապարհի վրայ ենք, բայց մեզի համար աւելի կարեւոր է կրթութեան համընդհանուր մակարդակի բարձրացումը: Անհրաժեշտ են դպրոցներու եւ համալսարաններու այնպիսի շրջանաւարտներ, որոնք մրցունակ պիտի ըլլան եւ իրենց տեղը պիտի գտնեն կեանքի ու աշխատանքի մէջ:

«Կը մաղթեմ, որ բոլորս միասին զինուինք նոր գիտելիքներով եւ դառնանք աւելի ուժեղ, որովհետեւ գիտելիքը ուժ է», շեշտած է նախագահը:

Քանատահայ Հայրենադարձները` Մարգար Եւ  Էլիզ Շարապխանեաններ

Քանատահայ զոյգը հայու համար միակ հայրենիքը Հայաստանը կը համարէ: Մարգար եւ Էլիզ Շարապխանեանները 2007 թուականէն կ’ապրին Արագածոտնի մարզի Ուշի գիւղին մէջ: Սեփական միջոցներով վերանորոգած են գիւղին դպրոցը եւ մշակոյթի տունը:

Մարգար Շարապխանեան ծնած է Յունաստան, կրթութիւն ստացած` Իտալիոյ մէջ, 40 տարի բնակած է Քանատա, բայց, ինչպէս ան վստահեցուցած է, միայն Հայաստանի մէջ ինքզինք հայ կը զգայ:

«Տարբեր երկիրներու մէջ ապրած եմ, բայց ոչ մէկ տեղ` ո՛չ Յունաստանի, ո՛չ Իտալիոյ եւ ո՛չ ալ Քանատայի մէջ ես հայ զգացած եմ, իմ ինքնութիւնս միայն Հայաստանի մէջ կը զգամ: Դուրսը ծնած, մեծցած ու ապրած մարդը Հայաստանի մէջ պէտք է ապրի: Ուզենք, թէ չուզենք, բոլոր երկիրներուն մէջ օտար ենք, միակ երկիրը, որ կը զգանք, թէ մերն է, Հայաստանն է», նշեց Մարգար Շարապխանեանը`  հաստատելով, որ Հայաստան միայն Երեւանը չէ, այլ նաեւ մարզերն ու գիւղերն են: «Ես կը հաւատամ Հայաստանի գիւղերուն, եւ Հայաստանի գիւղերու տնտեսութիւնը պէտք է զարգանայ: Ուշին փոքր գիւղ է 10 տարի առաջ հողամաս գնեցի, տուն կառուցեցի, հիմա հողամասին մէջ ես եւ ուրիշները կ’աշխատինք: Դպրոցը նորոգեցինք ու մշակոյթի տուն կառուցեցինք»:

Քանատայի մէջ 10 տարի համալսարանի գրադարանին մէջ աշխատելէ ետք, Մարգար Շարապխանեան 1979 թուականին կ’որոշէ դպրոց հիմնել:

Հայ օգնութեան միութեան օժանդակութեամբ հիմնուեցաւ ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանը: «Սկսայ մանկապարտէզէն եւ ամէն տարի մէկ դասարանով կը բարձրացնէինք. այսպիսով, 75 աշակերտով սկսանք, հիմա վարժարանը ունի 650 աշակերտ: Մեր աշակերտները 18 տարեկանէն համալսարան կ’երթան, 100 շրջանաւարտէն 97-ը այնտեղ համալսարան կ’ընդունուին: Դպրոցին մէջ թէեւ անգլերէն եւ ֆրանսերէն կ’անցնին, բայց հայկական դպրոց է», կը պատմէ Մարգար Շարապխանեան:

Թէեւ խորհրդային տարիներուն Մարգարը Հայաստան եկած է, բայց տարբեր էր: «1986 թուականին շրջանաւարտներուս ծնողները կանչեցի եւ ըսի, որ փոքրիկներուն ժամացոյց, խաչ կամ այլ իր նուիրելու փոխարէն` Հայաստանի տոմս գնեցէք, եւ այդպիսով 22 հոգիով եկանք Հայաստան: Խորհրդային տարիներն էին»:

Կնոջը հետ խօսելով Հայաստան գալու մասին` Մարգար վստահեցուցած է, որ ուշեցի են ինքն ալ, կինն ալ: «Չէ դժգոհած ու չի դժգոհիր: Հայաստան գալու համար պէտք է նաեւ կինդ ալ ուզէ եւ քեզի ընկերակցի: Առանձին չ՛ըլլար», աւելցուցած է ան:

Այսօր ալ զոյգը շատ ծրագիրներ ունի` գիւղին հետ կապուած: Քանատա վերադառնալու մտադրութիւն չունին: Ուշիով հիացած են եւ զայն կը համարեն իրենց միակ տունը:

Աւարտեցաւ «Արի Տուն» 2017 Ծրագրի Վերջին Փուլը

Աղաւնաձորի «Արի տուն» ճամբարին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագրի վերջին` ութերորդ փուլի փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն մասնակցեցան` Հայաստանի սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեանը, աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեանը, նախարարութեան աշխատակիցներ, մշակոյթի գործիչներ, հիւրեր:

«Արի տուն» ծրագրի 8-րդ փուլին մասնակցած են 67 պատանիներ 13 երկրէ` Ռուսիայէն, Ուքրանիայէն, Վրաստանէն, Թուրքիայէն, Աբխազիայէն, ԱԷՄ-էն, Սուրիայէն, Լաթվիայէն, Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն, Ռումանիայէն, Մեծն Բրիտանիայէն եւ Լեհաստանէն:

Ողջունելով ծրագրի մասնակից սփիւռքահայ պատանիներուն եւ աղջիներուն` Հայաստանի սփիւռքի նախարարի տեղակալ Սերժ Սրապիոնեանը արտասանեց նախարար Հրանուշ Յակոբեանի ողջոյնի խօսքը: Ան մասնաւորապէս նշեց. «Սիրելի՛ պատանիներ եւ աղջիկներ, ուրախ եմ ողջունելով ձեզ հայրենիքին մէջ: Կը հաւատամ, որ այս օրերը ուրախ եւ բովանդակալից անցան, եւ այսուհետեւ ձեր կապը հայրենիքին հետ աւելի պիտի սերտանայ: Կը հաւատամ, որ պիտի մեծնաք, իբրեւ հպարտ հայեր` պիտի պահպանէք մեր ազգին պատիւը: Կը հաւատամ նաեւ, որ Հայաստանի մէջ պիտի մնայ ձեր սիրտին մէկ մասը, եւ դուք անպայման պիտի վերադառնաք»:

Արիտունցիները հանդէս եկան համերգային ծրագրով, որ պատրաստած էին ճամբարային օրերու ընթացքին:

Նշենք, որ 2017 թուականին «Արի տուն» հայրենաճանաչութեան ծրագիրը հիւրընկալած է 36 երկիրներէ եկած 1061 սփիւռքահայ երիտասարդներ:

Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան սփիւռքի երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան «Արի տուն» ծրագիրը կը կազմակերպուի 2009 թուականէն ի վեր:

2018 թուականին ծրագիրը պիտի բոլորէ իր հիմնադրութեան տասնամեակը: Այս տարիներուն ընթացքին ծրագիրը դարձած է սփիւռքահայ երիտասարդութեան հայրենիք այցելելու իրական այցեքարտը: Աշխարհի 54 երկիրներէ եկած 13-18 տարեկան աւելի քան 7600 սփիւռքահայ պատանիներուն եւ պարմանուհիներուն «Արի տուն»-ը առիթ դարձած է ծանօթանալու Հայաստանին` նպաստելով անոնց գիտակցութեան մէջ հայրենասիրութեան եւ հայոց պետականաստեղծ գործին աջակցելու ցանկութեան, Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութեան մասնիկը ըլլալու գիտակցութեան ձեւաւորման, հայ ժողովուրդի սովորութիւններուն եւ աւանդութիւններուն, հայ ընտանիքին եւ հայ մարդու կերպարի առանձնայատկութիւններուն:

Թեւակոխելով իր առաջին 10-ամեայ յոբելեանը` ծրագիրը ունի զարգացման հեռանկար: Կը նախանշուին փոփոխութիւններ, որոնք նպատակաուղղուած են` ծրագրին ընդլայնման, հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդման եւ երիտասարդութեան ներգրաւման հայրենիքի զարգացման եւ սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան նուիրական գործին:

Ֆրանսահայ Բժիշկներու Առողջապահական Ծրագիրը Հայրենիքի Մէջ

Ֆրանսահայ բժիշկներու միութիւնը, ԱԿԲԱ-Կրեդիտ ԱԳՐԻԿՈԼ դրամատան աջակցութեամբ, Շիրակի մարզին մէջ իրականացուցած է «Ակնոցներ Հայաստանի համար» բարեգործական, առողջապահական  ծրագիրը: Այս տարի Եու.Էմ.Էյ.Էֆ.ի բժիշկները իրենց  գործունէութիւնը ծաւալեցին Շիրակի մարզի 32 համայնքներու մէջ: Ծրագրի առաջին հանգրուանին  հետազօտուած է մօտաւորապէս 6000 մանուկ,  450-ին մօտ տեսողութեան հարցեր յայտնաբերուած են:

Հայաստան եկած Ֆրանսայի բժիշկներու միութեան 9 հոգիէ բաղկացած խումբի ղեկավար Լեւոն Արթինեան  նշած է. «Մենք արդէն 15 տարիէ կու գանք Հայաստան եւ կ՛իրականացնենք «Ակնոցներ Հայաստանի համար» ծրագիրը: Մեզի հետ Հայաստան բերուած սարքաւորումները տրամադրած է մեր ճափոնական գործընկեր կազմակերպութիւնը, ապակիները, շրջանակները ֆրանսահայ համայնքի հանգանակութեամբ գնած ենք: Բայց  ամէնէն կարեւորը` վերջին երկու տարիներուն մեր բարեգործական ծրագրին հայաստանեան ընկերութիւններ կ՛աջակցին: Շատ ուրախ ենք, որ ԱԿԲԱ-ն կ՛օգնէ մեզի եւ Հայաստանի մէջ մեր առաջին հովանաւորն է ու երկար տարիներու ընկերը: Մեզի համար շատ կարեւոր է, որ հայաստանեան կազմակերպութիւնները աջակցին այս  ծրագիրներուն, որովհետեւ մենք չենք փափաքիր գալ եւ ըսել, որ ամէն ինչ գիտենք,  միայնակ կրնանք արդիւնաւէտ ծրագիր իրականացնել. մենք Հայաստանի հայերու օգնութեան կարիքը ունինք»:

Հաղորդենք, որ Արթինեանին գլխաւորած խումբը Հայաստանի մէջ տարեկան միջինը 500 ակնոց կը տրամադրէ ո՛չ միայն մանուկներուն, այլեւ` տարեցներուն:

«Թիւֆէնքեան» Հիմնադրամը Բնակարան Մը Եւս Վերակառուցած Է Վիրաւոր Զինծառայողի Մը Համար

«Թիւֆէնքեան» հիմնադրամին միջոցներով Ստեփանակերտի մէջ բնակարանամուտ տօնեց 2016-ին պետական սահմանը պաշտպանելու ընթացքին վիրաւորուած Գագիկ Պետրոսեանին ընտանիքը:

Բնակարանամուտին ներկայ էին` «Թիւֆէնքեան» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Րաֆֆի Տուտագլեանը, Արցախի գրասենեակի տնօրէն Էդիկ Գրիգորեանը եւ հիմնադրամին աջակիցները:

Արցախի գրասենեակի տնօրէն Էդիկ Գրիգորեանը յայտնեց, որ Գագիկ Պետրոսեանը վիրաւորուած է անցեալ տարի աշնան: Տան կառուցումը սկսած էր 7 տարի առաջ: Իսկ «Թիւֆէնքեան» հիմնադրամի շինարարական աշխատանքները սկսած են ընթացիկ տարուան 9 յուլիսին: Գագիկին կինը` Նունէն, նոյնպէս կը ծառայէ Արցախի Պաշտպանութեան բանակին մէջ: Անոնք ունին երկու դուստր:

Հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Րաֆֆի Տուտագլեանը ըսաւ, որ «Վիրաւոր զինուորներու բնակարանային ապահովման» ծրագիրը կը գործէ ապրիլ 2016-էն ի վեր, եւ ասիկա արդէն ութերորդ բնակարանն է, որ կը յանձնուի վիրաւոր ազատամարտիկի մը: Ծրագիրի ծիրին մէջ է Ասկերանի շրջանի Պատարա գիւղը: «Ասիկա նուազագոյնն է, որ մենք կրնանք ընել մեր զինուորներուն համար: Եթէ անոնք իրենց կեանքը կը վտանգեն հայրենիքը պաշտպանելու համար, արժանապատիւ կեանքով տուն ունենալը, անոնց բնակարանով ապահովելը, մեր բարոյական պարտքն է», յայտնեց Րաֆֆի Տուտագլեան:

«Թիւֆէնքեան» հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ Անդրանիկ Գասպարեան իր հերթին ըսաւ, որ իրենց հիմնական աշխատանքները կը կատարուին այնտեղ, ուր ազատագրուած բնակչութիւն կայ` բնակարաններու կառուցում, փոքր գործարարութեան կարելիութիւններու ստեղծում, աշխատատեղերու բացում: Սակայն ապրիլէն ետք գործարկուեցաւ նոր ծրագիր, որուն միջոցով սկսաւ վիրաւոր զինուորներու բնակարաններու վերանորոգումը:

Իսկ «Թիւֆէնքեան» հիմնադրամի աջակից պելճիքահայ Անտրէ Գիւմուշճեանը շնորհաւորելով բնակարանամուտը` յայտնեց, որ շատ ուրախ է անոնց փոքրիկներուն համար, որոնք պիտի մեծնան վերանորոգուած բնակարանին մէջ:

Յայտնենք, որ հիմնադրամին աջակիցները նոր ուսումնական տարուան ընդառաջ գրենական պիտոյքներ նուիրած են ընտանիքի փոքրիկներուն:

Լեռնային Ղարաբաղի Հռչակման 26-րդ Տարեդարձին Առիթով Պարգեւներ Կը Յանձնուին

Լեռնային Ղարաբաղի հռչակման 26-րդ տարեդարձին առիթով նախագահական նստավայրին մէջ տեղի ունեցաւ պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութիւն:

Պետական բարձր պարգեւներով պարգեւատրուեցան Պաշտպանութեան բանակի զինուորներ, ազատամարտիկներ, Արցախի, Հայաստանի եւ արտերկրի խումբ մը պետական եւ հասարակական գործիչներ, դիւանագէտներ, բարերարներ, տնտեսութեան, կրթութեան եւ մշակոյթի ոլորտներու ներկայացուցիչներ:

Շնորհաւորելով պարգեւատրուողները` նախագահ Բակօ Սահակեան նշեց, որ պետութիւնը միշտ բարձր կը գնահատէ այն մարդիկը, որոնք նշանակալի արդիւնքներու հասած են իրենց ծառայութեան եւ աշխատանքի ասպարէզին մէջ` ի նպաստ մեր հայրենիքին:

Աւստրիահայ Յայտնի Սրտանօթաբանը Ստեփանակերտի Մէջ Անվճար Վիրահատութիւններ Կ՛իրականացնէ

Արցախի առողջապահութեան նախարարութեան հրաւէրով օգոստոս 10-ին Ստեփանակերտի Հանրապետական հիւանդանոց այցելեց սրտանօթաբան Արա Ուղուրլեանը:

Լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին Արա Ուղուրլեան յայտնեց, որ այցելութեան առաջին օրը պիտի հետազօտեն հիւանդները, իսկ մինչեւ օգոստոս 13, անհրաժեշտութեան պարագային, պիտի կատարեն վիրահատութիւններ: Նշենք, որ բժշկական օգնութիւնը եղած է անվճար եւ կայացած է մօտաւորապէս  10-12 վիրահատութիւն:

Ա. Ուղուրլեան ըսաւ, որ սրտանօթային հիւանդութիւններու պարագային, լրիւ բուժում չի կատարուիր, որովհետեւ հիմնական հարցերը կը յառաջանան ծխելէն եւ շաքարախտէն:

Արա Ուղուրլեան կ՛աշխատի Ստեփանակերտի Հանրապետական հիւանդանոցի սրտանօթաբան եւ վիրաբուժ Դաւիթ Խաչատրեանին հետ: Վերջինս, իր կարգին, յայտնեց, որ հիւանդները հաւաքագրած են նախօրօք եւ ընտրած են այնպիսիները, որոնք ունին միայն զարկերակային ախտանիշ, որովհետեւ անոնց պէտք է ցուցաբերուի բարձր արհեստագիտական միջամտութիւն: «Այդ նպատակով Արա Ուղուրլեանը իրեն հետ բերած է կարգ մը սարքեր, որոնցմէ մեր մօտ չկան», ըսաւ Դ. Խաչատրեան:

Նշենք, որ Արա Ուղուրլեանը ծնած է Թուրքիա, սակայն կը բնակի եւ կ՛աշխատի Աւստրիոյ մէջ, ուր ունի բարձրորակ մասնագէտի համբաւ:

 

Նախորդը

Ստացուած Գիրքեր. «Համազասպ» (Հեղինակ` Գէորգ Ստեփանեան)

Յաջորդը

Անկարելի Սէրը Եւ Շաւիլի Սուրբ Կոյսը

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում
Հայրենի Կեանք

Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում

Հոկտեմբեր 1, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?