Ազգային Աւանդութիւններու Պահապան-Յուշարարին` Եղիսաբէթ (Խըսըմ) Շահինեանի Յիշատակին (Փոխան Ծաղկեպսակի)
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Պատկեր առաջին: Առաւօտեան ժամուն, ազնուահոգի բարեկամի մը (նախկին արագածցի) գործատեղին նստած կը զրուցէինք գաւաթ մը սուրճի շուրջ: Յանկարծ կը մտնէ վաղեմի ընկեր մը (դարձեալ արագածցի): Երբ զիս կը տեսնէ, անոր առաջին արտայայտութիւնը կ՛ըլլայ հետեւեալը. պէտք է անպայման գրես մեր խըսըմին մասին` քառասունքին առիթով, անոր վաստակը շատ է եւ յիշատակը միշտ յարգելի: Ընկերական ոգիով լեցուած հրահանգ մըն էր` ուղղուած...



















